Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննարկային Եւ Քուէարկային Ժողովրդավարութիւն

Յուլիս 12, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

4928-(1)

ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Թէ՛ ժողովրդային եւ թէ՛ կազմակերպական ու քաղաքական կառոյցներուն ու հաւաքականութեան մօտ ժողովրդավարութեան հասկացողութիւնը տարբեր ելեւէջներու ընդմէջէն կը յառաջանայ:

Պարզ բացատրութեամբ, ժողովրդավարութիւնը ղեկավարման այն ձեւն է, ուր ընտրութեան միջոցով ղեկավարութեան հասած մեծամասնութիւն մը կ՛իշխէ ամբողջութեան վրայ: Սակայն միշտ հարց կը տրուի, թէ արդեօ՞ք ժողովրդավարութիւնը իր օրինականութիւնը կը ստանայ, երբ մեծամասնութիւնը իշխանութեան կը հասնի` իբրեւ արդիւնք հարցերու քննարկման եւ անոնց բիւրեղացման (ո՛չ յաղթականի եւ ո՛չ պարտուողի տրամաբանութեամբ), թէ՞ ժողովրդավարութեան հասկացողութիւնը ոչինչ կը պարտադրէ  հարցերու քննարկման իմաստով, եւ ժողովրդավարական կարգով ընտրուած ղեկավարութիւնը իր օրինականութիւնը ստացած կ՛ըլլայ քուէատուփի ընդմէջէն:

Վերջին քանի մը օրերուն միջազգային գետնի վրայ արձանագրուած երկու հիմնական հարցեր անգամ մը եւս հրապարակ նետեցին ժողովրդավարութեան այս զոյգ հասկացողութեանց միջեւ պայքարը:

Առաջին դէպքը հանդիսացաւ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու Բրիտանիոյ մէջ կատարուած հանրաքուէն: Քուէարկութեան նախօրեակին երկու կողմերը դէմ էին հարցը քննարկումի ենթարկելու գաղափարին: Իւրաքանչիւր կողմ համոզուած էր իր յաղթանակին վրայ: Հրապարակ նետելով զանազան զգացական եւ ամբոխավարական հարցեր (ներգաղթի երեւոյթը` Անգլիոյ տարածքին, միջազգային ֆինանսաւորումի կեդրոն ըլլալու հանգամանքը` Լոնտոնի պարագային, կամ` Եւրոպական հաստատութիւններու ընդմէջէն ազգայնութիւնը պահպանելու հիմնահարցը` Սկովտիոյ պարագային), կողմերը բաւարար նկատեցին զանոնք` իբրեւ քուէարկողները բեւեռացնելու միջոց: Աւելի՛ն. իւրաքանչիւր կողմ դէմ էր հարցերու ըստ էութեան քննարկման` հաստատելով, որ այս մէկը զիրենք կ՛առաջնորդէ բիւզանդական վէճի` կազմալուծելով որոշում տալու մեծամասնութեան պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը:

Սակայն քուէարկութեան արդիւնքներուն հրապարակումէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին իրարանցումը մղեց թէ՛ կողմերը եւ թէ՛ քուէարկողները ա՛յն համոզումին, որ Եւրոպական Միութիւնը լքելու հետեւանքներուն քննարկումը չէր կատարուած, եւ թէ` այս մէկը հիմնականին մէջ կարեւոր ազդակ մը պէտք էր կազմէր մեծամասնութեան վճիռին հաստատումէն առաջ:

Երկրորդ դէպքը հանդիսացաւ Ծոցի երկրորդ պատերազմին շուրջ բրիտանական քննչական յատուկ մարմինին պատրաստած տեղեկագրին հրապարակումը: Միլիոնաւոր բառերէ կազմուած բազմահատոր տեղեկագիրը հաստատեց, որ պետութիւնը պատերազմի առաջնորդելու որոշումը տուած էր ժողովրդավարական հիմունքներու վրայ, հաստատուած` քուէարկութեան մեծամասնութեան արդիւնքին վրայ: Առ այդ, օրէնսդրական առումով, որոշումը տրուած է օրինական բոլոր նախապայմանները յարգելով: Սակայն նոյն տեղեկագիրը հաստատեց, որ մեծամասնութեան այս որոշումը տրուած է առանց քննարկումի ենթարկելու պատերազմի պարենաւորման պատրաստակամութիւնը, եւ յատկապէս` պատերազմի ներքին եւ շրջանային հետեւանքները: Այլ իմաստով, որոշումը տրուած է առանց յարգելու ժողովրդավարութեան բարոյական նախապայմանները: Որոշումը հիմնուած էր բռնատէր մը հեռացնելու երեսփոխաններու քուէներուն բեւեռացումով` առանց պարտադրելու, որ որոշումը ենթարկուի քննարկումի նախապայմաններուն, որոնք պիտի հասնէին այն եզրակացութեան, որ առանց այլընտրանքի բեռնատէր մը հեռացնելը շրջանէն ներս պիտի ստեղծէր հազարաւոր անհակակշռելի այլ բռնատէրներ:

Ժողովրդավարութեան օրինականութեան կողմէ իշխանութեան տրուած որոշում կայացնելու պարտականութիւնը, պարտաւորութիւնը եւ իրաւունքը իր գոյութիւնը իմաստաւորած էր` հիմնուած քուէարկային ժողովրդավարութեան վրայ, ի հեճուկս քննարկային ժողովրդավարութեան: Օրինականութեան մէջ մնալով հանդերձ, գործնական ըլլալու պարտադրանքը յաղթանակ տարած էր բարոյական պարտաւորութիւններուն վրայ: Առարկայական տրամադրութիւնները շուքի մէջ ձգած էին ենթակայական սկզբունքները:

Սակայն որքանո՞վ մարդկութիւնը պատրաստ է ընկալելու իր պարտականութիւնը, եթէ գործադրութեան դրուի քննարկային ժողովրդավարութիւնը: Արդեօ՞ք քննարկային ժողովրդավարութիւնը ամլութեան չի մատներ ժողովրդավարութեան հիմնական այն սկզբունքը, թէ փոքրամասնութիւնը պարտաւոր է ենթարկուելու մեծամասնութեան տնօրինումներուն: Արդեօ՞ք քննարկային ժողովրդավարութեան սկզբունքը սեփականութիւնը կը կազմէ զանգուածէն հեռու ապրող ընտրանի ինքնակոչ մտաւորական խաւի մը, որ քուէարկային ժողովրդավարութիւնը կը ներկայացնէ որպէս նորօրեայ ու քողարկուած բռնատիրութիւն մը: Ինչպէ՞ս կայացնել քննարկային ժողովրդավարութիւն, երբ ամբոխավարութեան նոր միջոցները հիմնուած են համացանցի խուճուճ տրամաբանութեան վրայ, ուր «ո՛չ շունը յայտնի է, ո՛չ ալ տէրը»:

Սակայն անցնող շաբաթներուն Բրիտանիոյ մէջ պատահած դէպքերուն արդիւնքները ապացուցեցին, որ երբ պատմութիւնը կը կերտուի հիմնուած միայն քուէարկային ժողովրդավարութեան վրայ, եւ երբ յատկապէս իշխանութեան վրայ կը գտնուին համեստ բանականութեան տէր անձեր, թէկուզ որ անոնք կրնան լրացնել զիրենք օրինականացնող բոլոր պայմանները, արդիւնքը կ՛ըլլայ աղէտալի: Այս իրականութեան ներքեւ, քուէարկային ժողովրդավարութիւնը կը վերածուի ամբոխային տրամաբանութեան` ամբողջութեան պարտադրելով անհեթեթութեան բռնատիրութիւն:

Իբրեւ այլընտրանք քուէարկային ժողովրդավարութեան` քննարկային ժողովրդավարութիւնը կը կարօտի հարցերը քննարկելու ատակ մեծամասնութեան, որ պիտի ըլլայ բանիմաց, հարցերը ներկայացնէ հաւասարակշռուած ձեւով, ուր գոյութիւն պիտի ունենան հակատեսակէտներ, ուր բարեխղճութիւնը մաս պիտի կազմէ քաղաքականութեան, ուր նախապէս բոլոր փաստացի տուեալները պիտի դրուին սեղանի վրայ` զանոնք սպառիչ կերպով քննարկելու համար:

Կրնանք սակայն հաստատել, թէ վերոյիշեալ մեծամասնութիւնը ներկայիս գոյութիւն չունի: Ո՛չ ալ քննարկային ժողովրդավարութեան արժանիքները ապահովող փոքրամասնութիւնը կարող է իշխանութեան հասնիլ եւ պահպանել այդ իշխանութիւնը, առանց որ ինքնին վերածուի բռնատիրութեան: Քաղաքական ղեկավարութիւնը Վացլաւ Հաւել կամ Նելսոն Մանտելա չէ, որ կարողանայ քննարկային ժողովրդավարութեան փոքրամասնութեան ընդմէջէն յառաջդիմութիւն ապահովել` շնորհիւ իր բանականութեան:

Այս իրողութեանց լոյսին տակ, յառաջիկային տակաւին, իշխանութիւնը պիտի շարունակէ մնալ եւ պէ՛տք է մնայ քուէարկային ժողովրդավարութեան հովանիին տակ: Սակայն քննարկային ժողովրդավարութեան պահապան փոքրամասնութիւնը պարտականութիւնը, պարտաւորութիւնը եւ օրինական զօրակցութիւնը ունի գոյացնելու ա՛յն շինիչ հակակշիռը, որով կարելի պիտի ըլլայ օգտուիլ քուէարկային ժողովրդավարութեան գործնական բարիքներէն` միաժամանակ բանական հունի վրայ դնելով եւ բիւրեղացնելով տրուած որոշումները:

 

 

Նախորդը

Տարածաշրջանային Սիւննի Կարգը` Առանց ՏԱՀԵՇ-ին, Կամ` Թրքական «Զերօ Խնդիր» Դիւանագիտութեան Վերադարձի Խաբէութիւնը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Դիմաքանդակ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-Ամեակ (Հեղինակ` Համբիկ Պիլալեան)

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In