Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Խոնարհութիւնը Ապացուցող Փաստագրական Հրապարակում

Յուլիս 10, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը»:

Այսպիսին էր մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի պատգամը իր աշակերտներուն, որոնք կը փորձէին պարզել, թէ իրենց մէջ ո՞վ է մեծը: Տէրը քրիստոնէական հաւատքը այս ձեւով խարսխեց խոնարհութեան եւ համեստութեան սկզբունքներու վրայ եւ Իր կեանքով գործնական ապացոյցը հանդիսացաւ այդ սկզբունքներու մարմնաւորմանը:

Ուստի զարմանալի չէ, որ քրիստոնէական հաւատքը կրող եւ անոր բոլոր սկզբունքներուն անսակարկ նուիրեալ, ուխտապահ Զմմառու հոգեւորականը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան, ապրէր քրիստոնէավայել եւ աստուածահաճոյ կեանք մը, նոյնիսկ կեանքը զոհաբերելով Աստուծոյ զոհասեղանին` որպէս առհաւատչեայ իր   հաւատքի անձնուիրութեան, եւ արժանանար սրբադասումի երկնային առաքինութեան:

Իգնատիոս Մալոյեանի 19 հոկտեմբեր 2025-ին նախատեսուած սրբադասման առիթով հարկ է անդրադառնալ այս հայորդիին կրօնաբարոյական յատկանիշերուն:  Արդարեւ, ան ամիսներ ետք միջազգայնօրէն պիտի հռչակուի օրինակելի սուրբը իր զոհաբերութեամբ: Օրինակելի ինքնանուիրում մը դարձաւ իր կեանքը զոհաբերելու քրիստոնէական հաւատքին: Մարտինի մէջ իր գրած 24 յունիս 1911 թուակիր նամակէն կարելի է սուրբին խոնարհութիւնը եւ յանձնառու հոգեւորական այրի մը խորհուրդը վեր առնել: Ստորեւ ներկայացուած փաստաթուղթի հրապարակումով մենք կը միտինք վաւերագրականօրէն ապացուցելու Մալոյեանի վարած խոնարհ կեանքը, հետեւինք Մալոյեանի գրութեան.

Մարտին  –  24 յունիս 1911

Գերյարգելի տէ՛ր վարդապետ,

Ստացած եմ ձեր պատուական շրջաբերականը նկատմամբ լուսանկարս խնդրելու ուրիշ ծանօթութեանց հետ, որ անարժանիս կենսագրութեան կը պատկանի:

Սիրելի եղբայր, լուսանկարս միանգամ քաշած եմ, այն ալ տասնհինգ տարի առաջ եւ այժմ սպառած են:

Կեանքիս մէջ ալ յիշատակաց արժանի բան մի չեմ ըրած դժբախտաբար. այլ առանց արժանաւորութեան 1896-ին, Այլակերպութեան տօնին, քահանայ ձեռնադրուած եմ, այժմու գերերջանիկ հոգեւոր տիրոջմէ, տարի մի եւ կէս վանք կենալէս յետոյ Եգիպտոս գնացի, ուր մերթ յԱղեքսանդրիա մերթ ի Գայիրէ պաշտօնավարութիւն ըրած եմ, Պոլիս ալ ինը ամիս անցուցած եմ, իսկ հիմա ալ մեղացս պատիժը կրելու համար հոս ընկած եմ:

Ահա այս է խեղճ ողորմելի կենսագիրս, իսկ քահանայութենէ առաջ անցուցած կեանքս յայտնի է ամէնեցուն:

Գանք հիմա կարեւոր խնդրոյ մի, Մարտինի թեմը շատ խեղճ վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ կարօտ աշխուժ եւ գործունեայ քահանայից:

Արդ, այստեղի նորընծայարանի քահանաները, որ այս թեմիս կործանման պատճառը եղած էին, հոգեւոր տիրոջ հրամանաւ ամէն մէկը տեղ մի ղրկուեցան, թեմը քիչ մը գտաւ իր խաղաղութիւնը. բայց գործող անձինք շատ քիչ են, կիրակի օրերը երկերկու պատարագ կ՛ընեն քահանայք, բայց այս ալ շատ դժուար է, ներսի քահանայ միաբանները եւս հոս չեն ուզեր գալ, ես ալ շուարած մնացեր եմ, չեմ գիտեր ինչ ընելիքս, բայց մեղք է այս թեմին, յիրաւի հոս կեանք անցնելը մարտիրոսութիւն է, սակայն ասոր համար եղած ենք քահանայ, եւ մեր առաքինութիւնը այսպիսի պարագայի մէջ երեւան պիտի գայ: Ինչեւիցէ:

Ապագան խորհելով պէտք է նորահասներ մէջտեղ բերել: Արդ, պատրիարքութեան գրած էի, որ հրաման տրուի քանի մի պատանի ղրկուի վանք, անկից հրաման եկաւ, որ ձեզի գրեմ: Արդ, ունիմ քովս փորձուած եւ վարժուած չորս հինգ հատ պատուական պատանիներ, որ ըստ ամենայնի յարմար են, եւ իրենք կը խնդրեն գալ վանքը, ի նորընծայութիւն: Ուստի մեծապատիւ շնորհակալական պիտի ըլլամ, եթէ բարեհաճիք ընդունիլ զիրենք, որպէսզի ուսումնական տարւոյն սկիզբը ղրկեմ վանք:

Այս խնդրոյս նկատմամբ հաճեցէք ինձ կարեւոր որոշ հրամաննիդ եւ հրահանգնիդ շնորհել, զի շատ պէտք կայ, եւ ես գիտնամ ընելիքս:

Յուսալով ի մօտոյ կարդալ գրութեանս նպաստաւոր պատասխանը, մնամ ի հաւաստիս խորին յարգանաց եւ սիրոյ

Գերյարգելի Տէր
Խ.ծ.
Ի.վ. Մալոյեան

Թանկարժէք սոյն փաստաթուղթի բովանդակութենէն կարելի է  վկայել, որ նամակը ամբողջութեամբ համեստութեան եւ խոնարհութեան արտայայտութիւն է, իմաստացած է  հօտին հանդէպ իր ցաւերով տառապող քրիսոսավայել հովիւի մը մտահոգութիւններով, վշտահար արտայայտութիւններով: Իր կատարած աշխատանքներու մասին ո՛չ միայն չի յոխորտար, չի գոռոզանար, այլ ինքզինք նոյնիսկ ողորմելի կը համարէ: Կը խօսի հօտին փրկութեան համար մարդկային նոր ուժեր խնդրելու կարիքներու մասին եւ այդ կարիքները աշխուժ եւ գործունեայ քահանայական դասի ձեւաւորմամբ լուծելու անհրաժեշտութեան մտահոգութեամբ: Միաժամանակ լաւատեսութեամբ ի մտի ունենալով որոշ երիտասարդ ուժեր ներառելու, որոնք ի վիճակի են ապագային  կղերականներ դառնալու իր պայծառատեսութեան: Նամակին մէջ ակնյայտ է անոր խոր ակնածանքն ու անթաքոյց յարգանքը եկեղեցւոյ բարձր դասի հոգեւոր այրերու նկատմամբ:

Ահա այսպիսին է վարքն ու կենցաղը Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի, որուն արժանիքներուն ի տես` օրուան մեծաւորը կարծէք մարգարէացած ըլլար` անոր սրբադասմանը, եւ այդ միտումով ալ Մալոյեանէն խնդրած` անոր լուսանկարն ու ծանօթութիւնները:

ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԵՐԵԱՆ
Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան
պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտականներու Հանդէս Հունձք` 2025

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?