Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչվերացն Ու Մուսա Լերան Հերոսամարտը

Սեպտեմբեր 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՅՆՃԱՐԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ` ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

prgarartroshag_9-11-15

«Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է» (Առակաց 3.18):

Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է Խաչվերացը: Ունի ութօրեայ նաւակատիք եւ մեռելոց:

Խաչվերացը Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները սկսած են տօնակատարել չորրորդ դարէն ի վեր: Սակայն սկզբնական եկեղեցին, Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Յակոբոս Տեառնեղբայրը հանդիսաւորապէս ժողովրդեան ներկայութեան Քրիստոսի սուրբ խաչը կը բարձրացնէր (վերացնել) հաւատացեալներու պահպանութեան համար:

34-13-1-2

Բիւզանդիոնի Սուրբ Կոստանդիանոս կայսեր մայրը` Հեղինէ, Գողգոթայի վրայ կառուցեց Ս. Յարութեան տաճարը եւ այնտեղ կանգնեցուց Փրկչին խաչափայտը եւ հրամայեց ամէն տարի սեպտեմբեր տասներեքին մեծ շուքով տօնակատարել Ս. Խաչի տօնը: Տեառնեղբօր օրինակով, յաջորդական եպիսկոպոսները կը տօնախմբէին Խաչվերացի տօնը` աղօթարար ծունկի գալով Ս. խաչին առջեւ եւ ակնածութեամբ կը նայէին դէպի վեր` Խաչեալը` յուսալով ողորմութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդրանքներու ի կատար ածում:

Հայ ժողովուրդը իր կարգին, դարեր ամբողջ, հոգեւորական թէ աշխարհական, հարուստ թէ աղքատ, ծեր թէ երիտասարդ, իրաւատէր թէ իրաւազուրկ, բժիշկ թէ թշուառական, գրագէտ թէ անուս` անխտիր բոլորին սրտերը կը տոչորին քրիստոսաբոյր սիրով եւ Խաչեալին հաւատարմութեամբ, խաչի ճանապարհէն անշեղ քալելու, ի հարկին` սուրի եւ հուրի ճարակ դառնալու գիտակցութեամբ:

Խաչի ուղիին վրայէն գալող կիլիկեան մուսալեռցիներն ու լիբանանեան այնճարաբնակ մուսալեռցիներ, պատմութեան խորքէն ցայսօր, կը շարունակեն իրենց երթը յաղթանակէ յաղթանակ` ուսումնակրթական, մշակութային, արհեստավարժական, զբօսաշրջային եւ այլ բնագաւառներէ ներս, զգլխիչ օրինակ հանդիսանալով համայն հայութեան` վստահելու սեփական ուժին ու կամքին:

herosamardimardigner_9-11-15

Անոնք չընկճուեցան պատմութեան փոթորիկներուն ու յատկապէս 1915-ի Խաչվերացի տօնին չյանձնուեցան օսմանեան թուրքի ճիրաններուն, այլ հաւատալով աստուածային գերբնական ու անյաղթելի ամենակարող հզօրութեան, նախընտրաբար հայու վայել արժանապատուութեամբ քաջաբար աւելի քան քառասուն օրեր պայքարեցան լերան վրայ, տուին տասնութ երիտասարդ նահատակներ, մինչ Տիրոջ նշանը կարմիրով կը ծածանէր ճերմակ դրօշակներուն վրայ` մինչեւ ֆրանսական ուժերու փրկարար միջամտութիւնն ու ժողովուրդի փոխադրութիւնը դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:

Հայոց պատմութեան մէջ Վարդանանց հաւատամարտէն մինչեւ Սարդարապատ հայկական տօները ազգային են ու կրօնական: Նոյնը կը դիտուի ըլլալ Մուսա Լերան հերոսամարտի էութիւնը, ինչպէս նաեւ` յիշատակումին ձեւն ու եղանակը, ուր բացայայտ համատեղուած են դէպքին ազգայինն ու հոգեւորը` անբաժանելի միասնականութեամբ: Վերջապէս, ճիշդ հարիւր տարիներէ ի վեր, Խաչվերացի տօնին,տօնահաւաք կը կատարուի համահայկական եւ մասնաւորաբար մուսալեռցիական հերոսամարտը նշելու աղօթքով ու օրհնութեամբ, ազգային ու ազգագրական աւանդութիւններով ու բարքերով, մատաղ-հարիսայով, տաւուլ-զուռնայով, յատուկ շուրջպարերով եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, եւ` այլ սովորութիւններ, որոնք բոլորով ցուցանիշ են ազգային-կրօնական անանջատելի հիմքերուն, ոգիին եւ նկարագիրին:

Խաչվերացը հնամենի եւ նոյնքան այժմէական է իր պահպանիչի դերակատարութեամբ ու նպատակով: Եթէ առաջին դարու քրիստոնեաները կը հալածուէին ու սրախողխող կ’ըլլային, քսաներորդ դարու սկիզբին արիւնարբու թուրքը չյագենալով Զէյթունի, Սասունի եւ այլ հայահոծ վայրերը զինեալ արդիական միջոցներով ժողովուրդը բռնի տարագրելէ ու ջարդելէ` կու գար Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդը սպանդի ու ջարդի ենթարկելու: Ս. խաչի նշանը ինչպէս անցեալին կը բարձրացուէր Տեառնեղբօր ձեռամբ, այնպէս ալ բարձրացուեցաւ Մուսա Լերան բարձունքներուն, Ս. խաչին հաւատաւոր մուսալեռցիներու ձեռքով եւ պահպանեց ու փրկեց Թուրքիոյ ցեղասպանական քաղաքականութեան ներհակ կանգնած ու ծառացած բուռ մը պարծանքաբեր հայազգի զաւակները: Ահաւասիկ խորհրդաւոր զուգահեռ մը` Խաչվերացին ու Մուսա Լերան հերոսամարտին:

Սոյն պատուաբեր առիթին տօնախմբումը Խաչվերացի տօնի ժամանակամիջոցին, Հայրենիքի, սփիւռքի եւ Կիլիկիոյ Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղէն ներս, ոսկեայ լաւագոյն կամուրջն է հայու անբաժան միաւորութեան եւ երազանքներու իրականացման տենչանքին ապացոյցը, մասնաւորաբար հարիւր տարիներ ետք անքակտելի պահելով այս կապը ու զսպանակելով յառաջիկայ գոյերթը:

Մուսալեռցիք անցեալի փառապանծ էջերով գինովցած չեն: Ներկայի ուսումնասիրուած ապրելակերպով կ’ուրուագծեն ապագան: Ինչպէս իրենց հայրերը 1939-ին թուրքին չստրկանալու վեհանձնութեամբ լքեցին իրենց բնօրրանը, եկան ու հաստատուեցան վրաններու տակ իրենց տրամադրուած Լիբանանի Այնճար գիւղը, որ անբնակելի էր նոյնիսկ տեղացի լիբանանցիներու կողմէ, անապատական բնոյթ ունենալուն պատճառով, ուր երաշտ կը տիրէր, ամէնուրեք փուշ ու տատասկ, չոր ու ցամաք, հիւանդութիւն ու համաճարակ, բոտոտ, ուտիչ ու զեռուն, մժիկ ու մլիկ, ճահիճ ու մանրաճճիներ: Հակառակ յիշեալ մահասփիւռ վիճակին, հայու ստեղծագործ ոգիով ու կենարար լինելութեամբ, կառուցեցին բնակարաններ, ցանեցին ծառեր, տնկեցին այգիներ, շէնցուցին պարտէզներ, բուծանեցին բանջարանոցներ, զբաղեցան անասնապահութեամբ, լոյսի բերին հնագիտական վայրեր, ունեցան ըմպելի ջուր, մաքուր օդ, եւ զբօսաշրջիկին նախընտրելի վայրը դարձաւ աննկարագրելի գեղեցկութեամբ այսօրեայ դրախտային Այնճարը, որ իր մէջ կը պահէ անխառն հայկականը իր սովորութիւններով` թոնիրով ու ջաղացքով, երգով ու պարով, մանաւանդ` ազատատենչ ոգիով ու Մուսա Լերան իտէալով:

Նոյն խաչին պահպանութեամբն ու սերունդէ սերունդ յաւերժապատումով յաղթական երթը շարունակուեցաւ, մուսալեռցի այնճարցիները ծնան նոր հերոսներ, տուին նոր փայլուն աստղեր` գրագէտներ, գրաքննադատներ, արուեստագէտներ, ճարտարապետներ, կրօնաւորներ, տարատեսակ վարպետ արհեստաւորներ, գիտնականներ, երաժիշտներ, անասնապահներ, պարտիզպաններ, քաղաքական դէմքեր, ուսուցիչներ, բարերարներ…:

Մուսալեռցիք իրենց հարուստ աւանդով ու փորձառութեամբ, գիտեն ներկայ տագնապներուն մէջ մեծնալ ու կը շարունակեն սաւառնիլ յաղթանակէ յաղթանակ

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Բարի Լոյս 13. Յարգա՛նք Քեզ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?