ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հռոմի պապին այցը Հայաստան… Թէեւ առաջինը չէր, սակայն չի դադրիր իրադարձութիւն ըլլալէ: Իրադարձութիւն` բառին լայն ու բազմակողմանի առումներով: Թէ քաղաքական կամ միջեկեղեցական ի՞նչ առաքելութիւն ունէր ան, վերլուծութեան նիւթս չէ. զիս, ինչպէս միշտ, կը հետաքրքրէ երեւոյթի մարդկային-բարոյական կողմը:
Չունիմ կոյր պաշտամունքներ, երկրային աստուածներ ու անոնց նկատմամբ ամբոխային խանդավառ հիացում: Հասեր եմ տեղ մը, երբ կը յուզէ ու կը հետաքրքրէ միայն խորքայինը, ուստի, պապին Հայաստան այցի մասին լսելով` նախ ուզեցի անոր անձին ծանօթանալ: Ստացած տեղեկութիւններս կը հաստատէին, թէ փոքրիկ ու ոչ կաթոլիկ Հայաստան կ՛այցելէր ոչ միայն միլիառէ աւելի հետեւորդ ունեցող կաթոլիկ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդը, այլեւ` արժանաւո՛ր մարդն ու տիպա՛ր հոգեւորականը: Մէկը, որ հասած է բարձրութեան մը, ուր ունայն կը գտնէ մեծ ու պզտիկի, բարձր ու ցածի, մենք ու դուքի պատուարները ու մարդկայնօրէն, մանաւանդ, շատոնց մոռցուած հասկացողութիւն` քրիստոնէաբա՛ր խոնարհ` բարեկամութեան աջ կը պարզէ բոլորին:
Ան համեստօրէն կը յայտարարէ, թէ ուխտագնացութեան կ՛երթայ… նահատակութեան պսակ կրող, բայց աշխարհին անքէն նայող ու անկէ հասկցուելու, անոր բարոյական աջակցութեամբ կրկին ոտքի կանգնելու յոյս փայփայող փոքրիկ երկրեր ու ոչ` հզօրներուն:
Մէկը, որ կը գիտակցի, թէ մեծերն են, որ կ՛ունենան ազգային կամ դաւանական գերակայութեան, մոլութեան նեղ մօտեցում, մինչդեռ փոքրերու պարագային այն ընդամէնը ինքնապաշտպանական մղում է:
Հայաստան կ՛այցելէր անձ մը, որ հոգեւոր կոչումը առած է ոչ իբրեւ փառքի տանող ճամբայ, այլ առաջին իսկ քայլերէն ընտրած է միջնադարու ամէնէն քրիստոսատիպ կուսակրօն հոգեւորականներէն մէկուն` Ս. Ֆրանչիսկի անունը ու անտարակոյս` ուղին: Այսինքն` կը կարեւորէ ո՛չ արտաքին պերճանքը, որով յաճախ կը փայլին ու ազդեցութեան կը ձգտին շատ եկեղեցիներու հոգեւորականներ, ո՛չ գահը, որուն վրայ շատեր կը մոռնան իրենց ալ մարդ ըլլալը: Ան իր անձովը կ՛արժեւորէր իր տարազը եւ ոչ թէ պատիւ կը սպասէր անկէ: Մէկը, որ բոլոր կարելիութիւնները ունի շլացնելու շքեղանքով, սակայն կը նախընտրէ պարզը, սովորական մահկանացու կը նկատէ նաեւ ինքզինք ու մանաւանդ` ոչ թէ Քրիստոսի փոխանորդը երկրի վրայ ու երկամերձ, այլ` Անոր ծառան ու ժողովուրդին ալ ծառայողը:
Կ՛ըսուի, թէ որեւէ երկրի մէջ ան կը նախընտրէ երթեւեկել տեղական ամէնէն ընդունուած փոխադրամիջոցով: Ահա՛ թելադրանք` մեր այն երկնամերձ կիսաստուածներուն, որոնք երէկ սայլի ետեւէն քալող` այսօր իրենց զրահապատ մեքենաները քիչ նկատելով` Երեւանի մէջ շուտով հրասայլերով պիտի երթեւեկեն, եւ որոնք մնացեալ վարիններս կը նկատեն ոտքի տակ ինկող մրջիւններ: Անոնք անդրադարձա՞ն արդեօք, ու եթէ` այո, բերանները բաց չմնացի՞ն, թէ կեանքին մէջ կայ նաեւ նմա՛ն որակ` պարզապէս իմանալ, որ միւսներուն պէս դո՛ւն ալ մահկանացու ես: Պարզապէս` քու մարդկային արժէքդ առարկաներով չափելու մոլորութենէն վեր բարձրանալու կարողութիւն ունենալ: Այդ ըմբռնելու համար շա՛տ ճամբայ պիտի անցնին, եթէ… անդրադառնան:
Մինչդեռ ինծի կը թուի, թէ անոնք պիտի յոխորտան ու առաւել սոնքան իրենց վերագրելով պապի` հայերուս յղած ուղերձի խօսքը, թէ Հայաստան կու գայ «թաթախուելու ձեր ժողովրդի հնագոյն իմաստութեան մէջ եւ ըմպելու ձեր ժայռէ, ինչպէս ձեր յայտնի փորագիր խաչքարերն են, հաւատքի աղբիւրից»:
Ունկեր ունեցողներու համար հովուապետին այցը Հայաստան այլ լուռ պատգամներ եւս ունէր: Ան մեզի «հաւատքի ժայռէ աղբիւր» ունենալ կը վերագրէ: Ինչպիսի՜ լաւատեսութիւն: Երանի՜ ունենայինք: Հոս յիշե՛նք, որ մեր հեռուստակայաններէն մէկը պապի գալստեան նախօրէին բացէ ի բաց, ի լուր աշխարհի, թուաբանութեամբ զբաղած էր, թէ այս այցը իրեն հետ որքա՛ն զբօսաշրջիկներ, հիւրեր, լրագրողներ պիտի բերէ Հայաստան ու, հետեւաբար, որքա՜ն նիւթական շահ… (Ուրեմն ինչո՞ւ կը նեղուինք, երբ օտարներ մեզի միայն իբրեւ առեւտրականի (չարչիի) նային): Ու լրջօրէ՜ն թիւեր հանեցին (լա՛ւ որ չբաժնեցին ալ, որքանը` որու), երբ մարդը ուխտագնացութեա՛ն կու գար ու մեզմէ կը խնդրէր աղօթել իրեն համար: Կը կարծէք` ճամբու ծախսերո՞ւ համար կը խնդրէր, թէ՞ ան գիտէր, որ ինք հոգեւոր առաքելութեան կ՛երթար առաջին քրիստոնեայ ու իր նահատակութեամբ ոգեղինացած ազգի մը երկիրը (կը սխալէ՞ր…): Թէ՞ ան յուսալքուած, տառապող, իր ապագայի հանդէպ հաւատքը կորսնցուցած ու արժանապատուութիւնը տրորուող ժողովուրդին ոգի ու յոյս ներշնչելու կու գար:
Ան կու գար ոգեղէ՛ն շահ բերելու նաեւ ոգեզրկուած, նիւթի խելագար վազքին մէջ դէմք, հոգի ու ազգային ոգի կորսնցուցած, ազգային արժէքները անգիտացողներուն կամ անտեսողներուն: Ան կը յուշէր, որ Արարատի փէշերուն տակ ապրողները անոր վեհութեան ցոլքերը պիտի կրեն, ու վերագտնելով իրենց ազգային ու քրիստոնէական արժէքները, խոնարհաբար, սիրով պիտի ստեղծագործեն իրե՛նց սրբազան հողին վրայ, իրե՛նց երկիրը շէնցնեն, հո՛ն, ուր իջնելու արժանի գտած է Միածինը` ԷՋՄԻԱԾԻ՜Ն…
***
Այս լրջութիւնը մեղմենք Հայաստանի մէջ անմիջապէս յօրինուած դառը զուարճապատումով մը:
– Լսեցի՞ր, Հռոմի պապը Հայաստան պիտի գայ ու մեզնից խնդրում է, որ իրեն համար աղօթենք:
– Նա մի քանի օրուայ համար է գալիս ու խնդրում է, որ աղօթենք, հապա մենք ի՞նչ անենք, որ ամբողջ կեանքում էստեղ ենք ապրում…
***
Վերջերս զրոյց մը ունեցայ երիտասարդի` տակաւին պատանիի մը հետ ու կրկին անդրադարձայ յայտնի ճշմարտութեան, թէ ցաւը արագ կը հասունցնէ մարդս, թէ` իմաստութիւնը, հոգիին լայնութիւնը, կարեկցութեան զգացումը ապրած տարիներով չեն գար, եթէ կեանքդ անցուցեր ես բամպակի մէջ. թէ` զանոնք նաեւ ուսումով չես ունենար, եթէ չունիս աստուածատուր շնորհը` նմանդ սիրելու:
Պատանին ցաւած կը խօսէր, թէ թղթաբանական ի՛նչ անելի մէջ նետած է զինք պաշտօնեայ մը, այն պարագային, երբ ե՛ւ համալսարանի դասերուն պիտի հասնի, ե՛ւ ընտանիքին նիւթական աջակցութիւն բերէ, ե՛ւ ծեր մեծ հօր խնամքը տանի, ե՛ւ ազգային ծառայութիւն… Ու դէմը` պաշտօնեայի ժայռը, երբ նոյն հարցը այսինչին համար լուծուած է առանց որեւէ խոչընդոտի, հեզասա՜հ…
Ու կրկին զուգորդութիւն. կը յիշեմ Պ. Սեւակի «Իրերի դատն ու դատաստանը»` «Աթոռ կոչուածը, ինչպէս գիտէք դուք, նրա համար է, որ նստենք վրան, սակայն պարզւում է, որ սրա վրայ նստողի վրայ սա ի՛նքն է նստում…»: Ո՞վ պիտի ուզէր հոն ինքզինք տեսնել: Հարկաւ` ոչ ոք: Բայց անոնք կա՜ն, բանաստեղծի յօրինուածքը չե՛ն, ընդհակառակը` անոր «ներշնչանք» եղած են:
Ահա այդպէս է, երբ մարդը, որ երէկ բնական, բարեհոգի տղայ էր, կը դառնայ պա՛շ տօ՛ն եա՛յ հոգւով ու ո՛չ գործի բերումով, ինքզինք կ՛արժեւորէ իր աթոռո՛վ, իր ես-ը կը նոյնացնէ անոր ու իր «բարձունքներէն» կը խոչընդոտէ, կը քաշքշէ գործերը, կը նուաստացնէ մարդիկը:
Պատանի բարեկամս, սակայն, ինծի զարմացուց իր տարիքին անյարիր իմաստուն եզրակացութեամբ, զոր կը բերեմ գրեթէ անփոփոխ:
«Կը զարմանամ մարդոց վրայ, ինչպէ՞ս չեն անդրադառնար կեանքի իմաստին: Գիտէ՞ք` ես մահը տեսայ շատ մօտէն: Ես ալ պարտէզն էի` ընկեր Ր-իին հետ: Ես ձախ` դէպի Սահակեան քալեցի, ինք` դէպի Ճեմարանի ետնամուտքը: Ու յանկարծ` ահաւոր, սոսկալի, աննկարագրելի ձայն, պայթիւն: Գամուեցա՛յ, անշարժացա՛յ, միայն միտքս կ՛աշխատէր` «ո՞ղջ եմ, թէ՞ մեռած»: Անդամներս քարացած էին, ականջներուս մէջ` խշշոց. չէի անդրադառնար, միայն կը տեսնէի, որ կը պոռային, ձեռքերով կը կանչէին: Ետքը ժամերով վերակենդանացուցին զիս ու իմացայ, թէ ան նահատակուած էր… Հիմա կը բաղդատեմ` ամբողջ քաղաքը սգաց ընկերոջ մահը, ամէնքը լացին, միայն լա՛ւ խօսեցան իրեն մասին: Այս չէ՞ մեզմէ ետք մնացողը: Մինչդեռ ինչպէ՜ս կը վիրաւորենք զիրար, կը նախանձի՛նք, կը չարանա՛նք, կը բանսարկե՛նք, կը վնասե՛նք: Ի՞նչ կ՛օգտուին ուրիշի ցաւ պատճառելէն` իրա՛ւ չեմ հասկնար. ի՞նչ պիտի տանին կեանքէն… ե՞ս սխալ եմ, թէ՞ մարդիկը…»:
Կը լսէի այդ տղեկին ու կը խորհէի` դժուա՛ր ճամբայ ունիս անցնելիք, տղա՛ս, քանի որ հոգի ունիս: Վաթսուն-եօթանասուն տարեկաններ կան` խելօ՜ք, զարգացա՜ծ, ուսանա՜ծ, որ քու քառորդիդ չափ իմաստութիւն չեն հաւաքած, մինչդեռ դուն, առանց ծանօթ ըլլալու, Թումանեանի խօսքը կ՛ըսես, այսինքն ժողովուրդի դարաւոր իմաստութիւնը` անմահ գործի, չարի ու բարւոյ մասին: