
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Այո՛, հայ վարժարանի, կրթական օճախի եւ հայաբոյր կառոյցի մասին է մեր խօսքը:
Իր բովանդակութեամբ անփոխարինելի, էութեամբ եզակի եւ առաքելութեամբ անժամանցելի հաստատութեան մասին է մեր ընդգծումը:
Բոլոր ժամանակներու հայ ազգային մտածողութեան, ապրումներու եւ հաւատամքի պահպանման եւ ջրդեղման կայմին մասին է մեր երէկուան ու այսօրուան մտահոգութիւնը:
Եւ առհասարակ, հայոց անաղարտ դիմագիծի եւ անխառն արեան սնուցանման մասին է մեր ակնկալութիւններու ամբողջ տեսադաշտը:
Արդ, երբ մեր ազգային երազանքին իրաւութիւնը հաստատող եւ ներշնչող պատուանդանն է հայ վարժարանը, երբ գոյութենական ու պահանջատիրական պայքարներու շունչ ու ոգի, եռանդ ու խայտանք սերմանող օրրանն է հայ վարժարանը, երբ ազգը քաղաքակրթական նուաճումներու առաջնորդող ամէնէն ազդու եւ անփոխարինելի ամրոցն է հայ վարժարանը, երբ ազգային պատկանելիութեան, հայրենասիրութեան, մտքի ու հոգիի աշտարակումին նպաստող ամէնէն ապահով միջավայրն է ան, ուրեմն զո՛վ մեղադրել առկայ կրթական-ուսումնական հարցերու յամեցման, փակուող վարժարանի(ներ) երեւոյթի տողատակի անդրադարձին, եւ կամ ընդհանրապէս ամուլ խօսքերու, սնամէջ կարգախօսերու եւ հայ կեանքին մէջ տիրող ահաւոր եւ մտահոգիչ հոգեվիճակի շարունակ խորացման:
Յայտնենք, թէ նման մտահոգութեան յանձնուեցանք երբ կրթական տարեվերջին հայ մամուլի էջերէն ընթերցեցինք հայ վարժարանի մը փակման տխուր լուրը, այդ ալ նոյնինքն վարժարանի տնօրէնին իսկ կողմէ կատարուած յայտարարութեամբ մը:
Խոստովանինք, թէ առաջին անգամ չէ, որ գաղութահայ մեր կեանքին մէջ կ՛արձանագրուին նման վիճակ-երեւոյթներ, որոնց բնական ընկալումով եւ հանգիստ խիղճով հայ կեանքի հոլովոյթը շարունակեց իր գնացքը, հակառակ ծով մտահոգութիւններու եւ մտատանջութիւններու:
Կը համարձակինք ըսել, թէ, հակառակ սփիւռքեան մեր իրականութիւնը` այլասերումի եւ աղճատումի ճակատագրուած ըլլալուն, միշտ ալ մենք մեզ շլացուցած ենք բազում պատրանքներու վարագոյրով մը, որովհետեւ հաւատացած ենք հայապահպանումի նման ձեւին ու որակին` քաջ ըմբռնելով, թէ սերունդներ եւ ազգային արժէքներ կ՛ապրին միայն հայրենի հողին արմատաւորուած եւ հայրենապաշտութեամբ զինուորագրուած:
Իսկոյն կը յանդգնինք նաեւ ընդգծել իրողութիւն մը անսեթեւեթ, թէ առանց հայ վարժարանի, եկեղեցւոյ, միութեան եւ ակումբի, յետեղեռնեան հայ կեանքի աշխուժ եւ սնուցիչ ապրելակերպի մասին աւելորդ է խօսել, այնքան ատեն որ հայութիւնը զրկուած էր անկախ ու ազատ հայրենիքէ եւ պետականութենէ:
Սակայն, երբ տակաւ ի յայտ կու գան սփիւռքահայ ճակատագիրի եւ անոր գոյութեան հիմերը հարուածող երեւոյթներ, եւ կամ առկայ դժխեմ հարցերու դարմանումը խոչընդոտող կարգախօսներ, ա՛լ հարկաւոր է լոյսին բերել, վերլուծել եւ ի հարկին մատնանշել հաւաքական մեր կեանքը ջլատող ամէն գործելակերպ, ատիկա ըլլայ կամայ թէ ակամայ, այն իմաստով, որ իրատեսութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ըլլալ ոչ միայն զգօն, գիտակ եւ հաւասարակշռուած, այլեւ` ընդունելու կարգ մը ճակատամարտերու պարտութիւնն ու ահաւորութիւնը, որպէսզի կարենանք գէթ փրկել ինչ որ ձեռնտու է:
Զանց առնելով հայրենի պետականութեան գոյութիւնն ու անկէ մեր անկեղծ ակնկալութիւնները, կեդրոնանանք մեր ածուին վրայ, յատկապէս միջին արեւելեան հայահոծ (եթէ դեռ կարելի է այսպէս բնորոշել) շրջաններու անյապաղ ինքնակազմակերպման, հեռահար ու նպատակասլաց գործելակերպերու որդեգրման, պարզապէս փրկելու այն, ինչ որ կարելի է, եւ միանշանակ կողմնորոշուելու գալիք օրերու եւ տարիներու աշխատանքային ոլորտներու ձեւաւորման:
Պիտի ըսուի հաւանաբար, թէ ազգային կեանքի տարբեր մարզերու եւ ոլորտներու տարբաղադրումը պարզապէս միամտութիւն է, որովհետեւ հայ կեանքը պէտք է առնել իբրեւ ամբողջութիւն:
Նման մօտեցում ճիշդ կարելի է նկատել, եթէ երբեք հաւաքական մեր կեանքին մէջ տեսանելի ըլլային համազգային ու համապարփակ գործելակերպեր եւ աշխատանքային ուղղութիւններ, որոնք պիտի նպաստէին հայ կեանքի իրաւ բարգաւաճման, զարգացման եւ յառաջդիմութեան, այլ խօսքով, եթէ իւրաքանչիւր գաղութ դեռ տասնամեակներ առաջ լծուէր հայ կեանքի տնտեսական, ընկերային, քաղաքական թէ ազգային կեանքի որակաւոր սնուցանումին:
Հոս պատեհ է արձանագրել, թէ տասնամեակներ շարունակ գաղութահայ կեանքը կրցած է իր բնական հունին մէջ մնալ, իրարմով ապրիլ ու զօրանալ, արդիւնաւորել եւ բարգաւաճիլ այնքան ատեն որ հաւաքական մեր կեանքին ագուցած ենք ազգային արժէքներու հրայրքը, հայաբոյր ապրումներու իսկութիւնը եւ հայրենապաշտի հարազատ զգացումներու անվիճելի գեղեցկութիւնները:
Այդուհանդերձ, բոլորիս անխտիր ներքին համոզումով եւ շտապ զգաստութեան գրգիռներու յստակացումով իսկ, գաղութահայ կեանքի թէ առհասարակ կրթական, ընկերային ու տնտեսական ոլորտներու մէջ տակաւ կ՛արձանագրուին նահանջ ու ողբերգական վիճակներ: Պարտաւոր ենք հաւաքաբար նախ ընդունիլ պատահածը, ըմբռնել կորուստին ահաւորութիւնը, մտածել, վերլուծել, հասարակ յայտարարներ գտնել եւ բարդութային հոգեվիճակներէ հեռու ձգտիլ ինքնահաստատ եւ կայուն կեանքի մը յանձանձումին, կողմնորոշուիլ եւ գէթ գալիք տարիներու համար աշխատիլ, ծրագրել, եւ կարելի սահմաններուն մէջ գաղութահայ կեանքին որակաւոր ճանապարհ մը ակօսել:
Միթէ անիմա՞ստ է այն խօսքը, թէ երբ վարժարան կը փակուի, արդէն բանտ մը կառուցելու հնարաւորութիւն կը ստեղծուի: Իսկ մեր պարագային աւելի շեշտուած կը յայտարարենք, երբ պէս-պէս, արդար ու անարդար, կամայ թէ ակամայ կացութիւններու իբրեւ հետեւանք հայ վարժարան մը իր դռները կը փակէ, արդէն ազդանշանը տուած կ՛ըլլանք ազգակերտի ու հայրենակերտի մեր դարաւոր երազանքի փլուզումին:
Պատեհ է ըսել, որ հայոց պատմութեան լուսաւոր էջերուն մէջ մենք կը հանդիպինք նմանօրինակ հակոտնեայ երեւոյթներու: Այսինքն, հայրենազուրկ հայ կեանքը կրցած է բարձունքի հասնիլ, երբ կրցած է կրթական օճախն ու տնտեսական կարելիութիւնները համահունչ պահել, եւ փլատակ դառնալ, երբ գերադասած է մէկը միւսին, եւ մոռացութեան մատնած ազգային շտեմարանի բոցավառումն ու յանձանձումը:
Փաստօրէն, ի՛նչ կը նշանակեն նորակառոյց շէնքեր ու ազգային կառոյցներ, երբ ատոնց մարդկային արհեստավարժ ուժի, մեծաթիւ աշակերտի, տնտեսական յանձանձումի կարելիութիւն չէ ապահովուած:
Կարելի չէ ուրանալ ու չտեսնել գեղակերտ հայ վարժարանի մը, թանգարանի, եկեղեցւոյ, ակումբի թէ այլ հայաբոյր կառոյցի մը ներկայութիւնը, աւելին, այս օրերու անոնց իբրեւ պահանջ անյապաղ հաստատում կատարել, սակայն, միւս կողմէ պարտք կը զգանք հարցադրելու, թէ ո՛ւր են այն հեռակայ ծրագիրներն ու առողջ մտածումները, որոնք պիտի կարենան վերաջրդեղել հայ կեանքը:
Այլ խօսքով, տուեալ հայ վարժարանի փակումով արդէն աւելի քան հարիւր քսան հայ աշակերտներու ճակատագիրը յանձնած կ՛ըլլանք դառն եւ շատ անգամ անդարմանելի իրողութիւններու: Նախատեսեցինք, թէ ինչպիսի՛ կացութեան մէջ պիտի գտնուի գաղութահայ կեանքը, աշխատեցանք անհատ առ անհատ, տուն առ տուն պահելու եւ պահպանելու հայ աշակերտին ճակատագիրը, մանաւանդ որ դէպի օտար վարժարաններու հոսքը արդէն կը ծաւալի եւ հասած է շշմեցուցիչ թիւերու:
Ա՛լ հաւաքական ինքնարդարացումները ո՛չ մէկ իմաստ ունին: Հայ վարժարանի փակումով արդէն պարտուած ենք ազգային մեր գուպարին մէջ, հակառակ անոր որ քաջ գիտենք տուեալ վարժարանի փակման դառն պատճառները:
Այլապէս ալ ո՛չ մէկ բացատրութիւն եւ կամ չքմեղանք ընդունելի է, երբ հարցը կը վերաբերի տնտեսական նկատառումներու, վարչական կարողութիւններու եւ հայ աշակերտութեան թիւ նուազումին:
Այո՛, փակուող-բացուող հայ վարժարանի օրակարգին վրայ են շատ ու շատ հարցեր. անոնցմէ ամէնէն էականը հայ աշակերտին կորուստն է, հայ ձագուկի եւ պատանիի հեռացումն է հայութենէն, Հայաստանէն եւ Արարատէն:
Յայտնապէս սպասելի՛ են մատնանշեալ մտահոգութիւններու մասին վերլուծութիւններ, տիրական աշխատանքներու շուտափոյթ նախաձեռնութիւններ եւ ինքնախաբէութեան ոլորտներէ խուսափումի համարձակ կեցուածքներ:
Կ՛ապրինք օրհասը ազգային կեանքի առողջացման եւ ծաղկումին:
Կը ցաւինք ազգովին ամէնօրեայ ազգային կորուստներու, առանց հիմնական բարեկարգումներու:
Տուեալ կացութեան մէջ հիմնական բացակայողը նոյնինքն ազգային յաւելեալ մտածողութեամբ պարուրուած, արդի ըմբռնումներով օժտեալ եւ արարատասէրի զգացողութեամբ համակուած պատասխանատուութիւն կրողներու փաղանգի կազմաւորումն է:
Եթէ ճակատագրուած սփիւռքը կ՛ուզէ այսպէս ասած դրական հոգեկան ցնցումներու իրաւութիւնը ապրիլ, ապա պարտաւոր ենք որդեգրել հաւաքական կեանքի առողջացման ռազմավարութիւն, առանց որուն դժուար թէ նաւավարումի մեր կոչումին մէջ կարենանք կողմնորոշուիլ եւ հասնիլ ափամատոյց, ուր մեզ կը սպասեն նորօրեայ բազում, դժուարին եւ անհակակշռելի կացութիւններ:


