Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. «Երբեք Մենակ Չենք Քայլում»

Յուլիս 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք «Թուֆենքեան հիմնադրամ»-ը որոշեց նորոգել ռազմաճակատներու վրայ վիրաւորուած քանի մը զինուորներու տուները: Մայիսի վերջերուն գործընկերներուս հետ մեկնեցայ Արցախ եւ կառավարութեան համապատասխան մարմիններուն հետ հանդիպելէ ետք ստացանք ծանրօրէն վիրաւորուած զինուորներու անուններն ու հասցէները: Ցանկը ուսումնասիրելէ ետք որոշեցինք այցելել 5-6 զինուորներու տուները եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալ անոնց բնակարաններու կարիքներուն եւ ծրագրել շինարարական աշխատանքները:

Մեր առաջին այցելութիւնը Հադրութի շրջանի Տող գիւղն էր, ուր պիտի ծանօթանայինք Վաչիկին, որ նոր վերադարձած էր Երեւանի զինուորական հիւանդանոցէն: Հարցուփորձէ ետք, Քարքարոտ ու ցեխոտ ճամբայ մը դժուարութեամբ կտրելով,  հասանք Վաչիկին առանձնատունը, որ հաւանաբար նոյնքան հին էր, որքան` Տող գիւղը: Վաչիկը, անշուշտ, մեր այցելութենէն տեղեակ չէր, եւ մենք ալ չուզեցինք բացայայտել մեր նպատակը եւ ներկայացանք իբրեւ լրագրողներ:

Կարճահասակ, ժպտադէմ եւ գիւղացիի պարզութեամբ յատկանշուող 50 տարեկան Վաչիկը վիրաւորուած էր Արցախի հարաւային ճակատներուն վրայ: Ան երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէր յատուկ նշանակութեան ուժերուն մէջ եւ մասնակցած էր բազմաթիւ վտանգաւոր գործողութիւններու: Մարմնին վրայ կային անհամար սպիներ, վիրաւորուած էր բազմիցս, եւ մարտերու ընթացքին յաճախ դէմ յանդիման գտնուած էր մահուան ու միշտ ալ վերապրած էր երբեմն բախտով, երբեմն ալ` իր մարզումներէն ձեռք ձգած հմտութիւններուն շնորհիւ: Ապրիլեան պատերազմին, թշնամի զօրքերու թիկունքին յատուկ գործողութիւն մը կատարելու ընթացքին, ռումբ մը կը պայթի Վաչիկի մօտ: Ռումբէն բեկոր մը կը ծակէ Վաչիկին կռնակը, ողնաշարը քերծելով` կը մխրճուի թոքերուն մէջ ու դուրս կու գայ աջ թեւին տակէն: Մէկուկէս ամիս Ստեփանակերտի եւ Երեւանի հիւանդանոցներուն մէջ բուժուելէ ետք կը վերադառնայ տուն: Վաչիկին երկու տղաները եւս կը ծառայեն Արցախի բանակին մէջ: Փոքր տղան 19 տարեկան է եւ` մէկ տարիէ արդէն կը կատարէ իր զինուորական ծառայութիւնը, մեծ զաւակը 26 տարեկան է եւ պայմանագրային զինծառայող: «Երեքով կռուի դաշտում էինք, պաշտպանում էինք մեր հողը: Ես վիրաւորուեցի, բայց բարեբախտաբար երեխեքս չտուժեցին», ըսաւ Վաչիկ, երբ ընտանիքին մասին հետաքրքրուեցանք:

Պատերազմէն առաջ Վաչիկ սկսած էր քիչ քիչ նորոգել հին, գրեթէ կիսափուլ պապենական իր տունը, որովհետեւ մեծ տղան որոշած էր ամուսնանալ եւ միասին պիտի ապրէին տան մէջ: Իր ստացած վէրքերուն պատճառով Վաչիկ շարժելու եւ շնչելու դժուարութիւն ունէր, բայց հակառակ իր ծանր վիճակին` մեծ խանդավառութեամբ կը խօսէր իր զաւակներուն, իր նորոգուելիք տան, իր ապագայ ծրագիրներուն մասին: Հակառակ իր վէրքերուն եւ ապրուստի դժուար պայմաններուն` ո՛չ մէկ բողոք, ո՛չ մէկ տրտունջք ու դժգոհութիւն կ՛արտայայտէր եւ հաւատացած էր, որ շուտով ոտքի պիտի կանգնի ու վերադառնայ զինուորական ծառայութեան եւ շարունակէ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու իր առաքելութիւնը:

Այս պատմութիւնը լսելէ ետք, երբ մեկնելէ առաջ յայտնեցինք, որ «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի ներկայացուցիչներն ենք եւ կ՛ուզենք տան նորոգութեան աշխատանքներուն օգտակար ըլլալ, Վաչիկ պահ մը ապշած մնաց եւ քանի մը րոպէ լուռ մնալէ ետք, յայտնապէս յուզուած, ըսաւ. «Մենք միշտ էլ հաւատացել ենք, որ էս հողի վրայ երբեք մենակ չենք քայլում»:

Ժպտեցանք եւ ցտեսութիւն ըսելէ ետք բռնեցինք վերադարձի ճամբան: Ճանապարհին ականջիս անդադար կը հնչէր Վաչիկին վերջին խօսքը` Հայաստանի մէջ 12 տարիներու իմ կեանքի ընթացքին լսուած ամենալաւ նախադասութիւնը. «Էս հողի վրայ երբեք մենակ չենք քայլում»:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 

Նախորդը

«Հայաստանի Մէջ, Ֆրանչիսկոս Կը Յանդգնի Արհամարհել Էրտողան Խալիֆան»

Յաջորդը

Բաց Նամակ «Ազդակ»-ին (Ի Պատասխան Պարոն Պարսումեանի Քննադատութեան` «Արարատից Եւրոպա» Ժապաւէնի)

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?