Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Մէջ, Ֆրանչիսկոս Կը Յանդգնի Արհամարհել Էրտողան Խալիֆան»

Յուլիս 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hagop-Balian-Ed.Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Համացանցային ֆրանսական «Պուլվար Վոլթեր» լրատուամիջոցը այսպէս խորագրած է Հռոմի սրբազան քահանայապետի Հայաստան այցելութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անոր յայտարարութիւնը:

Բարոյական վերաբերում մը` բանակ չունեցող պապին կողմէ:

Կը գրէ. «Հասնելու (Հայաստան) պահուն իսկ պապ Ֆրանսուա (Ֆրանչիսկոս) չէ վարանած խօսելու Ցեղասպանութեան մասին, բառ, զոր Յովհաննէս-Պօղոս պապը չէր համարձակած արտասանել Երեւանի մէջ, 2001-ին»:

Քահանայապետը ըսած է նաեւ. «Այս ողբերգութիւնը դժբախտաբար հանդիսացաւ սկզբնաւորութիւնը նախորդ դարու սարսափելի աղէտներու տխուր ցանկին` կարելի դարձած մոլորանքի ցեղապաշտական, գաղափարախօսական կամ կրօնական դրդապատճառներով» …«նպատակ ունենալով ժողովուրդներու ամբողջական ոչնչացումը»:

Անպատիժ Ցեղասպանութիւնը պատճառ եղած էր քառորդ դար ետք տեղի ունեցած երկրորդ ցեղասպանութեան:

Սրբազան քահանայապետը նաեւ կոչ կ՛ընէ հաշտութեան:

Իսկ եթէ առաջին ցեղասպանութիւնը շարունակէ անպատիժ մնալ, նոյն այդ Ցեղասպանութեան եւ բռնագրաւումներու վրայ հիմնուած երկրի «խալիֆա»-ն, անպատժելիութեան խրախուսանքով դեռ կրնայ շարունակել ժողովուրդներու բնաջնջման եւ իրաւազրկման իր ընթացքը: Ժամանակակից դէպքերը եւ յայտարարութիւնները այնքա՜ն խօսուն են` աչք եւ ականջ ունեցողին, հաւկուրութենէ չտառապողներուն համար:

Ինքնակոչ նոր խալիֆա Էրտողան այլեւս չի թաքցներ իր կրօնական մոլեռանդութիւնը,  ծայրայեղականութիւնը եւ անոնց վրայ հիմնուած իր կայսերական փառասիրութիւնը: Էրտողան կը խաղայ ժողովրդավար Եւրոպայի եւ հզօր Ռուսիոյ հետ: Բացորոշ կերպով կը խաբէ արեւմտեան երկիրները, մասնաւորաբար` Եւրոմիութիւնը: Ստանալով հանդերձ վեց միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն, ոչինչ կ՛ընէ առաջքը առնելու համար ապաստան փնտռողներու զանգուածային գաղթականական ալիքին: Կը սպառնայ հանրաքուէ կազմակերպել` հարցնելու Թուրքիոյ ժողովուրդին, թէ կ՛ուզէ՞ Եւրոմիութեան մաս կազմել: Զինք ուզող չկայ: Ֆրանսայի նախկին նախագահ եւ այժմ Հանրապետականներու կուսակցութեան պարագլուխ Նիքոլա Սարքոզի կ՛ըսէ, թէ Թուրքիան տեղ չունի Եւրոպայի մէջ:

Զարմանք կը պատճառէ Միացեալ Նահանգներու վերաբերումը Հայկական հարցին եւ Թուրքիոյ կապակցաբար: Ա. Աշխարհամարտի իր դաշնակիցները եւ թշնամիները անվարան կը ճանչնան Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը, իսկ ինք կը շարունակէ բառախաղերու ետին թաքնուիլ: Օր մը պիտի ըսէ՞, թէ պատահածը ցեղասպանութիւն չէր կամ է: Իսկ հայերը դեռ պիտի շարունակե՞ն սպասման սենեակին նստած յուսալ` մէկ ապրիլ 24-է միւսը, որ Սպիտակ տունէն լսուի, վերջապէս, որ ճիշդ է, ցեղասպանութիւն պատահած է: Թէեւ աւելիին ակնկալութիւնը ունինք, եւ այդ ալ բարձրաձայն պէտք է ըսել, որ ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի բռնագրաւման համար, հող, որ հայուն հայրենիքն է:

Ամէն անգամ որ կարեւոր համարուած անձնաւորութիւն մը, իր կարեւորութեան բարձունքէն կը յայտարարէ, որ հաշտութիւն պէտք է ըլլայ, մենք ալ կ՛արձագանգենք: Ոչ ոք կը խօսի հաշտութեան բովանդակութեան մասին: Մենք ալ կ՛ուրախանանք, որ մեզմով կը հետաքրքրուին: Թուրքիոյ մէջ ալ նման յայտարարութիւն ընողներ կ՛ըլլա՞ն: Հաշտութեան կոչ ընողները բաւարար ուժ եւ հեղինակութիւն չունի՞ն հաշտութեան սեղանին շուրջ բերելու կողմերը, կազմելու հաշտութեան արգելքներու ցանկը, բանակցութիւններ ունենալ: Եթէ առնելիք-տալիք չկայ, ուրեմն տարակարծութիւն եւ թշնամութիւն չկայ, ինչո՞ւ հաշտութիւնը օրակարգ պիտի ըլլայ:

Այդ հաշտութեան նախապայմանը հայոց հայրենիքի ամբողջացումն է, որուն համար վճիռ կայացուած է միջազգային համայնքին կողմէ: Նոյնինքն Ամերիկայի նախագահը այդ վճիռին բանաձեւումը ըրած է` իրեն տրուած լիազօրութեամբ: Միացեալ Նահանգներու մէջ, փոխանակ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջելու, ինչո՞ւ հայերն ու իրենց բարեկամները այդ վճիռին գործադրութեան պահանջը չեն ներկայացներ, ի հարկին` դատարաններու առջեւ: Այդ քայլը Հայկական հարցը կը դնէ իր ճիշդ հունին մէջ, քանի որ Ուիլսընի վճիռը Ցեղասպանութեան պատճառի վերացումն է:

Հաշտեցումը կիրակնօրեայ քարոզ չէ: Եթէ ան չունի քաղաքական հզօր կամք ոչ միայն ճշմարտութիւնը բացայայտելու, այլ` իրաւունքը վերականգնելու, դեռ երկար ժամանակ կրնանք լսել եւ կրկնել նոյն դիպաշարները: Նաեւ բոլոր անոնք, որոնք մարդասիրական բարձր զգացումներով Ցեղասպանութիւնը կը ճանչնան, մեզի նկատմամբ սոսկ բարեսէր նահապետի վերաբերում կ՛ունենան, եթէ հայոց բռնագրաւեալ հողերու ճակատագիրը ուզեն ծածկել մխիթարական ճանաչումներու մշուշով, որ Թուրքիան չ՛անհանգստացներ, մեզ ալ նստած կը պահէ օդակայանի մը անկիւնը գտնուող եւ խանգարուած շարժակներով ինքնաթիռի մէջ:

Սրբազան քահանայապետը քաջաբար խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Կը խօսին նաեւ Վատիկանի արխիւները: Այս դրական երեւոյթները նիւթ կը մատակարարեն հայ եւ օտար լրատուամիջոցներուն, ձանձրացնող կրկնութիւններ, քանի որ Հայկական հարցը դրուած կը մնայ մոռցուած տեղ մը, եւ կը խօսուի հաշտութեան մասին: Եթէ Հայկական հարց գոյութիւն չունի, ինչո՞ւ խօսիլ հաշտութեան մասին:

Հաշտութեան մասին խօսիլ` հոգեպարար ճառ է: Հայոց ազգային հարցը կը վերաբերի Իրաւունքի:

Այդ իրաւունքն է Հայկական հարցին բովանդակութիւնը:

Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին, հաշտութիւնը կ՛ենթադրէ իրաւունքի ճանաչում: Կը պատահի՞, որ Ցեղասպանութեան ճանաչում քուէարկողներուն ըսուի, որ հարցը բարոյախօսական չէ, այլ` Իրաւունքի:

Իսկ մենք պիտի բաւարարուի՞նք, Հայաստան եւ սփիւռքներ, բարոյախօսական մխիթարութեամբ, թէ՞ պիտի պահանջենք եւ պայքարինք Իրաւունքի վերականգնումին համար: Այս հարցման պատասխանը եւ անկէ բխելիք յանձնառութեան բանաձեւումը եւ յանձնառութիւնը դուրսէն պիտի չգան:

Պիտի գայ անսեթեւեթ եւ բազմերես հայրենատիրական գիտակցութենէ, որ եթէ չառաջնորդէ իրաւ յանձնառութիւններու, կը շարունակենք շաբաթավերջի ժողովներու շատախօսութիւնը եւ… դաշտահանդէսները:

Սրբազան քահանայապետը Հայաստան եկաւ եւ սպիտակ աղաւնիներ արձակուցան դէպի Լեռն Արարատ…

Արարատէն անդին տարի՞ն իրենց հետ հայոց իրաւունքի յիշեցումը:

Ե՞րբ պիտի լսենք տեւաբար դարպասուող հռչակաւոր Մեծի սիրտ հովացնող խօսքերը…

 

28 յունիս 2016
Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Արդէն Երեք Տարի…

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. «Երբեք Մենակ Չենք Քայլում»

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?