Անդրադարձ

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Խոնարհութիւնը Ապացուցող Փաստագրական Հրապարակում

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Խոնարհութիւնը Ապացուցող Փաստագրական Հրապարակում

«Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը»: Այսպիսին էր մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի պատգամը իր աշակերտներուն, որոնք կը փորձէին պարզել, թէ իրենց մէջ ո՞վ է մեծը: Տէրը քրիստոնէական հաւատքը այս ձեւով խարսխեց խոնարհութեան եւ համեստութեան սկզբունքներու վրայ եւ Իր կեանքով գործնական ապացոյցը հանդիսացաւ այդ սկզբունքներու մարմնաւորմանը: Ուստի զարմանալի չէ, որ քրիստոնէական հաւատքը կրող եւ անոր բոլոր...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Գովաբանական Խօսքեր Չենք Ուզեր

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ղեկավարութիւն Եւ Յարգանք. Հայ Եկեղեցին Արժանի Է Լաւագոյնին

ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՄԵՆԱԿԵԱՆ Վերջերս Հայաստանի վարչապետը հրապարակային քննադատութեան կ՛ենթարկէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` յայտարարելով, որ ան խախտած է իր սուրբ ուխտը եւ զաւակ ունի: Անձամբ չեմ պաշտպաներ կաթողիկոսը այս հարցին համար, սակայն միւս կողմէ` սկզբունքօրէն համաձայն չեմ վարչապետին որոշումին` այս հարցը հրապարակային քննարկումի առարկայ դարձնելու առումով: Իմաստուն եւ խոհեմ ղեկավար մը փակ դրան ետին հանդիպում  պէտք էր...

Սթափելու Ժամանակը

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երկուշաբթի, 7 յուլիսի առաւօտուն Փաշինեան հերթական գրառումով թելադրանք կատարեց ապահովական ուժերուն: Էջմիածին յայտարարութեամբ մը դատապարտած էր երկու բարձրաստիճան հոգեւորականներու` Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ Միքայէլ արք. Աջապահեանի ձերբակալութիւնը: Ըստ Հայաստանի վարչապետին, Էջմիածին կը պաշտպանէ «ահաբեկիչ» հոգեւորականները, ուրեմն կողմ է ահաբեկչութեան: Կաթողիկոսն ու ձերբակալուած հոգեւորականները իրենց աշխարհական անուններով կոչելով, Նիկոլ Փաշինեան կը յայտնէ, որ Վաղարշապատ քաղաքի բոլոր համայնքները բաց են...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

ԱԼՊԵՐ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ Ընտրական յաղթանակի մը տօնախմբութենէն աւելի, այս հաւաքին նպատակն է համախմբուիլ` արժեւորելու համար քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն  լիբանանահայ համայնքի մասնակցութիւնը: Մասնակցութիւն, որ թէ՛ քուէի թիւով, թէ՛ կազմակերպուածութեան օրինակով եւ թէ՛ քաղաքական շրջանակներու համագործակցութեամբ յանգեցաւ այս արդիւնքին: Պէտք է արձանագրել այստեղ, որ, սկսելու համար, լիբանանեան տարբեր շրջանակներէ մեր հաւաքական ուժին նկատմամբ կային տարբեր մեկնաբանութիւններ, հարցականներ: Անոնք հաւանաբար ազդած էին նաեւ...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

ԴԱՒԻԹ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով այսօր մէկ յարկի տակ հաւաքուած են տարբեր մարզերու մէջ գործող միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` վերջին ընտրութիւններուն յաջողած թաղապետներ ու քաղաքապետական խորհուրդներու անդամները: Ողջունելի նախաձեռնութիւն մը, որ առիթ պիտի ըլլայ իրարու ծանօթանալու, խօսելու մեր մտահոգութիւններուն եւ հարցերուն մասին, ինչպէս նաեւ` բարձրաձայն մտածելու լուծումներու մասին եւ, ինչո՞ւ չէ, որդեգրելու արարողակարգեր` յառաջիկայ գործունէութիւններու...

Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն.  Հայասպանութեան Փաստագրող Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը Յայտնաբերող Երուանդ Տ. Գարաճեան

Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն. Հայասպանութեան Փաստագրող Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը Յայտնաբերող Երուանդ Տ. Գարաճեան

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ Տոքթ. (դեղագործ-քիմիաբան եւ դասախօս) Երուանդ Տիգրան Գարաճեան իր բարեկամ Լեւոն Ալթունեանի մօտ տեսած ըլլալով Ֆայեզ էլ Ղուսէյնի` «Հայաստանի ջարդերը»  խորագիրով արաբերէն գիրքին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը (Les Massacres d՛Arménie),  առնելով զայն` կը կարդայ ու կը ծանօթանայ անոր բովանդակութեան: 1915-ին ծնած եւ Ցեղասպանութեան տարիներու դառն հոգեկան ճնշումը ապրած ըլլալով` հայկական ազգային հարցին նկատմամբ բուռն նախանձախնդիր դեղագործ Երուանդ Տիգրան Գարաճեան կ՛ըսէ. «Արաբ...

Մարիա Վոշի Ֆելիեթոններուն Ներգործութիւնը

Մարիա Վոշի Ֆելիեթոններուն Ներգործութիւնը

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Լվովի դարաւոր հայկական մայր եկեղեցւոյ մէջ ըմբոշխնած էր լեհահայ մշակոյթի երաժշտական, հոգեւոր եւ ծիսական սխրագործ ժառանգութիւնը` հոգեպարար պատարագներու փառաբանանքի վսեմ պահերը, որոնք բաւարար էին, որ Մարիա Վոշ հիմնովին ընկալեր հայութիւնը: Կեանքի ուղին զինք փոխադրած էր  Եւրոպայի  19-րդ դարու մշակոյթի Փարիզը համարուող իր ծննդավայր Լվովէն դէպի այսօրուան Լեհաստանի արեւմտեան կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքը: Իբրեւ լրագրող, հրապարակախօս, հաղորդավար` ներկայ...

Լուսապաշտութիւնը, Այվազովսկին Եւ Իր Ազգային Պատկանելիութեան Հարցը (Այվազովսկիի Ծննդեան 200-ամեակին Առիթով)

Ծննդեան 80-Ամեակ Յակոբ Վ. Փանոսեանի (ԼԸ.) Իմ Ունեցած Կարծիքս Թերի Էր…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Համազգայինի Այնճարի մասնաճիւղի գլխաւոր հիմնադիր` Յակոբ Փանոսեանը շնորհաւորութիւններ կ՛ընդունի հիւրերէն ակումբի բացման օրը, 1972-ին Սիրելի՛ ընթերցող, Չեմ գիտեր Յակոբ Փանոսեան անունը բան մը կ՛ըսէ՞ քեզի թէ՞ ոչ, սակայն իր  ծննդեան 80-ամեակի առիթով կ՛ուզեմ բացայայտել իր նկարագրային կարգ մը երեսները, որոնք կրնան ուսանելի ըլլալ շատերու համար: Կատարելապաշտ (perfectionist) էր ան, սակայն երիտասարդ տարիքին իսկ անոր առած քայլերը կ՛ըլլային մտածուած...

Արթուրոյի Նման Ղեկավարներ, Ոչ Թէ «Ամենայն Հայոց Կառավարութիւն»

Արթուրոյի Նման Ղեկավարներ, Ոչ Թէ «Ամենայն Հայոց Կառավարութիւն»

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սփիւռքեան հանրային քաղաքական գործունէութեան մէջ ոեւէ դերակատարի համար դժուար է ժառանգորդը ըլլալ անուն հանած ղեկավարի մը: Ի մասնաւորի՝ գաղափարի նահատակ մարտիկ եղած ղեկավարի մը: 20 Յունիսին Պուէնոս Այրէսի մէջ իր աչքերը յաւիտեան փակած Արթուրօ Օհաննէսեանը թոռն էր դաշնակցական ղեկավար Միհրան Փափազեանի, որ եզակի դեր ունեցած է Առաջին Աշխարհամարտէն յետոյ Իզմիրի հայութեան փրկութեան եւ Յունաստանի հայ համայնքի կազմակերպումին...

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան

Համահայկական Օրակարգի Պիտի Վերածենք Արցախահայութեան Տունդարձի Իրաւունքը

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ 2023-ի սեպտեմբերեան պատերազմէն ետք Արցախի հարցը ոչ միայն կորսնցուց իր ռազմաքաղաքական յենարանը, այլ փուլ առ փուլ հեռացաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն հիմնական օրակարգէն: Զինք փոխարինեց Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն միջեւ անիրագործելի «Իրական Հայաստան»-ի տեսութիւնը: Այս հրաժարումը սկսաւ քաղաքական հռետորաբանութեամբ, անցաւ կասկածելի եւ անորոշ համաձայնութիւններու եւ հասաւ ազգային անտարբերութեան վտանգաւոր հանգրուանին: Հայաստանի իշխանութիւնները` վարչապետ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, Արցախի հարցը կը ներկայացնեն փակուած էջ`...

«Ես Եմ Ճամբան»

«Հայ Ըլլալը Ինքնութեանս Անբաժանելի Մասն Է»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Հայաստան ծնած եմ եւ երբեք չեմ զգացած, որ պէտք է պայքարիմ ինքնութիւնս պահելու համար: 2003 թուականին տեղափոխուեցայ Պարսելոնա, եւ խումբ մը հայերով զգացինք հայկական ինքնութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: 2006 թուականին հիմնեցինք Պարսելոնայի հայկական մշակութային միութիւնը» (Սիրանուշ Սահակեան): Յունիս 15-20, 2025, Պարսելոնա, Սպանիա: Մշակոյթի, ազգային ինքնութեան եւ մայրենի լեզուի պահպանման դասախօսութեանս ընթացքին, հայկական մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ, «Հայ տուն» կեդրոնին...

Մայրենի Լեզու, Մարդկային Հիմնական Իրաւունք, Եւ Մշակութային Ձուլում

Մայրենի Լեզու, Մարդկային Հիմնական Իրաւունք, Եւ Մշակութային Ձուլում

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ (Դոկտոր Ընկերալեզուաբանութեան) Մայրենի լեզուն` մարդկային հիմնական իրաւունք Ինչո՞ւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն վտանգուած լեզուներու ցանկ մը ունի: Որովհետեւ մայրենի լեզուն խորապէս միահիւսուած է անհատի եւ համայնքի մը ինքնութեան, մշակոյթին եւ ժառանգութեան հետ: Մայրենի լեզուն գործածելու եւ պահպանելու կարողութիւնը կարեւոր է մշակութային բազմազանութեան եւ անհատական արժանապատուութեան պահպանման համար: Արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքը կը ներառէ լեզուի ընտրութիւնը, որով պէտք է արտայայտուի: Այսինքն մէկու մը...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Տեսակէտ. Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Մէկ Ու Միակ Ուղին Իշխանափոխութիւնն Է

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Յարաբերութիւնները երկու կողմերու համապատասխան մասնակցութեամբ եւ վստահութեամբ կը մշակուին: Առանց փոխադարձ ըմբռնողութեան, գործակցութեան եւ համընդհանուր շահերու հետապնդման մօտեցումին` անիմաստ եւ ապարդիւն են յարաբերութիւնները ե՛ւ յարաբերութիւններու մասին քննարկումներ կատարելը: Դիւրին է մեծ-մեծ լոզունգներով խօսիլ ու գրել սփիւռք-Հայաստան կապերու հզօրացման ու համախմբումի մասին: Դիւրին է միշտ ըլլալ «մէջտեղ»-ը` օգտուելու հոսկէ-հոնկէ, սակայն դժուարը երկկողմանի յարաբերութիւններու վերականգնումն է, երբ մէկ կողմը` Հայաստանի...

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Հայ ազգը խոր տագնապի պահու մը մէջ կը գտնուի: Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները ցնցումի ալիքներ կը յառաջացնեն Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի լայն տարածքին: Ինչպէս մեր ազգի պատմութեան բախտորոշ բոլոր հանգրուաններուն, ՀԲԸՄ-ը իր ձայնը կը բարձրացնէ` կոչ ուղղելով զսպուածութեան եւ ազգային միասնականութեան: Մինչ դէպքերը կը զարգանան, կարեւոր է վերահաստատել, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ ժողովրդավարական գործընթացը պէտք է յարգուին այնպէս, ինչպէս համաշխարհային...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Փաշինեան Կը Մրցի Թալէաթին Եւ Ստալինին Հետ` Հայ Հոգեւորականներու Հալածանքին Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Թաւալող իւրաքանչիւր օրուան հետ Հայաստան քիչ մը աւելի կը գլորի դէպի բռնապետութիւն: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հասցէին օգտագործուած գռեհիկ, նոյնիսկ պոռնկագրական բառապաշարը բացարձակապէս անյարիր է կառավարութեան ղեկավարին: Ըստ «Ազատութիւն» կայանին, Դիմատետրը վերջերս ջնջեց անոր գրառումներէն մէկը` հոն օգտագործուած վիրաւորական արտայայտութիւններուն համար: Վարչապետը բանտարկեց տասնեակ քաղաքական հակառակորդներ, ինչպէս նաեւ` երկու արքեպիսկոպոսներ, նաեւ`...

«Ինչքան Կայ Հայրենիքում Ապրելու Կամքը, Մենք Կը Լինենք Արցախի Կողքին». Ռ. Ճանպազեան

Երուսաղէ՛մն Ալ Հայրենիք Է, Թորոնթոն Ալ…

 ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Արքան` «Կովերու պարտէզ»-ին մէջ (լուսանկարը` Ռ. Ճանպազեանի) «Երուսաղէմի օր»-ն է, 26 մայիս, եւ նստած եմ Աւետեաց երկրին սիրտը գտնուող «Save the ArQ» շարժումին կողմէ կառուցուած ժամանակաւոր տնակին մէջ. «Կովերու պարտէզ»-ին (կամ ինչպէս տղաքը կը կոչեն` «Փարքինկ»-ի) կայանատեղիին մէջն ենք: Դուրսի օդը տաքութեամբ ու լարուածութեամբ ծանրացած է: Քանի մը ժամ ետք տասնեակ հազարաւոր կապոյտ ու ճերմակ դրօշներ ծածանող իսրայէլցի...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Մինչեւ Ե՞րբ…

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Չգիտեմ` ո՛վ, ինչպէ՛ս, բայց ես արդէն խեղդւում եմ իմ երկրի եւ աշխարհի քաղաքական այս հեղձուցիչ, անբարոյ մթնոլորտում: Շնչելն այլեւս անհնարին է դարձել համատարած շինծու մեղադրանքների, բացայայտ սուտի քարոզարշաւի այս խելայեղ վազքում: Իրենց ամենակալ հռչակածների կողմից երկրների ու ժողովուրդների անխնայ ոչնչացումը արդէն հասել է այնպիսի չափերի, որ իւրաքանչիւր մտածող անձ անկարող է ընդունել, համակերպուել, շնչել: Մեծ երկրների...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.   Ե-«Հայրենիք»-էն` Ցտեսութիւն Թուղթին…

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ե-«Հայրենիք»-էն` Ցտեսութիւն Թուղթին…

«Ժամանակին հետ կը մեկնի, ամէն բան կը մեկնի Կը մոռնանք դէմքը եւ կը մոռնանք ձայնը» Լէօ Ֆեռէ (1916 - 1993, ֆրանսացի հանրածանօթ երգիչ-բանաստեղծ) Այո՛, ժամանակի թաւալումին հետ, «արդի»-ի հասկացողութեան նորովի մեկնաբանութեամբ եւ պարտադրանքով պիտի մոռնանք նա՛եւ տպագիր թերթը` իր դարաւոր նկարագիրով: Կարծէք թէ մեր յիշատակած երգիչին բառերը այսպիսի նորարարութիւններու մասին ալ է: Դժուար եւ յիշատակելի պիտի ըլլայ մեր այս սիւնակը,...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Այլ Բա՞ն Կ՛ակնկալէինք

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Հասած է ժամը երկիրը պարպելու իր էութենէն: Երկիրը հասցէազրկելու: Երկիրը դիմազրկելու: Երկիրը հայրենազրկելու: Այս է առաքելութիւնը վիշիական իշխանութեան: Ասոր համար է, որ ան ստեղծուած է: Ասոր համար է, որ ան կայ: Եւ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, լիովին օրինաչափ է եւ ունի իր տրամաբանական շարունակութիւնը: Անդամահատել երկիրը: Յանձնել հայրենական հողն ու ժառանգութիւնը թշնամիին: Ուժականութենէ պարպել բանակը: Կառուցել ոստիկանական...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Յանուն Անխուսափելի Եւ Նորանոր Յաղթանակով Ազատագրուող Հայաստանի

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Արդէն անվարան ու այսպէս ասած` առանց բառերը ծամծմելու, Հայաստանում թէ՛ սփիւռքում բարձրաձայնւում է Հայաստան երկիրը պետականազրկելով` հայրենի մեր երկիրը թուրքական վիլայէթի վերածելու «թաւշեայ ծրագրի» նախավերջին փուլերի մասին: Այս առումով, միանգամայն ճիշդ բնութագիր է ռազմաքաղաքական փորձագէտ Հայկ Նահապետեանի «Հայաստանում իշխում է օկուպանտ ռեժիմ-խունթա...» գնահատականը, որն էլ անկլոսաքսոնական աշխարհաքաղաքական ուժային հնամենի կենտրոնի կամակատար` ազրպէյճանաթուրքական դաշինքի համադիր ծրագրի արդիւնքում, սկսեալ` 2018-ի...

Page 75 of 808 1 … 74 75 76 … 808

Արխիւներ