ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Սփիւռքի երիտասարդութեան, Սիրելի՛ հայորդի,
Հիմա որ ունինք ազատ հայրենիք
հոս պէտք է կերտես գալիք ապագադ,
որ պիտի դառնայ ապագան նաեւ
քու հայրենիքիդ:
Հայրենիք հաստատուիլդ տարբեր զգացում է:
Կարօտի զգացում է ան,
որ տարիներով քաշքշեցիր օտարութեան մէջ:
Կարօտիդ գոհացում տալու ժամանակն է հասել հիմա:
Սովորական երկիր մը չէ Հայաստանը:
Հոս սրտիդ խօսողը տեսածդ է, որ կը լսես,
ու լսածդ է, որ կը տեսնես:
Ուրիշ երկիրներ այս զգացումը չեն պարգեւեր քեզի:
Համր են անոնք ու անարտայայտիչ:
Սեփական հողերուդ վրայ պէտք է արմատանաս:
Մեր ազգային յարատեւումի միակ վայրն է ան:
Կեանքդ նպատակ պէտք է ունենայ:
Այդ նպատակներուդ մէջ ազգայինը զանց պէտք չէ առնես:
«Արեան կանչեր»-ուդ եւ «անկատար տենչեր»-ուդ (Պարոյր Սեւակ),
միակ ճանապարհն է հայրենիքդ:
Միաձուլուէ անոր ունեցած ուժականութեան հետ:
Այս ուժականութիւնը անփոխարինելի է,
ինչպէս ամէն ոգեղէն էութիւն:
Հայաստանի հողին վրայ երբ քալես,
ամէն տեղ պիտի զգաս անոր ոգեղէն իմաստը:
Մեր հողին համար իրենց կեանքը նուիրածները
կ՛ապրին տակաւին հոս, ամէն տեղ,
ու կը խօսին քեզի:
Անոնք հերոսաբար իրենց արիւնը նուիրեցին
որպէսզի մենք ազատ ապրինք:
Հայաստան հաստատուելով ու անոր հողին վրայ աշխատելով է,
որ կրնանք արժանաւոր յաջորդները դառնալ,
ծանօթ ու անծանօթ բոլոր նուիրեալներուն,
որոնք անմահ են ու յաւիտենական:
Խօսուն ու գրաւիչ հերոսութիւն մը կայ մեր երկրին մէջ,
զոր միայն կը զգաս:
Չես տեսներ:
Կանչ մըն է ան, որ ներքին մղում ունենալ կը պահանջէ:
Գերբնական ներուժ է, որ անբացատրելի հզօրութիւն ունի
եւ ներզգացական իմաստութեամբ լեցուն է:
Իսկական հայրենասիրութիւնը գերբնական մաքուր զգացում մըն է,
որ կը տարբերի ուրիշ որեւէ մարդկային զգացումէ:
Անոր ներփակած հզօրութիւնը կամ կը զգաս եւ կամ ալ չես զգար:
Ուրիշ իմաստ չունի ան:
Հայաստանի սուրբ հողին վրայ ապրիլդ նպատակասլաց պէտք է ըլլայ:
Ինքնաճանաչ պէտք է որ հոս ոտք կոխես:
Յանդուգն ապրիս եւ հպարտ:
Նկուն զգացումներ ունեցող ու գլուխը միշտ կախ ապրող մարդուն
երկիրը չէ մեր երկիրը:
Հպարտ ապրէ իր գոյութեամբ:
Հոս կառուցէ քու նոր օճախդ:
Իսկական տունդ ըրէ զայն:
Մտիկ ըրէ արեան ձայնիդ, որ սփոփիչ է ու փրկարար:
Հայրենիք եկուր:
Մասնակցութիւնդ բեր իր հզօրացման, բարգաւաճման
եւ յառաջդիմութեան:
Երջանիկ կը զգաս:
Գործի լծուէ:
Չես զղջար:
Ուշի