Անդրադարձ

Նամականի

Նամականի

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սարօ Սարոյեանի «Արտագաղթը` ազգային կենսակերպ» («Ազդակ», 22 սեպտեմբեր 2015) գրութիւնը կ՛արծարծէ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք մեր ժողովուրդին ծանրագոյն եւ լրջագոյն տագնապներէն մին` արտագաղթը: Իսկ այս խիստ ահազանգային խորագիրը, ըստ էութեան, արդարացուած չեմ տեսներ գրութեան մէջ: Պիտի փորձեմ քննել հեղինակին կատարած որոշ հաստատումները: 1.  «Առաջնային պատճառների թւում անշուշտ ընկած են երկրում տեղ գտած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային լրջագոյն խնդիրները»: Յ. Չ....

Մտորումներ` ԳՈՀԱՐ Երաժշտախումբի Համերգաշարի Աւարտին

Մտորումներ` ԳՈՀԱՐ Երաժշտախումբի Համերգաշարի Աւարտին

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Անցնող շաբաթավերջը ապահովաբար յիշարժան պիտի մնայ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ` շնորհիւ Գիւմրիի ԳՈՀԱՐ երաժշտախումբին պարգեւած երաժշտական մեծ ու որակեալ մատուցումին: Իսկ հիմա, երբ երաժշտական որակական չափանիշներու յարգումով, կազմակերպական նշանակալից ու օրինակելի մտայղացմամբ ու իրագործումով, մատուցման ձեւի բծախնդիր ու նորարար արտայայտութեամբ զարդարուն համերգաշարը հասաւ իր աւարտին ու հայրենի երգիչներն ու նուագածուները իրենց կարգին իրենք ալ անմոռանալի յուշերով  ու նոր ոգեւորութեամբ...

ԳՈՀԱՐ-ի Կռունկներուն Երամը Անցաւ Այստեղէն Մեծ Հպարտութեամբ

ԳՈՀԱՐ-ի Կռունկներուն Երամը Անցաւ Այստեղէն Մեծ Հպարտութեամբ

 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Համերգը արդէն վերջ է գտած... սակայն տակաւին աչքերուս առջեւ է երաժշտասէր խանդավառ  հայորդիներուն աղաղակող ու բարբառող ուրախութիւնը, ականջներուս մէջ են նոյն այդ հասարակութեան փաղաքշական արտայայտութիւնները, որոնք բառ առ բառ, նախադասութիւն առ նախադասութիւն կը հնչեն բարձր ուժգնութեամբ մինչեւ այս պահը. - Հոյակա՜պ... սքանչելի՜... փառաւո՜ր... առինքնո՜ղ... թովի՜չ... գրաւի՜չ... հրապուրո՜ղ... արտակարգօրէն գեղեցի՜կ, որ գերազանցեց ակնկալիքները... Լսելէ, ներքնապէս ապրելէ ու խանդավառուելէ ետք...

Տեսակէտ.  Ֆաթիհ Աքընի Մնացորդացը

Տեսակէտ. Ֆաթիհ Աքընի Մնացորդացը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Գերմանական ժապաւէններու շաբթուան ընթացքին «Ամփիր Սոֆիլ»-ի զոյգ սրահները սեպտեմբեր 27-ին ցուցադրեցին Ֆաթիհ Աքընի «Տը քաթ» ժապաւէնը (2014, 138 վ): Ելոյթը աւելի քան 20 վայրկեան ուշացաւ, որովհետեւ տոմսարկղի առջեւ սպասող շարքը հասած էր փողոց: Պարզ է, որ ստեղծուած էր մեծ հետաքրքրութիւն: Անձնապէս ստացած էի ծանուցողական ե-նամակ մը: Ներկաներուն թիւը կարելի է բաղդատել Վենետիկի փառատօնի ցուցադրութեան (շուրջ 2 հազար): Պէյրութի...

ՀՅ Դաշնակցութեան 125-Ամեակի Տօնակատարութիւն 4 Դեկտեմբեր 2015

ՀՅ Դաշնակցութեան 125-Ամեակի Տօնակատարութիւն 4 Դեկտեմբեր 2015

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ ընկերվարութեան իտէալը անիրականանալի է` առանց ժողովրդավարութեան, իսկ ժողովրդավարութիւնը թերի է եւ սահմանափակ` առանց ընկերվարութեան: Ժողովրդավարութիւնը կը խարսխուի մարդկային ու քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութեանց յարգումին վրայ: Ան օրէնքով կը պաշտպանէ բազմակարծութիւնը, բազմակուսակցականութիւնը եւ խօսքի, խղճի, մամուլի, ստեղծագործութեան ու աշխատանքի լիակատար ազատութիւնը: *** Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համոզումով` ընկերվարութեան ճամբով է, որ մարդկութեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային զարգացումը...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Ե՛ս, այս սուրբ սեղանի  առջեւ ծունկի իջած` կ՛ուխտեմ, որ` կեանքս զոհեմ հայրենիքիս ազատութեան, որ` անաղարտ պահեմ սուրբ յեղափոխութիւնը, որ` բոլոր կանանց ու օրիորդներուն վերաբերուիմ իբր հարազատ մօր եւ քրոջ, որ` դաւաճանութեան մէջ չխնայեմ իմ հարազատներուս, որ` ազատութեան սուրբ ոգով դաստիարակեմ իմ զաւակներս, որ` եթէ շեղուիմ այս սուրբ ուխտէս, արիւնս հալալ լինի ընկերներուս: ՍԵՐՈԲ ԱՂԲԻՒՐ Դաշնակցութեան հիմնական պայմանը ապակեդրոնացման դրութիւնն է....

Ինչ Որ Ցանես, Այն Կը Հնձես

Ինչ Որ Ցանես, Այն Կը Հնձես

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Լիբանանի դիմագրաւած աղբերու տագնապը ինծի համար մտածումներու դուռ բացաւ: Յիշողութեամբ գացի դէպի ետ, դէպի տարիներ առաջ, երբ գաղափարական, իմացաբանական, փիլիսոփայական մնայուն փնտռտուքի մէջ էի, ճշմարտութեան փնտռտուքի ճամբայ մը, որ կը թուէր անվերջանալի ըլլալ: Ասիկա` նախքան որոշակի եզրայանգումի հասնիլս, որ ներկայ աշխարհին մէջ, մեր դիմագրաւած գրեթէ բոլոր տագնապներուն համար լուծման բանալիներ կան քրիստոնէութեան ընկերային ուսմունքին եւ քրիստոնէական ձախին մէջ:...

Նամակ Երկրէն.  Իսկական Հերոսները (2)

Նամակ Երկրէն. Գործարարութեան Աւելի Լաւ Միջավայր

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Վերջերս հրապարակուած միջազգային երեք ուսումնասիրութիւններու մէջ ուշագրաւ եւ դրական անդրադարձ կար Հայաստանի մասին: Այսպէս` Դեռահասներու (teenager) մասին համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան (WHO) կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը կ՛եզրակացնէր, որ Հայաստանի դեռահասները ամէնէն երջանիկն են աշխարհի մէջ (քանատացիները կը գրաւէին վերջին դիրքը): Gallup Law and Order Index 2015-ի համաձայն, աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներէն մէկը Հայաստանն է, ուր մարդիկ գիշերները առանձին քալելու վախ...

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 13.  Ժխտողականութեան Քրէականացման  Որոշումի Բեկանման Առիթով

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 13. Ժխտողականութեան Քրէականացման Որոշումի Բեկանման Առիթով

ԲԺԻՇԿ ԺԱՆ ՊԷՊԷՃԵԱՆ Հայ դատի միջազգային քարոզչական աշխատանքներուն մէջ, անկասկած կարելի էր յաւելեալ յաջողութիւն մը նկատել Ցիւրիխի` Հայոց ցեղասպանութեան գծով որդեգրած ժխտողականութեան քրէականացման որոշումը, որովհետեւ այդ որոշումը ճանաչումէն եւ դատապարտումէն մէկ քայլ աւելի բարձր կեցուածք կարելի էր նկատել տուեալ երկրին պարագային` ի նպաստ Հայ դատին: Արդարեւ, Զուիցերիոյ վերոյիշեալ որոշումը յստակօրէն Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքական դիրքորոշում մըն էր, որ հաւանաբար կարող էր...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Թուրք կառավարութիւնը ամենաստոր միջոցների դիմելով կ՛աշխատէ մեզ խաբել, թող ինք գիտնայ, որ հայ ազգը այլեւս առաջուան թոյլ, տկար, անխելք, լացող եւ միամիտը  չէ, եւ այսուհետեւ հայ ազգը այլեւս չի խաբուի: Նախկին լացող մանուկը այժմ չափահաս մարդ, երիտասարդ մ՛է եւ իր պահանջները լալով, պոռալով չ՛ուզեր, այլ զէնքով, արիւնով ու մահով: Հայեր, երդուենք, մեր սուրը վար չդնել, կռիւը շարունակել մինչեւ վերջին շունչ...

Ակնարկ.  Էրտողանին Հետ Շրջագայող  Սահմանադրական Լիազօրութիւններ

Ակնարկ. Էրտողանին Հետ Շրջագայող Սահմանադրական Լիազօրութիւններ

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը նախագահ Էրտողանի համար կէս չափով բացաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու դուռը: Առաջադրանքը այս փոփոխութիւններուն գերնախագահական համակարգի հաստատումն է, կամ այլ խօսքով` էրտողանական վարքագիծի միաբեւեռացումը: Իշխող կուսակցութեան ապահոված խորհրդարանական աթոռներուն թիւը  չ՛արտօներ, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի որոշումը առնէ խորհրդարանը: Այստեղ պէտք է միանան իշխող կուսակցութենէն դուրս խորհրդարանական այլ քուէներ, որպէսզի գոյանայ անհրաժեշտ թիւը: Բայց առաջադրուած նուազագոյն թիւի անցողիկութիւն...

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 12. Ժխտողականութիւնը, ՄԻԵԴ-ը Եւ Ֆրանսան

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 12. Ժխտողականութիւնը, ՄԻԵԴ-ը Եւ Ֆրանսան

  ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ Շուրջ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, ֆրանսահայ համայնքը իր բոլոր հոսանքներով կը հետապնդէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման օրէնք մը հաստատելու քաղաքականութիւնը: Թէ որքանո՞վ ճիշդ ռազմավարութիւն է այս մէկը, այլ խօսքով` արդեօ՞ք ճիշդ էր ամբողջ տասնամեակ մը լրիւ գաղութին ներուժը կեդրոնացնել նման օրէնքի մը ձեռքբերման ի խնդիր, այստեղ ու մանաւանդ ներկայ պահու դրութեամբ գէթ մարտավարական առումով ճիշդ...

Անդրադարձ.  Անարդար Ընտրութիւններ,  Ոչ Կատարեալ Յաղթանակ

Անդրադարձ. Անարդար Ընտրութիւններ, Ոչ Կատարեալ Յաղթանակ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 1 նոյեմբերին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իր աթոռներուն թիւը 7 յունիսին իր ապահոված 258-էն բարձրացուց 317-ի: Այդպիսով, Էրտողանի կուսակցութիւնը յաջողեցաւ վերատիրանալ կառավարութիւնը առանձինը կազմելու իրաւունքին, սակայն ձախողեցաւ սահմանադրութիւնը առանց հանրաքուէի կամ նոյնիսկ հանրաքուէով բարեփոխելու իրաւունքը ձեռք բերել, որուն համար կարիքը ունէր յաջորդաբար յաւելեալ 60 եւ 14 աթոռներու: Այսպիսով, անոր...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 100-Ամեակին

Մենք, բոլոր ներկայ եղողներս, ուխտել ենք միասին զոհուել Հայաստանի սուրբ գործին. դուք էլ խօսք տուէք, որ մեզ կը միանաք, որքան շատ լինինք` այնքան լաւ. առանձին գործելը ուժերի ջլատում կ՛առաջացնի: ... Մենք մի թշնամի ունենք. դա տաճիկն է, նրա դէմ պիտի կռուենք, մեր ուժերը պիտի չջլատենք եւ խումբը քայքայման չենթարկենք: Ս. ԿՈՒԿՈՒՆԵԱՆ   Եթէ այս երկրի տէրը եւ ղեկավարը (հայն) է,...

Մեր Մայրերուն Եւ Հայրերուն «Դուք Որո՞ւ Կը Նմանիք»

Արագ, Ազատ, Անկապ Խօսքեր

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Չէք հաւատար, որովհետեւ ես ալ չհաւատացի: Այսօր, երբ Մարսէյէն գալով` Նիսի երկաթուղիի կայարանը հասայ, տեսայ, որ կեդրոնի պատին վրայ, ներսի կողմէն, ռուսական երկու դրօշներ կը ծածանէին. չհասկցայ, թէ ի՛նչ կը կատարուէր Ֆրանսայի այս քաղաքին մէջ: Օտար դրօշներուն Նիսի մէջ ծածանիլը շատ եմ տեսած, ամէն օր կը տեսնեմ ծովեզրի սրճարաններուն եւ քաղաքին պանդոկներուն առջեւ, բայց եթէ կայարանին...

Մեր Փրկիչն Էլ, Մեր Թշնամին Էլ Մեր Մէջ Են

Մեր Փրկիչն Էլ, Մեր Թշնամին Էլ Մեր Մէջ Են

ՀՐԱՆԴ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ Հնօրեայ վիպերգը ողբում է. երեսս երկնքին արած` ես ծնկներս գետնին խփեցի, ծկլթացի ու որդի ծնեցի. հեռու, տաք ժայռերում վագրը ոլորուեց, գալարուեց, ծկլթաց ու կորիւն ծնեց. իմ կրծքի վրայ ես իմ որդուն երգով սովորեցրի նայել ու աչք չթարթել, հեռու, տաք ժայռերի մէջ վագրն իր կորիւնին սովորեցրեց նայել ու տղայի իր հայեացքը չթեքել. որդիս զինավառուեց ու որսի ելաւ - կորիւնը...

Անկրկնելի  Հալէպը. Երբեմնի «Դպրոցներ»-ը … Ժողովրդային Գրադարանները

Աղբագիտութիւն` Աւետիս Ահարոնեանի Հետեւողութեամբ

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ «Եթէ քանի մը օրուան ընթացքին աղբի տագնապին արմատական լուծում չգտնուի, ապա յարմար կեցուածքը պիտի ճշդեմ», շեշտեց վարչապետ Սալամ: Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի այս յայտարարութիւնը մղեց զիս ժամանակ տրամադրելու եւ գրելու հարցի մը մասին, որ մասամբ հեռու է իմ մտահոգութիւններէս ու առօրեայէս եւ այժմու միջավայրէս, սակայն որպէս սփիւռքահայ նկատի ունենալով, որ այս տագնապը կը սպառնայ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ...

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 11. Չմոլորինք Եւ Չմոլորեցնենք Մեր Շրջապատը

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Կարծիքի ազատ արտայայտութեան իրաւունքը գերզգայուն խնդիր է արեւմտեան մտածողութեան մէջ, յատկապէս մտաւորական, ակադեմական, լրագրական եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Ասիկա լոզունգ մըն է, որուն դիմաց առարկութիւն չի դիմանար. նոյնիսկ եթէ փարիսեցիական է գերզգայնութիւնը, այսինքն` ի ցոյց մարդկանց, իրողութենէն բան չի փոխուիր, ոչ ալ ոեւէ մարդ իրաւունք կրնայ տալ ինքնիրեն կասկածի տակ առնելու անոնց անկեղծութիւնը. նման կասկած մը արտայայտել` պիտի...

Բարի Լոյս 14.  Գոհար Համոյթի Փայլատակումին Առիթով

Բարի Լոյս 14. Գոհար Համոյթի Փայլատակումին Առիթով

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Անցնող շաբաթավերջին, լիբանանահայութիւնը իր բոլոր շերտերով ապրեցաւ խանդավառ եւ հպարտալից պատմական օրեր: ԳՈՀԱՐ համոյթը համակեց բոլորը իր անմոռանալի ելոյթներով եւ հայ երգին ու երաժշտութեան շուրջ ստեղծեց գաղութային աննախընթաց հետաքրքրութիւն: Կը բաւէ աչքէ անցընել երիտասարդներուն կողմէ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումները, ականջալուր դառնալ ժողովրդային խօսակցութիւններուն ու արժեւորումներուն եւ վերջապէս հետեւիլ մամուլի արձագանգին ու անմիջապէս եզրակացնել, որ լիբանանահայութիւնը, հակառակ երկրին...

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Ժողովուրդին ծոցէն ծնած եւ ժողովուրդին համար գործած, իրեն հաւատացող ժողովուրդին ծառայած ու անոր հետ 125 երկար ու վճռական տարիներ բոլորած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին յառաջիկայ ամսուան ընթացքին: Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան 125 տարիներուն ընթացքին իր մասին խօսեցուցած է, իր պատմութեան էջերուն մէջ ամրագրուած են յատկանշական դէպքեր ու դրուագներ: Մեր ընթերցողները այդ բոլորին իրազեկ դարձնելու նպատակով այսօրուընէ...

Page 741 of 806 1 … 740 741 742 … 806

Արխիւներ