Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Նոյեմբեր 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Serob-Axbyur_110515

Ե՛ս, այս սուրբ սեղանի  առջեւ ծունկի իջած` կ՛ուխտեմ, որ` կեանքս զոհեմ հայրենիքիս ազատութեան, որ` անաղարտ պահեմ սուրբ յեղափոխութիւնը, որ` բոլոր կանանց ու օրիորդներուն վերաբերուիմ իբր հարազատ մօր եւ քրոջ, որ` դաւաճանութեան մէջ չխնայեմ իմ հարազատներուս, որ` ազատութեան սուրբ ոգով դաստիարակեմ իմ զաւակներս, որ` եթէ շեղուիմ այս սուրբ ուխտէս, արիւնս հալալ լինի ընկերներուս:

ՍԵՐՈԲ ԱՂԲԻՒՐ

Babken-Syuni2_110515

Դաշնակցութեան հիմնական պայմանը ապակեդրոնացման դրութիւնն է. ամէն կոմիտէ ազատ է իր տեղին մէջ բոլորովին անկախ գործելու… Կոմիտէն հաւաքական մարմին մըն է, որ կը ներկայացնէ իր շրջանի ամբողջ ընկերական կազմակերպութիւնը ու հաւաքական կարծիքը, որը բարձր է ամէն անհատականութենէ, եւ ամէն գործող պարտական է այդ ընդհանուր ձայնին ենթարկուիլ: Դաշնակցականներս աշխատած ենք ժողովուրդին մէջ այսպիսի  գիտակցական վերաբերութիւն ստեղծել դէպի գործը:

ԲԱԲԳԷՆ ՍԻՒՆԻ

 

Bedros-Seremdjian_110515

Զիս բերած են հոս կախելու` իբրեւ յեղափոխական. այո՛, ես յեղափոխական եմ, եւ մի՛ մոռնաք, անմիտներ, որ կը ներկայանամ կախաղանին առջեւ իբրեւ գաղափարի ներկայացուցիչ: Ի՜նչ, գաղափարն ալ կ՛ուզէք կախաղան հանել: Դուք զիս կախեցիք, բայց ի՞նչ պիտի ընէք այն հարիւրները, հազարները, որ պիտի ծնանին այս կախաղանները:

ՊԵՏՐՈՍ ՍԵՐԷՄՃԵԱՆ

 

HrayrTjokhk_110515

Հա՛յ ժողովուրդ, անգութ է Եւրոպան, աւելի արիւնածարաւ է քան մեր դարաւոր ոսոխը, չհաւատաս նրան երբե՛ք: Մեր յոյսը պիտի լինի մեզ վրայ միայն եւ մեռնել սուրբ նպատակին համար: Այդ է միայն մեր փառքն ու պսակը: Րոպէն կրիտիկական է: Հասնիլ պատերազմի դաշտում, օգնել միմեանց, սփոփել իրար – մեր դիակները թող թշնամին գիրկընդխառն տեսնէ: Իսկ դուք, քոյրեր, սիրտ տուէք հայ երիտասարդին, վիրակապ հիւսեցէք ձեր մազերից, որ չաղտոտեն իրան անունն ու պատիւը:

ՀՐԱՅՐ-ԴԺՈԽՔ

 

Khanasor-Vartan_110515

Ես ասում եմ, որ ինքնապաշտպանութիւնը յանձնենք ժողովրդին, որովհետեւ դա յեղափոխական գործ չէ: Ի հարկէ Դաշնակցութիւնը ձեռնպահ չի մնայ, այլ որքան հնարաւոր է կ՛օգնէ, թէ՛ մարդով թէ այլ կերպ: Թող մեր ընկերները չանհանգստանան, թէ ուժը կ՛ընկնի մեր հակառակորդների ձեռքը: Ուր էլ որ դառնան, դարձեալ պիտի ընտրեն դաշնակցականներին, որովհետեւ միակ կուսակցութիւնը, որ կարող է այդ գործը տանել, Դաշնակցութիւնն է:

ԽԱՆԱՍՈՐԻ ՎԱՐԴԱՆ

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125 Դրուագով

18- Հայկական Ազատամարտի ամէնէն խորունկ ծալքերէն մէկն է «Փոթորիկ»-ը, որ ՀՅԴ 2-րդ Ընդհ. ժողովի որոշումով եւ Քրիստափորի անմիջական ղեկավարութեամբ գործադրուեցաւ, մղելու համար հայ մեծահարուստները, որպէսզի առնուազն իրենց նիւթական պարտաւորութեանց տէր կանգնին` Երկրի հայութեան զինման գործին սատար կանգնելով: 1902-ին, այդ նպատակով, Քրիստափոր կ՛անցնի Կովկաս: Բռնի հանգանակութեան առաջին փորձը կը կատարուի Շուշի (Ղարաբաղ), միլիոնատէր Իսահակ Ժամհարեանի նկատմամբ, որ ոստիկանութեան կը մատնէ իրեն դիմողները: Քանի մը ամիս ետք, Մոսկուայի Հայոց եկեղեցւոյ բակին մէջ, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան, Ժամհարեան գետին կը փռուի դաշնակցական ահաբեկիչ Մատթէոսի դաշոյնի հարուածներուն տակ: Այնուհետեւ «Փոթորիկ»-ը կը գործէ շուրջ տարի մը եւս` Կովկասի եւ Ռուսաստանի մեծ կեդրոններուն մէջ: Ունեւոր դասակարգի մեծագոյն մասը ակամայ հետեւեցաւ խոհականութեան ձայնին եւ, մերթ լրիւ, մերթ որոշ սակարկութիւններով, ընթացք տուաւ Դաշնակցութեան պահանջներուն:

19- Իր առաջին քայլերուն մէջ անգամ, Դաշնակցութիւնը հրապարակ իջաւ օսմանեան լուծը թօթափելու ելած ազատատենչ ժողովուրդներու հետ զինակցելու պատրաստակամութեամբ: Յատկապէս պալքանեան ժողովուրդներու ուղղութեամբ շատ ճիգ թափեց ՀՅԴ, յաճախ բախելով պատեհապաշտ մօտեցումներու: Մակեդոնական զինակցութիւնը ունեցաւ, վերջապէս, իր արիւնոտ սրբագործումը կռուի դաշտին վրայ: 1901 թուականի ամառը, Ադրիանապոլսոյ մօտերը տեղի ունեցաւ ճակատամարտ մը, զոր բուռ մը մակեդոնացիներ ու Դաշնակցութեան զինուորներ մղեցին թուրք զօրքին դէմ: ՀՅ Դաշնակցութեան հինաւուրց ու սիրուած կամաւորներէն` Պետրոս Սերէմճեան կը մասնակցէր այդ կռուին, գերի բռնուեցաւ եւ կախաղան բարձրացաւ` յանուն ճնշեալ ժողովուրդներու միասնական պայքարին:

20 1901-ի ամառը, Առաքելոց վանքի մէջ դաշնակցական ֆետայիներու երեք շաբթուան դիմադրութիւնը սեւեռած էր իր վրայ Դուրան-Բարձրաւանդակի բովանդակ հայութեան լարուած ուշադրութիւնը, սիրտ ներշնչելով անոր: Իսկապէս որ մեծ յաղթութիւն մըն էր այդ` յեղափոխականներուն համար: Ժողովուրդը նորէն սկսաւ երգել իր քաջերը, այլեւս չէր մտածեր օրթոտոքս դառնալու մասին եւ իր յոյսն ու հաւատը նորէն ուղղեց դէպի դիմադրական կորովը:

21 1900-ի սկիզբները, ՀՅԴ ցանցը ամրացնելէ ետք Կիլիկիոյ մէջ, Դաշնակցական գործիչները կը կազմակերպեն Խարբերդի, Երզնկայի եւ Արաբկիրի շրջանները:

22 1902-ի վաղ աշնան, Մենակի ջանքերով, բացումը կը կատարուի Երեւան – Խնուս – Սասուն անցման գիծին: Այդ անցքի իրագործման համար, Մենակ ծպտուած կ՛անցնի Բասէնի եւ Խնուսի շրջանները, իբր գիւղացի` քանի մը անգամ Սասուն կը հասնի եւ կատարեալ «վալադ» կը դառնայ: Անոր ցուցմունքներով` «Մրրիկ» խումբը անվտանգ Սասուն կը հասնի:

Նախորդը

Ինչ Որ Ցանես, Այն Կը Հնձես

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան 125-Ամեակի Տօնակատարութիւն 4 Դեկտեմբեր 2015

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?