Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրոնիկ. Պատրիարքական Տեղապահին Դասալքումն Ու Շփոթանքը (Որպէս Բաց Նամակ` Արք. Աթէշեանին)

Յուլիս 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Ազգային արժանապատուութիւնն է ազգի մը
ազատութեան ու գոյատեւումին գրաւականը:

Եթէ ծառը չհաւատայ, որ ինք ծառ է, տերեւաթափ կ՛ըլլայ:
Եթէ հայը չհաւատայ, որ ինք հայ է, կ՛օտարանայ:

Նորայր Ադալեան

2016 թուի փետրուար 15-ին եւ յունիսի սկիզբը Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ընդհ. տեղապահ Արամ արք. Աթէշեան արձանագրեց երկու խիստ ծանրակշիռ սայթաքումներ, նախ` ազգութեան հասկացողութիւնը շփոթելով կրօնի հասկացողութեան հետ, եւ ապա` դասալիք ըլլալով հայոց արժանապատուութիւնը պաշտպանելու իր առաջնորդի պարտաւորութենէն… Ծանրակշիռ այս ստրկամիտ ու պարտուողական սայթաքումները առաջնորդ տեղապահը գործեց Հրանդ Տինքի նահատակութեան յաջորդող Պոլսոյ մէջ, որ հինը չէր այլեւս, եւ համայն Թուրքիոյ հետ կ՛ապրէր տեղաշարժային օրեր, ֆաշական իշխանութեանց դէմ բողոքի եւ հրապարակային ծառացումներու օրեր, եւ այս յեղաշրջական ընդհանուր պաստառին վրայ` իրենց նորահաստատ դիրքերը կը գրաւէին` «Նոր Զարթօնք»-ի երիտասարդներն ու իրենց հայկական արմատներուն վերադառնալու վճռակամութիւնը յայտնող իսլամացուած եւ իսլամացած արեւմտահայերու յանդուգն յառաջապահները, եւ մասնաւորաբար` թուրքիացի (թիւրքիէլի) խիզախ քիւրտերն ու թուրքերը, որոնք հրապարակաւ կը ճանչնային Հայոց ցեղասպանութիւնը` հարիւր հազարներով մասնակցելով Հրանդ Տինքի թափօրին եւ միւս ցոյցերուն…

Պունտեսթակի Ճանաչումը

2016 թ. յունիսի 2-ին Գերմանիոյ Պունտեսթակը գրեթէ միաձայնութեամբ (միայն 1 դէմ եւ մէկ ձեռնպահ) կը ճանչնայ ոչ միայն հայոց, այլեւ ուրիշ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց ցեղասպանութեան փաստը` միաժամանակ ընդունելով Գերմանիոյ ձեռնպահութեան պատասխանատուութիւնը: Միաձայնութիւնը` երկու իշխանամէտ կուսակցութիւններու, քրիստոնեայ դեմոկրատական (CDU) եւ Սոցիալ Դեմոկրատներ (PSD) եւ մէկ ընդդիմադիր` Կանաչներու կուսակցութեան միջեւ, այս վերջինին ընդհ. քարտուղար ըլլալով թուրք մը`  Ճեմ Էօզտեմիր, համայն Գերմանիոյ ժողովուրդին անունով:

Թուրքիոյ ատենի դաշնակից Գերմանիոյ ճանաչումը, իր ալ պատասխանատուութեան հետ միասին, համազօր է` իրեն դաշնակից նաեւ Թուրքիոյ ճանաչումին…, որուն միւս դաշնակիցը` Աւստրիան ալ արդէն ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը երիտթուրքերու ձեռամբ… անցեալ տարի:

Գերմանիոյ այս ճանաչումը ինքնաբուխ է եւ ազատ, քանի որ մենք չունէինք այն հզօր միջազգային լրատուական ցանցը, որ ճնշած ըլլար Գերմանիոյ վրայ… Ընդհակառակը, Գերմանիա ականջ չտուաւ իր երէկի դաշնակիցի ճնշումներուն, այլ ականջ տուաւ իր խղճմտանքի ձայնին, եւ առիթ մը նկատեց` իր եւս պատասխանատուութեան համար անուղղակի ներողութիւն խնդրելու հայ ժողովուրդէն: Այս խղճմտանքի ձայնը գոյութիւն ունէր արդէն առաջին օրէն` ոչ միայն իր շարք մը դեսպաններուն, ու պատմաբաններուն եւ մտաւորականներուն մօտ, այլեւ` իր արդարադատութեան մարմիններուն մօտ, երբ 2 յունիս 1921 թուականին, ճիշդ ու ճիշդ 95 տարիներ առաջ Պունտեսթակի որոշումէն, (2/6/2016) գերմանական դատարանը ազատ արձակեց վրիժառու հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանը` երիտթուրք ու սիոնական ճիւաղ Թալէաթը ահաբեկողը…

Պատմական այս ճանաչումը յստակ եւ հսկայ տեղաշարժ մըն էր Գերմանիոյ 100-ամեայ վարանումին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այսօր ողջ երկրագունդը կ՛ապրի փոխանցումի շրջան մը` Արեւմուտքի պարտադրած միաբեւեռ աշխարհակարգէն դէպի բազմաբեւեռ աշխարհակարգ, ազդարարելով Արեւմուտքի մայրամուտը: Արեւմուտք, որուն նեցուկին շնորհիւ կրցաւ Թուրքիան գործել զոյգ ոճիրները` զանգուածային տարագրութեան ու ցեղասպանութեան:

Այս տեղաշարժին ու պատմական փոփոխութեան փաստերէն են` ռուս-գերմանական ուժանիւթի օգտագործումի  առանցքը` «Հիւսիսային հոսք»-ի ծրագրին, եւ միւս կողմէ` Բրիտանիոյ անջատումը Եւրոմիութենէն, որ տարանջատումի դուռը լայն բացաւ եւրոմիութեան անդամ շարք մը երկիրներուն առջեւ, մինչեւ անգամ` Սլովաքիոյ:

Եւ այս փոփոխութեան պատմական պահուն պատրիարքական հայանուն տեղապահը, ստրկամտօրէն կը ստորագրէ թշնամիին պատրաստած աղուէսագիտական թրքաբարոյ նամակը` սուլթան էրտողանին:

Այս թրքատիպ նամակը` սուլթան Էրտողան Ա.-ին ուղղուած, դատապարտագիր մըն է Արամ արք. Աթէշեանին դէմ, միաժամանակ դատապարտագիր մը` թուրք ֆաշական իշխանութեանց դէմ, անոր գործադրած բռնութեան պատճառով: Բռնատէր եւ ստրուկ` հաւասարապէս մերկացուած են այս կեղծ նամակով, որուն հեղինակը Էրտողանն է, եւ զայն միայն ստորագրողը` տեղապահը, որ դասալիք եղած է իր առաջնորդի դիրքէն, ոտնակոխելով հայ ժողովուրդի ազգային արժանապատուութիւնը, գլուխ ծռելով ջարդարար ու զաւթիչ թշնամիին առջեւ: Ուոլթըր Սքոթթ ըսած է` «Միայն չարը կը վախնայ միւս չարերէն»… Բարին եւ առաքինին չի վախնար չար բռնատէրէն, այլ կը դիմադրէ անոր: Առաջնորդի յաւակնութիւն ունեցող անձին միտքը սիրտին, եւ սիրտն ալ միտքին մէջ պէտք է ըլլայ, որպէսզի ընդդիմանայ իր հետեւորդներու կեանքին ու արժանապատուութեան սպառնացող բռնատէրին: Վախկոտը չի կրնար առաջնորդ ըլլալ: Եւ եթէ այս ստրկական արարքը գործեց տեղապահը, պատրիարքի աթոռին տիրանալու համար… բռնատէրին միջամտութեամբ, վերջին խօսքը կը պատկանի ժողովուրդին, որուն նեցուկը կորսնցուց տեղապահը իր այս արարքով, որովհետեւ Պոլիսը եւ պոլսահայութիւնը հինը չեն այլեւս: Փոխուած են Պոլիսն ու պոլսահայութիւնը: Փոխուած են նաեւ ժամանակները: Տեղապահը իր ստորագրած նամակին մէջ կը խօսի «ազգի» անունով, մինչդեռ ինք այլեւս չի ներկայացներ արեւմտահայութիւնը Թուրքիոյ մէջ` իր այս եւ միւս երկրորդ սայթաքումով: Ան 18-րդ դարի եւ 19-րդ դարի առաջին կէսի պատրիարքներուն նման (որոնցմէ մին յորջորջուած էր` Ճհեննեմ Մերիվանը…)` դարձած է սուլթան Էրտողանի վեքիլը հայ ազգին (միլլեթին) մօտ` փոխանակ ըլլալու հայ ազգին վեքիլը` սուլթանին մօտ… Եւ երբ ծանօթանանք ստրկական նամակի բովանդակութեան, կը տեսնէք, որ տեղապահը Գերմանիոյ հետ անգամ խօսած է սուլթան Էրտողանի բառերով եւ անոր փոխարէն…

Լոկ կրօնական պատկանելութիւնը տակաւին ազգային պատկանելութիւն չէ:

2016 թ. փետրուարի 15-ին, Վարդանանց տօնին առիթով, Պոլսոյ «Վարդանանց երգչախումբ»-ի հիմնադրութեան 83-րդ տարեդարձի հանդիսութեան ընթացքին, տեղապահը շօշափած է «հայկական ինքնութիւնը» թեման եւ խիստ բացասական կեցուածք արտայայտած իսլամացուած ու իսլամացած արեւմտահայերու եւ մասնաւորաբար համշէնահայերու նկատմամբ` կրօնը շփոթելով ազգութեան հետ, նոյնացնելով այս երկու իրարմէ հիմնովին տարբեր հասկացողութիւնները, մերժելով ընդունիլ հայութեան պատկանելիութիւնը անոնց, որոնք կը խուսափին մկրտուելէ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Այդ խուսափումը, սակայն, չունի մերժողական բնոյթը, այլ պարզապէս կանխազգուշական է` երկրին մէջ իսլամական մոլեռանդութեան տակաւ տարածման պայմաններուն մէջ` սուլթան Էրտողան Ա.-ի բռնատիրութեան ներքեւ: Եւ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ չմկրտուած անձ մը, որ «Ես հայ եմ» կ՛ըսէ, կրնայ հայութեան ծառայել շատ աւելի մեծ օգտակարութեամբ եւ հետեւողականութեամբ, քան` մկրտեալ հայերու մեծ բանակ մը:

Կրօնական ինքնութիւնը հիմնովին տարբեր է ազգային ինքնութենէն, եւ կրնան գոյութիւն ունենալ ոչ միայն հայ առաքելականներ, հայ կաթողիկէներ եւ հայ աւետարանականներ ու հայ իսլամներ, հայ անաստուածներ, հայ հեթանոսներ, հայ պուտտայականներ եւ հայ սատանայապաշտներ ու բազմագոյն հայ աղանդաւորականներ, որոնք հայ են ազգութեամբ եւ ոչ թէ կրօնական կամ դաւանական պատկանելութեամբ:

Իսլամի կրօնը կը ճշդէ անոր կրօնական պատկանելիութիւնը եւ ոչ թէ ազգային պատկանելիութիւնը եւ միայն փանթուրքիստներն են, որ իսլամական պատկանելիութիւնը նոյնացուցած են թուրք ազգային պատկանելիութեան հետ` թրքացնելու համար բոլոր ոչ թուրք իսլամները: Իսլամի կրօնքը` ինչպէս տիեզերական միւս բոլոր կրօններն ու գաղափարախօսութիւնները եւ փիլիսոփայական դպրոցները չունին ազգութիւն, այլ համաշխարհային են ու համամարդկայնական: Տուեալ ժողովուրդի մը ազգային ինքնութիւնը չեն սահմանափակեր անոր դաւանած կրօնով կամ գաղափարախօսութեամբ ու աշխարհահայեացքով կամ փիլիսոփայական դպրոցով: Յուդայական կրօնին պատկանելութիւնը բնաւ չի նշանակեր` «հրեայ ազգութեան» պատկանելութիւն, որովհետեւ «հրեայ ազգ գոյութիւն չունի, իսլամ ազգ գոյութիւն չունի, քրիստոնեայ ազգ գոյութիւն չունի, դրամատիրական, ընկերվարական, համայնավարական, ֆաշական, ցեղապաշտական, սատանայապաշտական, իտէալապաշտական, մաթերիապաշտական, ոչնչապաշտական, ակնոսապաշտական, պուտտայական, աղանդաւորական, մասոնական, սիոնական, փանթուրքիստական ազգութիւններ գոյութիւն չունին, որովհետեւ գոյութիւն ունին` ամէնազգի սիոնիստներ եւ հակասիոնիստներ, փանթուրքիստներ եւ հակափանթուրքիստներ, համայնավարներ եւ հակահամայնավարներ, ազատականներ եւ հակաազատականներ, մասոնականներ եւ հակասիոնականներ եւ Թուրքիոյ բոլոր իսլամականները թուրք ազգայնականներ չեն, եւ Իսրայէլի բոլոր յուդայադաւանները սիոնականներ կամ հրեայ ազգայնականներ չեն, որովհետեւ չկայ իսլամ ազգայնականութիւն, եւ չկայ յուդայական ազգայնականութիւն, որ միայն սիոնական առասպել մըն է, որովհետեւ կան հակասիոնական յուդայականներ, որոնք ունին իրենց յուդայականները, որոնք ունին իրենց յուդայական կազմակերպութիւնն ու խախամները, որոնք կրօնական կեդրոնական մարմին մը ունին, որ կը կոչուի Նաթուրի քարթա (Քաղաքի պահակներ), որոնք կ՛ըսեն թէ` այս Իսրայէլ պետութիւնը իրենց պետութիւնը չէ, քանի որ իրենց Մեսիան տակաւին չեկաւ, որպէսզի զիրենք առաջնորդէ Եհովայի իրենց խոստացած «Աւետեաց երկրին»… եւ Թել Աւիվի համալսարանի պատմութեան ամպիոնի հրեայ դասախօսը 2008 թուականին վաւերագրական փաստաթուղթերով հարուստ հատորը հրատարակեց Փարիզի մէջ, «Ֆայարտ» հրատարակչատունէն, որուն խորագիրն է` «Ինչպէ՞ս հնարուեցաւ հրեայ ժողովուրդը» (comment fut inventé le peuple juif?) : Փրոֆ. Շլոմօ Սանտ (Shlօmօ Sand) կը փաստէ, որ գոյութիւն չունի հրեայ ժողովուրդ եւ հրեայ ազգութիւն… այլ միայն` հրէական յուդայական կրօն… Այսինքն յուդայական կրօնքին պատկանելութիւնը լոկ կրօնական, ոչ ազգային պատկանելութիւն է եւ սիոնականներու հնարած «հրեայ ազգութիւնը» առասպել մըն է պարզապէս: Եւ քանի որ իսլամը լոկ կրօնական ինքնութիւն է, ուրեմն Թուրքիոյ բոլոր իսլամները թուրք չեն ազգութեամբ:

Մինչդեռ Արամ արք. Աթէշեան ըսած է այս բոլորին հակառակը, թէ` «Հայը կրօնէն անքակտելի ամբողջութիւնն է: Եթէ կ՛ուզես հայ ըլլալ, կ՛երթաս, կը մկրտուիս, Հայց. եկեղեցւոյ անդամը կ՛ըլլաս նախ, եւ միայն այդ ժամանակ կրնաս ըսել` «Ես հայ եմ»: Երբ համշէնցին կ՛ըսէ` «Ես հայ եմ եւ հայերէն կը խօսիմ եւ այսքանը հերիք է» բաւական չէ: Մեր կրօնը այդքան աժանագին չէ»: Ուրեմն, ըստ տեղապահին, Հայց. եկեղեցւոյ անդամը միայն կրնայ հայ ըլլալ... իսկ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, աւետարանական եկեղեցւոյ եւ անաստուած հայերը հայ չե՞ն… որոնց թիւը տակաւ կ՛աւելնայ:

Ազգային ինքնութեան միակ տարրը Հայց. եկեղեցւոյ պատկանի՞լն է արդեօք: Իսկ Հայց. եկեղեցւոյ պատկանելութիւնը միակ ցուցանիշը մկրտութի՞ւնն է արդեօք: Ազգային ինքնութիւնը հաստատող ուրիշ տարրեր չկա՞ն արդեօք: Քանի՜ հազար մարդիկ իրենց մանկութեան եւ ոչ իրենց գիտակից որոշումով եւ իրենց ծնողաց որոշումով մկրտուած են ակամայ, բայց յետոյ հեռացած են, օտարացած են հայութենէ. քանի որ իրենց հասուն տարիքին չէ, որ մկրտուած են… իրենց ազատ ու գիտակից որոշումին ընտրանքը չէ եղած մկրտութիւնը: Եւ ոչ միայն անաստուածեան հարիւր հազարաւոր խորհրդահայերն ու տարագիր արեւմտահայերը, այլեւ աւետարանականներ, որոնք չեն հաւատար մկրտութեան` մեր թոնտրակեցիներուն նման, հայեր չե՞ն արդեօք:

Բայց ասոնք կ՛ընդունին, որ Հայց. եկեղեցին ազգային եկեղեցի մըն է` նման Անկլիքան եւ Լուտերական եկեղեցիներուն, եւ կը պաշտպանեն Հայց. եկեղեցին` որպէս ազգային եկեղեցի, օտար աղանդաւորական ծածկագիտական շարժումներուն դէմ, որոնք այսօր ներխուժած են Հայաստան, եւ որոնք արգիլուած էին երէկ` Խորհրդային Հայաստանի անաստուածեան պետութեան կողմէ, որ կը պահպանէր Էջմիածինը որպէս հոգեւոր` ոչ քաղաքական կեդրոն…

Հայ ազգային ինքնութիւնը կազմող տարրերը բազմաթիւ են ու բազմատեսակ, եւ ոչ թէ` բացառապէս մկրտութիւնը, որմէ ոչինչ կը հասկնայ մկրտուողը: Պատմամշակութային տարրը կը կազմեն ազգային ինքնութիւնը, եւ որոնք աւելի շօշափելի են եւ աւելի երկարատեւ, քան` մկրտութեան կարճատեւ թատրոնը… որ սակայն եկամտաբեր է կղերականութեան համար: Տակաւին, տեղապահը շատ աւելի ծիծաղելի հարց մը կը դնէ համշէնցիներուն` «Որո՞ւ արիւնը կը կրես դուն…»: Իսկ մենք հարց կու տանք տեղապահին` «Մկրտութեա՞մբ կը հաստատուի մկրտուողին հայկական արիւնը… կամ` անոր արիւնին հայկականութիւնը… կամ` «մկրտութեամբ` օտարին արիւնը հայկականի՞ կը վերածուի արդեօք...»: Բայց տեղապահը չի՞ գիտեր արդեօք, որ զուտ ազգային արիւն ունեցող ժողովուրդ չէ մնացած այսօր` երկրագունդի երեսին…

Այսօր համատեղ լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան ու կենցաղի տարրերն են, որ կը կազմեն ազգային ինքնութիւնը: Եւ համշէնցիները կը լրացնեն այս բոլոր տարրերը` կրօնական տարրին մէկ մասին հետ միասին:

Համշէնահայ մարդաբանը` Մահիր Էօզքան (Մհեր Ազնուարիւն) այսօր կը կազմէ ժողովածու մը` համշէնահայերու մշակոյթին, լեզուին, աղօթքներուն, երգերուն, մեղեդիներուն, հեքիաթներուն, դամբանականներուն, խաղիկներուն, սրամտութիւններուն, անեքթոտներուն եւ առակներուն մասին, որոնց մէջ  ան գտած է բազմաթիւ հայկական տարրեր: Ան կ՛ըսէ. «Այս բոլորին մէջ կան նաեւ նախաքրիստոնէական ժամանակներէն վերապրած հեթանոսական աւանդութիւններ եւ տարրեր, ինչպէս` Վարդավառը եւ Արեւագալը, որոնք կան նաեւ Հայց. եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն մէջ: Եւ համշէնահայերու նոյնիսկ իսլամական աղօթքներուն մէջ կը շարունակուին պահպանուիլ այդ տարրերը: Համշէնահայերու լեզուն ո՛չ թրքերէն է եւ ո՛չ ալ մաքուր հայերէն, բայց կը հանդիսանայ հայերէնի բարբառներէն մին: Օրինակ` Աստուած բառը եղած է Ասպած: Եւ ամէնէն հետաքրքրականը եւ կարեւորը այն է, որ համշէնցիները ունին թէ՛ Սեւ Ասպած, եւ թէ՛ Ճերմակ Ասպած եւ երբ շատ նեղը մնան կը դիմեն` Ճերմակ Ասպածին, որ իրենց յատուկ եւ հարազատ Աստուածը կը նկատեն` զանազանուելով միւս իսլամներէն…»:

Եւ այս իւրայատուկ մշակոյթը` համշէնահայերուն, շարունակուած է դարերով` դիմանալով ժամանակին:

Արդ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ, մեր ազգային գերագոյն շահերէն մեկնած, մեր կեցուածքը` համշէնահայերու եւ ընդհանրապէս իսլամացուած ու իսլամացած հայերու իրենց հայկական ակունքներուն վերադառնալու այս զարթօնքին նկատմամբ, եթէ ոչ` գրկաբաց ընդունիլ զանոնք եւ գուրգուրալ անոնց վրայ, երբ անոնց թիւը շատ մեծ է եւ Ալվրցեանի գնահատումով կը հասնի մինչեւ չորս միլիոնի սահմանները:

Արամ արք. Աթէշեան պէտք է հրաժարի եկամտաբեր մկրտութեան արգելքէն եւ գրկաբաց ընդունի զանոնք, երբ կ՛ըսեն, թէ իրպենք հայ են եւ կ՛ուզեն հայ մնալ, կ՛ուզեն պահպանել իրենց հայ ըլլալու մարդկային արժանապատուութիւնը: Ոչ ոք եւ ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի մերժելու եւ չյարգելու մարդոց արժանապատուութիւնը: (Արդեօ՞ք արք. Աթէշեան մկրտութեան եկամուտներով դարձած է կալուածատէր` Պոլսոյ հայաշատ Գուրթուլուշ պողոտային վրայ… բայց այս քրոնիկին մէջ չենք ուզեր բանալ մեր միլիոնատէր, արծաթասէր ոչ հոգեւորական եկեղեցականներուն հաստափոր թղթածրարը…):

Պատմական փաստ է, որ ոչ մէկ պետութիւն կամ ժողովուրդ գոյատեւած է` օտարանալով իր ազգային արմատներէն: Համշէնահայերը կ՛ուզեն վերադառնալ ու առաւել հարազատանալ իրենց ազգային արմատներու հետ: Բոլորս պարտաւոր ենք ընդառաջելու անոնց ազնուական ու նուիրական փափաքին:

 

 

Նախորդը

Ազգային Ռուբինեան-Ս.Մ. Վարժարանի 2015-2016 Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

Յաջորդը

«Բոլորս Հայ Ենք». Կատալին Բոգդանի Յօդուածը Ռումինական Օրաթերթում

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?