Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սարսափի Մթնոլորտ Եւ Տեղահանութիւն

September 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_9-10-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Մինչ ՔԱԿ-ի զինեալներուն եւ թրքական բանակին միջեւ փոխադարձ յարձակումները կը շարունակուին, Անգարայի եւ Այնթապի մէջ թուրք ազգայնականներ յարձակումներ գործեցին նշեալ քաղաքներուն մէջ բնակող քիւրտ քաղաքայիններուն դէմ: Կը հաղորդուի, որ արդէն 600-700 քիւրտ ընտանիքներ հեռացած են Թուրքիոյ մայրաքաղաքէն, եւ իշխող կուսակցութեան քիւրտ անդամներ եւս կը մտածեն նոյն քայլին դիմելու մասին: Հեռացողներուն թիւն ու հեռացման պայմանները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ տեղի ունեցածը տեղահանութիւն է: Երկրի տարածքին յարձակումի ենթարկուեցան նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հարիւրաւոր կեդրոններ: Միւս կողմէ, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիրներ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեցին աշխարհիկ ուղղուածութեան տէր «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի Պոլսոյ եւ Անգարայի խմբագրութիւններուն դէմ:

Համախոհական կառավարութեան ձեւաւորման հոլովոյթին եւ խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան միջեւ համագործակցութիւնը արդէն ծանօթ է բոլորին եւ այստեղ եւս կարելի է նշմարել դերերու բաշխման նոյն մարտավարութիւնը: Զարմանալի է, որ «Հիւրրիյէթ»-ի եւ քրտամէտ կուսակցութեան կեդրոններուն դէմ յարձակումները արժանացան միջազգային դատապարտման ու մտահոգութեան արտայայտման, սակայն տեղահանութեան երեւոյթին նկատմամբ վտանգալի լռութիւն պահուեցաւ:

Վերոնշեալ բռնարարքներուն եւ վերջին շրջանին Թուրքիոյ հայերը ահաբեկչական գործիչներու հետ նոյնացնող յօդուածներու հրապարակման լոյսին տակ, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը հրապարակեց հայ համայնքին «հաւատարմութիւնը» արտայայտող հաղորդագրութիւն մը` «պախարակելով ահաբեկչական արարքները», «աղօթելով երկրին խաղաղութեան, բարօրութեան եւ անդորրութեան համար» եւ շեշտելով, որ «հայ համայնքի անդամները` իրենց հայրենակցական գիտակցութեամբ, ի տես պատահած ցաւառիթ դէպքերուն, երկրին բոլոր հայրենակիցներուն նման դառն կսկիծով կը կրեն նոյն ցաւը»:

Յստակ է, թէ Թուրքիոյ մէջ թրքական իշխանութիւններուն դրդումով ստեղծուած է սարսափի մթնոլորտ մը, որուն արտայայտութիւններն են Անգարայի քիւրտերուն տեղահանումն ու պատրիարքարանին հրապարակած հաղորդագրութիւնը: Սակայն այս նոյն մթնոլորտը կրնայ վերածուիլ մէկ այլ կացութեան` քաղաքացիական պատերազմի, բան մը, որմէ տարբեր շեշտադրումներով զգուշացուցին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնները: Այդ պատերազմը շատ արագ կրնայ ծագիլ, եթէ քիւրտերը հակադարձեն Անգարայէն իրենց ազգակիցներուն տեղահանման եւ թուրքերը մղեն հեռանալու քրտաբնակ շրջաններէն: Այս բոլորը որո՞ւ եւ ինչի՞ համար են, եթէ ոչ մերօրեայ Ներոնին` Էրտողանին ու անոր փառամոլութեան համար:

 

 

 

Նախորդը

«Անհրաժեշտ Է, Որ Կրօններ Ու Պետութիւններ Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան Գաղթականներու Հարցին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Բարի Լոյս 12. Գաղութային Օրակարգեր

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.