2023-ի սեպտեմբերեան պատերազմէն ետք Արցախի հարցը ոչ միայն կորսնցուց իր ռազմաքաղաքական յենարանը, այլ փուլ առ փուլ հեռացաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն հիմնական օրակարգէն: Զինք փոխարինեց Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն միջեւ անիրագործելի «Իրական Հայաստան»-ի տեսութիւնը:
Այս հրաժարումը սկսաւ քաղաքական հռետորաբանութեամբ, անցաւ կասկածելի եւ անորոշ համաձայնութիւններու եւ հասաւ ազգային անտարբերութեան վտանգաւոր հանգրուանին:
Հայաստանի իշխանութիւնները` վարչապետ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, Արցախի հարցը կը ներկայացնեն փակուած էջ` մոռացութեան մատնելով տեղահանուած հազարաւոր մարդոց տունդարձի իրաւունքը:
2020-ի պատերազմէն առաջ վարչապետ Փաշինեան, առանց հաշուի առնելու քառօրեայ պատերազմին պատգամը, անխոհեմաբար յայտարարեց` «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ»: Յայտարարութիւնը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց Ազրպէյճանի մէջ: Միջազգային մամուլը վարանումով արձագանգեց վարչապետին յայտարարութեան:
Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան, տարածքային ամբողջութեան երաշխաւորը ընդամէնը երկու տարի ետք` 2022-ին, Փրակայի մէջ փաստաթուղթ մը ստորագրեց, ուր առանց Արցախի գոյութիւնը նշելու` կը ճանչնար Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Փաշինեան Արցախը կը ճանչնար Ազրպէյճանի տարածք:
Այս յայտարարութիւնը քաղաքական սխալի մը կամ ձախողութեան մը պատասխանատուութենէն աւելի` կը բացայայտէր աններելի յանցագործութիւն մը: Փաշինեան կ՛ոտնակոխէր Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ Անկախութեան հռչակագիրը: Ծանրակշիռ եւ ազգային դաւաճանութեան համազօր քրէական յանցագործութիւն մըն էր նաեւ Ազգային ժողովին առջեւ անոր խօսքը. «Ես պէտք էր 2018-ին ըսած ըլլայի, որ Արցախը Ազրպէյճանի տարածք է»: Այս պատասխանատու յայտարարութեան մէջ վարչապետը, հայրենիքի կորուստէն բացի, գէթ պիտի խնայէր բազմահազար նահատակներու արիւնը…
28 մայիս 2025-ին, Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով, Փաշինեան յայտնագործում մը եւս կատարեց` յայտարարելով. «Մենք ոչ թէ կորցրել ենք Լեռնային Ղարաբաղը, այլ ձեռք ենք բերել Հայաստանի անկախութիւնը»:
Իսկ բոլորովին վերջերս Պոլսոյ մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին Փաշինեան տառացիօրէն ըսաւ. «Այսօր շատեր կը խօսին Արցախ վերադարձի մասին… Արցախի վերադարձի մասին մտածելն էլ յիմարութիւն է»:
Այսպիսի յայտարարութիւններ ոչ միայն կ՛ոտնակոխեն Արցախի ժողովուրդին ինքնութեան եւ իրաւունքներու օրինական հէնքը, այլեւ առիթ կը ծառայեն Ալիեւին` արդարացնելու Արցախի եւ արցախահայութեան դէմ յանցագործութիւնները:
Փաշինեանի կեցուածքը դաւաճանութիւն է Հայաստանի սահմանադրութեան եւ 1990-ի Անկախութեան հռչակագրին հանդէպ, ուր յստակօրէն կը նշուի` Հայաստան յանձնառու կը մնայ երաշխաւորելու Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը:
Արցախահայութեան անունով Փաշինեանի զիջումները ոչ միայն կը նկատուին միջազգային իրաւունքի խախտում, այլ` դաւաճանութիւն այն ժողովուրդին, որ շուրջ երեք տասնամեակ ապրեցաւ շրջափակման, պատերազմի եւ այլեւայլ պարտադրանքներու տակ:
2024-ի նոյեմբերին, ի լուր աշխարհին, հաղորդագրութիւն մը լոյս տեսաւ միջազգային մամուլի մէջ: Ազրպէյճանի առաջարկով Պաքու եւ Երեւան որոշած էին յետս կոչել Միջազգային քրէական ատեանին եւ այլ իրաւական կառոյցներուն ներկայացուցած հայցերը:
Փաստօրէն, փոխանակ դատապարտելու եւ հետապնդելու Ազրպէյճանի Արցախ ներխուժելու, պատերազմի յանցագործութիւնները, ռազմական գերիներու, սպաննուած անմեղ քաղաքացիներու, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ բռնագաղթի դէպքերէն ետք, Հայաստան կ՛ընտրէր լռել: Բայց արդեօ՞ք արդարութեան բացակայութեան վրայ կարելի պիտի ըլլայ կերտել երկարատեւ խաղաղութիւն:
Ինչպէ՞ս բացատրել այս լռութեան պատճառները Արցախի մէջ ապրող հազարաւոր տեղահանուած ընտանիքներուն, երբ տունդարձի ուղին ամբողջովին կը փակուէր անոնց առջեւ:
Միջազգային օրէնսդրութիւնը այս բոլորը կը դասէ պատերազմի եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու շարքին: Հայցը ետ վերցնել` կը նշանակէ հրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի արդարութեան իրաւունքէն:
Արդարութիւնը կը զոհուէր յանուն կեղծ խաղաղութեան: Բռնութեան եւ անպատժելիութեան վրայ յենած անգոյ խաղաղութիւնը անկասկած պիտի ըլլայ փխրուն եւ դիւրաբեկ: Ինչո՞ւ Հայաստան չի հետապնդեր արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը:
Քաղաքական կամքի ակնյայտ բացակայութիւնը ինքնաբերաբար կասկածի տակ կը դնէ իր քաղաքացիներուն եւ ազգային շահերուն հանդէպ Հայաստանի Հանրապետութեան հոգածութիւնը: Խօսքը չի վերաբերիր իշխանութիւններուն յատկացուցած տնտեսական օժանդակութեան: Տունդարձի իրաւունքն է հիմնական օրակարգը:
Ի դէպ, Միջազգային քրէական ատեանը առաջինն էր, որ 2023 սեպտեմբերին դատապարտեց ազերի բանակին վայրագութիւնները Արցախի մէջ եւ պահանջեց արցախցիներուն անյապաղ եւ ապահով վերադարձը իրենց հայրենիքը:
ՄԱԿ-ը տարբեր առիթներով, քանի մը բանաձեւերով հաստատած է տեղահանուած ժողովուրդներու տունդարձի անքակտելի իրաւունքը:
ՄԱԿ-ի մասնագէտներ արցախահայութեան տեղահանութիւնը ճանչցան իբրեւ «էթնիկ զտում», նոյնիսկ` ցեղասպանութիւն: Հայաստան պետական մակարդակով լռեց:
2023-ին բռնագաղթի ենթարկուած արցախահայութիւնը միջազգային դատական փաստաթուղթերով արդէն ճանչցուած է իբրեւ բացայայտ եւ ծրագրաւորուած ցեղային զտումի զոհ:
Բազմաթիւ պետութիւններ տարբեր մակարդակներու վրայ կը պահանջեն արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը` պահանջելով անոնց անվտանգ վերադարձը:
2025-ի մայիսին Ժընեւի մէջ կայացած Գաղթականներու համաշխարհային համաժողովը օրակարգի վրայ քննարկեց արցախահայութեան տունդարձը: Յունիսին Բրիտանիոյ խորհրդարանի 110 անդամներ հռչակագիր մը հրապարակեցին, ուր կոչ կ՛ընէին պաշտպանելու Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը: Մ. Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ հետեւողաբար կը պահանջեն արցախահայութեան վերադարձը:
Տունդարձի իրաւունքը միջազգային օրինական սկզբունք մըն է, որ կորսուած է Հայաստանի օրակարգէն:
Առ ի գիտութիւն մեր ընթերցողներուն`
– ՄԱԿ-ի 11 դեկտեմբեր 1948-ի Ընդհանուր ժողովի 194-րդ (III) բանաձեւը կը ճանչնայ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու իրաւունքը` վերադառնալու իրենց տուները եւ ստանալու փոխհատուցում,
– Մարդու իրաւունքներու Համընդհանուր հռչակագիրի 13-րդ յօդուածը,
– Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրի 12-րդ յօդուածը:
Բայց ի՞նչ է Հայաստանի դիրքորոշումը: Բացարձակ լռութիւն:
Պատահական չէ այս լռութիւնը: Այսօր Հայաստանի պաշտօնական քաղաքականութիւնը կ՛առաջնորդուի այն ենթադրութեամբ, որ Արցախի օրակարգը «փակուած է», եւ գոյութիւն չունի վերադարձի հարց: Քաղաքականապէս վնասակար, իրաւականօրէն սխալ դիրքորոշում մը, որովհետեւ տեղահանուած ժողովուրդներու իրաւունքները չեն ջնջուիր:
Հայաստանի իշխանութիւնները կը հեռանան իրենց պատմական առաքելութենէն, միաժամանակ կը հրաժարին սեփական քաղաքացիներու նկատմամբ պետական պատասխանատուութենէն:
Ընթերցողը արդարօրէն պիտի հարցնէ. երբ պետութիւնը լռութիւն կը պահէ եւ կը հալածէ արցախահայութեան իրաւունքները հետապնդող կառոյցները, անհատները, ո՞վ պիտի հետապնդէ տունդարձի իրաւունքը: Պատասխանը միանշանակ է` քաղաքացիական հասարակութիւնը, սփիւռքը եւ միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցները: Սակայն անոնք չեն կրնար լիարժէք յաջողութիւն ունենալ` առանց Հայաստանի Հանրապետութեան հովանաւորութեան: Միջազգային ատեաններուն դիմելու լծակները, դիւանագիտական, պաշտօնական ներկայացուցիչներու լիազօրութիւնները կը գտնուին պետական կառոյցներուն ձեռքը:
Դժբախտաբար գերհզօր պետութիւններու շահերը համընկնելու պարագային իրաւունքը կ՛իրականանայ: Այսուհանդերձ, արցախահայութեան տունդարձը պէտք է դառնայ համահայկական օրակարգ` ո՛չ իբրեւ հին վէրք, այլ` իրաւական դատ: Ինչպէս տասնամեակներու պայքարով միջազգային ճանաչում ստացաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, նոյն նուիրականութեամբ եւ զոհողութիւններով անհրաժեշտ է ճնշում բանեցնել միջազգային հանրութեան, ՄԱԿ-ին եւ տարածաշրջանային դերակատարներու վրայ, պարտադրելու` Արցախի ժողովուրդին հայրենիք վերադարձը:
Վտանգը լուրջ է, որովհետեւ Հայաստանի պետութիւնը բացակայ է Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութենէն: Տրամաբանութիւնը ինքնաբերաբար պիտի հարցնէ` միջազգային ընտանիքը ինչո՞ւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, երբ Հայաստան լռութիւն կը պահէ:
Օրին սփիւռքը միայնակ պայքարեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Նոյն ձեւով այսօր անհրաժեշտ է համահայկական օրակարգի վերածել արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը: Միջազգային փոխյարաբերութիւնները կրնան փոխուիլ, նոյնպէս ալ` Հայաստանի իշխանութիւնները: Պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի: Մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջել եւ հետապնդել արցախահայութեան նկատմամբ իր իրաւական պարտաւորութիւնը:
Արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը միայն մարդասիրական հարց չէ: Ան Հայաստանի ազգային արժանապատուութեան եւ պատմական պատասխանատուութեան կարեւոր հիմնասիւներէն մին է: Իշխանութիւն մը, որ լռութեան մէջ կը դրժէ սեփական ժողովուրդին հանդէպ իր պարտականութիւնը, ինքնաբերաբար վտանգի մատնած կ՛ըլլայ իր գոյութիւնը:
Արցախի հարցը փակուած չէ: Արցախի ժողովուրդը դարեր շարունակ ապրած է մայր հողին վրայ: Հայաստանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է անոր արդար իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Լոկ բարոյական պարտաւորութիւն մը չէ պահանջատիրութիւնը, այլ` հաւաքական ինքնութեան պահպանութիւն եւ ազգային արժանապատուութեան երաշխիք:
Երբ պետութիւնը կը լռէ, ժողովուրդը պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերէ եւ բարձրաձայնէ: Երբ իշխանութիւնը կը մոռնայ, պատմութիւնը պէտք է յիշեցնէ: Արցախը պիտի չծառայէ «կորուսեալ հայրենիք»-ի գաղափարախօսութեան: Ան պիտի դառնայ վերականգնուած իրաւունքի օրինակ եւ պայքարի դրօշակ: