Անդրադարձ

Վարանգաթաղի Ազատագրութեան Հնգամեակին Առիթով.  Յարգել Յիշատակը, Պահել Յոյսը, Ամրացնել Արմատները Եւ Շարունակել Գործը

Վարանգաթաղի Ազատագրութեան Հնգամեակին Առիթով. Յարգել Յիշատակը, Պահել Յոյսը, Ամրացնել Արմատները Եւ Շարունակել Գործը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Կեանքի գնով Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին ծառայելու երդումը տուած դաշնակցականը, երբ ստանայ «կանչ»-ը, չի կրնար ձեռնածալ մնալ, չի կրնար երդմնադրուժ ըլլալ, չի կրնար իր սկզբունքներէն շեղիլ եւ չի կրնար չշարունակել Սուրբ Գործը: Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը առաջինն էր, որ հնչեցուց «կանչ»-ը` զօրակոչը: Յայտարարութեան մէջ շեշտուած էր, որ պէտք է ուժերու մէկտեղումով ըլլալ Երկրի...

Արեամբ Քանդակուած Ոգեղէն Յուշարձաններ  (Վարանգաթաղի Հերոսներուն)

Արեամբ Քանդակուած Ոգեղէն Յուշարձաններ (Վարանգաթաղի Հերոսներուն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ո՛վ կրնայ յանդգնիլ արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակներու միջեւ խտրութիւն դնել, անոնց ճակտին կուսակցական պատկանելիութիւն դրոշմել, այս կամ այն պատրուակով` սեփականացնել անոնց սխրանքն ու զոհողութիւնը կամ մոռացութեան տալ մղուած բազում ճակատամարտերու վեհութիւնն ու կշիռը: Փաստօրէն, 1988-2020 ժամանակաշրջանին հայութեան մարտական բազուկը` շնորհիւ իր ռազմական ունակութեան, անյեղլի կամքին, հայդուկապետերու եւ հրամանատար կազմերու եզակի կարողութեան, բայց մանաւանդ` հերոսածին տղաներու դէպի մահ արշաւելու...

Յիշելով «Կիլիկեան Իշխան» Հրայր Սողոմոնեանը…

Յիշելով «Կիլիկեան Իշխան» Հրայր Սողոմոնեանը…

ՓԱՌԷՆ Յ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ «Եւ Յիշատակս Ալ Թառամի, Ա՜Հ, Այն Ատեն Ես Կը Մեռնիմ» ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ Անմահանուն բանաստեղծ Պետրոս Դուրեան «Իմ մահը» բանաստեղծութեան վերջին համարին մէջ իրաւամբ ըսած է. «Իսկ աննշան եթէ մնայ երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,                                              եւ յիշատակս ալ թառամի, ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»: Յիշատա՛կն է, որ մարդը կ՛ապրեցնէ նոյնիսկ իր մահէն ետք: Իսկ այդ յիշատակը կրնայ...

Գէորգ Հաճեան` Երգին Եւ Զոհողութեան Խոյանքը

Գէորգ Հաճեան` Երգին Եւ Զոհողութեան Խոյանքը

ԹԱԼԹՈՍ 2020-ի հոկտեմբեր: Արցախեան երկինքը մթնած էր թշնամիի թնդանօթներէն: Սակայն աւելի ուժգին ձայնի մը ի լուր` գետինը կը դղրդար, դարաւոր ծառերը շուրջպար բռնած էին, ու մթութեան մէջ լռութեան շղթան երկվայրկեանուան մը մէջ կը նօսրանար զիլ ու զօրեղ ձայնին դիմաց... Այդ մթութեան մէջ հնչող ձայնը` խորշակէն ալ ուժգին, կրակէն ալ ջերմ, Գէորգ Հաճեանինն էր: Ան չէր երգեր միայն: Ան կ՛աղօթէր երգով:...

Ծառայութեան Տիպարը  (Աւետիս Կէտիկեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ծառայութեան Տիպարը (Աւետիս Կէտիկեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Ով որ ուզէ ինծի ծառայել, պէտք է ինծի հետեւի, եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն, ուր ես կը գտնուիմ: Եւ Հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը» (Յհ 12.26) Ծառայութիւնը քրիստոնէական վարդապետութեան առանցքը կը կազմէ, իսկ քրիստոնեային կեանքին իմաստ եւ արժէք տուող հաւատքի եւ նուիրումի արտայայտութիւնն է: Ծառայութիւնը հիմքը կը կազմէ Աստուածաշունչին եւ Քրիստոս իր իսկ կենդանի օրինակով ցոյց...

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…

80-Ամեայ ՄԱԿ-ի Թրամփեան Կանգառը…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ 1.- Մինչ Թրամփը իր հերթական զառանցանքով յայտարարում է «եօթ պատերազմներ կանխելու» մասին, Վենեզուելան շրջապատուած է նոյն թրամփեան ԱՄՆ-ի ծովուժի տասնեակ ռազմանաւերով... 2.- Մինչ նոյն Թրամփը Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին է յաւակնում, նա պատերազմով է սպառնում Աֆղանիստանին, որպէսզի վերջինս կրկին ԱՄՆ-ին տրամադրի «Պաղրամ» ռազմօդային յենակայանը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ յենակայանից ընդամէնը մէկժամեայ թռիչքով ամերիկեան տարբեր տեսակի «ԷՖ» տիպի օդանաւերը ի զօրու...

«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան

«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան

ԴՄԻՏՐԻ ՌՈԴԻՈՆՈՎ  Հայաստանը նոյեմբերի 1-ից Արարատ լերան պատկերը կը հեռացնի սահմանահատման դրոշմակնիքներից, համապատասխան որոշումն ընդունել է կառավարութիւնը: Մինչդեռ Արարատը համարւում է Հայաստանի ազգային խորհրդանիշը: Այս լեռը պատկերուած է երկրի զինանշանի վրայ, ողջ նախկին ԽՍՀՄ-ում հանրաճանաչ  քոնեաքը կոչւում է նրա պատուին, ֆութպոլային ակումբը կոչւում է այս անունով եւ բայց շատ ու շատ բաներ: Սակայն հայերի համար սրբազան լեռը 1921-ի Մոսկուայի պայմանագրով անցաւ Թուրքիային, ինչը հայերի համար մինչ օրս հանդիսանում է...

Տոմս.  Զաւալլը՜ Սարքոզի…

Տոմս. Զաւալլը՜ Սարքոզի…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ      Ֆրանսայի նախկին նախագահներէն Նիքոլա Սարքոզի հինգշաբթի (25 սեպտեմբեր) 5 տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Մեղադրա՞նքը: 2007-ին, նախագահութեան ընտրապայքարի օրերուն, 50 միլիոն եւրօ աջակցութիւն ստացած է Լիպիոյ այդ օրերու նախագահ Մուամմար Քազաֆիէն (որուն պատմութեան ծանօթ է աշխարհը` «Արաբական գարուն»-էն առաջ եւ ետք): Ինչպէս ոեւէ մեղադրեալ, Սարքոզին ալ յայտարարեց, թէ զինք քաղաքական նկատառումներով բանտարկութեան կը դատապարտեն, հաւաստեց, որ մեղադրանքը շինծու է, եւ...

Երուսաղէմի Պատրիարքարանի Ընդհանուր Ժողովը Կը Մերժէ Իսրայէլացի Ներդրողին Հետ Կնքուած Վարձակալութեան Պայմանագրութիւնը

Երուսաղէմի Պատրիարքարանի Ընդհանուր Ժողովը Կը Մերժէ Իսրայէլացի Ներդրողին Հետ Կնքուած Վարձակալութեան Պայմանագրութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Այս վերջին դրուագն է վէճին մէջ «Կովերու պարտէզ»-ը, որ կը կազմէ Երուսաղէմի պատրիարքարանի Հայկական թաղամասին գրեթէ 25 տոկոսը, իսրայէլացի ներդրողին վարձու տալու: 2021-ին հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան պայմանագիր կնքած է իսրայէլացի գործարարին հետ` 98 տարիով վարձակալութեան յանձնելու պատրիարքարանի 11.500 քառակուսի մեթր տարածքը` շքեղ պանդոկ մը կառուցելու նպատակով: Հակառակ բազմաթիւ խնդրանքներուն` ո՛չ ես, ո՛չ ալ հայ հասարակութիւնը կրցանք...

Հաղորդագրութիւն

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Նիւթով Եռօրեայ Միջուսանողական Խորհրդաժողով

Ուրբաթ, 3 հոկտեմբեր 2025-ին Լիբանանի մէջ ընթացք պիտի առնէ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած «Դաշնակցութիւնը եւ ուսանողութիւնը»  խորագիրով եռօրեայ միջուսանողական խորհրդաժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ կիրակի, 5 հոկտեմբեր: Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին ՀՅ Դաշնակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական հետեւեալ 12 միութիւնները` «Զաւարեան» ուսանողական միութիւն (Լիբանան), Լիբանանի երիտասարդական միութիւն,  «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւն (Հայաստան), Հայաստանի երիտասարդական միութիւն, Արցախի երիտասարդական միութիւն, «Յովնան Դաւթեան» ուսանողական...

Սարգիս Կիրակոսեան

Սարգիս Կիրակոսեան` Ուսուցիչն Ու Մտաւորականը

ԹԱԼԹՈՍ Տասը տարիներ: Տասը տարիներ անցած են այն օրէն, երբ լուր ստացայ, որ Սարգիս Կիրակոսեան այլեւս ոչ եւս է: Պահ մը թուեցաւ` իբր լեզուն ինք զրկուեցաւ իր ձայնաւորութենէն, կարծես խօսքը   խռովեցաւ ի լուր այս բօթին: Որո՞ւ պիտի պատմէի նոր բանաստեղծութեան մը մասին, որո՞ւ հետ պիտի քննարկէի Վարուժանի վերջին տունը, ա՛լ ո՞վ իր գաղափարներով պիտի հարստացնէր գրութիւններս... Բայց ահա, այսօր, տասը...

Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Անփոխարինելի Մարդ Չկայ… Բայց Արդեօ՞ք Փոխարինող Կայ…

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Իմ ազնիւ ընթերցող, Վերջին տասնամեակները սփիւռքահայ իրականութեան համար, բայց մանաւանդ` միջինարեւելեան երկիրներու եւ հոն մնայուն բնակութիւն հաստատած մեր հայրենակիցներուն համար, եղան իրապէս տագնապեցնող ու ճակատագրական, երբ հայաշատ գաղութներ` Սուրիան, Իրաքն ու Լիբանանը ենթարկուեցան քաղաքական ու տնտեսական տագնապներու, տեսակաւոր գուպարներու, եւ ուր «Նոր Միջին Արեւելք» եւ կամ «Արաբական գարուն» անուան տակ փչող ազգաքանդ քամիները անդամահատեցին ու տակնուվրայ ըրին վերոյիշեալ...

Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ

Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ ՄԱԿ-ի կից Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ կազմուած քննիչ յանձնաժողովը հրապարակեց զեկուցագիր մը, որուն մէջ` առանց երկմտանքի, կը նշուի, որ Կազայի դէմ Իսրայէլի մղած պատերազմը կը տեղաւորուի ցեղասպանութեան իրաւական սահմանումներուն մէջ: Եբրայական, պաղեստինեան եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ ցեղասպանագիտութեան մասնագէտներուն պնդումները այս անգամ հաստատուեցան ՄԱԿ-ի մակարդակով: Ահաւասիկ` պատմութեան մեծագոյն ոճիրներուն հետ համեմատելի յանցագործութիւն մը: Զեկուցագիրը փաստերու եւ վկայութիւններու...

Սթափելու Ժամանակը

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կը կարծեն, որ իրականացուցած են պատմական մեծ յաջողութիւն մը: Հայ ժողովուրդը ձերբազատած են իր բոլոր պատրանքներէն. մնաք բարով Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ իրաւունքներու պահանջատիրութիւն, մնաք բարով Արեւմտեան Հայաստան, Նախիջեւան եւ Ջաւախք, մնաք բարով Արցախ ու արցախահայեր: Հայ դատը լուծուած է. մենք ամփոփուած իրական Հայաստանի նեղ սահմաններուն մէջ, կը յայտարարենք, որ ո՛չ առնելիք ունինք, արդեօ՞ք ո՛չ ալ......

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Սեւանի Հորթուկը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այդ օրերուն տակաւին հայրենիք կը գտնուէինք: Ու նոյն տանիքին տակ քանի մը գիշերներ միասին անցընելու համար այր եւ կին հին բարեկամի մը կողմէ Սեւան գիւղաքաղաքի իր բնակարանը հրաւիրուեցանք: Ու ինչ մեղքս պահեմ, ամբողջ ճամբու ընթացքին անհատնում հարցումներովս զինք գրեթէ յոգնեցուցած էի: Կը զգայի այդ մէկը: Բայց ձեռքս չէր: Անմեղ հետաքրքրութիւն: - Ինչո՞ւ Սեւան եւ ոչ` Երեւան..., ուրկէ՞ ո՛ւր...,...

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Թւում է, թէ մեր օրերում լուրջ հրատարակութիւնների կարիք չի զգացւում, քանի որ հազիւ ենք կարողանում կողմնորոշուել տեղեկատուութեան ընթացիկ յարահոսի մէջ: Բայց երբ վերջում փորձում ենք ամփոփել նման եղանակով ստացուող հապճեպ կարծիքները, ակնյայտ է դառնում, որ հէնց լուրջ հրատարակութիւնների պակասն է մեզ զրկում արտաքին ու ներքին տեսաշարի մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու հնարաւորութիւնից: Իրականում մենք վերապրում ենք նման ձեռնածութիւններից ծնուող քաոսը, որում ներկան...

Նշմար.  Թրամփի «Ալպանիա» Հանելուկը Լուծեցի՜…

Նշմար. Թրամփի «Ալպանիա» Հանելուկը Լուծեցի՜…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ուաշինկթընեան 8 օգոստոսի «պատմակա՜ն» յայտարարութենէն ետք, Սպիտակ տան պետը սովորութեան վերածեց Հայաստան բառին տեղ գործածել Ալպանիա (մեզի ի՞նչ, որ Ազրպէյճանի անունն ալ այլանդակօրէն կ՛արտասանէ): Թրամփի տգիտութիւնը նորութիւն չէ, ունի երկա՜ր պատմութիւն, եւ մեր հայրենիքին Ալպանիա պիտակաւորումը արդարօրէն ընդվզում կ՛առաջացնէ հայութեան մէջ: Սիրելի՛ ընթերցող, եկո՛ւր, պահ մը մտածենք տարբեր մօտեցումով եւ այդքան ալ տգէտ, անբան չսեպենք Թրամփը: Եթէ վերադառնանք...

Ազգը Եւ Սփիւռքը Փակուղիէն Հանել, Որպէսզի Նուաճուին Իրաւունք Եւ Ինքնութիւն

Ազգը Եւ Սփիւռքը Փակուղիէն Հանել, Որպէսզի Նուաճուին Իրաւունք Եւ Ինքնութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Կ’ըսենք ՍՓԻՒՌՔ. ինքնագոհական անուանում մը, որ կը փոխարինէ նուաստացուցիչ համարուող «գաղթական»-ը եւ «գաղթականութիւն»-ը` ստեղծելով այն տպաւորութինը, որ ան  միութիւն եւ նկարագիր ունեցող ընկերամշակութային, աշխարհագրական, ազգագրական եւ քաղաքական իւրայատուկ կացութիւն մըն է: Հաճելի չէ ըսել գաղթականութիւն ենք, ներկայանալ որպէս գաղթական, մանաւանդ երբ յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն կը համարենք համարկուած ըլլալ տարբեր եւ նոր հաւաքականութեան մը մէջ: Հասարակաց ի՞նչ ունին «Հայկական...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Աշխարհը Փոխելու Համար Չինաստանը Ուժերու Եռանկիւն Կը Կառուցէ

22 օգոստոս 2025-ին մահացաւ «Ազդակ»-ի երկարամեայ աշխատակից, բեղուն գրիչի տէր Յարութ Չէքիճեանը, որուն յօդուածներէն եւ յատկապէս թարգմանական աշխատութիւններէն որոշ թիւ մը աշխուժ կշռոյթով առաքուած էին խմբագրութեանս, սակայն օրին կարելի չէր եղած անոնց տեղ տալ` նոյն հեղինակին այլ աւելի առաջնահերթ գրութիւններու հրատարակութեան նախընտրութեան բերումով: Սակայն նկատի ունենալով Յարութ Չէքիճեանի գրութիւններուն մեծամասնութեան կարեւորութիւնը, թէկուզ աշխարհաքաղաքական որոշ փոփոխութիւններ արձանագրուած ըլլան, թուականները պահպանելով հետեւողական...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Հայութեան Յաւերժութեան Խորհրդանիշը Դարձեա՛լ Ոտնակոխ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայութեան Յաւերժութեան Խորհրդանիշը Դարձեա՛լ Ոտնակոխ

«Ա՜խ, այս Մասիսը... Բոլոր հայերին այստե՜ղ է բերում, Երբ ինքն... այստե՜ղ չէ... Միաբանութեան քարո՜զ է կարդում Աշխարհում ցրուած հայերին անտուն Ա՛խ, այս Մասիսը» Գէորգ Էմին (1919-1998) Ահաւասիկ չուշացաւ: Թուրք «պատգամաբեր» Քըլըչի Երեւան այցելութենէն ետք ինչե՜ր կը սպասուէին «ազգընտիր» վարչապետէն եւ անոր լծակիցներէն: Պատասխանը չուշացաւ եւ անգամ մը եւս ազգային խորհրդանիշ մը` մեր ազգի յաւերժութեա՛ն մէկ խորհրդանիշը, եղաւ ոտնակոխ: Ըստ Փաշինեանի,...

Page 60 of 808 1 … 59 60 61 … 808

Արխիւներ