Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բարոյական Յեղափոխութի՞ւն»

Յուլիս 13, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

hrayr1_71316

«Եօթանասուն եւ մէկ տարիներ առաջ երկինքէն տեղաց մահը, եւ աշխարհ փոխուեցաւ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ  Պարաք Օպամայի մէկ ակնարկը` Ճափոնի մէջ Հիրոշիմա քաղաքի յուշակոթողին առջեւ, մայիս 2016-ին: Հոն, երբ 1945-ին հիւլէական ռումբի արձակումը պատճառեց հազարաւոր զոհեր ու քանդեց քաղաքը:

«Եթէ ներկայ ճարտարարուեստի յառաջխաղացքին զուգահեռ չզարգանայ մարդկային հեղինակութիւնը, ապա ան կրնայ աղէտալի վիճակներու հասցնել աշխարհը», շարունակեց նախագահը: Եւ այս դիտանկիւնէն մեկնելով` ան ընդգծեց ճարտարարուեստի յառաջխաղացքին կողքին բարոյական յեղափոխութեան մը զարկ տալու կարեւորութիւնը:

Գլխաւոր հարցումը սակայն կը մնայ հետեւեալը. «Ինչպիսի՞ բարոյական յեղափոխութեան մը կ՛ակնարկէ պրն. նախագահը»:

Եթէ Մ. Նահանգներու նախագահին Ճափոն այցելութիւնը «լեցուն» էր ակնկալութիւններով, թէ ան ներում պիտի հայցէ եօթանասուն եւ մէկ տարի առաջ պատահած դէպքին համար, ապա այդ մէկը չիրականացաւ: Նախագահը բաւարարուեցաւ` ըսելով. «Պէտք է քաջութիւն ունենանք դուրս գալու վախի տրամաբանութենէն եւ ստեղծելու վախէ զուրկ աշխարհի համակարգ մը»:

«Ժամանակն է նախաձեռնելու եւ անհրաժեշտ է ճիշդ որոշումներ տալու` մեր կեանքերուն յառաջխաղացքին համար», ըսաւ գերմանացի գործակիցս` Հորսթ Շէօրենպրանտէ, Պերլինի մէջ, յունիս 2016-ին, երբ Գերմանիոյ մեր գրասենեակի գործակիցներուս շնորհակալութիւն կը յայտնէի իրենց երկրին Պունտեսթակի պատմական որոշումին համար: Բայց շնորհակալական այդ խօսքին դիմաց կար անոնց վճռակամութիւնը` նախաձեռնելու եւ ճիշդ որոշումներ տալու անհրաժեշտութիւնը:

hrayr2_71316

Պերլինի խորհրդարանին` Պունտեսթակի պատմական այդ մեծ շէնքին դիմաց կանգ առած` կը մտածէի եւ յանկարծ սկսայ մտաբերել այն շատ մը հայկական եւ այլ տեղեկատուական ցանցերու վերլուծումները` որոշումին առնչութեամբ: Թէ ինչո՞ւ պէտք էր, որ Գերմանիան հարիւր եւ մէկ տարի սպասէր այս որոշումը տալու համար: Ու տակաւին վերլուծումներուն մէջ չէր պակսեր հաշիւի գործօնը: Վերջապէս, հայուն «սեւ աչքերուն» համար չէր, որ տրուած էր այս որոշումը, որովհետեւ Գերմանիան, Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, իբրեւ Թուրքիոյ դաշնակից երկիր, նաեւ մեղսակից է Հայոց ցեղասպանութեան եւ պէտք է հատուցէ… եւ վերլուծումներու շարքը կ՛երկարի:

«Եթէ մենք` ամերիկացի հրեաներս, միայն կեդրոնանանք մեր ողբերգութեան վրայ եւ ջատագովը չըլլանք խօսելու այլ ցեղասպանութիւններու մասին, ինչպէս` Քամպոտիոյ, թութցիներու, եզիտիներու եւ ուրիշներու, ապա մենք անգիտացած կ՛ըլլանք մեր առաքելութեան մէջ կարեւոր բարոյական պարտականութիւն մը, թէ` մենք կոչուած ենք վերաշինելու աշխարհը», ըսաւ ամերիկացի-հրեայ եւ Ֆիլատելֆիոյ նահանգապետ Ճիմ Քենին, որ կը խօսէր Հրէական ողջակիզումի յիշատակին կառուցուելիք հանրային հսկայ պարտէզի մը հիմնարկէքին առիթով, մայիսի 2016-ին: Բայց նահանգապետը երեւի յիշեցնելու տրամադրութեամբ շեշտեց. «Նման յուշակոթողներ պէտք է ծառայեն իբրեւ ապրող վկայութիւններ, թէ այլեւս երբեք պէտք չէ արտօնել, որ հրեայ ժողովուրդը սպառնալիքի ենթարկուի եւ կամ սպաննուի»:

Եթէ տեղին եւ յոյժ կարեւոր մարտահրաւէր մըն է նահանգապետին յորդորը` ուղղուած մարդկային քաղաքակրթութեան, սակայն կայ բաց մը: Քսաներորդ դարու Ա. ցեղասպանութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց արդեօ՞ք Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի դասենք նահանգապետին մատնանշած «ուրիշ»-ներու շարքին: Ցեղասպանութիւն մը, որ եթէ իր ճիշդ ժամանակին ճանչցուէր, կրնար կանխել  շատ մը նման դժբախտութիւններ, որոնք գործադրուեցան եւ ցարդ կը կրկնուին: Իսկ չարտօնելու պարագային, անիկա ոչ թէ միայն մէկ ժողովուրդի մը պէտք է վերաբերի, այլ` համայն մարդկութեան:

Պունտեսթակէն հեռանալով` ուղղուեցայ տեսնելու Պերլինի մէջ Հրէական ողջակիզումի յատուկ յուշակոթողը եւ թանգարանը: Յուշակոթողը, այսպէս ըսած, արդիական ոճով ճարտարապետական մտայղացում մըն է, որ կը ներկայացնէ գերեզմանանման տապանաքարեր: Պէտք էր փորձէի ընկալել ճարտարապետական այս մտայղացումի միտք բանին, թէ` Հրէական ողջակիզումը սարսափելի էր ու սահմռկեցուցիչ,  բայց գէթ հրեայ նահատակները կը հանգչէին, որովհետեւ Գերմանիան եւ աշխարհը ճանչցած էր զանոնք: Բայց ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս են հայոց տապանաքարերը, ե՞րբ է, որ մեր նահատակները պիտի հանգչին: Հապա մե՞նք` վերապրողնե՞րս, արդեօք պիտի կարենա՞նք հանգչիլ:

Գեղեցիկ է Պերլին քաղաքը: Կը վայելեմ այս քաղաքին գեղեցկութիւնը` անոր ընդմէջէն տեսնելով Պունտեսթակի պատմական որոշումին գեղեցկութիւնը:

Սակայն երեւի ներաշխարհիս մէջ պէտք էր կամրջէի եւ անոր հետ հաշտեցնէի նախագահին «բարոյական յեղափոխութիւն»-ը եւ նահանգապետին «աշխարհը վերաշինելու» մարտահրաւէր-առաքելութիւնը: «Բարոյական յեղափոխութեան» յառաջացումը կ՛ենթադրէ ունենալ որոշ հիմքեր, այդ հիմքերուն տուն տուող արժէքներ, որոնք իրենց կարգին կ՛ենթադրեն անցեալի անդրադարձ եւ արժեւորում, ինչպէս նաեւ` անցեալին գործուած սխալներու համար զղջում:

Իսկ «աշխարհը վերաշինելու» համար կարեւոր է հասկնալ, թէ աշխարհի հաւաքականութիւնները այլազան են, եւ թէ` անհրաժեշտ է ընդունիլ «ուրիշ»-ը, «ուրիշ»-ը, որ տարբեր է: Պէտք է տեսնել եւ յարգել այդ տարբերութիւնները:

Եւ Պերլին քաղաքի գեղեցկութեան մէջէն սկսայ կամաց-կամաց տեսնել Պունտեսթակի որոշումին գեղեցկութիւնը: Այդ օրը Պերլինի մէջ մէկդի դրի քաղաքական հաշուարկները, որպէսզի կարենայի տեսնել եւ ըմբոշխնել այդ որոշումին գեղեցկութիւնը:

Պունտեսթակի որոշումը լաւ քայլ մըն էր` ստեղծելու «բարոյական յեղափոխութիւն»-ը: Ինքն իր պատմութեան եւ անցեալին նայելով, վերանայելով` փորձ մըն է սրբագրելու սխալը: Այդ «սխալը» ընդունելով` ճամբայ հարթելու եւ սկսելու «աշխարհը վերաշինելու» գործընթացը, որպէսզի «սխալը» չկրկնուի եւ աշխարհ կարենայ պահել իր բարոյական չափանիշները:

Այս բոլորին զուգահեռ, սակայն, առկայ է գործակիցիս պատասխանը. «Ժամանակն է նախաձեռնելու եւ որոշումներ տալու անհրաժեշտութեան»:

«Բարոյական յեղափոխութիւն»-ը խօսքէն անդին գործի վերածելու համար կարեւոր է նախաձեռնելու եւ որոշումներ տալու անհրաժեշտութիւնը: Այս մէկը կ՛իրականանայ նորը շինելով եւ կամ հինը նոր հիմքերով վերաշինելով:

Պունտեսթակի որոշումը գեղեցիկ սկիզբ մըն է: Սկիզբ` «բարոյական յեղափոխութեան», որ ընթացք կրնայ տալ «աշխարհը վերաշինելու» քայլին: Աշխարհ մը, ուր «ուրիշ»-ը եւ «ուրիշներ»-ը կրնան նաեւ գոյութիւն ունենալ եւ ապրիլ, իրենց արժէքներով, իրաւունքներով եւ արժանապատուութեամբ:

Այդ մէկը կը ներառէ նաեւ հայուն արժանապատուութիւնը: Հայ ժողովուրդի նահատակները պէտք է հանգչին եւ հայուն ցաւը, եթէ կարելի չըլլայ վերացնել, նուազագոյնը պէտք է հատուցել:

«Բարոյական յեղափոխութիւն»-ը ցաւը  հասկնալու, բաժնելու եւ դարմանելու «յեղափոխութիւն»-ն է:

 

 

Նախորդը

Մինչեւ Ե՞րբ

Յաջորդը

Իւրայատուկ Ցուցադրութեան Կը Մասնակցին Հայ Արհեստաւորներ Եւ Ոսկերիչներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?