Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփի Հետ Թուրքիոյ Դժուարութիւններու Առաջին Ազդանշանները

Յուլիս 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harut Sassounian1

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւնները յուլիսի վերջին պիտի իրականացնեն իրենց համագումարները` համապատասխանաբար Տանըլտ Թրամփն ու Հիլըրի Քլինթընը իրենց նախագահական թեկնածուն ընտրելու նպատակով:

Կուսակցութեան հաւատարիմ անդամներու համար ընտրութիւնը շատ պարզ է. քուէարկել իր կուսակցութեան թեկնածուի օգտին: Այսուհանդերձ, միլիոնաւոր այլ ընտրողներ կանգնած են որոշում կայացնելու աւելի բարդ խնդիրի առջեւ: Ոմանք, դժգոհ երկու գլխաւոր կուսակցութիւններէն, կը պատրաստուին քուէարկելու անկախ, երրորդ թեկնածուի մը օգտին, իսկ ուրիշներ մտադրած են ընտրութիւններուն ընդհանրապէս չմասնակցիլ:

Ամերիկահայ ընտրողները եւս անորոշութեան մէջ կը գտնուին ընտրութեան հարցով: Հիլըրի Քլինթընի պարագային շատեր խիստ հիասթափուած են անկէ` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տուած խոստումը դրժելուն պատճառով, երբ ան արտաքին գործոց նախարար եղած ատեն զայն անուանեց «պատմական բանավէճի հարց»` հակառակ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր բազմաթիւ խոստումներուն, նախ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական եւ ապա` նախագահութեան թեկնածու, ութ տարի առաջ:

Թրամփ հանելուկ է բազմաթիւ ամերիկահայերու համար: Անոնք, որոնք պատրաստ են անտեսելու անոր վիճայարոյց դիրքորոշումները եւ պարզապէս իրենց քուէն տալ զուտ հայկական հարցերու հիման վրայ, վստահ չեն, թէ արդեօք ան, իր իսկ խօսքերով ըսած` «բարեկա՞մ, թէ՞ հակառակորդ» է, քանի որ գործարար Թրամփ հանրային դիրքորոշում չունի բազմաթիւ քաղաքական հարցերու, այդ շարքէն` հայկականին վերաբերեալ:

Ի հարկէ, լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլար դէմ առ դէմ հանդիպիլ հանրապետական թեկնածուին հետ եւ առաջին հայեացքով պարզել, թէ ինչպիսին են անոր մօտեցումները հայութիւնը հետաքրքրող հարցերու վերաբերեալ: Սակայն նման հնարաւորութեան մը բացակայութեան պայմաններուն, ընտրողները պէտք է ապաւինին Թուրքիոյ մասին վերջերս անոր կողմէ կատարուած քանի մը կարճ արտայայտութիւններու:

Թրամփ անցեալ տարուան դեկտեմբերին քննադատեց Թուրքիան` իսլամական ահաբեկիչներուն աջակցելուն համար: Ան ըսաւ Պրիպարթ Նիւզ Տէյլ-ին. «Թուրքիա կարծես թէ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ է, քիչ թէ շատ` քարիւղի հետ կապուած»: Ան աւելցուց, որ շահերու բախում ունեցած է Թուրքիոյ մասին խօսելով` Պոլսոյ մէջ գտնուող  «Թրամփ թաուըր» երկնաքերներու համալիրին պատճառով: Թէեւ շէնքը իրեն չի պատկանիր, սակայն ան իր անունը շնորհած է պանդոկի սեփականատէրերուն եւ մակնիշային շահութաբեր վճարումներ կը ստանայ: Ան նման համաձայնութիւն մը ունի նաեւ Թրամփ Ինթըրնեշընըլ հոթել եւ Թաուըրի հետ, Պաքուի մէջ: Իր գործարարական յարաբերութիւնները չվնասելու համար Թրամփ արագօրէն հաստատեց հարցազրոյցի ընթացքին. «Ես Թուրքիան շատ լաւ կը ճանչնամ. թուրքերը զարմանալի եւ հրաշալի մարդիկ են, անոնք ուժեղ ղեկավար ունին»:

Հակառակ Էրտողանի մասին Թրամփի արտասանած ջերմ խօսքերուն, Թուրքիոյ նախագահը երկու շաբաթ առաջ յարձակեցաւ անոր վրայ` զայն մեղադրելով իսլամատեացութեան մէջ եւ կոչ ընելով անյապաղ հանել Թրամփի անունը Պոլսոյ «թաուըր»-էն… Գործարարներու մեծ խումբի մը առջեւ Էրտողան յայտարարեց, որ Թրամփ «անհանդուրժողական է Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մահմետականներու հանդէպ, եւ այսքանէն ետք անոր անունը իբրեւ մակնիշ կ՛օգտագործուի Պոլսոյ մէջ: Անոնք, որոնք այդ մակնիշը դրած են իրենց շէնքին վրայ, պէտք է անյապաղ հանեն զայն»: Էրտողան նաեւ ըսաւ, թէ կը զղջայ, որ մասնակցած է «Թրամփ թաուըր» համալիրի բացման արարողութեան, 2012 թուականին, երբ վարչապետ էր. «Ես նաեւ սխալած եմ եւ բացած («Թրամփ թաուըր» համալիրը): Պանդոկի թուրք սեփականատէրը յայտարարեց, որ ինք կը վերանայի իր գործարարական կապերը Թրամփի հետ:

Պոլսոյ մէջ «Թրամփ մոլ» առեւտրական կեդրոնի վերակացու Պիւլենթ Քուրալ եւս քննադատեց Թրամփը. «Մենք կը ցաւինք եւ կը քննադատենք Թրամփի խտրական արտայայտութիւնները: Նման յայտարարութիւններ անարժէք են եւ արգասիքը` մտքի մը, որ չի հասկնար իսլամութիւնը, խաղաղութեան կրօնը: Մեր տեսակէտը ուղղակիօրէն յայտնած ենք Թրամփի ընտանիքին: Մենք կը վերանայինք մեր իրաւական յարաբերութիւնները Թրամփ մակնիշին հետ»:

Հանրապետական թեկնածուն յանպատրաստից այլ մեկնաբանութիւն մը եւս ըրաւ Թուրքիոյ մասին, յուլիս 1-ին, Տենվըրի մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին: Երբ ան կը թուարկէր անունները շարք մը երկիրներու, որոնք ռազմական պաշտպանութիւն կ՛իրականացնեն Միացեալ Նահանգներու հաշուոյն, դահլիճէն մէկը գոռաց` «Թուրքիա»… Թրամփ ընդհատեց իր խօսքը եւ հարցուց այդ մարդուն` արդեօք ան «բարեկա՞մ, թէ՞ հակառակորդ» է: Հանրապետական թեկնածուն աւելցուց. «Եւ Թուրքիան, որ, ի դէպ, պէտք է պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Ես յոյսով եմ, որ Թուրքիա կը պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, քանի որ ՏԱՀԵՇ-ը, որոշակի իմաստով, շատ լուրջ առաւելութիւններ ունի Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիա ինք պէտք է արմատախիլ ընէ ՏԱՀԵՇ-ը: Ես կը փափաքէի տեսնել այդ»:

Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօ՞ք Էրտողան կը սրէ իր աճող թշնամանքը Տանըլտ Թրամփի հետ` պնդելով հանել վերջինիս անունը Պոլսոյ «թաուըր»-ներէն: Զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մինչեւ այսօր կ՛անտեսէ Թրամփի բացասական մեկնաբանութիւնները իսլամութեան մասին` նախընտրելով պաշտպանել իր սեփական գործարքի շահերը Պաքուի «Թրամփ թաուըր»-ներու առնչութեամբ…

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանը` ԵԱՀԿ-ի Խորհրդաժողովի Քննադատութեան Թիրախում

Յաջորդը

Պիելսա Նշանակուեցաւ Լացիօ Ռոմայի Մարզիչ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?