Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծննդեան 80-Ամեակ Յակոբ Վ. Փանոսեանի (ԼԸ.) Իմ Ունեցած Կարծիքս Թերի Էր…

Յուլիս 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Համազգայինի Այնճարի մասնաճիւղի գլխաւոր հիմնադիր` Յակոբ Փանոսեանը շնորհաւորութիւններ կ՛ընդունի հիւրերէն ակումբի բացման օրը, 1972-ին

Սիրելի՛ ընթերցող,

Չեմ գիտեր Յակոբ Փանոսեան անունը բան մը կ՛ըսէ՞ քեզի թէ՞ ոչ, սակայն իր  ծննդեան 80-ամեակի առիթով կ՛ուզեմ բացայայտել իր նկարագրային կարգ մը երեսները, որոնք կրնան ուսանելի ըլլալ շատերու համար: Կատարելապաշտ (perfectionist) էր ան, սակայն երիտասարդ տարիքին իսկ անոր առած քայլերը կ՛ըլլային մտածուած ու իրատեսական: Ես եւս կատարելապաշտ եղած եմ, սակայն ես «դաստիարակուած» եմ` մեկնելով իմ գործած սխալներէն: Թէեւ ես նուիրուեցայ մշակոյթին, իսկ ինք` գիտութեան: Այնուամենայնիւ, ո՛չ ինք հրաժարեցաւ մշակոյթէն, ո՛չ ալ ես` գիտութենէն, պարզ այն պատճառով, որ գիտութիւնն ու մշակոյթը ոչ թէ կը հակասեն, այլ պարզապէս կ՛ամբողջացնեն զիրար:

Իսկ հիմա նախ վերադառնանք ձեզի, իմ յոյժ համակրելի արենուշներ,

Թեւ տիպար սկաուտ մը չեմ եղած, սակայն սկաուտական կեանքը (յատկապէս` արկածախնդրական բաժինը) ու սկզբունքները իրենց շինիչ դերը կատարած են ոչ միայն իմ, այլ առհասարակ մեր սերունդի նկարագիրի կերտման մէջ… ըլլայ համամարդկային թէ ազգային ոլորտներու մէջ: Երբ դուք միացաք ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին, պատճառ մը աւելի եղաւ, որ ես առաւել եւս կապուիմ սկաուտութեան ու սիրով մասնակցիմ գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն, որոնցմէ մէկը (որ կ՛առնչուի եղբայր Յակոբ Փանոսեանի հետ) պիտի պատմեմ ստորեւ: Ուրեմն…

Իփսենի «Ծովուն տիկինը» ներկայացումէն տեսարան մը. Ձախէն աջ` Մովսէս Ս. Հերկելեան, Շուշան Փանոսեան եւ Յակոբ Փանոսեան

Այնճար, 1966, Ամառ

Երկարատեւ քննարկումներէ ետք, ի վերջոյ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի «ճնշումներուն» տակ, ԼՕԽ-ի Այնճարի մասնաճիւղը իր արծուիկները յօժարեցաւ յանձնել ՀՄԸՄ-ին` իբրեւ արենուշներ… դժկամութեամբ: Ի մեծ ուրախութիւն մեզի, առաջին անգամ ըլլալով  երկսեռ լեռնագնացութիւն կազմակերպուեցաւ ՀՄԸՄ-ի կողմէ` արենուշներու եւ սկաուտներու համատեղ մասնակցութեամբ: Արենուշներու խմբապետուհի քոյր Վերգինէն (Այնթապլեան) եւ մեր սկաուտապետը` եղբայր Սարգիսը (Գաթալուզեան), խստօրէն պատուիրած էին արենուշներուն եւ սկաուտներուն, որ իրենց հետ վերցնեն արշաւի ընթացքին անհրաժեշտ համարուող բոլոր առարկաները, յատկապէս` մետաղեայ այն թասերը, որոնք կ՛օգտագործէինք ջուր, թէյ կամ կաթ խմելու համար: Վաղ առաւօտեան մթնշաղէն առաջ ճամբայ ելանք: Ս. Պօղոս եկեղեցիին կողքէն անցնելով` ջրամբարի ետեւէն սկսանք բարձրանալ լեռն ի վեր: Կը քալէինք խառնուած իրարու, եւ որովհետեւ սկաուտները աւելի վարժ էին մագլցելու, մենք յառաջապահի դեր կը կատարէինք: Թէեւ լիալուսինը բաւականին լաւ կը լուսաւորէր մեր արահետները, սակայն երբեմն կը պահուըտէր ամպերու ետեւ, ու մենք օգնելու պատրուակին տակ, արենուշներուն ձեռքը բռնելու առիթ կ՛ունենայինք, որ մեծ հաճոյք էր այդ օրերուն մեզի համար: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ, լերան գագաթը դեռ չհասած, երբ այս անգամ լուսինը կը յապաղէր դուրս գալու ամպերու տակէն, յանկարծ տղաներէն մէկը սկսաւ «Լուսին չկար…» երգել ու մեր խանդավառութիւնը բազմապատկուեցաւ: Անկէ ետք, թէեւ երգելով  յամրաքայլ կը յառաջանայինք, սակայն  կրցանք ժամանակին հասնիլ «Վերի քարայրի» լերան գագաթը, ուր նախ դիմաւորեցինք Լուսնթագի յայտնութիւնը երկնակամարին վրայ եւ ապա ըմբոշխնեցինք նաեւ «Փառահեղ արեւածագը»: Սկաուտներէն եւ արենուշներէն ոմանք սկսանք փնտռել եւ գտնել խխունջի ու նաեւ ձուկի (որ քիչ կը պատահէր) բրածոներ, որոնք, ըստ վարիչ առաջնորդ եղբայր Յակոբին (Փանոսեան) տուած բացատրութիւններուն, կ՛ապացուցէին, թէ ժամանակին Անդի Լիբանանի լեռնաշղթան թաղուած եղած է ջուրերուն տակ: Ապա իջանք եւ մտանք «Վերի քարայրը», ուր ոմանք,  յատկապէս անոնք, որոնք ինծի պէս լուսարձակ ունէին, եղբ. Սարգիսի առաջնորդութեամբ աւելի յառաջացան դէպի քարանձաւի խորերը: Յետոյ խմբովին իջանք Հին ջաղացքին հանդիպակաց կողմը գտնուող «կղզին», որ քաղաքապետութեան կողմէ դրուած էր ՀՄԸՄ-ի տրամադրութեան տակ` իբրեւ բանակավայր, որ հոգեհարազատ վայր մըն էր մեզի համար, որովհետեւ կրցած էինք արտօնութիւն ձեռք բերել ընթացիկ օրերուն եւս հոն վրան լարելու եւ գիշերելու: Շատ լաւ կը յիշեմ, որ ծառերէն թելով մը մեր կերակուրը կը կախէինք, որպէսզի հասանելի չըլլար առնէտներուն: «Կղզին» մտնելու համար փայտէ յատուկ կամուրջ մը շինած էինք վարիչ առաջնորդ եղբ. Յակոբի (Փանոսեան) մասնակցութեամբ, որ եղբ. Սարգիսէն ետք, ամէնէն ազդեցիկ սկաուտն էր մեր մէջ եւ ճարտարագէտի ընդունակութիւններ ունէր: Այդ օր, յաջորդ կղզին (որ արենուշներուն տրամադրուած էր իբրեւ բնակավայր) անցնելու համար որոշուած էր երկրորդ կամուրջ մը  կառուցել արենուշներու ներկայութեան եւ ի հարկին նաեւ` անոնց օգնութեամբ:

1963 Աթէնքի մէջ կայացած սկաուտական միջազգային բանակումին

Յոգնած, պարտասած ու նաեւ` սոված, երբ հասանք կղզի, հոն էին արդէն մեզի հետ լեռ չբարձրացած քանի մը սկաուտներ եւ արենուշներ, որոնք պատրաստած էին երկու կրակարաններ, որոնց վրայ դրուած էին երկու մեծ պղինձէ կաթսաներ, մէկը բուսական թէյի եւ միւսը` քաքաոյով կաթի համար, որոնք բոկեղի հետ միասին չտեսնուած համով կ՛ըլլային: Անմիջապէս եղբ. Սարգիսն ու քոյր Վերգինէն ստուգումներ կատարեցին, ու պարզուեցաւ, որ վեց սկաուտներ եւ արենուշ մը` քոյր Լէյլան (Գազանճեան) խմելու յարմարանք, այսինքն ալիւմինիոմէ թաս չունէին: Քոյր Լէյլան, որ համեմատաբար տարիքով փոքր էր, բացատրեց, թէ լերան վրայ կորսնցուցած է իր թասը, եւ այդ պատճառով ալ եղբայր Յակոբը իրը տրամադրեց անոր: Նման պարագաներու, իբրեւ պատիժ, թաս չունեցողները պէտք էր սպասարկէին միւսներուն, եւ բոլորին խմելէն ետք միայն իրենք իրաւունք կ՛ունենային նախաճաշելու եւ այն ալ` համեմատաբար պաղ վիճակի մէջ: Բայց այս անգամ եղբայր Սարգիսը յայտարարեց, որ անոնք, որոնք թաս չունէին, իբրեւ պատիժ, պիտի զրկուէին նախաճաշէն: Եղբայր Յակոբին հետ միասին եօթը սկաուտներ էինք: Թէյի եւ կաթի գոլորշին կը յամենար միջոցին մէջ, անոնց ախորժաբեր բոյրը անդիմադրելի էր, իսկ մենք` անօթի ու յոգնած… Պատիժը, որ անսպասելի էր, չափազանց խիստ եւ անարդար կը թուէր մեզի:  Երբ սկսանք բողոքել եւ նոյնիսկ թաս ունեցող եղբայրներէն շատեր եւս միացան մեզի, եղբ. Սարգիսը անդրդուելի մնաց, իսկ եղբ. Յակոբը հանդարտեցուց մեզ եւ ձեռքի նշանով հասկցուց, որ  սպասենք: Սպասեցինք ու սպասարկեցինք թաս ունեցողներուն` առանց որեւէ բան ուտելու կամ խմելու… բայց իզուր: Հակառակ անոր որ (եղբ. Յակոբի թելադրութեամբ) ներողութիւն խնդրեցինք եղբ. Սարգիսէն եւ խոստացանք, որ ասկէ ետք պարտաճանաչ պիտի ըլլանք, սակայն ան առանց պատասխան տալու` մեզ հաւաքեց (կարգ մը երէց սկաուտներ ու արենուշներ) եւ սկսաւ բացատրութիւններ տալ անոնց, թէ ինչպէ՛ս հարկաւոր է կառուցել երկրորդ կամուրջը:

Կեդրոնը` Յակոբ Փանոսեանը, շրջապատուած` նորագիր համազգայնականներով

Յստակօրէն չեմ յիշեր, թէ որո՞նք էին պատժուածները, սակայն հաւանական է, որ  հետեւեալները ըլլային. Սեպուհ Սգայեան, Պետիկ Ինճէեան, Յակոբ ճանպազեան, Նորայր Շէրպէթճեան եւ Մովսէս Թ. Հերկելեան: Մենք ոչ թէ կը մոռնայինք , այլ գիտակցաբար ալիւմինիոմէ թասերը չէինք առներ մեզի հետ, որովհետեւ կողքէդ կախելու պարագային … թէ՛ ձայն կը հանէին, եւ թէ՛ կը խանգարէին քալելուն: Եղբայր Սարգիսը գիտէր ասիկա եւ որոշած էր զգաստութեան հրաւիրել մեզ:

Իմ բանիմաց ընթերցող,

Ի՞նչ մեղքս պահեմ, վարկաբեկուած ու անարգուած կը զգայինք, յատկապէս` արենուշներու ներկայութեան, պէտք էր որ բան մը ընէինք: Մենք` անհնազանդ յանցագործներս, սկսանք ձայն բարձրացնել ու  բողոքել: Թէեւ որոշ վերապահումներով, բայց մեր բողոքին միացան նաեւ երէց սկաուտներէն վարիչ առաջնորդներ`  Կիրակոս Խօշեանը, Գաբրիէլ Փանոսեանն ու Մովսէս Քէրքեզեանը: Նոյնի՛սկ մեզի տարեկից արենուշներէն ոմանք` Մարօ Քէշիշեանը, Շուշան Փանոսեանը, Ռեբեքա Քենտիրճեանը եւ ուրիշներ դիմեցին քոյր Վէրգինէին, որպէսզի միջամտէ եւ բարեխօսէ եղբ. Սարգիսին քով… Երբ բոլոր ջանքերը ի դերեւ ելան, որոշեցինք առայժմ բանակավայրը լքել… Երբ հաւաքուեցանք ծառին տակ ու սկսանք խորհրդակցիլ, թէ ինչպէ՞ս պիտի հակադարձենք այս անիրաւ որոշումին, եղբ. Յակոբը մօտեցաւ մեզի եւ նախ պատուիրեց, որ հանդարտ մնանք եւ արագ որոշումներ չտանք, եւ ապա երկու սկաուտներ ղրկեց «Ծառտակէրի» մօտիկ «Նազլըմին» ճաշարանը` գաւաթներ բերելու, ու ինք սկսաւ կրակները թէժացնել թէյն ու կաթը վերստին տաքցնելու համար: Եղբ. Սարգիսը երբ նշմարեց, որ նոր գաւաթներ եկան, եւ կրակը սկսաւ բորբոքիլ, մօտեցաւ եւ երկու կաթսաներու բովանդակութիւնը, թէյը եւ կաթը ամբողջութեամբ թափեց գետը, իսկ բոկեղի տոպրակն ալ գլխուն վրայ «քարմանելէ» ետք «ֆր՜րացուց» եղէգնուտին մէջ… Այս մէկը արդէն բոլորովին անսպասելի էր… Զարմանքն ու հիասթափութիւնը մեծ եղան… անհամ եւ անորոշ կացութիւն մը տիրեց կղզիէն ներս: Կղզիէն դուրս գալէ եւ վճռական քայլը առնելէ առաջ հարցական նայեցանք իրարու եւ ապա դիմեցինք եղբ. Յակոբին, որ ձեռքով նշան ըրաւ, որ հանդարտինք… ու սպասենք: Թէեւ սկաուտներն ու արենուշները նոյնպէս զարմացած էին ու շուարած, բայց զարմանալիօրէն անոնցմէ շատեր եղբ. Սարգիսին որոշումը արդար եւ դաստիարակիչ կը գտնէին: Եղբ. Յակոբը լուռ էր… միշտ նշան կ՛ընէր մեզի, որ հանդարտինք ու սպասենք: Մենք վիրաւորուած (յատկապէս` անոր համար, որ այդ բոլորը տեղի կ՛ունենային արենուշներու ներկայութեան), չէինք կրնար համակերպիլ կացութեան… պէտք էր որ բան մը ընէինք, սակայն որովհետեւ բոլորս ալ համակրանք ունէինք եղբ. Յակոբին նկատմամբ, չէինք ուզեր նեղացնել զայն: Շատ չանցած` ան ոտքի ելաւ տեղէն, հաւաքեց եւ տարաւ մեզ «Նազլըմին» ճաշարանը, որ օրը կիրակի ըլլալով` ամբողջութեամբ լեցուն էր: Ան խօսելէ ետք մատուցողին` «Վանատիկենց Մեթրին» հետ, առաջնորդեց մեզ ճաշարանի վերին դարաւանդը, շրջանակաձեւ եւ ծալապատիկ շարելէ ետք մեզ վայրի խոտերուն վրայ, սկսաւ բացատրել, թէ ինչո՛ւ հարցին հարկաւոր է մօտենալ եղբայրաբար` իբրեւ պարտաճանաչ եւ հաւատարիմ սկաուտ, եւ շեշտեց, որ եղբ. Սարգիսը մեզ կը սիրէ եւ կ՛ուզէ դաստիարակել մեզ, որովհետեւ առաջին անգամը չէր, որ մենք նմանօրինակ օրինազանցութիւններու մէջ կը գտնուէինք: Շատ չանցած` մատուցողը բերաւ եւ բաժնեց մեզի թէյ եւ լապնիով, վարունգով եւ ձիթապտուղով լաւաշի մէջ փաթթուած բրդուճներ: Սարսափելիօրէն քաղցած էինք ու անհամբեր` ուտելու: Արագօրէն արտասանելէ ետք « Օրհնէ ո՜վ Աստուած…» աղօթքը, ուղղակի լափեցինք տաք թէյի հետ հրամցուած բրդուճները, որոնք չտեսնուած համով էին… Երբ արդէն պատրաստ էինք վեր կենալու եւ երթալու, եղբ. Յակոբը նշան ըրաւ, որ սպասենք: Նստաւ, փոխանակ խրատելու մեզ, սկսաւ ուղղակի զրուցել մեզի հետ մեր տրամաբանութեամբ, որովհետեւ այդ օրերուն մենք բառին բուն իմաստով չար էինք եւ քիչ մըն ալ երես առած` իբրեւ «պատանիներ»: Ի զարմանս մեր բոլորին` եղբ. Յակոբը ոչ միայն արդար կը գտնէր եղբ. Սարգիսին սահմանած «դաժան» պատիժը, այլ նաեւ կրցաւ համոզել մեզ, որ նամակ մը գրենք եւ գրաւոր խոստանանք, որ ասկէ ետք կ՛ըլլանք կարգապահ, հնազանդ եւ «Մի՛շտ պատրաստ» հայ արիներ… Այդպէս ալ ըրինք:

Ձախէն երրորդը` Յակոբ Փանոսեանը, Այնճարի ջաղացքին առջեւ, 1962

Այսպէս էր եղբայր Յակոբը, այդ օր խիստ տպաւորեց մեզ` իբրեւ վեհանձն, արդարամիտ, համբերատար, ընկերասէր, այս պարագային կրնանք ըսել` եղբայրասէր ու խիստ մարդկային բնաւորութեան տէր առաջնորդ: Նկատի առէք, որ ան ընդամէնը քսանմէկ տարեկան էր այդ օրերուն եւ այդքան հասունութիւն ու խոհեմութիւն կը դրսեւորէր: Հետագային իրեն հետ ունեցած իմ փորձառութիւններս ցոյց տուին, որ ան իսկապէս կազմակերպչական գետնի վրայ բացառիկ տաղանդ ունէր… Ան օժտուած էր իր միտքը յստակացնելու եւ տրամաբանական կերպով ներկայացնելու ունակութեամբ: Եւ այդպիսին մնաց մինչեւ «ԱՐՓԱ»-ի կազմակերպումն ու ղեկավարումը: Իսկ ես մինչեւ վերջ մնացի նոյն տպաւորութեան տակ:

Այս դէպքէն երկու տարի ետք Այնճարի միջնադարեան բնոյթի «Հին ջաղացքին» մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հնատիպ առարկաներու ցուցահանդէս, որուն կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ մեծ դեր վերապահուած էր Յակոբ Փանոսեանին: (Ի դէպ, հետագային նոյն «Հին ջաղացքին» մէջ կազմակերպուած է նմանօրինակ ցուցահանդէս մը եւս, որուն ներկայ չեմ եղած, որովհետեւ արդէն իսկ մեկնած էի Հայաստան… ուսանելու): Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն կը յիշեմ հետեւեալները` Մովսէս Ճանպազեան, Պօղոս Ղուկասեան, Զաւէն Թաշճեան, Տիգրան Յ. Փանոսեան, Մուշեղ Գարագաշեան, Յակոբ Փանոսեան  եւ այլն: Կար նաեւ կրտսերներու լրացուցիչ յանձնախումբ մը, ինչպէս` Վարուժան Փանոսեան, Նիկոլ Հերկելեան, Գրիգոր Մանճեան, Յակոբ Ճանպազեան, Վազգէն Ղուկասեան եւ ուրիշներ: Մեզի վերապահուած էր առաւելաբար «Հին ջաղացքը» մաքրելու, հնատիպ առարկաները տեղափոխելու եւ հաւաքուածները  դասաւորելու աշխատանքները: Յակոբը ոչ միայն մեզի հետ հաւասարէ հաւասար կը մասնակցէր բոլոր տեսակի աշխատանքներուն, այլ նաեւ ընթացքին մասնագիտական բացատրութիւններ կու տար մեզի… Անոր հետ առիթը եւ պատեհութիւնը ունեցած եմ գործակցելու նաեւ Այնճարի թատերական կեանքին մէջ: Թէեւ` մեծաւ մասամբ սիրողական գետնի վրայ, սակայն Այնճարը ունեցած է աշխուժ թատերական կեանք ու տուած` շարք մը  վաստակաւոր բեմադրիչներ, ինչպէս` Պետրոս Շաննագեան, Վահէ Աշգարեան, Զաւէն Թաշճեան, Մուշեղ Գարագաշեան, Մովսէս Խ. Հերկելեան, Օննիկ Գանթարճեան, Ռոպերթ Առաքելեան եւ ուրիշներ: Դերասաններն ու  դերասանուհիները շատ էին, որոնց շարքին յաճախ ինծի եւս կը վստահուէր որոշ  պատասխանատու դերեր` Յակոբ Փանոսեանի եւ այլոց զուգահեռ, ինչպէս` Զաւէն Թաշճեան, Մուշեղ Գարագաշեան, Վերգինէ Այնթապլեան, Մովսէս Խ. Հերկելեան, Շուշան Փանոսեան, Անի Սթամպուլեան, Մանուշակ Գպրանեան եւ շատ շատեր: Յակոբ Փանոսեանը ոչ միայն կազմակերպչական աշխատանքներու մէջ գործօն մասնակցութիւն կ՛ունենար, այլ նաեւ միշտ եղած է համեստ, պարտաճանաչ եւ ձեռներէց անձնաւորութիւն… Երեւիլ չէր սիրեր, գործն էր իրեն համար կարեւորը եւ ոչ թէ անոր հեղինակը: Այս առումով, յատկապէս կը յիշեմ Իփսենի «Ծովուն տիկինը» ներկայացումը, որուն բեմադրութիւնը վիճաբանութեան առիթ տուած էր: Ոմանք վերապահութիւններ ունէին անոր յաջողութեան նկատմամբ, որովհետեւ կ՛ըսուէր, թէ դժուար ընկալելի երկ մըն էր Այնճարի թատերասէր հասարակութեան համար, սակայն Զաւէնն ու յատկապէս Յակոբը պնդեցին, որ անպայման հարկաւոր է ներկայացնել զայն, յատկապէս` ժողովուրդի մակարդակը բարելաւելու համար: Յակոբը առանց դիմացինի կարծիքը անտեսելու` ամենայն ողջմտութեամբ կը ներկայացնէր զայն տրամաբանական պարունակի մէջ` յստակօրէն ցոյց տալով անոր դերն ու նշանակութիւնը:

Յակոբ Փանոսեան երէց եղբօր` Սարգիսին հետ

Այնուամենայնիւ, Յակոբը ամէնէն շատ տպաւորած է զիս իբրեւ ուսուցիչ: Բացատրեմ,  թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ: Այնճարի Գալուստ Կիլպէնկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտներ էինք: Ընկերներուս` Նորայր Շէրպէթճեանի եւ Փանոս Մանճեանի հետ միասին ունէինք զարմանալի բնաւորութիւն մը, որմէ կրթական գետնի վրայ տուժեցինք,  յատկապէս` ես… Միշտ կ’աշխատէինք ուսուցիչներուն տկար կողմը գտնել ու մեր հարցումներով նեղ կացութեան մատնել զանոնք: Այնքան որ օր մը արաբերէնի ուսուցիչս` Մինաս Փափազեանը, «անիծեց» զիս` ըսելով.

– Աստուծմէ կը խնդրեմ ,որ ապագային ուսուցիչ ըլլաս եւ քեզի պէս աշակերտ մը ունենաս, որպէսզի գիտնաս, թէ ինչպէ՛ս կը խանգարես դասապահներս եւ որքա՛ն նեղութիւն կը պատճառես ինծի:

Բոլոր ուսուցիչներս դժգոհ էին ինձմէ` բացի ուսողութեան եւ բնագիտութեան դասատուներէն` Յակոբ Յակոբեանէն ու Յակոբ Փանոսեանէն, որոնց հանդէպ յատուկ յարգանք ունէի: Երկուքն ալ իրենց մասնագիտութեան մէջ հմուտ էին եւ սպառիչ պատասխան կու տային մեր ամենախրթին հարցումներուն իսկ:

Նստած ձախէն չորրորդը` Յակոբ Փանոսեան, 1963-ին, Աթէնքի միջազգային սկաուտական բանակումին, Պարթենոնի տաճարին դիմաց

Այնպէս որ, ես բախտաւոր կը համարեմ ինքզինքս Յակոբ Փանոսեանի նման սկաուտապետ, մշակոյթի գործընկեր եւ ուսուցիչ մը ունենալուս համար:

Այս բոլորէն ետք, երբ ուզեցի իմանալ, թէ ինք ի՞նչ ներդրում ունեցած է իր ասպարէզին մէջ` գիտական, մանկավարժական թէ բարեսիրական գետնի վրայ:

Օ՜, իմ գիտակից եւ արդարամիտ ընթերցող,

Անակնկալը մեծ էր ու  հպարտառիթ: Պարզուեցաւ, որ Յակոբ Փանոսեանի մասին կազմած իմ կարծիքս թերի է…

Բարեբախտաբար ինք միակը չէ, որ շօշափելի նուաճումներ արձանագրած է գիտական միջազգային ոլորտներէ ներս (նոյնիսկ «Նոպէլեան» մրցանակակիր ունեցանք վերջերս), սակայն ինք այն քիչերէն է, որոնք իրենց ձեռք բերած միջազգային հեղինակութիւնն ու նուաճումները ի սպաս կը դնեն նաեւ հայրենիքի բարգաւաճման եւ ազգային մակարդակի բարձրացման ու զարգացման…

Խնդրեմ`

Կարդացէք իր կենսագրութիւնը եւ դո՛ւք դատեցէք:

Երեւան, 2025, մայիս

 

Նախորդը

Արթուրոյի Նման Ղեկավարներ, Ոչ Թէ «Ամենայն Հայոց Կառավարութիւն»

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?