Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուրոյի Նման Ղեկավարներ, Ոչ Թէ «Ամենայն Հայոց Կառավարութիւն»

Յուլիս 7, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սփիւռքեան հանրային քաղաքական գործունէութեան մէջ ոեւէ դերակատարի համար դժուար է ժառանգորդը ըլլալ անուն հանած ղեկավարի մը: Ի մասնաւորի՝ գաղափարի նահատակ մարտիկ եղած ղեկավարի մը: 20 Յունիսին Պուէնոս Այրէսի մէջ իր աչքերը յաւիտեան փակած Արթուրօ Օհաննէսեանը թոռն էր դաշնակցական ղեկավար Միհրան Փափազեանի, որ եզակի դեր ունեցած է Առաջին Աշխարհամարտէն յետոյ Իզմիրի հայութեան փրկութեան եւ Յունաստանի հայ համայնքի կազմակերպումին եւ առաջնորդութեան մէջ: Միհրան Փափազեան զոհը դարձաւ 1944-ին Յունաստանի մէջ համայնավարներու կողմէ կազմակերպուած դաշնակցականներու սպանութեան արշաւին: Արթուրօն՝ Յարութը, որպէս յանձնառու ՀՄԸՄ-ական եւ շարքային կուսակցական, ոչ միայն արժանաւոր ժառանգորդը եղաւ իր մեծ հօր՝ շարունակելով անոր գործը, այլ իր յատուկ հետքը ձգեց Հարաւային Ամերիկայի հայահոծ համայնքներու մէջ ղեկավարութեան մակարդակով սերնդափոխութեան գործընթացին վրայ:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութեան կազմին մէջ էր Արթուրօն Արժանթինի 2001-2 ընկերատնտեսական փլուզման ժամանակ: Իր հերթապահութեան տարիներուն, ան դէմ յանդիման եկաւ այդ ճգնաժամէն դուրս գալու, կուսակցութեան եւ ուղեկից կազմակերպութիւններու կալուածներուն դէմ ծաւալած սադրանքներուն դիմադրելու եւ շարքերու վերակազմակերպման եւ երիտասարդացման նախաձեռնելու մարտահրաւէրներուն: Ոչ միայն քաջաբար եւ օրինակելի նուիրումով յաջողութեամբ դիմագրաւեց այդ մարտահրաւէրները, այլեւ ճգնաժամին յաջորդած համայնքի վերաշխուժացման եւ վերաքաղաքականացման մէջ ունեցաւ առաջնորդող դերակատարութիւն: Իր ղեկավարութեան ժամանակ էր, որ 2006-7 թուականներուն, Հայ Դատի տարիներու աշխատանքի ու համայնքի զօրաշարժի արդիւնքով, իրականութիւն դարձաւ Արժանթինի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը:

Բայց Արթուրոյին ձգած կտակը, ի՛ր իսկ բառերով, երիտասարդ սերունդի մնայուն պատրաստութեան կենսական կարեւորութեան գիտակցումն է: Վերոնշեալ ճգնաժամին յաջորդած վերելքի տարիներուն ՀՅԴ Արմենիա Երիտասարդական Միութեան ղեկավարներու պատրաստութեան մէկ սեմինարին, հասակ առնող արդէն չորրորդ սերունդին ան կը դիմէր, յորդորելով որ իրենց ղեկավարի պատրաստութիւնը (սպաներէնով՝ capacitación, յղացք մը որ իր ամբողջական հասկացողութեան մէջ կ’ընդգրկէ ե՛ւ մտաւորական պատրաստութիւն, ե՛ւ փորձառական կազմաւորում, ե՛ւ գիտելիքներու եւ անոնց գործադրման այժմէականացում) ըլլայ հետեւողական, եւ, բառացիօրէն կ’ըսէր, թէ այդ կ’ուզէր, որ ըլլար իր կտակը: «Ձեզի պէտք ունինք», կ’ըսէր ան երիտասարդներուն, զանոնք հրաւիրելով որ շարքերը անցնին, եւ թէկուզ «ոմանք չփափաքին» այդ մէկը, հարց չէ, շարունակեն պատրաստուիլ՝ հայութեան նուիրուելու համար իրենց ուզած ձեւով: Հաւատարիմ իր համոզումին, Արթուրօն ճամբայ բացաւ ղեկավար մակարդակով սերնդափոխութեան:

Արթուրոյի վերջին հրաժեշտին եկած էին ոչ միայն իր կուսակից ընկեր-ընկերուհիներն ու ՀՄԸՄ-ական եղբայր-քոյրերը, այլ համայնքային բոլոր կազմակերպութիւններէն ներկայացուցիչներ: Իր հաղորդակից վարքագծով, ջերմութեամբ եւ հարցերուն համաձայնաբար լուծում բերելու վճռակամութեամբ, Արթուրօն սիրուած ու յարգուած էր բոլորին կողմէ:

Արթուրոյի կորստեան այդ տխուր օրերուն էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պոլսահայ համայնքին առաջ իր եւս մէկ չարայիշատակ ելոյթով կը կրկնէր, որ Հայաստանի մէջ չկայ «ամենայն հայոց կառավարութիւն»: Խորքին մէջ, ան նոր բան մը չէր ըսեր. Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, ոչ մէկ իշխանութիւն «ամենայն հայոց կառավարութիւն» ըլլալու յաւակնութիւն չէ ունեցած, որովհետեւ հայրենի քաղաքական բոլոր հատուածներու ղեկավարութեան բացարձակ մեծամասնութեան մօտ երբեք առկայ չէ եղած Սփիւռքին ձայնով եւ քուէով տեղ տալու նախանձախնդրութիւն: Ոչ իսկ համահայկական խորհուրդի մը առաջացման լուրջ մտայնութիւն:

Ստուգելի է, թէ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութեան գլխաւոր պատասխանատուն ինք հեղինա՞կն է իր այդ հեգնականօրէն արտասանած բանաձեւման, թէ ինչ որ տեղ մը կարդացած կամ լսած մէկ արձանագրութեան վերարտադրումն է: Յստակ է միայն, որ, ի տարբերութիւն իրեն նախորդած երեք նախագահներուն, ներառեալ սփիւռքահայերուն քաղաքացիութեան իրաւունք մերժած Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, Փաշինեանին մերժումը համահայկական պատասխանատուութեան ստանձնման կը տեղադրուի քաղաքական շատ աւելի լայն ծրագրի մը մէջ, ի դէմս իր «իրական» Հայաստանին, որուն ներհակ են հողային զիջումները, անցեալի ուրացումը, Ցեղասպանութեան հարցի չէզոքացումը, թէկուզ եւ անոր ժխտողականութիւնը հեշտացնելու գնով, եւ թուրանական սպառնալիքի անտեսումը:

Սփի՛ւռքն էր, որ դեռեւս խորհրդային վարչակարգի տասնամեակներուն եւ անկախ այդ վարչակարգին նկատմամբ սփիւռքեան տարբեր հատուածներու դիրքաւորման, «ամենայն հայոց կառավարութիւն»ը, կամ անոր համահունչ ինչ որ միտք, կը փայփայէր որպէս իր «անկատար տենչեր»էն մին: Առանց երբեք անդրադառնալու, որ այդ մէկը շատ աւելի կը մատնէր իր պետականազրկութեան հաւաքական բարդոյթը: Իսկ թէ ինչո՞ւ անկախութենէն յետոյ եւ մինչեւ հիմա այս կամ այն ձեւով կը շարունակուի նման ինքնահամոզում մը, այդ արդէն ցուցանիշ է Սփիւռքին համար ամբողջական յանձնառութիւն վերցնելու անկարողութեան, անպատրաստութեան, եւ Սփիւռքեան տեսլականի մը ստեղծման ճիգին փոխարէն անուրջային տիսթոփիաներով ինքնախաբէութեան շարունակման:

Իրականութիւնն այն է, որ Սփիւռքի ծննդոցը, կազմաւորումը, զարգացումն ու քաղաքականացումը երբեք կարիքը չունեցաւ «ամենայն հայոց կառավարութեան» մը: Կարիքը չունեցաւ, որովհետեւ եղա՛ն Արթուրոյի նման ղեկավարներ, որոնք հաւատացին, որ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու մէջ սերունդներու պատրաստութիւնն ու ղեկավար մակարդակի վրայ սերնդափոխութիւնն են երաշխիքը Սփիւռքի լինելութեան: Եւ Արթուրօներու օրինակներուն ընդմէջէն է, որ սփիւռքահայ սերունդները իրենք զիրենք պիտի ճանչնան, ոչ թէ ձախողածներու մեծամտութեան ծուռ հայելիին մէջ իրենք զիրենք փնտռելով:

Քսանմէկերորդ դարու Սփիւռքի տեսլականը, համաշխարհային մասշտապով իր ներկայութիւնը զգալի դարձնող հայկական հաւաքական ինքնութիւնը եւ համայն մարդկութեան ուղղուած հայութեան պատգամը, Արթուրօներու պէտք ունի: Ոչ թէ «ամենայն հայոց կառավարութեան» նման սոփեստութիւններու, որոնք առիթ կու տան գերագոյն ձախողածներու Սփիւռքին հեգնականօրէն յիշեցնելու, որ «հերիֆ» չըլլան ատանկ սպասումներ ունենալով:

Նախորդը

Արաբերէն Լեզուով Լոյս Տեսաւ «Մեծն Բրիտանիոյ Քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Գծով» Հատորը

Յաջորդը

Ծննդեան 80-Ամեակ Յակոբ Վ. Փանոսեանի (ԼԸ.) Իմ Ունեցած Կարծիքս Թերի Էր…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?