Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունիս Ե./2016 – Խաղաղութեան Ուղերձ Հայաստանէն

July 13, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Kantsasar_2016

Հռոմի Ֆրանչիսկոս քահանայապետի Հայաստան եռօրեայ այցելութիւնը  պատմական արժէք կը ներկայացնէր, որովհետեւ համաշխարհային առումով կարեւոր իրադարձութիւն մը ըլլալէ աւելի` մէկէ աւելի պատգամներ կը յղէր տարածաշրջանի երկիրներուն եւ Հայաստանին:

Այցելութիւնը նախ կը շեշտադրէր Հայաստան-Վատիկանի պետութիւն եւ Հայ առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներ յարաբերութեան բարձր մակարդակը, ինչ որ դիւանագիտական եւ կրօնական մակարդակներու վրայ Հայաստանի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հեռանկարային քաղաքականութեան արտացոլացումը կը հանդիսանար:

Հայաստանը առանձնացնելով որպէս քրիստոնեայ առաջին երկիր եւ «ուխտագնացութիւն»-ը իր այցելութեան կարգախօս ընտրելով` Հռոմի պապը լուսարձակի տակ կ՛առնէր Հայաստանի մշակութային եւ կրօնական ինքնուրոյն դերն ու արժէքը ոչ միայն քրիստոնեայ, այլեւ ողջ աշխարհին մէջ:

Հայաստանի մէջ արտասանած իր ուղերձներուն մէջ Չարենցի խօսքերուն մէջբերումով, Նարեկացիի յիշատակումով Հռոմի քահանայապետը կը շեշտադրէր, որ հայ ժողովուրդը հոգեւոր եւ մշակութային այն արժեհամակարգին կրողն է, որ ձեւաւորուելով Արեւելքի մէջ` արեւմտեան քաղաքակրթութեան համարժէք համակարգի վերածուած է, հետեւաբար անկախ Հայաստանը կրողն ու պաշտպանողն է նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան արժէքներուն:

Հայկական քաղաքակրթութեան առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ գտնուելով Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին վրայ, ներգրաւուելով պատմութեան մեծագոյն յորձանուտներուն մէջ` Հայաստանին ու հայութեան կը վերապահէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի  քաղաքակրթութիւններու մերձեցումը:

Այս իմաստով, Հռոմի պապը, որպէս հեղինակաւոր անձնաւորութիւն, աշխարհին եւ հայ հասարակութեան կարեւոր ուղերձ յղեց` տէր կանգնելու եւ համաշխարհային մակարդակով արժեւորելու հայկական քաղաքակրթութիւնն ու Հայաստանի խաղաղարար դերը:

Միջազգային մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ այս իրողութեան: Յատկանշական էր իրանեան մամուլի անդրադարձը այն մասին, թէ ահաւասիկ Հռոմի պապը եւս կը հաստատէ, որ Հայաստան մեր հիմնական պատուհանը կրնայ դառնալ դէպի Եւրոպա:

Այս այցելութեան երկրորդ կարեւոր հանգամանքը Հռոմի պապին «Ցեղասպանութեան» բնորոշումն էր: Պապը, որպէս խիզախ  եւ արդարութեան հետամուտ հոգեւոր պետ, որպէս համաշխարհային վարկ ու ժողովրդականութիւն վայելող անձնաւորութիւն, պատմական ճշմարտութիւններու ճշգրիտ  բնութագրումով ուղերձ մը յղեց Թուրքիոյ` առերեսուելու իր պատմութեան հետ եւ իր իսկ խիզախութենէն օրինակ առնելու: Ու հակառակ թրքական կողմի ընդվզումին ու Հռոմի պապը որպէս «խաչակրաց քարոզիչ» ամբաստանող ցեխարձակումներուն, Հայաստան այցելութենէն ետք Հռոմի քահանայապետը, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, նոյն իր կեցուածքին վրայ մնաց` շեշտելով, որ Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը այլ բառերով կարելի չէ բնութագրել, որովհետեւ ան պատմական փաստուած ճշմարտութիւն է:

Երրորդ կարեւոր հանգամանքը Հայաստանէն տարածաշրջանի երկիրներուն ու մանաւանդ Միջին Արեւելքին ուղղուած  խաղաղութեան ուղերձն էր:

Եթէ պահ մը անդրադառնանք համաշխարհային ներկայ քաղաքականութեան հիմնական հարցերուն` ահաբեկչութեան դէմ պայքար, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ոտնահարում, ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման սպառնացող պատերազմներու հրահրում, կրօնական ծայրայեղութեան տարածում, փախստականներու հարց, ապա պիտի տեսնենք, թէ որքան կարիք կայ խաղաղութեան ու մարդկայնութեան շեշտադրման:

Ու բնականաբար տագնապներով բնորոշուող ներկայ աշխարհին մէջ իւրաքանչիւր մարդ, իւրաքանչիւր քաղաքացի իր հայեացքը առաւելաբար պիտի ուղղէ դէպի հոգեւոր արժէքներ:

Այս պարագային յատկանշական էին երեք հանգամանքներ. նախ`  Հռոմի պապին այցելութեան համաշխարհային անդրադարձը, որ կրկին անգամ կը յուշէր Վատիկանի աւանդական   դերն ու նշանակութիւնը քրիստոնեայ աշխարհին,  կաթողիկէ  աշխարհին համար: Երկրորդ` Ֆրանչիսկոս պապի ազնիւ, համեստ ու խաղաղասէր հոգեւորականի կերպարն ու այցելութեան ընթացքին իր ուղղած մարդասիրական եւ խաղաղասիրական ուղերձները: Երրորդ` Հայաստանի որպէս Արեւելքի եւ Արեւմուտքի շաղկապման օղակ հանդիսացող ու տարիներ շարունակ խաղաղութեան կոչերով հանդէս եկող երկիր մը ըլլալու հանգամանքը: Այս համոզումէն մեկնած`  Հռոմի պապը իր այցելութիւնը կ՛եզրափակէր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ Խոր Վիրապէն խաղաղութեան աղաւնիներու դէպի Արարատ լեռ արձակումով: Սա հիմնականապէս ուղղուած էր հայ-թրքական հաշտեցման նպաստելու Հռոմի պապի կամեցողութեան` խաղաղասէր հայութիւնն ու Հայաստան աշխարհը նկատելով այդ գործընթացի հիմնական բանալին:

Այս բոլորին վրայ, որպէս խաղաղութեան ուղերձ, կ՛աւելնար նաեւ ՀՀ նախագահին այն հաստատումը, որ թուրք ժողովուրդը մեր թշնամին չէ, կամ` ազրպէյճանցի ժողովուրդը մեր թշնամին չէ:

Եթէ վերոնշեալ տուեալները միացնենք իրարու, ապա զանոնք կապենք արդի զարգացումներուն հետ, քաջ գիտնալով, որ նորանկախ փոքր երկրի մը համար որքան բարդ գործընթաց է արտաքին հաւասարակշռուած  քաղաքականութեամբ  աշխարհի խաղաղութեան սատարելը,  ապա պիտի ըմբռնենք, թէ Հռոմի պապին պատմական այս այցելութիւնը ինչպիսի՛ պատասխանատուութեան  առջեւ կը դնէ մեր երկիրը, միաժամանակ համաշխարհային ինչպիսի՛ ուշադրութեան կ՛արժանացնէ զայն:

Մեր հայրենիքը այս առաւելութիւններու լիարժէք օգտագործումով նշանակալից յառաջընթաց կրնայ ունենալ:

«Գ.»

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն (Ձ.)

Յաջորդը

Դպրոցական Նոր Տարեշրջան Մըն Ալ Բոլորուեցաւ Եւ Շրջանաւարտներու Նորեկ Խումբ Մը Միացաւ Հայ Ուսանողներուս Փաղանգին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.