ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Սեպտեմբեր մէկը օրհնեալ օր է Հայաստանի տարեգրութեան մէջ: Այդ օր հազարաւոր աշակերտներ, ամառնային արձակուրդներուն կամայ-ակամայ ցտեսութիւն ըսելով, կ՛ուղղուին դպրոց եւ ամէն բանէ առաջ ջերմ ու կարօտագին կ՛ողջագուրուին իրենց դասընկեր¬դասընկերուհիներուն հետ: Ամառնային տօթէն տաքցած դասարանները կեանքով ու լոյսով կը լեցուին:
Այս տարի, սակայն, վերամուտը, որ Հայաստանի մէջ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ «Գիտելիքի օր», զերծ չմնաց վիճայարոյց իրադարձութիւններէ եւ երեւոյթներէ:
Առաջին երեւոյթը, որ հանրութեան մէջ լայն քննարկումներու առիթ ստեղծեց եւ հայկական ընկերային ցանցերու մէջ արծարծուող հիմնական նիւթերէն մէկը հանդիսացաւ, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի զաւակին մասնաւոր եւ շատ սուղ համարուող դպրոց յաճախելն էր: Ի՞նչ է, հարց կու տային բանավէճի մասնակիցները, կրթութեան նախարարը իր իսկ ղեկավարած հանրային վարժարաններուն այդքա՞ն չի վստահիր, որ իր երեխան մասնաւոր եւ շատ բարձր կրթաթոշակով դպրոց կը ղրկէ:
Երկրորդ իրադարձութիւնը, որ ինծի համար շատ աւելի մտահոգեցուցիչ եւ վրդովեցուցիչ էր, տեղի ունեցաւ վերամուտի նախօրէին, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն, կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն եւ մայրաքաղաքի դպրոցներու տնօրէններուն մասնակցութեամբ խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին: Խօսքը կը վերաբերի Երեւանի փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեանի այն հարցադրման, թէ արդեօ՞ք հաշմանդամ կամ սորվելու դժուարութիւններ ունեցող երեխաները պէտք է յաճախեն սովորական հանրային վարժարաններ եւ նստին «առողջ» երեխաներու կողքին: Եւ` առողջ համարուող աշակերտները, շփուելով հաշմանդամութիւն ունեցող դասընկերներու հետ, արդեօ՞ք «հոգեբանական վնասուածքներ» չեն ստանար: Ուրեմն, կ՛ըսէր ան, պէտք է մտածել նաեւ առողջ երեխաներու հոգեբանական վիճակին մասին: Իսկ ամէնէն ցաւալին` հանդիպման ներկայ բազմաթիւ տնօրէններ ծափողջոյններով դիմաւորեցին այս յայտարարութիւնը եւ պահ մը մոռցան, որ ներառական կրթութիւնը ներկայիս պետական կրթական ծրագիրներուն մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ:
Առաջին դրուագը` նախարարի երեխային մասնաւոր դպրոց յաճախելը, աւելի շատ ուշադրութեան արժանացաւ համացանցի եւ մամուլի մէջ: Փոխքաղաքապետին յայտարարութիւնը, որ իմ կարծիքով, շա՜տ աւելի վտանգաւոր է եւ այլամերժութեան ու խտրականութեան ջրաղացին ջուր կը լեցնէ, որոշ աղմուկ ստեղծեց, բայց նոյնքան քննարկումներու չարժանացաւ: Ճիշդ է, որ կրթութեան նախարարը կրնար լաւ օրինակ հանդիսանալ եւ իր երեխան պետական դպրոց ուղարկելով` վստահութիւն ներշնչէր կրթական համակարգին հանդէպ թերահաւատ դարձած քաղաքացիներուն, բայց բոլորս ալ գիտենք, որ նիւթական հնարաւորութիւններով օժտուած քաղաքական վերնախաւը, աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, երեխաներուն համար մասնաւոր եւ սուղ կրթական օճախներ կ՛ընտրէ… Ինչ կը վերաբերի փոխքաղաքապետի հարցադրումներուն, սա արդէն ուրիշ խնդիր է: Ի՞նչ քարոզ կը կարդայ Սուքիասեանը, ի՞նչ կ՛առաջարկէ: Մեկուսացնե՞լ հաշմանդամները, որոնք կրնան երկրաշարժի կամ վթարի զոհեր ըլլալ, կամ ի ծնէ` այդպիսին: Հեռացնե՞լ հանրութենէն եւ հանրային վայրերէն Արցախի ճակատին վրայ հաշմանդամ դարձած զինուորները, որպէսզի երեխաները ի տես սայլակին գամուած երիտասարդներուն` յանկարծ «հոգեբանական վնասուածքներ» չստանան:
Հաշմանդամութեան իրաւունքները երկար ճամբայ ունին կտրելիք Հայաստանի մէջ, մանաւանդ` քարացած կարծրատիպերը կոտրելու առումով: Այս մասին` գալ շաբաթ:
Գրեցէ՛ք ինծի: