ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Զաւէն եւ որդիք» տպարանէն 2015-ին լոյս տեսաւ Համբիկ Պիլալեանի «Դիմաքանդակ. ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակ» գիրքը, բաղկացած` 144 էջերէ: Խմբագիր` Արմենակ Եղիայեան: Հեղինակը հատորը նուիրած է դաշնակցական յայտնի ու անյայտ նահատակներու յիշատակին:
«Երկու խօսք»-ին մէջ Պիլալեան կ՛ըսէ, որ գիրքը բաղկացնող բոլոր յօդուածները բացառաբար լոյս տեսած են «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ:
Փոխան յառաջաբանի` «Համբիկ Պիլալեան յանձնառու հայուն մասին» իր սրտի խօսքը փոխանցած է Յովսէփ Էսքիճեան: Ան կ՛ըսէ, որ Պիլալեանի գրիչը ամբողջական նուիրում է ազգային-յեղափոխական մեր անցեալին, եւ կը փորձէ անոր հրաշալի ու հպարտացնող դէպքերուն եւ անցքերուն պատումները սեփականութիւնը դարձնել նորահաս սերունդին գիտելիքներու հարստացման:
Գիրքին առաջին մասը ՀՅ Դաշնակցութեան 118, 119, 120, 121, 122, 123, 124 եւ 125 ամեակներուն առիթով գրուած յօդուածներ են:
Պիլալեան կ՛ըսէ, որ դաշնակցական ուսմունքին հարազատ դրսեւորումն է ապակեդրոնացեալ դրութեան հաստատագրումը, իր ամբողջական տարողութեամբ, այդուհանդերձ, միատարր գործելակերպի ու անհատական ներդրումի ջատագովանքն է, որ տարբեր պատեհութիւններով ի յայտ եկած է եւ փոխանցած` առաւելագոյնը դաստիարակութիւնը:
Հեղինակը կը շարունակէ` ըսելով, որ կարծրատիպային երեւոյթները չեն ունեցած իրենց ենթահողը, իսկ միօրինակութեամբ յատկանշուող տկլոր մտայնութիւններ միշտ ալ դատապարտուած են ամլութեան: Այս իրականութեան դիմաց, կուսակցական մտածողութեան ու մշակոյթի ձեւաւորման մէջ մեծ եղած է դերը անհատ-յեղափոխականի թէ գործիչ-կուսակցականի վարքագիծին:
Պիլալեան կը նշէ, որ վերականգնած հայրենիքի ու ազատագրուած Արցախի պատմութեան ու հոն արձանագրուած քաղաքական, ընկերային եւ գաղափարական վերիվայրումներուն ընթացքին դաշնակցական մտքի, գործի ու զոհողութիւններու ամբողջ շտեմարանին հրայրքը թէեւ մասնակի, այդուհանդերձ անոր ամբողջական ընկալումին կարօտը ունեցաւ հայրենի ժողովուրդը, որովհետեւ կա՛ր ու տակաւին կը շարունակէ գոյատեւել այն կապուածութիւնը, որ ստեղծուած էր անցեալին ու ցարդ կը մնայ այդպիսին` այս կուսակցութեան ամբողջ դաւանանքին նկատմամբ:
Քրիստափոր Միքայէլեանի նուիրուած բաժինին մէջ Պիլալեան կ՛ըսէ, որ ան իր ժամանակին ու ժողովուրդին իրականութիւնը շնչաւորող եւ սնուցիչ անհատականութիւնը ըլլալով հանդերձ, իր ջամբած ընկերաքաղաքական, մանկավարժական ու ազգակերտ ուսմունքով ու կենսափիլիսոփայութեամբ նուաճեց պատուանդան մը Սիմոն Զաւարեանի ու Ռոստոմի կողքին ու այդ ոգեկան խարսխումին բաղադրութիւնը նկատեց ծառայել ու իրեն վիճակուած տառապանքին ընդմէջէն հասնիլ իր ժողովուրդին ծով կարիքներուն, անոր անդորրութիւնն ու ապահովութիւնը իրականացած տեսնելու ու հայրենիքի ազատութիւնը գերադաս նկատելու իմացական բարձրաթռիչ յատկութեամբ եւ տրամադրուածութեամբ:
Պիլալեան կը շեշտէ` ըսելով, որ Քրիստափոր կրցաւ իր ժամանակի շունչն ու ոգին մարմնաւորել` ընդգծելով ազգային ինքնավստահութեան ու համոզումին հրամայական պահանջը, յարատեւ կռիւի ճամբով շարունակելու ազգային դատի հետապնդումն ու պայքարը:
Սիմոն Զաւարեանի նուիրուած բաժինին մէջ Պիլալեան կ՛ըսէ, որ ան անզուգական հիմնադիր-ղեկավար մը եղաւ, որ հայ իրականութեան մէջ երկնեց մարդկային այնպիսի կերպար մը, որուն հասանելիութեան համար դարձաւ «ընկերային նազովրեցի», «աշխարհիկ սուրբ», «մաքրամաքուր քրմապետ» եւ «անաչառ խարանող»:
Պիլալեան կը նշէ, որ ան մնաց միշտ իր ժողովուրդի կողքին, ապրեցաւ անոր հետ, շրջեցաւ գաւառէ գաւառ, տեսաւ, ուսումնասիրեց, իր զգացական աշխարհին եւ յոյզերուն առանցքը ամբողջ ժողովուրդի մը տառապեալ հոգեվիճակները հանդիսացան, ուժգնօրէն հաւատաց, թէ հազարամեայ այս ժողովուրդը կրնայ իր թմբիրէն արթնցնել եւ լծել ինքնաճանաչումի ու ինքնապաշտպանական սուրբ գործին:
Ռոստոմի նուիրուած բաժինին մէջ Պիլալեան կ՛ըսէ, որ ան այն հազուագիւտ անհատականութիւնը հանդիսացաւ, որ կրցաւ մարմնաւորել իր ժամանակի ոգին եւ Քրիստափորի ու Զաւարեանի կողքին յաջողեցաւ կերտել առանձնայատկութեան ու մտածումի իր տիպը` ըլլալով հանդերձ իր ժողովուրդին ու կուսակցութեան հարազատ ծնունդը:
«Պարտաւորեցնողը դաշնակցական մշակոյթն է» խորագիրով բաժինին մէջ Պիլալեան կ՛ըսէ, որ իր ժողովուրդին բարօրութեան, յառաջդիմութեան, անվտանգութեան եւ հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան համար պայքար մղած ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր փորձառութեամբ իսկ պարտաւոր է պահելու եւ պահպանելու իր ինքնուրոյն դիմագիծն ու տեսակը:
Արամ Մանուկեանի նուիրուած բաժինով Պիլալեան կ՛ըսէ, որ ան լոկ իր ազգային-յեղափոխական դիմագծութեամբ չէ, որ կարողացաւ շրջել ամբողջ պատմութեան թաւալքը. Արամի անկրկնելի կերպարը սոսկ անհատական հեղինակութիւն մը ըլլալէ շատ անդին` ազգին բաղադրիչ իւրաքանչիւր հիւլէի ամբողջական համադրումն էր, ճիշդ ժամանակին ու կացութեան առընթեր կուտակուած հզօրութեան բացայայտումը:
Պիլալեան կը շեշտէ` ըսելով, որ Արամ եղաւ իր ազգին մարտնչումներուն փայլքը, գաղափարական հասունացումի բարձրաբերձ գագաթը, ռոստոմներու շունչին ու ոգիին մէկ հարազատ արտայայտիչը, եզակի քաղաքագէտը, տեսլապաշտ մտածողը, ժողովուրդին յուզաշխարհն ու կամքը աշտարակողը, սխրանքներու պաշտպանն ու դարաւոր տենչերու իրագործումին իր համեստ, բայց անկորնչելի ներդրումը բերած հաւատաւորը:
Նիկոլ Դումանի նուիրուած բաժինով Համբիկ Պիլալեան կ՛ըսէ, որ հայրենասիրութեամբ եւ ազգապաշտութեամբ տոգորուն հայդուկապետը տակաւին քառասունեօթամեայ հանգրուանին արդէն իսկ լիացած անձնաւորութիւն մըն էր: Բազում հերոսամարտերու ստեղծարարը ու անսայթաք հրամանատարի կոչումին արժանացած ֆետային: Անոր հանգիստ չճանչցող մարմինը մշտարթուն հեղինակութիւն էր` Պաքուէն Պարսկաստան, Թիֆլիսէն Երեւան եւ հեռաւոր գաւառները, ամէնուրեք խիզախութիւն եւ խանդավառութիւն կը տարածէր` պարզապէս իր յախուռն նկարագրային առանձնայատկութիւնները ուսուցելու իրատեսական պարտաճանաչութեամբ:
Գարեգին Նժդեհի նուիրուած բաժինով Պիլալեան կ՛ըսէ, որ հայոց պատմութեան վերջին 100-ամեայ ամբողջ պաստառին վրայ արձանագրուած է անջնջելի անուն մը` վեհափառ, սրբազան տեսիլքով պարուրուած ռազմիկ մը, անկրկնելի, բացառիկ երեւոյթ մը` հրամանատարի, գերազանց հայրենապաշտ մը, աննուաճելի, հմուտ ռազմագէտ մը, մտաւորականի, իմաստասէր խառնուածք մը, գաղափարապաշտի, սկզբունքայնութեան տոչորուած իտէալապաշտ մը հրապարակախօսի, առաքինի եւ առաքելատիպ հայորդի մը:
Վանայ Իշխանին նուիրուած բաժինով Պիլալեան կ՛ըսէ, որ ան ֆետայական շարժումին ամենաթէժ օրերուն դարձաւ իր ժողովուրդին սիրելի ու պաշտելի ղեկավարը` ցուցաբերելով այնպիսի խիզախութիւն, կամքի ու եռանդի աշխուժութիւն, ժողովրդանուէր եւ յեղափոխական կերպարի եզակի անհատականութիւն, որով ստեղծեց իր յեղափոխական-գաղափարական, կազմակերպչական-գործելաոճային դպրոցը, ղեկավարի ինքնուրոյն տիպարը, մտքի, խղճի ու քաղաքական մտածողութեան հաւատոյ հանգանակը` յատկանշուելով իբրեւ տուեալ ժամանակի պատմական «մոմենտ»-ի առանցքային ֆետայի ղեկավարը:
Պանք Օթոմանի նուիրուած բաժինով Պիլալեան կ՛ըսէ, որ նորաստեղծ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական, գաղափարախօսական ու կազմակերպական մտածողութեան ամենահարազատ արտայայտութիւնը հանդիսացած է Օսմանեան դրամատան գրաւումը, մտայղացումի իր իւրայատուկ տիպով, ատենին` ամբողջ Եւրոպայի շահերը խնդրոյ առարկայ դարձնող մարտահրաւէրով. յեղափոխական-մարտական խիզախութեամբ, բայց մանաւանդ ազգային ոգեշունչ տրամադրութիւններու վերաբորբոքումի հասկացողութեամբ:
Խանասորի արշաւանքին նուիրուած բաժինով Պիլալեան կ՛ըսէ, որ դաշնակցական պատմագրութիւնը այս արշաւանքին տուած է բացառիկ հնչեղութիւն, շեշտուած է այն իրողութիւնը, որ քիւրտ մազրիկ ցեղին դէմ կատարուած վրիժառական արարքը ունի բազմերանգ իմաստ, որովհետեւ անոր գործադրութեամբ ու յաջողութեամբ` անկիւնադարձային ճանապարհ մը կ՛ուրուագծուէր ազգային անդաստանին մէջ` ըսելու եւ առյաւէտ արձանագրելու, թէ թշնամիին կողմէ որեւէ վատոգի արարք ուղղուած հայ ժողովուրդի զաւակներուն դէմ` արժանի է համապատասխան վերաբերումի:
Փետրուարեան ապստամբութեան նուիրուած բաժինով Պիլալեան կ՛ըսէ, որ անիկա հայ կերպարի մարմնացումն է իր բովանդակութեամբ, ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը հոգեկան տառապանքին գոռ արտայայտութիւնը, համազգային արժէքներու եւ լինելութեան սխրանքը:
Լիզպոնի խոյանքին նուիրուած բաժինով Պիլալեան կ՛ըսէ, որ անոր պատմակշիռ եւ քաղաքական յստակ արժեւորումը դեռ երկար պիտի սնուցէ հայ քաղաքական մտքի սպասարկուները: Լիզպոնի գործողութիւնը եկաւ ամրագրելու, որ ազգային շտեմարանին ընդերքը դեռ կը պարփակէ ազգաշունչ հոգիներ:
Գիրքին վերջին բաժինը ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ԼԵՄ-ի 30 եւ 40-ամեակներուն, «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթին, ինչպէս նաեւ պատանիի օրուան առիթներով արձանագրուած յօդուածներ են: