Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկրկնելի Հալէպը. Մեր Կրթօճախները… Լոյսի Փարոսները

Սեպտեմբեր 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

11050796_432688250239898_4545920311683202507_n

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Մեր պատմութեան հզօրագոյն կայսրութիւնը եւ մեծագոյն գանձը մեսրոպեան այբուբենի երեսունութ տառերն են, որոնք շրջուն հայրենիք մըն են Հայաստանէն դուրս:

Սփիւռքի տարածքին մեր հայկական վարժարանները Արշակ Բ. թագաւորի հայրենիքէն բերուած հողի ուժը ունին, որոնք հարիւրամեակ մը հայրենազուրկ հայորդիներուն հայ դպրութեան աւանդը փոխանցեցին ու տակաւին կը շարունակեն փոխանցել:

Ցեղասպանութենէ փրկուած հայ ժողովուրդի մնացորդացին համար  Սուրիան, որպէս առաջին կայան, գաղթաշխարհի հիմնաքարը հանդիսացաւ, հիւղաւաններու տախտակաշէն ու թիթեղածածկ խրճիթները` որպէս բնակավայրեր հազիւ ընդունելի դարձած, վերապրած խլեակներու առաջին գործը եղաւ տախտակաշէն եկեղեցիներու շինութիւնը, որոնք շաբթուան ընթացքին պիտի ծառայէին  նաեւ որպէս դպրոցներ:

Սուրիոյ մէջ օսմանեան տիրապետութեան յաջորդող ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին, մինչեւ նորանկախ պետութեան ստեղծումը, պետական կրթական անկազմակերպ համակարգի մթնոլորտին մէջ, մեր վարժարանները գործեցին լրիւ հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիրներով, անտեսելով տեղական լեզուի կարեւորութիւնը` որպէս օտար լեզու, ֆրանսերէնի, մասամբ մըն ալ անգլերէնի  կարեւորութիւն ընծայելով:

Սուրիոյ անկախութենէն ետք 1946-ին այս ընթացքը շարունակուեցաւ` առաւել կամ նուազ կարեւորութիւն տրուելով արաբերէն լեզուի ուսուցման, մինչեւ 1967-1968 դպրոցական տարեշրջանի վերամուտը, երբ պաշտօնական  հրամանագրով պետականացուեցան երկրի տարածքին գործող բոլոր սեփական եւ օտար վարժարանները, եւ արաբերէն լեզուով բոլոր նիւթերու ուսուցումը դարձաւ պարտադիր:

Հայ առաքելական եւ աւետարանական համայնքներու ինչպէս նաեւ միութենական վարժարաններու պատասխանատուներու, պետական շրջանակներու մօտ կատարուած դիմումները արդիւնաւորուեցան բացառիկ արտօնութեամբ մը, որով հայոց լեզուի եւ կրօնագիտութեան ուսուցումը, սահմանափակ դասապահերու թիւով արտօնուեցաւ, դժբախտաբար հայ կաթողիկէ համայնքի վարժարանները պետականացուեցան, որոնք հետեւած էին կաթողիկէ համայնքներու կեցուածքին:

Այդ օրերուն լոյս տեսած «Զարթօնք» օրաթերթի 22 հոկտեմբեր 1967-ի թիւով տրուած վիճակագրական տախտակ մը հայկական վարժարաններու թիւը 59 էր, կարելի է 60 թիւը նկատի ունենալ նախորդ տարի փակուած Հալէպի Ուսումնասիրաց վարժարանը: Աշակերտութեան ընդհանոր թիւը կը հասնէր տասնութ հազարի:

Վաթսուն վարժարանները Սուրիոյ տարածքին բաժնուած էին հետեւեալ ձեւով. Հալէպ 29, Դամասկոս 7, Գամիշլի 3, Քեսապ 3, Գալատուրան 2, Հասիչէ 2, մէկական վարժարաններ հետեւեալ գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ` Պաղճաղազ, Քէօրքիւնէ, Էքիզօլուք,  Տերիք, Ռասուլ Այն, Ռագգա, Արաբ Բունար, Ամուտա, Թել Ապիատ, Տէրպէսի, Ճարապլուս, Տէր Զօր, Հոմս, Լաթաքիա, Եագուպիէ:

Սուրիահայ դպրոցներու հարիւրամեայ պատմութեան երկրորդ շրջանին, 1967-էն սկսեալ կ՛իրագործուի կրթական նախարարութեան ծրագիրը` շաբաթական երեք դասապահ կրօնագիտութիւն եւ չորս դասապահ մայրենի լեզուի կողքին, այս նիւթերը դասաւանդող ուսուցիչները կ՛անդրադառնային  հայոց պատմութեան կարեւոր նիւթին յատուկ նոթերով, առանց դասագիրք ունենալու:

Պետականացման այս միջոցառումը բարեբախտութիւն մը եղաւ մեր վարժարաններուն, որոնց մասամբ անկախութիւնը եւ այլ սեփական վարժարաններու չգոյութիւնը պատճառ դարձաւ, որ հայ ժողովուրդը իր  զաւակները ղրկէ միայն հայկական կրթօճախներ:

1947-ին Հալէպի մէջ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնումը պատմական անկիւնադարձ մըն էր սուրիահայ դպրոցներու իրականութեան մէջ, որուն յաջորդեց Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան կեդրոնական վարժարանի հիմնումը 1954-ին, իր երկրորդական բաժինով, ապա Կիլիկեան վարժարանն ալ ունեցաւ իր Ճեմարանը 1962-ին: Այս բոլորը նպաստեցին գաղութի երիտասարդութեան կրթական մակարդակի վերելքին: Մինչ այդ բարեկեցիկ վիճակի հայորդիներ իրենց զաւակները կը ղրկէին Ամերիկեան քոլեճ` իր երկու բաժիններով, ուր հայ աւետարանական համայնքը ունէր սեփականատէրի իրաւունքներ, տղոց համար կար նաեւ Ֆրերներու երկրորդական վարժարանը Ֆրանսական արեւելումով, աղջկանց «Ժան Տարք»-ը եւ Ֆրանսիսքէն մայրապետներու երկրորդական վարժարանները:

Սուրիոյ առաջին հայկական երկրորդական վարժարանը Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանն է` հիմնուած 1926-ին, այնտեղէն վկայուած շրջանաւարտներ, ուսուցչական ասպարէզ կը նետուէին Սուրիոյ եւ Լիբանանի զանազան քաղաքներու մէջ:

Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանը վերաբացուեցաւ որպէս Ճեմարան 2008-ին, նոյնպէս միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններ ունեցան Հալէպի Մխիթարեան, Կրթասիրաց ու Բեթել վարժարանները եւ Լաթաքիոյ Նահատակաց  վարժարանը, պետական բարեկարգումներու որպէս արդիւնք սեփական վարժարաններու եւ համալսարաններու վերաբացման արտօնագրի հրապարակման առիթով:

Միւս կողմէ, սակայն, այս արտօնագիրը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ մեր հայաբոյր վարժարաններուն վրայ. քաղքենիացած դասակարգը տակաւ առ տակաւ սկսաւ իր զաւակները յանձնել նորաբաց արդիական եւ համբաւ ունեցող սեփական դպրոցներու: Առեւտրական նպատակներով հիմնուած այդ վարժարաններու ճարպիկ սեփականատէրերը Հայ աշակերտներու յատուկ հայերէն լեզուի դասապահեր ալ աւելցուցած էին իրենց կրթական ծրագիրներուն մէջ:

Նման  դրութիւն մը գոյութիւն ունէր նախքան Սուրիոյ անկախութիւնը, Ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին, քառասունական թուականներուն, «Միսիոն լայիք», կամ «Ֆրանսական լիսէ» ճանչցուած դպրոցէն ներս, ուր յաճախած էր մօրեղբայրս, իրմէ որպէս յիշատակ ունիմ հայոց լեզուի դասագիրքը` Յակոբ Օշականի «Հայ գրականութիւն»-ը, հրատարակուած Երուսաղէմ, կը պատմէր, թէ դասաւանդող ուսուցիչը եղած է լուսահոգի Կարապետ  Համալեանը:

1967 թուականի վաթսուն վարժարաններէն, 2010 թուականին ցարդ Սուրիոյ տարածքին գոյութիւն ունէր երեսուներկու կրթօճախ, Հալէպ 14, Դամասկոս 5,  Քեսապ  3, Գամիշլի  2, մէկական  վարժարաններ` Լաթաքիա, Եագուպիէ, Հոմս, Հասիչէ, Ռաս ուլ այն, Տէրիք, Թէլ-Ապիատ եւ միoրեայ վարժարան մը` Տէր Զօրի մէջ:

«Ազդակ» օրաթերթի 1993-ի Նոր տարուան բացառիկ թիւին մէջ հրատարակուած վիճակագրական տախտակ մը 1992-1993 դպրոցական տարեշրջանին սուրիահայ երեսուներկու վարժարաններու աշակերտութեան թիւի ընդհանուր գումարը շուրջ տասնվեց հազար թիւ մը կ՛արձանագրէ, յաջորդող քսան տարիներուն, նախքան «Սուրիական գարուն»-ը, այս թիւը գրեթէ նոյնը մնացած էր:

Վերջին երեսնամեակին բոլոր հայկական վարժարանները անխտիր ունեցան արդիական նախանձելի կառոյցներ կամ հիմնովին վերանորոգուեցան` շնորհիւ անհատ բարերարներու: Սակայն այս շինարարական գործին իր առիւծի բաժինը ունեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որուն տնօրէնը` հալէպածին Զաւէն Եկաւեան կը հաւատայ, թէ արեւմտահայերէնի գոյատեւման գլխաւոր ամրոցները սուրիահայ գաղութի հայկական վարժարաններն են:

Սուրիական տագնապը, որ սկիզբ առաւ 2011-ի գարնան, հինգամեակ մը բոլորելէ առաջ, յառաջիկայ դպրոցական վերամուտը 2015-2016 տարեշրջանը արդէն  հինգերորդը  պիտի ըլլայ մղձաւանջային կրթական տարեշրջաններուն:

Պատերազմի պատճառով տարագիր ժողովուրդին հետ տարագիր են նաեւ մեր վարժարաններու աշակերտները, այլ շրջաններու մէջ կարգ մը դպրոցներ ամբողջովին փակուած են` Հոմս, Ռագգա, Թել Ապիատ Եագուպիէ, Տէր Զօր: Հալէպի դպրոցները ընդհանրապէս տեղափոխուած են համեմատաբար խաղաղ թաղամասեր` ակումբներու երդիքներուն  տակ, ահաւորը ազգային հինգ վարժարաններու մանկապարտէզներու միացումն է, «Ազգային մանկապարտէզ» վերանուանումով:

Ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն գաղութի տարբեր ղեկավարութիւններու զանազան մտահոգութիւններու կիզակէտը եղած է «պահպանել մեր դպրոցները»: Միշտ ձեռք ձեռքի առաջնահերթ ջանքը տալով երկրի տարածքին գործող աւելի քան երեսուն հայկական կրթօճախները կանգուն պահել, ըլլան անոնք ազգային յարանուանական կամ միութենական պատկանելիութիւններ:

Սուրիահայութեան աղէտի մեծագոյն հարուածը ստացան մեր կրթօճախները… լոյսի փարոսները, արեւմտահայերէնի գոյատեւման գլխաւոր ամրոցները: Մեր դարաւոր թշնամին քաջ գիտէր, թէ սփիւռքի պահանջատէր սերունդի կորիզը կը կազմուի Միջին Արեւելքի մեր դպրոցներուն մէջ:   Թրքական պետութեան թիրախը միշտ եղած էր պատմական Հայաստանի սահմանամերձ հայ գաղութները, եւ ահա առիթը ներկայացաւ Թալէաթի կէս ձգած գործը ամբողջացնելու:

Վերամուտի նախօրեակին ի՞նչ պատկերով կը ներկայանան մեր վարժարանները. հարցում մը, որուն պատասխանը մեր հոգիներուն նման մռայլ է…

Լոքարնօ

Նախորդը

Մտորումներ` Դպրոցական Վերամուտի Առթիւ

Յաջորդը

«Կտրուածքները Խորհրդանշեցին Որբերուն Ցաւը, Բացութիւնները` Կորուստը Անոնց Անցեալին Եւ Բնական Մանկութեան: Իսկ Բացութիւններէն Անցնող Լոյսը Լոյսն Է Յոյսի, Վերականգնումի» Կ՛ըսէ Մոսիկ Կիւլոյեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?