ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Տոկա՛, Սուրիա՛,
Դուն` առաջին մարդուն խանձարուր եղած ստեղծարա՛ր հող,
Դուն` մարդկութեան լոյսի հնագո՛յն ակունք,
Հազարամեայ ճանապարհիդ փորձութիւններէն իմաստնացած ազնուազա՛րմ Տիկին:
Տոկա՛, թէեւ գիշակեր ագռաւներ կը թռչին հնագոյն փառքեր անթեղած անապատներուդ ու նոր խոստումով ծաղկող բարեբեր դաշտերուդ վրայէն,
Թէեւ աւարառու յելուզակները, հրեշտակներու դիմակներ հագուած, իրենց ծարաւը քու արիւնովդ կը յագեցնեն,
Թէեւ խաղաղութեան ու բարիքի խորհրդանիշ` մայրացած ձիթաստաններէդ ոսկի ձիթաիւղի տեղ որդիներուդ արիւնը կը հոսի,
Թէեւ «եղբայրներդ» Կայէնի փառքը գերադասեցին ու Յուդայի երեսուն արծաթը, քանզի յուդայածին էին,
Թէեւ բուերը կը վայեն ու կ՛անհամբերեն մօտալուտ վախճանդ գուժել խուլ ու կոյր աշխարհին,
Թէեւ որդիներուդ շարքերուն մէջ երկպառակութեան գայթակղիչ հունտեր կը ցանուին,
Թէեւ տակաւին իմաստութեանդ կաթը չծծած, անոնցմէ ոմանք պատիր խոստումներով կուրցած, վայրագ հովերէ կը քշուին ու մայրական սիրտդ կ՛արիւնեն:
Տոկա՛, Սուրիա՛, խորագէ՛տ Տիկին,
Դուն գիտես, որ այս չարանենգ մրրիկներն ալ պիտի անցնին ծովածուփ դաշտերուդ վրայէն ու պիտի երթան ծովէն անդին` խեղդուելու իրենց իսկ չարութեան մէջ,
Դուն գիտես, որ խաւարի որդիները, խաչը իրենց պատուար շինած ու Փրկիչին գերեզմանը շահարկելով` յաճախ փորձած են սեւով ծածկել արեւաշող դաշտերդ, բայց իրենք սուզուած են իրենց խաւարին մէջ:
Դուն գիտես, թէ եղէգները թէեւ կը կորանան մրրիկներուն առջեւ, սակայն հուսկ ապա կը կանգնին գեղուղէշ` առաւել ամրացած ու տոկուն:
Դուն գիտես, թէ թուխպերը որքան ալ որ կարկտահարեն, պիտի ելլէ՛ Արեւը ու նոր ծիլեր պիտի յորդին քու դաշտերուդ մէջ:
Տոկա՛, Սուրիա՛, Մա՜յր բարութեան,
Շտկէ՛ որդեկորոյս մօր կորացող մէջքդ, քանզի ես եւս կեցած եմ ետիդ` իբրեւ որդիական նեցուկ հաստատուն,
Դո՛ւն, որ բարիքներուդ դռները բացիր, երբ քեզի եկայ իբրեւ տափաստաններու գորշ գայլերէն բիւրախոց, հալածական ու բնաւեր հաւք,
Դո՛ւն, որ եղար հաստատուն հողը ոտքիս տակ, տուիր ինծի անսակարկ ջերմութիւնը մայրական սրտիդ ու ամրութիւնը եղբայրական բազուկիդ,
Դո՛ւն, որ քու արդար յարկիդ տակ լայնասրտօրէն հովանի եղար վտանգուած ինքնութիւնս պահպանելուն ու դարձար սիրելի` յափշտակուած սրբազան հայրենիքիս հողին հանգոյն,
Հիւանդ ու ժանտ այն ծեր գայլը, որ հայրենիքս յափշտակելով ամրացաւ, հիմա ալ ժանիքները բաց, զքեզ յօշոտողներու վոհմակին միացած` արիւնդ կը հեղէ, սակայն`
Տոկա՛, սրբէ՛ արցունքդ ու ամրապնդուէ՛, գեղանի՛ Սուրիա,
Քանզի պիտի անէանայ, ինչ որ ժամանակին է ու պիտի տեւէ, ինչ որ յաւերժին է: Պիտի շարունակեն լուրթ երկինքիդ տակ խաղաղ ցոլալ ցորենի արտերդ ու յաւերժական բարութեամբ պիտի խոկան յղի ձիթաստաններդ…
Dear Lala, very deep, touchy, expressive, impressive writing and poetry.
God bless you, your Dear family and your mission to live peacefully.
Միայն հիացմունքով եւ հպարտութեան զգացումներով կը կարդանք ամենադժուարին պայմաններու տակ, քու միշտ լաւատես եւ գօտեպնդող գրութիւններդ:
Իմ փափաքս է որ իւրաքանջիւր հայ անհատ, մանաւանդ Հայաստանաբնակ հայը կարդայ գրութիւններդ եւ վարակուի ՏՈԿԱԼՈՒ եւ քարէն հաց հանող հայու աւանդական տիպարով՝ փոխանակ անդադար գանգատելու եւ մեր հիանալի հայրենիքէն դուրս ապագայ որոնելու: