Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԳՈՀԱՐ-ի Կռունկներուն Երամը Անցաւ Այստեղէն Մեծ Հպարտութեամբ

Նոյեմբեր 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

12191028_10153691704259183_6335660599540578041_n

Համերգը արդէն վերջ է գտած… սակայն տակաւին աչքերուս առջեւ է երաժշտասէր խանդավառ  հայորդիներուն աղաղակող ու բարբառող ուրախութիւնը, ականջներուս մէջ են նոյն այդ հասարակութեան փաղաքշական արտայայտութիւնները, որոնք բառ առ բառ, նախադասութիւն առ նախադասութիւն կը հնչեն բարձր ուժգնութեամբ մինչեւ այս պահը.

– Հոյակա՜պ… սքանչելի՜… փառաւո՜ր… առինքնո՜ղ… թովի՜չ… գրաւի՜չ… հրապուրո՜ղ… արտակարգօրէն գեղեցի՜կ, որ գերազանցեց ակնկալիքները…

Լսելէ, ներքնապէս ապրելէ ու խանդավառուելէ ետք երգասէր ու երաժշտասէր լիբանանահայութեան տրամադրութիւն շոյող բացագանչութիւնները, ա՛լ ինչպէ՞ս չխանդավառուին ու չգինովնան մեր հայրենակարօտ ու հայրենասէր համեստ հոգիները ու չհպարտանան, երբ սիրտեր կը լայննան իրենց մէջ ընդունելու համար մօտ երկու հարիւր արուեստագէտներ, երգիչ-երգչուհիներ, պարող-պարուհիներ, նուագող-նուագողուհիներ, ու մանաւանդ` փորձառու եւ արհեստավարժ գեղարուեստական բացառիկ ղեկավարուհի մը` Նատալի Գալստեանը, որ թեւ ու թռիչք տուաւ հայրենի կռունկներուն, որոնք ինքնավստահօրէն թեւածելէ ու ճախրելէ ետք լիբանանեան երկնակամարին վրայ, իջան ցած, եկան ու ամենայն թովչութեամբ  հրամցուցին կեանք ու արեւ, թարմութիւն ու ջերմութիւն, առաւել` հայրենասիրական բարձր ոգի ու խորունկ ապրում:

Անոնք անսալով կարծես բանաստեղծի խօսքին,  թէ «Գնա՛, կռունկ, երկրէ երկիր»… անցնելով ներկայ Հայաստանէն մինչեւ Պատմական Հայաստան ու Կիլիկիա, իրենց շրթունքներուն վրայ բերին թարմ կարօտ ու սէր` մեծ կախարդանքով, իրականացնելով Խաչատուրեան եղբայրներու, մանաւանդ Յարութ Խաչատուրեանի գոհարացոլ գաղափարը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ եզակի ու բացառիկ խանդաղակաթ երեւոյթ մը ցանելու համար սփիւռքի հայահոծ գաղութ Լիբանանի մէջ ապրող ու շնչող հայերուն, ԳՈՀԱՐ-ի գեղգեղանքն ու դայլայլքը հասցնելու համար իւրաքանչիւր հայուն, նոյնիսկ` հայու տուն, շառաչուն ապտակ մը տալով դարաւոր ոսոխին, թէ`

– Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք, չենք վախի…

Այո՛… ԳՈՀԱՐ-ի կռունկներուն երամը անցաւ այստեղէն, բայց անոնք անցան իրագործելէ ետք գետնի վրայ ցնցո՛ղ երկրաշարժ, իսկ հոգիներու մէջ` տեսանելի հոգեշարժ: Արդեօք կա՞ր ասկէ աւելի խօսուն, աւելի ցցուն ու ապրում եւ զգացում շոյող հոգեվիճակ, երբ իւրաքանչիւր ներկայ, մեծ թէ փոքր, հիացական ապրումներով անգամի մը համար եւս տոգորուեցաւ հայկականութեամբ` գնահատելով ԳՈՀԱՐ-ի գոհարափայլ վարդենիկ ելոյթները… չորս օրեր շարունակ, 100-ամեակի կապակցութեամբ հրամցնելով 100 երգ` հայրենաշո՜ւնչ, հայրենաբո՜յր, հայրենակարօ՜տ, հայրենաբա՜ղձ, սիրակարօ՜տ ու ըղձակաթ:

12188950_10153691706029183_3845918875530599385_n

Կասկած չկայ, որ իւրաքանչիւր ներկայ կախարդուած հայորդի, հմայուած, մոգական երազէ մը նոր արթնցած վերադարձաւ տուն` Նատալի Գալստեանի ճպոտին տակ ունկնդրելէ ու ըմբոշխնելէ ետք մերթ երազկոտ, մերթ խորհրդաւոր, մերթ ցասկոտ, մերթ սիրավառ, մերթ կաթոգին ու խանդակաթ երգ ու մեղեդի, պար ու դիւթանք: Այլ խօսքով, փորձառու ու արհեստավարժ խմբավարուհիին ճպոտը, որ ամէն գիշեր երեքական ժամ հրապուրեց խանդավառ հանդիսատեսը, աւարտին` գրաւեց լիբանանահայութեան հայրենակարօտ հոգիները, եւ այդ պահուն դարձեալ լսելի դարձաւ բանաստեղծին խօսքը, թէ` «Բեր մեր հայոց պանդուխտներին… ու ետ դարձիր, բարով դառնաս…»:

Այո՛, համերգը արդէն վերջացած է, սակայն անոր պատճառած հմայքը, կախարդական դիւթանքը, մոգական թովչանքը, ստեղծած խանդն ու աւիւնը, կիրքն ու ոգեւորութիւնը, ոգեշնչելէ ետք ներկաներն ու հեռատեսիլի միջոցով ուրախութեան արցունք թափող հայորդիները, միտքերու եւ հոգիներու մէջ պիտի մնայ արձանագրուած շարժուն անտառ, որ չունեցաւ ո՛չ սահման, ո՛չ ալ պատնէշ, Պէյրութէն անցնելով մինչեւ Կիլիկիա, մինչեւ Արեւմտեան Հայաստան եւ մինչեւ Հայաստան ու ազատագրուած Արցախ:

Հայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ սքանչելի խորհուրդ մը, արդարեւ, ուր հայ զուլալ երգն ու երաժշտութիւնը որպէս սուր ու զէնք ոգեշնչեց, գօտեպնդեց, բոցավառեց ու խանդավառեց, նոր ներշնչում, նոր հաւատք` ապագայի հանդէպ նոր տեսիլք ու վստահութիւն ցանելով բոլորի սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, տալով թեւ ու թռիչք, սիրտ ու կամք, նոր աւիւն ու կրքոտ պահանջ, յիշեցնելով, թէ «կա՛նք ու պիտի լինենք» եւ տէ՛ր ենք մեր անժամանցելի Դատին եւ մեր իրաւունքներուն:

ԳՈՀԱՐ-ի գոհարափայլ չորս երեկոները յաղթական գիշերներու տեսանելի ու շօշափելի խորհուրդ մը ունէին իրենց մէջ, որոնք իրենց բոցավառող տպաւորութեամբ պիտի յիշուին երկար` հայը կապելով իր ինքնութեան, պատմութեան ու պատկանելիութեան:

ԳՈՀԱՐ-ի կռունկները վաղը յաղթականօրէն կը դառնան իրենց բոյնը` գրաւելէ ետք հազարաւորներու սիրտ ու հոգի, մինչ հոս, մեր այտերուն վրայ կը յամենան ուրախութեան արցունքներ: Այո՛… ԳՈՀԱՐ-ի երամը անցաւ այստեղէն…

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ֆաթիհ Աքընի Մնացորդացը

Յաջորդը

Մտորումներ` ԳՈՀԱՐ Երաժշտախումբի Համերգաշարի Աւարտին

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?