ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ ընկերվարութեան իտէալը անիրականանալի է` առանց ժողովրդավարութեան, իսկ ժողովրդավարութիւնը թերի է եւ սահմանափակ` առանց ընկերվարութեան:
Ժողովրդավարութիւնը կը խարսխուի մարդկային ու քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութեանց յարգումին վրայ: Ան օրէնքով կը պաշտպանէ բազմակարծութիւնը, բազմակուսակցականութիւնը եւ խօսքի, խղճի, մամուլի, ստեղծագործութեան ու աշխատանքի լիակատար ազատութիւնը:
***
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համոզումով` ընկերվարութեան ճամբով է, որ մարդկութեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային զարգացումը կ՛օժտուի արդար եւ համերաշխ յարաբերութիւններով:
Ընկերվարութիւնը կը ձգտի, ինչպէս անհատի եւ անոր աշխատանքի ազատագրութեան, նոյնպէս ազգերու – իբրեւ հաւաքական անհատականութիւններ ամբողջական ազատագրութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան եւ անոնց համերաշխ համակեցութեան ու իրաւահաւասար գործակցութեան:
Այս զուգահեռ պայքարները կը մղուին ժողովրդավարական միջոցներով, իսկ ժողովրդավարութեան խափանման պարագային, նաեւ յեղափոխութեամբ:
ՀՅԴ ԾՐԱԳԻՐ
***
ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարական իտէալն է կերտումը հասարակութեան մը, ուր մարդը ազատագրուած ըլլայ ցեղային, կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն տեսակ խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ:
Ընկերվարութիւնը կ՛առաջադրէ ժողովրդավարութեան կիրարկումով ապահովել բոլոր քաղաքացիներու մասնակցութիւնը` ընկերային համերաշխութեան ի խնդիր տնտեսական յարաբերութիւններու կանոնակարգումին:
ՀՅ Դ ԾՐԱԳԻՐ
***
Յարատեւ կռիւ – յաճախ եւ երկար ժամանակ, գուցէ անյաջող` չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին – ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին: Պահպանե՛նք, շարունակենք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով` յարատեւի – ապա դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը: Չշեղուենք այդ ճանապարհից, որ պատճառների եւ հետեւանքների կապակցութեամբ, ունի պատմութեան մէջ հաստատուած օրէնքի ուժ. չշեղուենք այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով:
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
***
Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի յետեւը ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանուէր անձնազոհութեամբ Նա համոզուած է նաեւ, որ եթէ վաղը նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծուի Հայկական դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար` դարձեալ դաշնակցականներն են շարժուելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նուիրաբերելու առաջին լուման – լինի դա չարքաշ աշխատանք, դրամ թէ արիւն – որպէսզի գործը քալէ:
ԱՐՇԱԿ ՋԱՄԱԼԵԱՆ
***
Հայ յեղափոխութիւնը փաստօրէն դարձաւ էապէս հայկական բնաշխարհի գիւղացիութեան, արհեստաւորութեան եւ մանր առեւտրական դասերու շարժումը, որոնց եկան միանալու հայ յեղափոխական մտաւորականութեան նորահաս սերունդները:
ՀՅԴ ԾՐԱԳԻՐ
***
«Դաշնակցութեան մէջ, անհատներից, խմբերից եւ կոմիտէներից սկսած մինչեւ Բիւրօ եւ Պատասխանատու Մարմին, չկայ խնդիր իրաւունքի ու իշխանութեան, այլ միմիայն պատասխանատուութեան ու պարտականութեան, կատարելու կազմակերպութեան որոշումներն ու ընկերների խնդիրները: Պարզ է, քանի անհատը ու այս կամ այն մարմինը աւելի անձնուէր ու արդիւնաւէտ կերպով է կատարել իրա վրայ դրուած պարտականութիւնը, այնքան նա աւելի կը վայելէ ընկերների յարգանքն ու հաւատը, այնքան նա աւելի համապատասխան կը համարուի աւելի լայն շրջանի գործերը տանելու»:
Ս. ԶԱՒԱՐԵԱՆ