Անդրադարձ

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 25. Ամավերջի Դպրոցական Հանդէսներու Առիթով` Թիւերէն Անդին…

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ «Ազդակ»-ի շաբաթ, 2 յուլիսի խմբագրականը հանգամանօրէն լուսարձակի տակ կ’առնէր հայկական վարժարաններու ամավերջի հանդէսներու առիթով հայկական վարժարաններու կողմէ հաշուետուութեան կարգով արձանագրուած կրթական յաջողութիւններու թիւերը, համեմատութիւնները եւ պիւտճէական պատկերները: Այս ծիրին մէջ ան կ’անդրադառնար բացակայող թիւերու մասին եւ անհրաժեշտ կը գտնէր որ նո՛յն նախանձախնդրութեամբ ներկայացուին նաեւ հայ դպրոցի առաքելութեան մաս կազմող հայ կեանքին մէջ շրջանաւարտներու կամ ընդհանրապէս աշակերտութեան ունեցած մասնակցութեան...

Հաւատաւոր Պաշտօնակիցի Մը Յիշատակին.  Վաչէ Ազնաւուրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Հաւատաւոր Պաշտօնակիցի Մը Յիշատակին. Վաչէ Ազնաւուրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Մեր կեանքի ընթացքին երբեմն կը հանդիպինք անհատներու, որոնք իրենց ապրելակերպով, կենցաղով, կեանքի փիլիսոփայութեամբ եւ նկարագրային իւրայատուկ գիծերով խոր ու մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն մեր վրայ: Այո՛, երբեմն համեստ մարդիկ իրենց ապրած համեստ կեանքով, ազնիւ մտածումներով, ցուցաբերած նուիրուածութեամբ ու անկեղծութեամբ բնականօրէն կը պարտաւորեցնեն մեզ իրենց նկատմամբ ունենալու խոր յարգանք եւ մահէն ետք իսկ մի՛շտ կը մնան մեր յիշողութեան մտապատկերին...

Քաղաքական Նոր Ուղիներու Փնտռտուքով

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ Հայոց պատմութիւնը մէկ բան սորվեցուցած է մեզի, որ մենք` հայերս բնաւ չենք սորվիր մեր պատմութենէն: ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ Մեր վերջին հարիւրամեայ մեր պատմութեան մէջ կան երկու ուշագրաւ իրադարձութիւններ,որոնց գնահատումը տակաւին չէ կատարած հայ պատմագրութիւնը: Այս երկու իրադարձութիւնները եօթանասուն տարիներու հեռաւորութեամբ իսկ իրարու հետ շաղկապուած են, եւ որոնք քննարկելու պարագային հայ ժողովուրդի առջեւ կրնան բացուիլ քաղաքական նոր հորիզոններ: 1918-ի մայիսեան...

13 Յունիսէն 13 Յուլիս 1878. «Երկաթէ Շերեփ»-ով Գումարուած Պերլինի Վեհաժողովին Այժմէական Դասերը

13 Յունիսէն 13 Յուլիս 1878. «Երկաթէ Շերեփ»-ով Գումարուած Պերլինի Վեհաժողովին Այժմէական Դասերը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 138 տարի առաջ, 13 յունիսէն մինչեւ 13 յուլիս երկարած օրերուն, միամսեայ ամբողջ ժամանակաշրջանին, կայսերական Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինը դարձաւ ժամադրավայրը այսպէս կոչուած «Հին աշխարհ»-ի մեծ տէրութեանց գագաթի «վեհաժողովին»: «Վեհաժողով» կոչուեցաւ նոր ժամանակներու աշխարհաքաղաքական քարտէսին հիմերը դրած 1878-ի Պերլինի համաժողովը, որովհետեւ անոր գլխաւոր մասնակիցներն ու տիրական դէմքերը թագաւոր կամ ցար էին, սուլթան կամ իշխան, փոխարքայ կամ մեծ վեզիր, բանակի զօրավար...

Պաղ Պատերազմը Աւարտա՞ծ Է

Պաղ Պատերազմը Աւարտա՞ծ Է

Մակար, ի Գաղղիա Կեդրոնականցի Արմենակ կը սիրէ ճամբորդել, ասդին-անդին երթալ, տեսնել-լսել եւ յետոյ տրտնջալ: Հեղեղային անձրեւներէն ետք արեւոտ չորեքշաբթի մըն էր: Տխրութեամբ կը դիտէի յորդառատ անձրեւին պարտէզիս պատճառած վնասները: Լոլիկի, սմբուկի, պղպեղի տնկիներուն գլուխները ծռած էին, ցանած հունտերս փտած էին եւ ծիլ չէին արձակած: Այդ պահուն հասաւ Կեդրոնականցին: Երբ տեսաւ տխրութիւնս եւ իմացաւ պատճառը, իր քահ-քահով դրացուհիիս գլուխը դուրս կանչեց...

Սահմանամերձ Հայը

Սահմանամերձ Հայը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Այստեղէն կը սկսի Հայաստանը»: Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեանն է` Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի վարիչ տնօրէնը: Պոլսահայ մանկավարժ եւ «Նոր դպրոց»-ի հիմնադիր Յովհաննէս Հինդլեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած երկօրեայ գիտաժողովին ենք: Գիտաժողովի առաջին օրը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, իսկ երկրորդ օրը շարունակուեցաւ Տաւուշի մարզի Կայան աւանին մէջ, որովհետեւ հոն` Կայան աւանին մէջ կանգուն է...

Եւրոմիութիւնը` Տրոհման Վտանգի Առջեւ

Եւրոմիութիւնը` Տրոհման Վտանգի Առջեւ

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Յունիսի 23-ին Մեծն Բրիտանիայում անցկացուած հանրաքուէի վերջնական արդիւնքներով Եւրոպական Միութեան կազմից դուրս գալուն կողմ է քուէարկել ընտրողների 51,8 առ հարիւրը: Մեծն Բրիտանիան դուրս է գալիս եւրոպական ընտանիքից` նախանշելով վերջինիս համար բացարձակապէս նոր իրականութեան, եւ չի բացառւում` ցնցումներով առլեցուն դարաշրջանի սկիզբը: Ցնցուած է Եւրոպան, ցնցուած է աշխարհը: Աշխարհաքաղաքական բոլոր կենտրոնները` Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Ե. Միութիւնը, արդէն արձագանգել են: Ե....

Տեսակէտ.  Եգիպտոսի Միջնորդի Դերը Վտանգուած

Տեսակէտ. Եգիպտոսի Միջնորդի Դերը Վտանգուած

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ «յաւելեալ բարեկամներ եւ նուազ թշնամիներ» սկզբունքով արտաքին նոր քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն: Գահիրէ-Անգարա յարաբերութիւններու ապագան, սակայն, կը շարունակէ մնալ մշուշոտ: Այդտեղ կ՛ուրուագծուի միայն տնտեսական ոլորտով սահմանափակուող մասնակի բնականոնացման կարելիութիւնը: Միւս կողմէ` յստակ է, որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացումով` վտանգուած է Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ միջնորդի դերը: Անգարան կը փորձէ ստանձնել այդ դերը`...

Հայ Ճեմարանի Անդարձ Օրերէն Յամեցող Քաղցր Յուշեր

Հայ Ճեմարանի Անդարձ Օրերէն Յամեցող Քաղցր Յուշեր

Յ. Է. Հայ ճեմարանի մեծ ընտանիքի յարկին տակ բոլորած եմ դպրոցական կեանքիս քաղցրագոյն վեց տարիները: Բախտաւոր սերնդակիցներս եւ ես մօտէն եւ ամէնօրեայ շփումներով վայելած ենք անկրկնելի դէմքերու` Լեւոն Շանթի, Կարօ Սասունիի, Գառնիկ Գիւզալեանի, տիկին Գոհարի, տիկին Եոլանտի, պր. Սուրէն Շանթի, Սիմոն Վրացեանի, սըր Քէհէեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի մտերմութիւնը, ու երբեմն ալ` կրած` անոնց «կծու», այլ տեղին նշմարներու «խայթոց»-ները:...

Ուխտագնացութիւն Դէպի Հարաւային Լիբանանի Ուխտավայրերը

Ուխտագնացութիւն Դէպի Հարաւային Լիբանանի Ուխտավայրերը

Ա. ՄԻՍԻՍԵԱՆ 30 մայիս 2016-ը յիշատակելի օր մը պիտի մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք մասնակից դարձան դէպի հարաւային Լիբանանի ուխտավայրեր կազմակերպուած պտոյտ-ուխտագնացութեան: Գաղափարը յղացած էր Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, որուն ժրաջան գործունէութեան մաս կը հանդիսանան այս ուխտագնացութիւնները` արդէն տարիներէ ի վեր: Մեծ պահոց ամբողջ եօթը շաբաթներուն ընթացքին Ըրնեթ Շահուանի Սէյտեթ Նաժաթ եկեղեցւոյ մէջ արեւագալի արարողութիւնները հոգեպարար արարողութիւններու վայելքը հմայած էր...

Մկնիկ. 25-Ամեայ Դաստիարակչական Գործունէութիւն Մը

Մկնիկ. 25-Ամեայ Դաստիարակչական Գործունէութիւն Մը

Ն. Մ. ՄԿՆԻԿ անունը կրող «Երկլեզու աշխատանոց»-ը (MGNIG. Atelier bilingue franco-arménien) 1990-ին հիմնուած է Փարիզի մէջ: Գործունէութեան սկզբնական շրջանին երեքէն չորս տարեկան երեխաներ քով քովի բերած է` անոնց տրամադրելու համար կենսունակ հայերէն խօսելու վայր մը, այն համոզումով, որ տարեկիցներու միջեւ հանդիպումը եւ փոխանակութիւնը անհրաժեշտ են, որպէսզի երեխաներու բերնին մէջ հայերէնը զարգանայ, աճի ու բարգաւաճի ներդաշնակ կերպով, նաեւ` երկու հայերէններուն միջեւ...

Վրաստանը Դառնում Է Թուրքիայի Պատանդը

Վրաստանը Դառնում Է Թուրքիայի Պատանդը

ԲԱԳՐԱՏ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը աշխուժօրէն փորձում են Վրաստանին ներքաշել տարածաշրջանային նոր զարգացումների մէջ` գործադրելով շանթաժի բոլոր ձեւերը: Թիֆլիսի նկատմամբ իրականացւում է թուրք-ազրպէյճանական ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ ռազմաքաղաքական էքսներխուժում, որը կարող է լրջօրէն սպառնալ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեանը, ստիպել վրացական վերնախաւին` հետեւել Անգարայի եւ Պաքուի կողմից ընտրած ուղեծրով: Թիֆլիսի մասնակցութեամբ Անդրկովկասում ձեւաւորւում է ռազմաքաղաքական նոր դաշինք, որը միտուած է ոչ...

Տեսակէտ. Ի՞նչ Կ՛ուզէ Ազրպէյճան

ՅԱՐՈՒԹ ՃԷՆԱՆԵԱՆ Թող ներուի ինծի իմ համեստ կարծիքս յայտնել` ներկայիս եւ մօտիկ ապագային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վերաբերող ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց նկատմամբ արտայայտելու իմ յոռետեսութիւնս եւ ի հարկին լաւատեսութիւնս, եթէ յաջողինք ժամանակին լուրջ եւ ազդու միջոցներով այդ ծրագիրներուն առաջքը առնել: Կանխաւ ըսեմ, թէ իբրեւ հայուն էութիւնը խանգարող եւ փորձաքարի առջեւ դնող գլխաւոր թնճուկը կը մնայ ու պիտի մնայ թուրքին...

Նամականի

Ապրիլեան Պատերազմին Իսրայէլեան Գործօնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 2 ապրիլ 2016-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը, դժբախտաբար, «անակնկալ» որակումով բնորոշուեցաւ շատերու կողմէ: Բոլորս գիտէինք, որ Ազրպէյճան անհամեմատ քանակով զէնք կը գնէր Ռուսիայէն` շուրջ 16 միլիառ տոլար արժողութեամբ, Իսրայէլէն` շուրջ 5 միլիառ արժողութեամբ, դառնալով Ասիոյ մէջ Իսրայէլի երկրորդ մեծ յաճախորդը, իսկ Թուրքիայէն` չբացայայտուած քանակով: Ազրպէյճանական «Իլիուշին 76» տիպի բեռնատար օդանաւը երկու անգամ վայրէջք կատարած է...

Ակնարկ.  Ընդգծել Բանակցային Ռազմավարութեան  Առանցքային Կէտերը

Ակնարկ. Ընդգծել Բանակցային Ռազմավարութեան Առանցքային Կէտերը

Արցախեան հակամարտութեան բանակցային փուլերու թեւակոխումը զգալիօրէն արագակշռոյթ ընթացքի մէջ է: Շատ կարճ ժամանակներ իրարմէ կը բաժնեն Վիեննան ու Ս. Փեթերսպուրկը եւ հիմա ալ ըստ երեւոյթին շուտով Փեթերսպուրկն ու Փարիզը: Վերլուծաբանական գրականութիւնը անընդհատ կը խօսի փոխզիջումներու տարբերակներու, անժամկէտ հանրաքուէներ կազմակերպելու, ուժերու հեռացման, տարածքներու կարգավիճակի, խաղաղապահ ուժերու տեղակայման եւ լուծման հնարաւոր տարբերակներու մասին: Անհասկնալիօրէն հայկական մեկնաբանական դաշտը շատ յղում չի կատարեր պաշտօնական...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Երբ «Զերօ Խնդիրներ»ը Յանգեցաւ… Զերօ Հարեւաններու (Մեղաւոր Է Տաւութօղլո՞ւն)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան արտաքին քաղաքական վարքագիծը, մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ, բնութագրուեցաւ «Զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» կարգախօսով: Այդ օրերուն, երբ Ահմէտ Տաւութօղլու վարչապետ Էրտողանի արտաքին քաղաքական հարցերու խորհրդականն էր, թրքական եւ Արեւմտեան մամուլը զինք կը գովաբանէին իբրեւ մէկը, որ նոր թափ ու տարողութիւն պիտի հաղորդէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան: Այդ օրերուն, կարգ մը տուեալներ ալ այդ կը թելադրէին: Այսպէս, Թուրքիա...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Արցախի Շուրջ` Մտահոգիչ Զարգացումներ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Շատերին թւում էր, թէ ապրիլեան 4-օրեայ պատերազմից յետոյ արցախեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը կը մտնի աւելի խորը փակուղի: Դա տեղի չունեցաւ, եւ հակառակը, այսօր ականատեսն ենք բարձր մակարդակի դիւանագիտութեան, որի մէջ ներգրաւուած են ինչպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահ պետութիւնները` Ռուսաստանը, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, այնպէս էլ` Գերմանիան, որը մէկ տարով իրականացնում է ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը: Ապրիլեան պատերազմից յետոյ տեղի է...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Մինչ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը ցնծութեան մէջ էր` Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապի դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր պատմական «ուխտագնացութեան» առիթով, սակայն մարդոց մեծ մասը տեղեակ չէր Վատիկանի քուլիսներու ետին մինչեւ անոր այցելութիւնը ծաւալած քննարկումներուն մասին, կապուած` Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Հռոմի պապի երկակի դերը` իբրեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետ եւ Վատիկանի պետութեան ղեկավար, երբեմն խնդիրներ...

Գոհար Խաչատուրեան Կը Ստանայ Հռոմի Պապին Օրհնագիրը

Գոհար Խաչատուրեան Կը Ստանայ Հռոմի Պապին Օրհնագիրը

  Հայաստան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը առաքելական օրհնագիր շնորհեց ԳՈՀԱՐ նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանին: Գիւմրիի «Վարդանանց» հրապարակին վրայ Հռոմի պապին մատուցած պատարագին ընթացքին, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ԳՈՀԱՐ երգչախումբի հոգեւոր երգերուն կատարումները հիացուցած են Ֆրանչիսկոս պապը: Կաթողիկէ քահանայապետը գնահատած է 1996-էն ի վեր Գիւմրիի մէջ գործող լիբանանահայ Գոհար Խաչատուրեանի եւ անոր ընտանիքին...

Արուեստագէտ Կակոյի Քանդակը Կը Նուիրուի Հռոմի Պապին

Արուեստագէտ Կակոյի Քանդակը Կը Նուիրուի Հռոմի Պապին

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, իր եռօրեայ Հայաստան այցելութենէն ետք, իր հետ Վատիկան տարաւ Գիւմրիի մէջ նուէր ստացած քանդակագործ Կակոյի «Հայ որբուկներ» կոչուող արուեստի գործը: Քանդակը նուիրուած է Հռոմի պապին Անարատ Յղութեան քոյրերու միաբանութեան կողմէ: Asekose.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին քանդակագործ Կակօ խօսած է քանդակի ստեղծման գաղափարին, անոր նշանակութեան եւ Պապի Հայաստան կատարած այցելութեան մասին: «Գործն արել եմ երկու ամսում: Որոշեցի երկու որբուկների...

Page 689 of 806 1 … 688 689 690 … 806

Արխիւներ