«Բարոյական Յեղափոխութի՞ւն»
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Եօթանասուն եւ մէկ տարիներ առաջ երկինքէն տեղաց մահը, եւ աշխարհ փոխուեցաւ»: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի մէկ ակնարկը` Ճափոնի մէջ Հիրոշիմա քաղաքի յուշակոթողին առջեւ, մայիս 2016-ին: Հոն, երբ 1945-ին հիւլէական ռումբի արձակումը պատճառեց հազարաւոր զոհեր ու քանդեց քաղաքը: «Եթէ ներկայ ճարտարարուեստի յառաջխաղացքին զուգահեռ չզարգանայ մարդկային հեղինակութիւնը, ապա ան կրնայ աղէտալի վիճակներու հասցնել աշխարհը», շարունակեց նախագահը: Եւ այս...




















