Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն. Հայասպանութեան Փաստագրող Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը Յայտնաբերող Երուանդ Տ. Գարաճեան

Յուլիս 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Տոքթ. (դեղագործ-քիմիաբան եւ դասախօս) Երուանդ Տիգրան Գարաճեան իր բարեկամ Լեւոն Ալթունեանի մօտ տեսած ըլլալով Ֆայեզ էլ Ղուսէյնի` «Հայաստանի ջարդերը»  խորագիրով արաբերէն գիրքին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը (Les Massacres d՛Arménie),  առնելով զայն` կը կարդայ ու կը ծանօթանայ անոր բովանդակութեան: 1915-ին ծնած եւ Ցեղասպանութեան տարիներու դառն հոգեկան ճնշումը ապրած ըլլալով` հայկական ազգային հարցին նկատմամբ բուռն նախանձախնդիր դեղագործ Երուանդ Տիգրան Գարաճեան կ՛ըսէ. «Արաբ մը հայկական ջարդերու մասին… ասիկա մեծ նշանակութիւն ունի մեզի` հայերուս համար: Երբ «Հայաստանի ջարդերը» գիրքին ֆրանսերէն թարգմանութեան իրազեկ դարձայ,  այն ատեն մտադրեցի անպայման փնտռել անոր արաբերէն բնագիրը եւ գտնել հեղինակը` Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը անձամբ»:

Գիրքը լրիւ կարդալէ եւ ուսումնասիրելէ ետք տոքթ. Երուանդ Տիգրան Գարաճեան կ՛ըսէ. «Արդարեւ, գիրքին բովանդակութիւնը չափազանց շահեկան է: Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն եղած է ականատես վկաներէն մէկը հայկական ջարդերուն եւ իր գիրքին մէջ տուած է անոնց նկարագրութիւնը, ըրած է դատումներ ու ճշդած` պատասխանատուութիւնը: Ան ջանացած է նոյնպէս, ինչ որ ամէնէն կարեւորն է իրեն համար, արդարացնել իսլամութիւնը` շեշտելով, որ իսլամ կրօնք չի թոյլատրեր սպանութիւններն ու թալանը, թէ` թուրքերը  իսլամական մոլեռանդութենէ մղուած չէ, որ կազմակերպեցին հայոց կոտորածները, այլ պարզապէս` ցեղային ատելութիւնէ ու նախանձի զգացումէ: Աւելցնենք, որ թուրքը ինքնին արդէն բարբարոս ժողովուրդ մըն է եւ անատակ` քաղաքակրթութեան»: Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն կը նզովէ թուրքերը իսլամութեան անունով:

Ֆայեզ էլ Ղուսէյն եւ տոքթ. Երուանդ Տիգրան Գարաճեան

Ո՞վ է Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն: Սուրիոյ Հաուրանի նահանգին Մեսմիյէ գիւղը ծնած, Էլ-Սալութ գերդաստանէն կրօնական շէյխի մը որդին է: Պոլսոյ Կայսերական դպրոցին մէջ իրաւաբանութիւն կ՛ուսանի եւ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ Կուսակալական զինուորական սպայակոյտի բաժանմունքին մէջ ուսումը կը կատարելագործէ: Խարբերդի նահանգին մէջ իբրեւ փոխգաւառապետ` կը պաշտօնավարէ երեքուկէս տարի, ապա կը վերադառնայ Դամասկոս: Համաշխարհային Ա. պատերազմին սկիզբը անոր կ՛առաջարկուի վերադառնալ Խարբերդի իր փոխգաւառապետի պաշտօնին, բայց ան կը մերժէ: Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հովանաւորած արաբական ազատագրական պայքարի կազմակերպութեան իբրեւ անդամ` կ՛ամբաստանուի թուրքերուն կողմէ ու ձերբակալուելով` կը բանտարկուի, ապա շղթայակապ կ՛աքսորուի Լիբանանի Ալէյ գիւղաքաղաքի քաղաքական յանցագործներու արգելարանը: Դատավարութենէն ետք թէեւ ան անպարտ կը հռչակուի, բայց անոր որեւէ պաշտօն չի տրուիր, որովհետեւ թուրքերը որոշում տուած էին ուսեալ եւ ազդեցիկ արաբները իշխանութենէն հեռու պահել: Ճեմալ փաշայի հրամանով Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն Կարին (Էրզրում) կ՛աքսորուի, բայց տակաւին հոն չհասած` Տիգրանակերտի մէջ կ՛արգելափակուի: Այդ օրերուն ռուսերը Կարինի շատ մօտեցած էին: Առանց արդարացուցիչ պատճառի` ան քսաներկու օր բանտին մէջ կ՛անցընէ եւ ապա ազատ կ՛արձակուի: Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն Տիգրանակերտի մէջ վեցուկէս ամիս կը մնայ, ականատես կը դառնայ ու հաւաստի աղբիւրներէ ալ կը տեղեկանայ հայոց դէմ ի գործ դրուած թրքական եւ քրտական վայրագութիւններուն: Բարձրաստիճան թուրք սպաներ, պետական պաշտօնեաներ եւ լրագրողներ անոր կը պատմեն հայոց կրած տառապանքներուն մասին:

Փրկուելու համար թուրքին ճիրաններէն եւ մոլեռանդութենէն, Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն Տիգրանակերտէն փախուստ կու տայ եւ ի գին հազար տանջանքներու` կը հասնի Պասրա: Հոն է, որ ան կ՛որոշէ իր տեսածներն ու լսածները գրի առնել: Ապա դժուարութեամբ կ՛անցնի Հնդկաստանի Պոմպէյ քաղաքը (Այժմ` Մումպայ), 1 սեպտեմբեր 1916-ին: Պոմպէյի մէջ է, որ գրի կ՛առնէ Հայաստանի մէջ իր տեսածներն ու լսածները արաբերէն եւ կը հրատարակէ «Հայաստանի ջարդերը» աշխատութիւնը:

Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն «Հայաստանի ջարդերը» խորագրեալ գիրքին մէջ «Ինչեր ապրեցայ» եւ «Խնդրանք` փրկագինի համար» վերնագրուած գլուխներու տակ կը նկարագրէ Արաբ Փունարի, Տիգրանակերտի եւ Եդեսիոյ հայոց տառապանքները, ինչպէս նաեւ կ՛անդրադառնայ Գրիգոր Զոհրապի մարտիրոսութեան: Ան գործուած վայրագութիւններու պատճառը կը վերագրէ թուրքերու` հայոց դէմ սնուցած նախանձին: Ան կ՛ըսէ. «Գրիգոր Զոհրապ պայծառամիտ եւ խելացի փաստաբան մըն էր եւ` օսմանեան խորհրդարանի անդամ, ինչպէս նաեւ` Վարդգէսը (Սէրէնկիւլեան – Յ. Ի.): Թուրքերը հայոց ունեցած քաղաքակրթութենէն շատ հեռու էին» (էջ 76, զանազան հեղինակներ, «Հարիւրամեակ Հայոց ցեղասպանութեան» (հիմնականօրէն` Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնի եւ Եսթեր Թ. Մկրտիչեանի վկայութիւնները), հրատարակութիւն Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի – մատենաշար 1, Թեհրան, 2012, փոքր չափի 110 էջ):

Իբրեւ հայութեան կողմէ երախտագիտութիւն՝ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Յիշողութեան պատին մէջ զետեղուած է Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնի գերեզմանէն բերուած հող:

Կարեւոր է ընդգծել, որ հայրենի պատմաբան Արշակ Փոլատեան շեշտելով` ըսած է, թէ Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն եղած է առաջինը, որ 1914-1918-ին տեղի ունեցած հայոց բազում կոտորածները «Ցեղասպանութիւն» կոչած է, արաբերէն` Իպատա:

Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնի վերաբերեալ վերոյիշեալ տեղեկութիւնները եւ անոր գիրքին յայտնաբերումը կը պարտինք տոքթ. Երուանդ Գարաճեանին, որ իր յարատեւ պրպտումներով ու զոհողութիւններով գտած է հայասպանութեան փաստեր հայթայթող այս գիրքը` «Հայաստանի ջարդերը» խորագիրով եւ անոր հեղինակ Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը` Դամասկոսի մէջ:

Երուանդ Տիգրան Գարաճեան ծնած է Խարբերդ, 1915-ին: Օսմանեան իշխանութիւնները տարի մը առաջ հայրը` Տիգրանը, տարած էին իբր թէ օսմանեան բանակ, սակայն զայն հաւանաբար սպաննած էին հազարաւոր հայ անզէն զինուորներու հետ: Մայրը` Աղաւնին, որ Եփրատ քոլեճի շրջանաւարտ էր, իր երեք զաւակներով` Արշաւիր, Աստղիկ եւ Երուանդ, կեանքը մեծ դժուարութեամբ քարշ տուած է Խարբերդի մէջ` ցմրուր ճաշակելով օսմանցիներու կամայական բարբարոսական վարմունքը հայոց նկատմամբ: 1922-ին քեմալական վայրագ վերաբերմունքին պատճառով Աղաւնի եւ իր զաւակները տեղահանուած են Հալէպ, ուր փոքրիկն Երուանդը դրուած է որբանոց: 1923-ին Երուանդ կը տեղափոխուի Լիբանանի Անթիլիաս աւանը հիմնուած որբանոցը, ուր կը մնայ մինչեւ 1928, որբանոցին փակումը: Ան որբանոցին մէջ ճանչցուած էր «Բազէ» ծածկանունով, որ սորվելէ ետք գրել, կարդալ, թուաբանութիւն, հայերէն, ֆրանսերէն, նուագ, երաժշտութիւն, արուեստ, ինչպէս նաեւ` կօշկակարութիւն եւ սափրիչութիւն, նաեւ սկսած է յօդուածներ գրել: 1929-ին Երուանդ Տիգրան Գարաճեան կը մեկնի Կիպրոս, ուր կ՛ուսանի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ` իբրեւ ուսուցիչ ունենալով  Գրիգոր Կիրակոսեանը, Յակոբ Օշականը, Բարսեղ Կանաչեանը, Վահան Հապէշեանը, Արուսեակ եւ Արսէն Աճեմեանները, որոնք մեծ տպաւորութիւն ձգած են անոր վրայ: Ան մասնակցած է Բարսեղ Կանաչեանի երգչախումբին եւ աւելի ուշ Համազգայինի` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին: 1932-ին ան վերադարձած է Դամասկոս եւ մտնելով Լազարիստներու ֆրանսական վարժարանը, Ա. պաքալորէան ստացած է 1936-ին: Տարի մը ուսուցչութիւն ըրած է Դամասկոսի Հայ աւետարանականներուն դպրոցը, ապա եօթը տարի իբրեւ հաշուակալ աշխատած է Ֆրանսական զինուորական գանձատան մէջ` նոյն ատեն պատրաստուելով Բ. պաքալորէայի: 1944-ին մտած է Պէյրութի ֆրանսական համալսարանի դեղագործութեան ճիւղը եւ չորս տարի ետք աւարտած է  Ֆրանսական պետութեան վկայականով (Diplôme d’État Français)` իբրեւ դեղագործ: Ան 1950-ին աւարտած է Լիբանանի Ալպա (ALBA-Académie Libanaise Des Beaux Arts) «Գեղարուեստի լիբանանեան ակադեմիա») համալսարանի թատրերգութեան մասնագիտութեան դպրոցը: Երուանդ Տիգրան Գարաճեան եղած է բազմաշնորհ անձնաւորութիւն մը: Ան իր յօդուածներով աշխատակցած է յատկապէս Պէյրութի «Արարատ», «Սփիւռք» եւ «Նայիրի» թերթերուն:

Ինչպէս վերը յիշեցինք, Երուանդ Տիգրան Գարաճեան մտադրած էր անձամբ տեսնել Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը: Ուստի ան 1965-ին Պէյրութէն ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Դամասկոս ու անկէ ալ` Սուրիոյ Տարաա նահանգի Մեսմիյէ գիւղը, ուր կը հանդիպի Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնի մէկ հօրեղբօրորդիին, որ կ՛ըսէ, թէ ան կը գտնուի Դամասկոս, սակայն չէր գիտեր ճշգրիտ հասցէն: Երուանդ Տիգրան Գարաճեան կը վերադառնայ Դամասկոս եւ քանի մը օր փնտռելէ ետք կը գտնէ հասցէն եւ կ՛երթայ Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնի մօտ: Իր այս այցելութեան մասին հետեւեալը կ՛ըսէ. «Կը մտնենք սենեակ մը` խեղճուկ, հին կարասիներով: Գրադարանը մէկ պատին կռթնած, հաստափոր զանազան եւ մասնաւորաբար իրաւագիտական գիրքերով հին փառքի մը խօսուն վկան է այնտեղ: Ինչո՞ւ,  կը մտածեմ դարձեալ, այս մարդը այսօր պէտք է այսպէս աղքա՞տ ըլլայ: «Տուր համբուրեմ ձեր աջը, որ սուրի փոխարէն գրիչ է առած` հայոց կոտորածները արձանագրելու համար»: Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն կը բաւականանայ ձեռքը ետ քաշելով եւ ըսելով. «Այդ իմ պարտքն էր… թուրքերը մեզի ալ շատ չարիքներ հասցուցած են»:

Տոքթ.  Երուանդ Տիգրան Գարաճեանի պատումներն ու նկարագրութիւնները քաղուած են իր անտիպ գրութիւններէն, որոնք տրամադրուեցան անոր որդիներուն` տոքթ. (դեղագործութիւն) Տիգրան եւ Վաչէ  Գարաճեան եղբայրներու կողմէ: Հոն կը գտնենք նաեւ Երուանդ Տիգրան Գարաճեանի գործերուն ցանկը հետեւեալ ձեւով.

Հրատարակուած

Ա.- Հեղինակութիւն- «Ճարտար Կիկոսիկը», տպ. «Տօնիկեան», 1958, «Ա. Բ. Գ.-ի հրաշքը», տպ. «Սեւան», 1965, «Թրքական արդարութիւն», Գ. տպագրութիւն, տպ. «Սեւան», 1965:

Բ.- Թարգմանութիւններ.- Տոքթ. Վարդան Ալեքսանդրեան` «Օտարականի մը գնդակը», ֆրանսերէնէ հայերէն, տպ. «Սեւան», 1963, տոքթ. Վարդան Ալեքսանդրեան` «Մենամարտ մինչեւ մահ», ֆրանսերէնէ հայերէն, տպ. «Սեւան», 1966, Մուսա Փրենս` «Հայասպանութիւնը» (յառաջաբան), ֆրանսերէնէ հայերէն, «Արարատ» օրաթերթի տպարան 1987, Եփրեմ Միհրան Եփրեմեան` «La Lutte Eternelle», հայերէնէ ֆրանսերէն, տպ. «Տօնիկեան», 1986, Պէպօ Սիմոնեան` «La Lumière Des Cèdres», «Լ՛օրիան Լը Ժուր» օրաթերթ, հայերէնէ ֆրանսերէն, թուական չէ նշուած, Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան` «Մարգարէն», լոյս տեսած «Բագին»-ի մէջ, փետրուարէն յուլիս 1981-ին:

Անտիպ

Ա.- Թատրերգութիւններ.- «Ոճիր մը», յուշ մը` Անթիլիասի որբանոցէն, գրուած` Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, 1930-ին, «Արեւին զայրոյթը», 1957, «Վանահօր վճիռը», 1972, «Արեան կանչը», 1981, «Տրդատ եւ Հռիփսիմեանք», 1982, «Ոսկիին կանչը», 1986, «Վրիժառու ձեռքը», 1986, «Բանաստեղծին վարդերը», 1987, «Այբ բեն գիմի հրաշքը», 1986-87, «Հաւատքի ճամբով», 1973, «Նրբիկ ճաճանչը», 1985, «Մեր գիւղի առաջին հայելին», 1987:

Բ.- «Տերեւաթափ», վէպ, «Ստեղծագործութիւն» վիպերգանք, «Աստուած կը զուարճանայ», 1972, «Վարդանուշ» վիպերգանք, լոյս տեսած` «Արարատ գրական»-ի մէջ,  «Պրն. Վասակ ժամանակ չունի» զաւեշտախաղ, «Աստուծոյ զայրոյթը», 1961, «Քառեակներ» մօտ ութսուն հատ, «Ապրիլեան համանուագ», 1989:

Ունի նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ, որոնցմէ` Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի գործերէն «Վարդապետին ձայնը», «Ջախջախուած թելերը», «Աւազ եւ փրփուր», «Ապստամբ միտքը» եւ «Կեղեքեալներուն բողոքը»:

Հայերէնէ ֆրանսերէնի թարգմանած է Վահագն Դաւթեանի «Ռեքուիեմ»-ը:

Վերջաւորութեան արժանի է յիշել, որ եթէ տոքթ. Երուանդ Տիգրան Գարաճեան իր անխոնջ փնտռտուքներով չյայտնաբերէր «Հայաստանի ջարդերը» աշխատութիւնն ու անոր հեղինակը` սուրիացի արաբ Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը, հաւանաբար տեղեակ պիտի չըլլայինք Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան եւ յուշագրականութեան մէջ այս կարեւոր ներդրումին մասին: Ազգանուէր ու շնորհակալ գործեր կատարած է տոքթ. Երուանդ Տիգրան Գարաճեան: Այս քանի մը տողերը յարգանքի համեստ տուրք մը թող ըլլան իր արդար վաստակին ու յիշատակին:

Պէյրութ

Նախորդը

Խմբագրական. Սահմանադրութեան Օրուան Հիմնական Խորհուրդն ու Ուղերձը

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?