Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ` ԳՈՀԱՐ Երաժշտախումբի Համերգաշարի Աւարտին

Նոյեմբեր 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

12190883_10153691711744183_4443505340155392458_n

Անցնող շաբաթավերջը ապահովաբար յիշարժան պիտի մնայ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ` շնորհիւ Գիւմրիի ԳՈՀԱՐ երաժշտախումբին պարգեւած երաժշտական մեծ ու որակեալ մատուցումին:

Իսկ հիմա, երբ երաժշտական որակական չափանիշներու յարգումով, կազմակերպական նշանակալից ու օրինակելի մտայղացմամբ ու իրագործումով, մատուցման ձեւի բծախնդիր ու նորարար արտայայտութեամբ զարդարուն համերգաշարը հասաւ իր աւարտին ու հայրենի երգիչներն ու նուագածուները իրենց կարգին իրենք ալ անմոռանալի յուշերով  ու նոր ոգեւորութեամբ վերադարձան հայրենիք` քանի մը մտորումներ կ՛արժէ առանձնացնել:

10468359_10153682716699183_6057470156520640609_n

Ա. ԳՈՀԱՐ-ի լիբանանեան յաղթարշաւը եկաւ ժխտելու վերջին ժամանակներուն ձեւաւորուած անարմատ այն տեսակէտը, որ նոր սերունդը տարուած է մեր տուները անարգել կերպով ներխուժած օտարամուտ ազդեցութեամբ, անդէմ ու անսնունդ ժամանցային երգերով միայն: Ամէն ժամանակաշրջան իր հանրամատչելի երգերը ունի անկասկած, որոնցմով մարդիկ կ՛ապրին ու կ՛ոգեւորուին, սակայն այդ երգերէն շատերը շուտով կը կորսնցնեն իրենց ժողովրդականութիւնն ու հմայքը եւ կը դատապարտուին մոռացութեան: Կը մնան միայն վաւերական արժէք ներկայացնողները, որոնց նմաններով ալ կազմուած էր չորս օրերու համերգային երգացանկը: ԳՈՀԱՐ-ի համերգներուն ծովածաւալ ներկայութիւնն ու հայրենի հեռատեսիլին առջեւ գամուած հոծ բազմութիւնը անգամ մը եւս շեշտակի կերպով հաստատեց, որ հայ երգը իր դիրքերը չի՛ զիջիր ժամանակի ալաթուրքա թէ ալաֆրանկա  ապազգային ազդեցութիւններուն  ու, առաւել եւս, հայ երիտասարդը չի՛ լքեր հայ երգը եւ դէպի անոր ոգեղէն, հարուստ, խորախորհուրդ ու անսահման տարածութիւնները առաջնորդուելու պարագային, կրնայ նորոգել իր ինքնութիւնն ու հպարտանալ անով:

Բ. Ակներեւ եղաւ ԳՈՀԱՐ-ի` բոլոր ճաշակները գոհացնող եւ հայ երգի գրեթէ բոլոր բնագաւառները ընդգրկող լայն երգացանկը, եւ ինչ որ աւելի կարեւոր ու արժէքաւոր է, հայ հնադարեան թէ ժամանակակից երգերը մատուցուեցան արհեստավարժ մարդոց կողմէ մշակուած ու նուագագրուած նոր տարազով մը, ինչ որ ԳՈՀԱՐ-ի երաժշտական ձեռագիրը կը դարձնէ առաւել իւրայատուկ ու բազմաբովանդակ: Հայ դասական երգերէն մինչեւ ժողովրդական, գուսանա-աշուղական, հայրենասիրական թէ էսթրատային ժամանակակից երգերու մատուցումը կը կրէր բարձր ճաշակի ու հմտութեան դրոշմ մը:

11254031_10153691719394183_365452401515664238_n

Գ. Գէթ անգամուան մը համար հայ երգին տրուեցաւ լսատեսողական արդի հնարքներով յագեցած բազմաշռայլ մատուցման մը արդար իրաւունքը: Արհեստագիտութեան բարիքներով ողողուն մեծաթիւ համերգային շոուեր շատ կան  տարբեր երկիրներու մէջ: Արհեստագիտութիւնը շատ յաճախ կրնայ անճաշակ ու ցած որակի երգերուն տալ որակական յատկանիշներով օժտուած ըլլալու խաբկանքը: Իսկ հայ երգը ինքնին այնքան գեղեցիկ է, որ ունկնդիրը իրմով առինքնելու համար  թէեւ կարիք չունի յաւելեալ պերճանքի, սակայն ո՞րն է լուսառատ ու գունեղ նոր պարունակի մը մէջ չներկայացուելու իր մեղքը… այս պարագային բարձր ճաշակով ու բծախնդիր մօտեցումով մշակուած եւ իրագործուած այս համերգաշարին բեմական արդի արտայայտութիւնը նոյնպէս աննախընթաց է ու բարձրօրէն գնահատելի:

Դ. Եւ ի վերջոյ չմոռնանք, որ ԳՈՀԱՐ կու գայ Գիւմրիէն: Գիւմրին, որ մեր արդի պատմութեան ոչ հեռաւոր անցեալին աղէտալի կացութեան մէջ էր, ահաւասիկ ԳՈՀԱՐ-ի ճամբով աշխարհէ աշխարհ կը ներկայանայ լաւատեսական պայծառ ներշնչականութեամբ: Արդարեւ, անգամ մը եւս արդիւնաւորուեցաւ ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադիրներուն ու հովանաւորներուն ճի՛շդ ժամանակին, ճի՛շդ վայրին մէջ կատարած նախաձեռնութիւնը: Շուշիին  նման` Գիւմրին ալ վերջին քանի մը տարիներուն  դեռ նոր վերագտաւ ներկայանալի իր բարետեսութիւնը: Ենթադրելի է, որ ԳՈՀԱՐ-ի անդամներէն շատերը կա՛մ տեսած ու ապրած են երկրաշարժի աղէտին արհաւիրքը եւ կա՛մ ալ իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ապրած են կիսաքանդ քաղաքի աւերակներուն շուրջ…  Իսկ անոնք Լիբանան եկան ու մեզի ներշնչեցին լաւատեսութիւն, հայրենասիրութիւն, տոկունութիւն, ազգային վաւերական արժէքներու կառչածութիւն…  Արդէն ակներեւ փաստ ու ձեռքբերում է այն, որ աւելի քան հարիւր վաթսուն երաժիշտներ իրենց սիրելի հայրենի քաղաքին մէջ կ՛ապրին ու կ՛արարեն իրենց սիրելի մասնագիտութեամբ` երաժշտութեամբ: Արդէն ակներեւ նշանակալից երեւոյթ է, որ Գիւմրիի նոյնանուն ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցի երիտասարդ սաները կու գան համալրելու ԳՈՀԱՐ-ի շարքերը…

 

Նախորդը

ԳՈՀԱՐ-ի Կռունկներուն Երամը Անցաւ Այստեղէն Մեծ Հպարտութեամբ

Յաջորդը

Քիւրտ Մեծցած, Բռնի Թրքացած, Այժմ Հայ Կոչուող

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?