Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴԱՒԻԹ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով այսօր մէկ յարկի տակ հաւաքուած են տարբեր մարզերու մէջ գործող միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` վերջին ընտրութիւններուն յաջողած թաղապետներ ու քաղաքապետական խորհուրդներու անդամները: Ողջունելի նախաձեռնութիւն մը, որ առիթ պիտի ըլլայ իրարու ծանօթանալու, խօսելու մեր մտահոգութիւններուն եւ հարցերուն մասին, ինչպէս նաեւ` բարձրաձայն մտածելու լուծումներու մասին եւ, ինչո՞ւ չէ, որդեգրելու արարողակարգեր` յառաջիկայ գործունէութիւններու եւ աշխատանքներու վերաբերեալ: Մեր գործելադաշտի կորիզն ու հիմնական դերակատարը մեր հայ ժողովուրդն է, որ ունի բազմաթիւ պահանջներ ու կարիքներ եւ կ՛ապաւինի մեր աջակցութեան եւ ցուցմունքներուն`  լուծումներ գտնելու համար տարբեր տեսակի հարցերու: Բոլորս ալ քաջ կը գիտակցինք, որ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները շատ են, եւ համարեա անկարելի է գոհացնել բոլորին պէտքերը: Բայց եւ այնպէս կարելի չէ ձեռնածալ մնալ: Բոլորս ալ ապրեցանք շատ անկայուն օրեր, մանաւանդ վերջին 5 տարիներուն` ժողովրդային ընդվզում, Քորոնա ժահր, երկրաշարժ, պատերազմ եւ տնտեսական վերիվայրումներ, որոնք բնականաբար իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ձգեցին մեր գաղութին վրայ` ըլլայ այդ մէկը անձնական թէ հաւաքական գետնի վրայ: Այսօր մեր առջեւ կը բացուին նոր հորիզոն եւ նոր աշխատելադաշտ: Մարտահրաւէրները կը փոխուին, բայց շրջանային անկայունութիւնը կը մնայ: Մեր աշխատանքները յաջողութեամբ պսակելու համար հարկ է որդեգրել հետեւեալ քայլերը.

Ա.- Միասնական աշխատանք

Ինչպէս խօսքիս սկիզբը ըսի, որ բոլորս ալ մաս կը կազմենք տարբեր կառոյցներու, որոնք ունին զանազան առաջադրանքներ եւ աշխատելաոճեր, բայց եւ այնպէս, մեր նպատակը կը նոյնանայ` ծառայել ժողովուրդին, ի մասնաւորի` հայ ժողովուրդին: Առ այդ, պարտինք մէկտեղել մեր ճիգերը, ի գործ դնել մեր ամբողջական կարողականութիւնը եւ հնարաւորութիւնները` ի շահ լիբանանահայ համայնքին, որ տարիներ շարունակ եղած է ու կը մնայ սփիւռքի բաբախող սիրտը: Ի զուր չէ ժողովրդային ասացուածքը, որ կ՛ըսէ «Մէկ ձեռքով ծափ չենք կրնար զարնել», բայց միասնականութեամբ կրնանք հսկայ լեռներ շարժել:

Բ.- Ծառայութիւն

Բոլոր ներկաներս լիազօրուած ենք հաւաքականութեան մը կողմէ` ծառայելու մեր ազգին: Ծառայել` կը նշանակէ տալ այն, ինչ ունինք, եւ երբեմն ալ նոյնիսկ տալ այն, ինչ որ ձեռք ձգած ենք դժուարութեամբ եւ զոհողութեամբ: Դիւրութեամբ շահածը, ապօրինի ձեռքբերումները նուիրելը ծառայութիւն չէ: Իսկական ծառայասէր անձը ան է, որ կու տայ  այն, ինչ որ ամէնէն թանկն է իրեն համար: Տալ առաւելագոյնը, տալ անշահախնդրօրէն` առանց փոխադարձ ակնկալութեան, տալ հաւասարապէս` առանց խտրականութեան, տալ` առանց ցուցամոլութեան եւ, վերջապէս, տալ` առանց յետին նպատակներ ու շահեր որոնելու:

Գ.- Պահել համեստութիւնը

Ծառայութեան կողքին, պէտք է ըլլանք համեստ: Համեստութիւնը մարդկային արժէք մըն է, հոգիի ազնուութիւն, հասարակութեան կողմէ սպասուած վերաբերմունք, որ պէտք է պահպանենք գանձի նման: Մեր աշխատանքները պէտք է վարենք խղճամտութեամբ եւ ցուցամոլութենէ հեռու: Ճիշդ է, որ արհեստագիտացած եւ արագընթաց այս  ժամանակաշրջանին ընկերային ցանցերը դարձած են ծանուցումներու, ինքնագովութիւններու եւ ցուցամոլութիւններու հարթակ, այնուամենայնիւ, պէտք է ըլլալ զգօն` պահելու համար համեստութիւնը, եւ միայն ծանուցել այն, ինչ որ ի շահ համայնքին է:

Դ.- Այսօր բոլորս կը վարենք պաշտօններ, կամ ստացած ենք կոչումներ, որոնք մեզի տրուած են մեր հայրենակիցներուն կողմէ, անոնք տուած են իրենց վստահութիւնը` զիրենք ներկայացնելու համար, եւ բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ այս պաշտօնները մնայուն չեն, այլ` ժամանակաւոր, ուստի պէտք է մեր կարելին ընենք, որ մեր ստանձնած աթոռները ծառայեցնենք մեր ժողովուրդին շահերուն, եւ ոչ թէ մեր աշխատանքները ըլլան այնպիսին, որ զoրացնենք ու ամրապնդենք մեր աթոռները: Դիրքերն ու պաշտօնները կու գան ու կ՛երթան, բայց մեր ժողովուրդին բարօրութիւնը, բարգաւաճումը  եւ հզoրացումը էականն են ու մնայուն:

Վերջապէս, մենք բոլորս ունինք մէկ նպատակ, որուն հասնելու համար օրն ի բուն պէտք է աշխատինք անկոտրում կամքով, շրջանցելով ու յաղթահարելով ամէն ձեւի դժուարութիւններ: Պիտի ըլլան հայանուն անձեր կամ կազմակերպութիւններ, որոնք պիտի փափաքին մեր գործին ձախողութիւնը տեսնել, մեր համայնքը պիտի փորձեն պառակտել, բայց կը հաւատամ, թէ ինչպէս անցեալին, այսօր եւ ընդմիշտ պիտի ձախողին, եւ միշտ յաղթական պիտի մնան հայութիւնը ներկայացնող կազմակերպութիւնները:

* Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ապահովուած արդիւնքներուն առիթով կազմակերպուած ընդունելութեան արտասանուած խօսք:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն.  Հայասպանութեան Փաստագրող Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը Յայտնաբերող Երուանդ Տ. Գարաճեան
Անդրադարձ

Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն. Հայասպանութեան Փաստագրող Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը Յայտնաբերող Երուանդ Տ. Գարաճեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?