Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարիա Վոշի Ֆելիեթոններուն Ներգործութիւնը

Յուլիս 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Լվովի դարաւոր հայկական մայր եկեղեցւոյ մէջ ըմբոշխնած էր լեհահայ մշակոյթի երաժշտական, հոգեւոր եւ ծիսական սխրագործ ժառանգութիւնը` հոգեպարար պատարագներու փառաբանանքի վսեմ պահերը, որոնք բաւարար էին, որ Մարիա Վոշ հիմնովին ընկալեր հայութիւնը: Կեանքի ուղին զինք փոխադրած էր  Եւրոպայի  19-րդ դարու մշակոյթի Փարիզը համարուող իր ծննդավայր Լվովէն դէպի այսօրուան Լեհաստանի արեւմտեան կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքը: Իբրեւ լրագրող, հրապարակախօս, հաղորդավար` ներկայ գտնուած էր Վրոցլաւի պետական համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքի ուսանողութեան ներկայացուցած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած իմ դասախօսութեանս, այդ առիթով բարեկամացած էինք: Ինչպէս` Լվովի մէջ, ներկայիս ան կը շարունակէ պարբերաբար ներկայ գտնուիլ Վրոցլաւի մէջ հայ կաթողիկէ ծէսին նուիրուած երբեմնի պատարագներուն:

Մ. Վոշը ծնած է 22 մարտ 1934 թուին, Լվով: 91-ամեայ լեհ այս մտաւորականը, յառաջացած տարիքի բերումով, այսօր տկար լսողութեամբ, վատուժ տեսողութեամբ, յենացուպի օժանդակութեամբ բանող իր ճղճիմ մարմնով, առանց տրտնջալու, սրտապինդ կը մշակէ իր հաղորդումները արթնամիտ պրպտումներով, անկաշկանդ մտածողի խոհեմութեամբ եւ առողջ դատողութեամբ կը ներկայացնէ իր պայծառամիտ ֆելիեթոնները:

Սոյն տարուան ապրիլ 24-ի առաւօտ էր, լծուած էի համալսարանի դասախօսութիւններուս պատրաստութեան, երբ հեռաձայնիս զանգը խզեց գրասենեակիս անդորրութիւնը: Հեռաձայնողը կարկառուն Մարիա Վոշն էր: Լեհ կրթական մշակ, լրագրող, հաղորդավար, գիրքերու հեղինակ եւ մանաւանդ ձայնային ֆելիեթոններու (ֆր. Feuilleton) հմուտ մասնագէտը: Ֆելիեթոնը հրապարակախօսական գրական այն ժանրն է, ուր որոշ թեմայի մը վերլուծութիւնը կը տրուի սեղմ բացատրութեամբ, քննարկումը ընդհանրապէս հարցադրումներու, քողածածկ երգիծանքի, կատակերգական եւ մանաւանդ քննադատութիւնը ծաղրական, ուշագրաւ սրամտութեամբ կը հրամցուի: Ժանր մը, որ կ’ենթադրէ ներկայացուելիք նիւթի խոր հմտութիւն, բազմաշերտ ու լուրջ ուսումնասիրութիւն:

Գիտական աշխատանքիս պահուն ժամանակս խնայելու եւ երկար զրոյցէ մը խուսափելու համար մտածեցի չպատասխանել վիթխարի Մարիայի հեռաձայնին: Յատկապէս որ ապրիլ 24-ի խորհուրդը, ամէնօրեայ մեր սրտաճմլիկ կենսախնդիրը ըլլալէն անկախ` ինծի համար ունի ուխտապահութեան, մեր ազգի մարտիրոսութեան հանդէպ նուիրական յարգանքի, խոկումի, վերացումի եւ մտասեւեռումի թելադրողականութիւն մը: Բայց Մարիային վաղ առաւօտեան հեռաձայնը յորդոր մը յուշեց, մտածեցի` ըսելիքը հասցէատէր մը ունի, միաժամանակ յիշեցի լեհական ուշագրաւ վարմունք մը` յատկանշական օրերու առիթով զիրար սրտապնդող ընդունուած սովորոյթը, ազգային` անկախութեան, սահմանադրութեան, դրօշի օրուան եւ այլ տօներու առիթներով մէկը միւսը շնորհաւորելու, քաջալերելու օրինակելի աւանդոյթը: Մտաբերեցի, որ Մարիան ալ հայերուս համար առանձնայատուկ այս օրուան առիթով ըսելիք խօսք մը ունի, լաւ գիտնալով, որ հայերուս համար երբեմն բաւարարող են գօտեպնդող զգացումները, խթանող նշանակութիւն ունին սրտաբուխ խօսքերը:

Վստահօրէն չէի սխալած: Նրբանկատ Մարիան հեռաձայնի միւս կողմէն խորազգաց յանձնառութեամբ նախ իր տրտմութիւնը յայտնեց հայոց զգայացունց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի առիթով, ապա յայտնեց, որ` «Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած Ֆելիեթոնս պիտի սփռեմ վաղը` հինգշաբթի, ինչպէս պատրաստած էի Հայոց ցեղասպանութեան 100 եւ 101-ամեակներուն»:

Մարիան լաւ ընկալած է հայ ժողովուրդի տառապանքները, պատմական ծալքերը եւ ինչպէ՞ս չընկալէ այդ բոլորը, երբ ապրած է տնաւեր Համաշխարհային Բ. պատերազմի դաժան օրերը: Քաջածանօթ է քսաներորդ դարու հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան չսպիացող վէրքին: Ի վերջոյ, լեհերն ալ ունին Քաթինի 1940 թուականի ողբերգութիւնը [1], Վոուին կամ Վոլինեան 1943-1944 թուականներու վշտալի  կոտորածները [2]: Այո՛, այնքան թարմ է Քաթինի կոտորածներու յիշատակը, արդարեւ, երբ Քաթինի նահատակներու յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով 10 ապրիլ 2010-ին Լեհաստանի նախագահ Լեխ Քաչինսքին եւ Առաջին տիկինը, անոր ընկերակցող պետական վերնախաւի 95 բարձրաստիճան քաղաքական այրերու, նախարարներու պատուիրակութիւն մը զոհուեցաւ Սմոլենսքի մօտ` զիրենք փոխադրող օդանաւի ջախջախումի սարսափելի աղէտին իբրեւ հետեւանք:

Մարիա Վոշ այս տարի ալ յարգեց իր խոստումը.  Վրոցլաւի պետական ձայնասփիւռի կայանէն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով` «Քալեցին անապատի ընդմէջէն ու զոհուեցան աւազին մէջ» խորագիրով Ֆելիեթոնը: Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, ան ներկայացուցած էր «Որքա՞ն երկար տակաւին» խորագիրով Ֆելիեթոնը` հարց տալով, թէ որքա՞ն երկար պէտք է սպասել արդար հատուցումին:

Այս տարուան ապրիլ 24-ի առիթով Մարիա Վոշ կորովամիտ վերլուծութեամբ ներկայացուց օրուան խորհուրդը: Անդրադարձաւ 27 սեպտեմբեր 2020 թուականի արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, արցախահայութեան հանդէպ 19 սեպտեմբեր 2023-ին իրականացուած բռնագաղթին, Արցախի քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութեան դէմ գործադրուած զանգուածային բռնատեղահանումին: Քննադատեց Վատիկանի որոշ իշխանաւորներու անպարկեշտ վերաբերմունքը: Հեգնական իր ոճով պարսաւեց քաղաքական նպատակներով սոյն տարուան ապրիլին կատարուած գիտաժողովը` «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագիրով [3]: Ծաղրանքով արտայայտուեցաւ Վատիկանի նման հոգեւոր կառոյցի մը հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող կամ հիւրընկալուող ծանծաղութեան: Խիստ էր Մարիա Վոշի ինքնաբուխ վերլուծումը` ֆելիեթոնը, որ ուղղուած էր մարդկային անարդար արժանապատութեան: Ինքնակամ, անշահախնդիր եւ հայանպաստ հաղորդումը ինքնին վկայութիւն մըն է Մարիա Վոշի անաչառութեան: Այսօր պետութիւններ Ցեղասպանութեան հարցը դարձուցած են` դիւանագիտական ճնշումներ գործադրելու շահադէտ միջոց, մթագնելու, լռեցնելու կամ ժխտելու գործիք, նոյնիսկ կը զլանան արտայայտութեամբ մը ոգեկոչելու հայ ժողովուրդի անհամար մարդկային զոհերը: Իսկ Մարիա Վոշ` Վրոցլաւի պետական ռատիոկայանի բարձրախօսի ետին նստած, Լեհաստանի բազմամիլիոն ունկնդիրներուն հեռարձակուող ֆելիեթոնի պատգամով, անգամ մը եւս ճեղքելով անտարբերութեան փխրուն պատը, առանց վարանումի բարձրաձայնեց, դատապարտեց, վերյիշեցուց եւ ոգեկոչեց հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութիւնը: 91-ամեայ կենսատու կենսագրականով մտաւորականը, հաղորդավարը մեծափառ երախտապարտութեան արժանի է:

Մարիա Վոշ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցներուն ոգեկոչած է հայերը, այլ նաեւ իր զանազան` մշակոյթի, պատմութեան, ընկերային, գրականութեան, կրթական եւ այլ նիւթերու նուիրուած ֆելիեթոններուն ընթացքին ալ առիթը չէ խնայած հայոց կամ լեհահայութեան մասին յիշատակութիւններ կատարելէ, վկայութիւններ ներկայացնելէ: Այդ համոզումով ալ իր ֆելիեթոններու ծրագիրին մէջ ներառած է հայանպաստ շատ մը վերնագիրներ, ինչպէս` Լվովի մէջ լեհահայ կաթողիկէ վերջին թեմակալ առաջնորդին, երկարատեւ գահակալութեամբ յատկանշուող (1901-1938), բարեհամբաւ Եուզեֆ արք. Թէոտորովիչի մասին, Լվովի հայկական թէ հիմադրութեան 650-ամեակի (1367-2017) առիթով, Լվովի հայկական տաճարը եւ անոր ստեղծագործները, Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան»-ը եւ այլ հայանպաստ նիւթերու մասին:

Մարիա Վոշի բնորոշիչ գիծերն են` գրական աշխատանքի իր վերանորոգ ներուժը, ֆելիեթոններու ծրագիրը շարունակելու իր դիմացկունութիւնը, գրական արտադրութիւնը եռանդուն պահելու իր անխախտ հաւատարմութիւնը: Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի ձայնասփիւռի կայանէն պարբերաբար հինգշաբթի օրերուն կը ներկայացնէ սեփական վերլուծական իր հաղորդումները: Ան եթերային սփռումներով միշտ ալ ըսելիք խորհուրդ մը ունի, յղելիք պատգամ մը, մտքի պայծառատեսութիւն մը, այժմէական դատողութիւն մը: Հաղորդումներէն անկախ` ան իր առաջին գիրքը հրապարակած է «Ռատիօ ֆելիեթոններ – Վրոցլաւ 2006», ապա երկրորդը` «Յիշել, յիշեցնել, մոռնալ – Ռատիօ ֆելիեթոններ – Վրոցլաւ 2010»: Իր երրորդ գիրքը` «Leopolka», հրապարակած է 2023-ի նոյեմբերին, որ կը բաղկանայ 584 էջերէ, իր յայտնաբերած «Leopolka» բառին խորագրով [4]: Անոր բովանդակութիւնը հեղինակի ինքնութեան, կորսուած երանական ծննդավայրի տեղեկութիւններով, մարդաբանութեան մանրամասնութիւններով եւ յատկապէս   պատկանելիութեան յուշապատումն է: Վերջին հատորը ապրուած կեանքի մը վկայութիւններու նրբազնին կենսապատումը կարելի է համարել: Համեմատելով նախորդներուն հետ, անոր բովանդակութիւնը վճռականօրէն նոր հորիզոն մը կը բանայ` վկայութիւններու խորաթափանցութեամբ եւ պարունակութեան գրաւչութեամբ:

Այս գիրքին մէջ ալ Մարիա Վոշ ստուար բաժիններ տրամադրած է լեհահայութեան` հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական կեանքի մասին, իբրեւ ապրուած կենդանի վկայութիւններ, միշտ ակնարկելով, որ լեհահայութիւնը անբաժանելի եւ հիմնական մէկ բաղադրիչն է լեհական պատմական բազմադարեայ ժառանգութեան:

12 տարեկան դեռատի Մարիան բռնագաղթած է իր ծննդավայր Լվովէն, հաստատուելով Վրոցլաւի մէջ: Լեհերէն գրականութեան բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, 1956-ին կը նուիրուի ուսուցչութեան: Երէկ էր կարծես, երբ 1958-ին, բարձրախօսին դիմաց, եթերի վրայ, իբրեւ լրագրող, Վրոցլաւի պետական ռատիոկայանէն իր հաղորդումները ներկայացուցած էր:  Մ. Վոշը հեղինակային նախաձեռնութեամբ իրականացուցած է նաեւ «Ունկնդիրներու հետ հաղորդակցութիւն», «Երիտասարդութիւն», «Կրթութիւն եւ գրականութիւն» եւ այլ ծրագրեր` հասնելու իր նախասիրած «Ֆելիեթոններու» հաղորդումներու աշխատախոնջ ուղղութեան, որ ծանրակշիռ պրպտումի, քննարկումի եւ հոգեմաշ տքնաջանութեան կը կարօտի:

Մարիա Վոշը 67 տարիներու ձայնասփիւռի հաղորդումներու թրծուած հմտութեամբ հարուստ վաստակ մը ունի լրագրութեան եւ ձայնային մամուլի լեհական անդաստանին մէջ: Կարելի է պատկերացնել հաղորդավարուհիին դնդեղ կոկորդը, որ տասնամեակներ դիմացած է` հարուստ ու պատուաբեր փորձառութիւն մը դիզելով: Լեհաստանի տարածքին բազմահազար հաւատարիմ ունկնդիրներու կողմէ սպասուած իր հաղորդաշարի մշակոյթը ստեղծելով: Իր գրիչին, խօսքին ներգործութիւնը կամարուած է ձայնի հաղորդականութեան հետ` ոճի թովիչ մեկնութեամբ, նիւթերը առինքնող ձեւով մատուցելու` շքեղութեամբ ներկայացնելու արհեստավարժութեամբ: Մարիա Վոշի ֆելիեթոնները կը յատկանշուին սուր դիտարկումի, գրական զգացողութեան, աւանդոյթներու եւ մշակոյթի նկատմամբ խոր յարգանքի համադրումով` զինք դարձնելով իւրայատուկ երեւոյթի, յարգանքի արժանի փնտռուած հաղորդավարի, մտաւորական տիպարի մը, որ արժանացած է բազմաթիւ պետական գնահատականներու եւ շքանշաններու:

Մարիա Վոշ բացառիկ անձնաւորութիւն է` լրագրող, հանրախօս ու գրող, որուն երկար տարիներու վաստակը արժէքաւոր մշակութային վկայութիւն է ինչպէս լեհական գրականութեան, նոյնպէս ալ լրագրութեան եւ ձայնային հաղորդակցութեան մշակոյթի պատմութեան համար: Անոր ոճը կը զանազանուի իր խոր մարդկայնութեամբ, պարզութեամբ եւ ճշմարտութեան անդուլ փնտռտուքով, ոչ թէ ընթացիկ կամ աւանդական, այլ` մարդկային յիշողութեան մէջ արմատաւորուած ճշմարտութեամբ:

Ճաճանչող վաստակդ անսպառ, Մարիա Վոշ:

———

[1] Քաթինի վայրագ սպանդը լեհ ժողովուրդի համար այն դաժան ողբերգութիւնն է, երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին` 1940 թուականի ապրիլ-մայիս ամիսներուն Քաթինի անտառներուն մէջ լեհական բանակի շուրջ 22 հազար ռազմագերիներ, սպաներ գնդակահարուեցան, լեհ մտաւորականութիւն մը  ենթարկուեցաւ զանգուածային բնաջնջումի, այս անմարդկային ողբերգութիւնը իրագործուած է ԽՍՀՄ ներքին գործերու ժողովրդական յանձնակատարի (NKWD)-ի կողմէ – ԱՍ)

[2] Վոուին (լեհ. Wolyn) կամ Վոլինեան ողբերգական կոտորածներ, 1943-1944  թուականի արեւմտեան Ուքրանիոյ մէջ ծագումով ոչ ուքրանացիներ «մաքրագործելու» տխրահռչակ քաղաքականութեան մը հետեւանքն է, երբ ուքրանացի ազգայնամոլներ զանգուածային կոտորածներ իրականացուցին լեհերու դէմ: Վոլինեան կոտորածի տխրահռչակ քաղաքականութեան պատճառով 60 հազարէն աւելի լեհեր ջարդուեցան: Այս բնաջնջումները ողբերգական կնճռոտ հարցեր են լեհ-ուքրանական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ:

[3] Ա. Ս. «Վարշաւայէն Վատիկան շարունակուող ապիկարութիւնը եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը» ;  https://www.aztagdaily.com/archives/648986

[4] «LeoPolka»  բաղադրեալ բառը կը միաւորէ երկու տարր` «Leo»-ն, այսինքն Լվով (լատիներէն` Leopolis` «առիւծի քաղաք»), որ կը խորհրդանշէ ծագումը, մշակութային ժառանգութիւնը  եւ արմատները: Իսկ «Polka»-ն կը նշանակէ լեհուհի, որ լեհութիւնը կը խտացնէ որպէս ազգային, հոգեւոր ինքնութիւն:

Նախորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?