Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ֆաթիհ Աքընի Մնացորդացը

Նոյեմբեր 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

IMG_1_110615

Գերմանական ժապաւէններու շաբթուան ընթացքին «Ամփիր Սոֆիլ»-ի զոյգ սրահները սեպտեմբեր 27-ին ցուցադրեցին Ֆաթիհ Աքընի «Տը քաթ» ժապաւէնը (2014, 138 վ): Ելոյթը աւելի քան 20 վայրկեան ուշացաւ, որովհետեւ տոմսարկղի առջեւ սպասող շարքը հասած էր փողոց: Պարզ է, որ ստեղծուած էր մեծ հետաքրքրութիւն: Անձնապէս ստացած էի ծանուցողական ե-նամակ մը: Ներկաներուն թիւը կարելի է բաղդատել Վենետիկի փառատօնի ցուցադրութեան (շուրջ 2 հազար): Պէյրութի շարժապատկերասէրներու մեծ տոկոսը ծանօթացաւ Եղեռնը որպէս բներգ ունեցող թրքական ժապաւէնին: Այս անսովոր երեւոյթին ի տես` հարկ կը տեսնեմ կրկին անդրադառնալ: Դիպաշարը զանց պիտի առնեմ` ենթադրելով, որ ընթերցողը որոշ չափով ծանօթ է անոր: (Տես «Ազդակ», 7 յուլիս 2015):

Նախ շեշտեմ, որ Աքըն առաջին թուրք բեմադրիչն է, որ (ըստ կարգի) ցոյց կու տայ Եղեռնը եւ անոր հետեւանքները: Ժապաւէնին վերնագիրը խօսուն է անգլերէն լեզուով: «Տը քաթ»-ը կ’ակնարկէ ե՛ւ հատումի գործողութեան, ե՛ւ անոր թողած հետեւանքներուն: Սպին խորհրդանշական է, կ’ակնարկէ հոգեկան խոցին: Դիպուկ է նաեւ թրքական վերնագիրը` «Քեսիք», որ կրնայ նշանակել` պոկուած, խաթարուած, ինչպէս եւ (անշուշտ)` մորթուած: Բայց` ոչ «սպի»: Հայաստանի մէջ կը նախընտրեն «Հատում» վերնագիրը:

Առաջին քառասուն վայրկեանները ցոյց կու տան տեղահանութեան, կողոպուտի, բռնաբարութեան եւ սպանդի ահաւոր տեսարաններ: Յաջորդ մէկուկէս ժամը ցոյց կու տայ լռութեան դատապարտուած հօր յամառ երթը կիզիչ անապատէն մինչեւ սառցապատ Հիւսիսային Տաքոթա: Իր հողին վրայ «ատաթ»-ով ապրող դարբինը կը վերածուի թափառական սփիւռքահայու: Հողազուրկ եւ ձայնազուրկ հայրը կը գոյատեւէ շնորհիւ իր աննկուն կամքին:

Ֆաթիհ Աքըն խաղաղապաշտ մըն է: «Ալթեազը» (ենթագիր, 05/12/2014) ամսագիրի թղթակցին կ’ըսէ, թէ կ’ուզէ մեղմել առկայ զայրոյթը: Ինքզինք կը տեսնէ թուրքի ա՛յն տիպարին մէջ, որ Նազարէթի կոկորդը խոցելէ ետք փրկեց անոր կեանքը, ներողութիւն խնդրեց եւ տուաւ իր հագած մոյկերը, որպէսզի կարենայ քալել անապատին մէջ:

Ժապաւէնին մօտեցումը խնդրայարոյց է, որովհետեւ Աքըն ուզած է իր ուղերձը ընկալելի դարձնել ե՛ւ հայերուն, ե՛ւ թուրքերուն, ե՛ւ այլոց: Աքընի նախորդ ժապաւէնները  (յատկապէս «Հետ ան» եւ «Տի էտճ աֆ Հեւըն », որոնք «Տը քաթ»-ին հետ կը կազմեն եռերգութիւն մը), եղած են պարկեշտ եւ նոյնպէս արծարծած են ցաւոտ հարցեր: Ֆաթիհ Աքըն կ’ապրի Գերմանիա: 1998-2010 շրջանին ստացած է 14 (գլխաւորաբար գերմանական) մրցանակներ:

Գեղարուեստական.-  Ժապաւէնը իր կառոյցով հակաոդիսական մըն է: Ոդիսեւս բազմաթիւ աղէտալի փորձութիւններէ ետք կը վերադառնայ աշխարհագրական սկզբնակէտին (Իթաքա): Բայց ինք այլեւս ա՛յլ մարդ է(1): Նազարէթ նոյնպէս կը դիմագրաւէ բազմաթիւ աղէտալի փորձութիւններ: Բայց երեք ցամաքամասեր անցնելէ ետք ցոյց չի տար նկատելի զարգացում: Այս կրնայ ակնարկութիւն ըլլալ սփիւռքահայուն կարծրատիպի: Յիշենք, որ Նազարէթ գրեթէ անդիմագիծ է, ուրեմն եւ` ատակ ընդհանրացումի:

IMG_2_110615

Աքըն փորձած է նկարել մեծ պաստառի վրայ:  Յատկապէս` ժապաւէնին առաջին մասին մէջ: Գործածած է լայն անկիւնի (wide angle) ոսպնեակ եւ դեղնաւուն ֆիլթըրներ: Մակերեսները անփայլ են (matte): Քատրերը այսպիսով կը թողուն հարթ, երկու տարածաչափային  (2D) համայնապատկերի տպաւորութիւն: Իմա` վաւերագրականի պատրանք:

Տեսարանները «ճակատային» են: Արիւնը կը ժայթքէ դէպի քամերան, այսինքն` հանդիսատեսը:

IMG_3_110615

Տարագիրներու ճամբարը կը յիշեցնէ 16-րդ դարու հոլանտացի նկարիչ Պրուկըլի (աւագ) կարգ մը դժոխային գորշ պաստառները:  Հայեր (2) այդտեղ կրնան տեսնել ծանուցողական, քարոզչական արժէք: Բայց Արեւմուտքի մէջ մօտեցումը քննադատուած է, որակուած`   «գեղջկական», այսինքն` պարզամիտ եւ անտաշ:

Անապատի տեսարաններուն մէջ Աքընի «Նազովրեցի»-ն կարելի է բաղդատել Ռ. Կարսիյայի Յիսուսին, իր «Անապատի վերջին  օրերը» ժապաւէնին մէջ: Ի դէպ, այդտեղ նոյն դերասանը Ի. ՄըքԿրեկոր մարմնաւորած է ե՛ւ փրկիչ Յիսուսը, ե՛ւ զինք փորձող դեւը, չարը: Երկուութիւն մը, որ կը համընկնի Աքընի աշխարհահայեացքին:

IMG_4_110615

Աքընի այլ պատկերներուն նախապէս անդրադարձած եմ: Պէտք է դիտել տալ, որ Աքըն, ինչպէս շարք մը այլ անուանի բեմադրիչներ, չունի ճանաչելի, մնայուն, ինքնատիպ, պատկերաւոր լեզու: Կ’ըսէ, թէ ինք յարատեւ փնտռտուքի մէջ է:

Կարգ մը այլաբանական պատկերներ կարելի չէ աներկբայ մեկնաբանել: Ինչո՞ւ, օրինակ,  արաբը կը շինէր օճառ, որ պիտի ծառայէր լուալու թուրք զինուորը (իմա՛ անոր արիւնոտ ձեռքերը): Ինչո՞ւ Նազարէթ պիտի սրէր դանակներ, որոնք կրնային ծառայել հայու վիզեր կտրելու:

Կան նաեւ հաշտարար պատկերներ: Նազարէթ չի միանար այն արաբ ամբոխին, որ կը ծանակէր եւ կը քարկոծէր թուրք ընտանիքները, որոնք կը լքէին Հալէպը (3): Նազարէթ ոխ չունի հասարակ թուրքերու հանդէպ: Զգացապաշտ քատրի մը մէջ կը տեսնենք արիւնլուայ անմեղ, սիրուն թուրք տղեկի աչքերը` ուղղուած Նազարէթին: Իմա` մեզի:

IMG_5_110615

Աքըն լայն տեղ տուած է երազներու եւ տեսիլներու: Արհաւիրքի եւ կորուստի պատճառած մղձաւանջը կը հալածէ Նազարէթը: Հոգեկան այս խոցը (քիչ մը չափազանց) հասկնալի է: Այստեղ կը տեսնենք իր սիրելի կնոջ տժգոյն ուրուականը` որպէս խորհրդանիշ կորուստի: Խորհրդանշական են նաեւ տեսիլները: Երբ Նազարէթ ուժասպառ կ’իյնայ անապատին մէջ, եւ կամ խոշտանգուած կ’երկարի երկաթուղիի գծին վրայ (մահացու վտանգ) իր հրեշտականման դուստրերը կը յայտնուին եւ զինք կը մղեն կրկին ոտքի կանգնելու (տես կողքի նկարը): Հազիւ թէ կարիք կայ պարզամիտ այդ պատկերները վերծանելու: Նկատել, որ Հիւսիսային Ամերիկայի սառցապատ ամայութիւնը որոշ նմանութիւն ունի սուրիական աւազապատ տափաստանին:

Խորհրդանշական էր նաեւ կարմրամորթ կնոջ լլկանքը եւ բռնաբարութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդները ենթարկուած են ֆիզիքական եւ մշակութային ցեղասպանութիւն: Հատուկենտ մնացորդները դարձած են երկրորդ կարգի քաղաքացիներ, որոնք այժմ ինքնութեան փնտռտուքի մէջ են: Զուգահեռը յստակ է:

Երաժշտութիւն.- Ֆաթիհ Աքըն կ’ըսէ, թէ գործածած է հեւի մեթըլ երաժշտութիւն, որովհետեւ իր պատումի նիւթը  ինքնին «Heavy Metal» է: Գլխաւորաբար ելեկտրոնային  կիթառի (ուրկէ եւ անուանումը) հիմնուած աղմկոտ այս երաժշտութիւնը ռոքի այն ճիւղն է, որով բողոքը եւ զայրոյթը կը ստանան սեւ բնոյթ եւ կը հասնին մինչեւ սատանայի պաշտամունք (4): Ժապաւէնին մէջ ելեկտրոնային արեւմտեան այս երաժշտութիւնը յատկապէս աղմկոտ է սուրիական անապատին մէջ: Խուժադուժ լարերը աններդաշնակ կը պայթին, երբ տօթահար եւ ուժասպառ Նազարէթ ջրհորին մէջ, փոխան կենարար ջուրի, կը գտնէ կապտած դիակներ:

Անապատին մէջ կը լսուին նաեւ հանրայայտ «Ճիսըս Քրայսթ սուփըրսթար» ռոք օփերայի հնչիւնները` շեշտելով վերը յիշուած նմանութիւնը Նազարէթի եւ Նազովրեցիի միջեւ: Յիշենք, որ այդ օփերայի Յիսուսը չունի աստուածային բնոյթ: Աքընի պատկերամարտ (iconoclast) հակումը կը տեսնենք նաեւ անապատի այն պատկերին մէջ, ուր Նազարէթ իր զայրոյթը կ՛ուղղէ դէպի երկինք, որ անտարբեր կը դիտէ անասելի ոճիրները:

Ժապաւէնին մէջ կը կրկնուի Նազարէթի կնոջ`  Ռաքէլի օրօրը, անշուշտ` ռոք մշակումով: Այդ նոյնիսկ կը ստանայ բներգի հանգամանք: Այստեղ կարելի է նկատել, որ Ռաքէլ Ս. Գրային անուն է: Լաբանի դուստր Ռաքէլ Յակոբի առաջին կինն էր: Այդ Հին Կտակարանի առաջին կանացի անունն է, որուն իմաստը յստակ է: Կը նշանակէ` «մաքի», իմա` անմեղ գեղեցկութիւն: Իսկ թէ ինչո՛ւ Աքըն ընտրած է եբրայական անուն, կը մնայ մեկնաբանելի:

Լեզու եւ խաղարկութիւն.- Աքընի հայ տիպարները կը խօսին անգլերէն, մինչ միւսները` իրենց մայրենիով: Այս ընտրանքը շատերու կողմէ քննադատուած է իր յարուցած քաղաքական մեկնաբանութեան  համար: Բացի այդ, թարգմանութիւնը չէ յաջողած պահել լեզուի համն ու հոտը: Ցաւօք, ժապաւէնին հայերէն կրկնօրինակումը կատարեալ աղէտ մըն է: Կը յիշեցնէ դպրոցական հանդէսներու ընթացքին հապճեպ թխուած տրամախօսութիւններու լեզուն եւ առոգանութիւնը: Ընթերցողը կրնայ հայերէն դասական գործ մը «կուկլել» օտար լեզուի մը, «վերակուկլել» հայերէնի եւ բաղդատել` բնագիրին հետ: Արդիւնքը մօտաւորապէս նոյնն է: Այս իրագործումի վարկը կը պատկանի ֆրանսահայ դերասան Ժերալտ Փափազեանի: Փափազեան թարգմանած է նաեւ Թումանեանի «Անուշ»-ը…

Հարկ է նշել, որ համր Նազարէթը մարմնաւորող դերասան Թ. Ռահիմ արտակարգ  ձիրք եւ «ականջ» ունի օտար լեզուներ եւ առոգանութիւններ (աքսընթ) սորվելու: Այդ հիանալիօրէն ցոյց տուած է Ժաք Օտիարտի  «Է Փրոֆիթ» (2009), «Քեվին Մըքտոնըլտ»-ի, «Տի  Իկըլ» (2011) ժապաւէններուն մէջ եւ այլուր: Ռահիմ շատ լաւ կը «խօսի» նաեւ իր մարմնով:

IMG_6_110615

Փոքր դերեր վերցուցած են (ի հարկէ) Արսինէ Խանճեանն ու Սիմոն Աբգարեանը: Երկու հայ դերասանները, ցաւօք, վերածուած են հայկական բներգով ժապաւէններու «պրենտ» բաղադրիչներու: Հոլիվուտի մէջ կային դերասաններ (Ճոն Ուէյն, Ճէյմս Քակնի եւ այլք), որոնք նոյնացած էին որոշ տիպարներու հետ: Նման մօտեցումի քարոզչական օգտաւէտութեան արժեւորումը կը թողնում ընթերցողին:

Սափրիչի դեր կատարող Գէորգ Մալիքեան ծանօթ է որպէս Ճորճ Լուքասի «Ինտիանա Ճոնզ» (1989) ժապաւէնին մէջ  գաղտնի եղբայրութեան անդամ Քազիմը:

Ժապաւէնի խաղարկութիւնը առհասարակ տժգոյն է:

IMG_7_110615Աքընի Հայեցակարգը.- Աքըն կ’ըսէ, թէ իր ներշնչումը ստացած է Հրանդ Տինքի գրած յօդուածներէն մէկուն մէջ յիշուած «Մողէզ Ապտուլլահ» պատմուածքէն (5): Մողէզը այն արհամարհուած, վախկոտ սողունն է, որ կ’ապրի քարերու արանքը, նեղ ճեղքերու մէջ: Այսինքն` նոյնինքն Տինք, որ անդադար վախի մթնոլորտի վերացման, միատեղ գոյակցութեան կոչեր կ’ուղղէր: Նման մտահոգութիւն կը տեսնենք Աքընի մօտ: Աքըն թուրք մըն է, որ կ’ապրի Գերմանիա: Երկիր մը, ուր ուժեղ է այլամերժութիւնը ու գերակայութեան զգացումը: Աքըն կ’ըսէ, թէ ինք գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պատկանիլ ստորադաս փոքրամասնութեան մը: Ան յատկապէս կ’ուզէ վերացնել ոխը եւ վրէժխնդրութեան մղումը: Այս անհրաժեշտ է երկխօսութիւն սկսելու համար:

Աքըն կ’ընդունի, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն է: Բայց կը գիտակցի, որ թուրք հանրային կարծիքը պատրաստ չէ այդ ընդունելու:  Պարզ է, որ փորձած է չգրգռել թուրք ազգայնական զգացումները: Կ’ըսէ, թէ ժապաւէնը արուեստի գործ մըն է: Որպէս այդ` պարտաւոր չէ քաղաքական վերլուծումներ կատարել եւ լուծումներ առաջարկել: Կը փորձէ թուրք հանդիսատեսը մղել իր ապրած երկրին պատմութիւնը աւելի լաւ հասկնալու եւ ստանձնելու, հրաժարելու ջայլամի քաղաքականութենէն:

Թարգմանիչ – բեմագիրը Իրաքէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած պարսկահայ Մարտիկ Մարթինն է (1936- ): Մարթին «Ռեյճինկ Պուլ» (1980) ժապաւէնէն ետք միայն մէկ բեմագրութիւն գրած է: Կ’ըսէ, թէ իր ներդրումը գլխաւորաբար եղած է  արհեստագիտական: Կը մէջբերեմ.  «Իմ հիմնական աշխատանքը կայանում էր պատմութիւնն աւելի պարզ, կինոգենիկ  (շարժապատկերածի՞ն) դարձնելու մէջ… Նաեւ մեծապէս վերափոխեցի ժապաւէնի երրորդ մասը եւ ստացուեց այն, ինչ դուք կը տեսնէք էքրանին»: Ինծի համար յստակ չէ, թէ ո՞րն էր ժապաւէնին «երրորդ մասը»: Տպաւորութիւնս այն է, որ հայ բեմագիրը դեր չէ ունեցած ժապաւէնին ասքը յղանալու մէջ: Աքընի մօտեցումը բնազանցական է: Հարցը կը տեսնէ որպէս չարի ու բարիի պայքար: Կը հաւատայ, որ երկուքը մաս կը կազմեն «մարդկային բնութեան»: Կ’ըսէ, թէ մենք կրնանք ըլլալ մեր «դիւահանները», չարը արտաքսել մեր ներսէն: Մենք կրնանք բուժել անցեալի «սպիները»: Բարի՛: Քաղաքական գետնի վրայ, սակայն,  այս մօտեցումը կը տանի դէպի թոյր ու դերի կողմնորոշումներու:

Ժապաւէնը կը սկսի «Մէկ գիշերուան ընթացքին օսմանցին փոքրամասնութիւնները թշնամի յայտարարեց» խօսքով: Նախ` որ այդ դրոյթը պատմականօրէն սխալ է: Ինչպէս նախապէս նշած էի, ջարդերը եւ հայաթափումը պետական քաղաքականութիւն էին Եղեռնէն տասնամեակներ առաջ: Համիտիյէ վայրագ գունդերը կազմուած էին 1890-91 թուականներուն: Իթթիհատականներ իրենց ոճրային մտադրութիւնը Սելանիկի համագումարին մէջ բացայայտօրէն ցոյց տուած էին 1911-ին:  Էնվեր փաշա անմիջապէս սկսած էր կազմել տխրահռչակ «Թեշքիլաթ-ի մահսուսա» ուժերը: Իսկ ինչպէ՞ս կը բացատրէ Աքըն այս «յեղակարծ» իրադարձութիւնը: Արդեօք դեւերը «մէկ գիշերուան ընթացքին» բոլոր երիտթուրքերու հոգիներէն ներս համանուագ յաղթանա՞կ արձանագրեցին: Այո՛, Աքընի ժապաւէնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ տեղահանութիւնը եւ պարտադիր կրօնափոխութիւնը ծրագրուած եւ գործադրուած են պետական մակարդակի վրայ: Սակայն քեմալական Թուրքիան երբեք չէ ուրացած «թեհճիր»-ը: Թրքական Հանրապետութիւնը յայտարարութենէն ետք նոյնիսկ տեղի ունեցած են «պատերազմական ոճրագործ»-ներու դատավարութիւններ եւ մահապատիժներ: (Որոնք, ի դէպ,  ծառայեցին Մուսթաֆա Քեմալի քաղաքական մրցակիցները վերացնելու եւ անոր վարկը բարձրացնելու):

IMG_8_110615

Ոճրային արարքները, կողոպուտ, բռնաբարութիւն եւ սպանդ` կը կատարուին ոչ թէ թուրք բանակայիններու, այլ աւազակախումբերու կողմէ: Ոճրագործներու հագուկապը կը յիշեցնէ Համիտիյէն, որ կազմուած էր արեւելեան շրջանի ցեղախումբերէն: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ Համիտիյէ քիւրտ հրամանատար Հայտարանլը Քէօր Հուսէյնը, ժապաւէնի նկարահանումէն մանրամասնութիւն մը, եւ թուրք զինուորներ` 1914-ին Հալէպի մէջ: Ակնբախ է, որ ժապաւէնին ներկայացուցած ոճրագործները ոչ թէ թուրք բանակայիններ են, այլ պատեհապաշտ քիւրտեր:

Հարկ է նշել, որ գործնապաշտ նկատառումներու վրայ հիմնուելով` իսկապէս որ ջարդարարութիւնն ու ոճրային այլ արարքները կարելի չէ վստահիլ կանոնաւոր բանակայիններու: Նացիները այս նպատակով կազմած էին յատուկ ջոկատներ (Einsatzgruppen): Օսմանեան պետութեան անկման շրջանին, յատկապէս` Համաշխարհային Ա. պատերազմի  ընթացքին, բանակին մէջ կը տիրէր համատարած դժգոհութիւն: Աքըն ցոյց կու տայ դասալիքներէ կազմուած աւազակախումբ մը: Կ’ենթադրուի, որ 1915-ին կային ոչ նուազ քան երեք հարիւր հազար դասալիքներ (7): Պատերազմի ընթացքին դասալիքներ կ’ենթարկուին մահապատիժի: Աքըն այստեղ կ’ակնարկէ թրքական ցաւի մը: Թուրք դասալիքներու շուրջ կան տպաւորիչ բանաստեղծութիւններ եւ ժողովրդական երգեր (8):

Ժապաւէնին մէջ մենք չենք հանդիպիր որեւէ բարձրաստիճան օսմանցի իշխանաւորի կամ զինուորականի: Աքըն միայն անուղղակի ձեւով ցոյց կու տայ, որ ոճիրները կը կատարուին կարգ մը պաշտօնատարներու թոյլատուութեամբ եւ մեղսակցութեամբ: Ձիաւոր զապթիէ մը, օրինակ,  հանդարտ կը դիտէ հայ մօր մը բռնաբարութիւնը: «Ամէլէ թապուր»-ը (գործաւոր ջոկատ) հսկող թուրք զինուորները յանկարծ կ’անհետանան եւ անոնց փոխարէն կը յայտնուի անկանոն (պաշիպոզուք)  ոճրագործներու խումբ մը, որ կը մորթէ եւ կը կողոպտէ «զինուորագրուած» հայ երիտասարդները (որոնց շարքին էր Նազարէթ): Այս մօտեցումը համահունչ է պաշտօնական ասքին: Թուրքիա կ’ընդունի, որ պատահած են պատերազմական ոճիրներ:

Ժապաւէնին երկրորդ, աւելի հիմնական մասը կը ներկայացնէ Նազարէթի յարատեւ ուղեւորութիւնը (իմա` գաղթը) սուրիական անապատէն մինչեւ Ամերիկա: Պարզ է, որ համր եւ անտուն Նազարէթ կը խորհրդանշէ տարագրուած, լռեցուած, լուսանցքայնացուած հայը: Աքըն այս ձեւով կ’ըսէ, թէ Եղեռնը տակաւին կը շարունակուի:

IMG_9_110615

Անապատի մէջ, այսինքն` ժապաւէնի սկզբնաւորութեան, Նազարէթ արդէն իսկ «կորսնցուցած էր իր կրօնը» (9): Ոչ մէկ աղերս ունէր երկնքէն: Բայց չէր կորսնցուցած հաւատքը: Աքըն անաստուած հաւատացեալ մըն է: Նազարէթի կերպարը կրաւորական չէ: Չարլի Չափլինի համր (կը կրկնեմ, համր ինչպէս Նազարէթ) ժապաւէնի ցուցադրութեան ընթացքին մօտիկութիւն ցոյց կու տայ Չափլինի թափառական տիպարին (tramp), որ ի հեճուկս իր ոտնակոխ վիճակին կը փորձէ ազատել գերուած մանուկը (The Kid, 1921): Այսինքն կը պայքարի չարին դէմ (տես կողքի նկարը):

Նազարէթ կարմրամորթ կինը կը փրկէ խմբային բռնաբարումէ` ի գին իր անձի վայրագ խոշտանգումին: Ինչպէս վերը նշած էի, կարմրամորթ կինը կը ներկայացնէ ցեղասպանութեան ենթարկուած բնիկ ժողովուրդը: Քուպայի մէջ Նազարէթ կը պատժէ իր կաղ աղջկան անզգամ փեսացուն, ապա կը գրաւէ անոր դրամապանակը: Գումարը անհրաժեշտ էր փախստականներու նաւով դէպի Միացեալ Նահանգներ անցքը ապահովելու համար: Նազարէթի տանուտէր սափրիչ Յակոբ ներողամիտ կը ժպտայ:

Աքըն կը հաւատայ ուրեմն, որ յանուն արդարութեան վերականգման գործուած բռնութիւնը արդարանալի է: Նկատել, որ «արդարադատ» բռնութիւնը գործադրուած էր սփիւռքահայը ներկայացնող տիպարին կողմէ:  Գոնէ ինծի համար յոյժ անսպասելի էր, որ խաղաղապաշտ եւ «հաշտարար» Աքըն առաջադրէ նման ասք: Այս կէտը կը թուի վրիպած ըլլալ թուրք լրագրողներու ուշադրութենէն:

Ժապաւէնի աւարտը յուսադրիչ չէ:

IMG_10_110615

Տարագիր հայու ուղեւորութեան վերջնակէտն է Ամերիկայի կորսուած մէկ անկիւնը: Աքընի այս պատկերը ցաւօք արդարացուած է: Հայութեան հոսքը (ներառեալ` Հայաստան) իսկապէս որ դէպի Արեւմուտք է:

Նազարէթ իր կորուսեալ ընտանիքի միակ մնացորդը կը գտնէ հրաշքի համազօր զուգադիպութեան մը շնորհիւ: Բայց Աքըն այդքան պարզամիտ կամ սնահաւատ չէ: Լուծումը այնքան անհաւանական է,  որ հանդիսատեսը կը մղէ թերահաւատութեան: Արդեօք երջանիկ հանդիպումը տանջահար «Լուցկի ծախող աղջիկը»-ի վերջին տեսի՞լն էր:

Ամէնէն տխուր նկատողութիւնը այն է, որ Նազարէթի դուստրը հաշմուած է: Հաշմուած է նաեւ ինք, Նազարէթ: Վերապրող մնացորդացը հաշմուած է: Այս թերեւս կը խորհրդանշէ հոգեկան խոցը, բայց` ոչ միայն…

Սպանդէն ճողոպրած սերունդը նաեւ անտուն է: Նազարէթ եւ դուստրը առանձին կանգնած են սառցապատ, դաժան ամայութեան մէջ:

IMG_11_110615

Եղեռնը կը շարունակուի…

——————————————-

  1. Յիշենք Լ. Դուրեան/Ա. Աճեմեան «Այն Չեմ» հիանալի երգը
  2. Bedros Afeyan, Critical Corner, Groong 26/5/2015
  3. Յիշել Ս. Գրային խօսքը.- «Թող այն որ առանց մեղքի է…» Աւետարան Ըստ Յովհաննու 8:1-11
  4. Այս ուղղութեամբ ուսանելի են Սերժ Թանկեանի «DDevil» եւ սատանու նուիրուած այլ երգերը:
  5. Տինքի նոյն պատմուածքէն ներշնչուած Էօզկիւր Արըք 2008-ին բեմադրած է Kertenkele (Մողէզը, 32վ) ֆիլմը, որու մասին եւս կարելի է խօսիլ…
  6. «Կատաղած ցլից» մինչեւ «Սպի» www.mediamax.am/am/news/interviews/13019
  7. https://bianet.org/biamag/ifade-ozgurlugu/129990
  8. Նազըմ Հիքմէթի «asker kacaklari» երգը մօտաւորապէս կ’ըսէ.- «Գիւղը կորած է մթութեան մէջ/Երկնքի վրայ կը պլպլան աստղեր/Ես դասալիք զինուոր մըն եմ/Հարս, գաւաթ մը ջուր տուր» https://eksisozluk.com/asker-kacaklari–87013
  9. «Losing My Religion», R.E.M. , 1991

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Նոյեմբեր 1965)

Յաջորդը

ԳՈՀԱՐ-ի Կռունկներուն Երամը Անցաւ Այստեղէն Մեծ Հպարտութեամբ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?