Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն տակաւին հայրենիք կը գտնուէինք: Ու նոյն տանիքին տակ քանի մը գիշերներ միասին անցընելու համար այր եւ կին հին բարեկամի մը կողմէ Սեւան գիւղաքաղաքի իր բնակարանը հրաւիրուեցանք: Ու ինչ մեղքս պահեմ, ամբողջ ճամբու ընթացքին անհատնում հարցումներովս զինք գրեթէ յոգնեցուցած էի: Կը զգայի այդ մէկը: Բայց ձեռքս չէր: Անմեղ հետաքրքրութիւն:

– Ինչո՞ւ Սեւան եւ ոչ` Երեւան…, ուրկէ՞ ո՛ւր…, ինչպէ՞ս օրերդ ու ժամերդ կ՛անցընես.- ու նման երկար-բարակ հարցումներ, որոնց բարեկամս մէկիկ մէկիկ ու մանաւանդ համբերութեամբ պատասխանեց: Ապա վերջը` իբրեւ նախապտոյտ,  պատմական մեր «ծով»-ուն` Սեւանայ լիճին շուրջ սանկ պզտիկ «կլոր» մը դառնալէ ետք, գիւղական տարածութիւն մը յիշեցնող Սեւան «քաղաքը» մտանք, մտքիս մէջ ամրապէս փորագրած` Գեղամայ լեռներուն գեղեցկութիւնն ու հայրենի մեծ լիճին հիացմունքս:

Հազիւ տուն մտած, տանտէրս զիս իր բնակարանի երկրորդ յարկի պատշգամը տարաւ` հոնկէ դիտելու ամբողջ հորիզոնը: Ու ես չտեսի աչքերով, յափշտակուած դիտեցի քիչ մը հեռուն լեռներու ծոցին մէջ, կռնակի վրայ պառկած, աչքերը երկնքին յառած, ամէն տեսակի բարիքներով լեցուն երկնային այդ պարգեւը` լիճը: Կ՛ըսեն, թէ շատ դարեր առաջ, երբ ջրհեղեղը հայոց աշխարհին վրայ ցամքեցաւ, Աստուած ափ մը ջուր թափեց Գեղամայ լեռներուն վրայ եւ զայն անուանեց Սեւանայ ծով: Ու հիմա, կը մտածեմ.  ի՞նչ պիտի ըլլար այս աշխարհը, եթէ չըլլար երկնքի այս գանձը: Եւ ի տես այս բոլորին` անկեղծօրէն երկար ժամանակ անշարժ մնացած էի: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ ենթարկուիլ այս տեսիլքին:

– Հարուստ, ե՛ւ հզօր, ե՛ւ գեղեցիկ երկիր մըն է մեր երկիրը,- ըսի ընթրիքի սեղանին շուրջ բոլորուած տնեցիներուն, որմէ ետք անհամբեր մանուկի մը նման աւելցուցի.- կ՛ուզեմ ընթրիքէն ետք քիչ մը մինակս քալել…, առանձինս…, պտտիլ…:

Վայրկեանին, բոլորը կարծես խօսքերնին մէկ ըրած, զիս դիտեցին համրիչի հատիկներու նման շարուած նայուածքներով:

– Հոս քեզի համար օտար տեղ է, նայէ՛,  կրնաս կորսուիլ, ես ալ հետդ կու գամ, միջամտեց կինս այնպէս ձայնով մը, որ լսողը պիտի կարծէր, թէ ինք տեղացի մըն էր: Երեւանցի այր մարդոց շեշտով  անմիջապէս խստօրէն ընդդիմացայ.- ո՛չ, մինա՛կս.- ըսի խիստ, վճիռ տուողի մը նման: Ապա տանտէրը, թաղերու անուններ, մայր պողոտայ, փողոց եւ այլ բացատրութիւններ տալով` զիս ճամբու դրաւ, նաեւ` աւելցնելով.

– Տե՛ս, շուտով մայրամուտ է, եթէ կորսուելու ըլլաս, «ձայն» մը տուր,- ու յանձնեց իր հեռաձայնը:

Շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ բոլորին «Ցը» մը ըսելէս ետք ինկայ փողոց: Տակաւին կանաչ հովիտի մը մէջ անշարժ պառկած էր ամբողջ գիւղը: Բացայայտ էր, որ արեւը Գեղամայ լեռներէն սկսած էր հեռանալ: Ճամբաներէն չորցած խոտի, յարդի, քրտինքի եւ թրիքի հոտ կու գար, նոյնիսկ` հացի եւ տաք մոխիրի: Կը քալէի կէս երազի մէջ ինկած մարդու նման: Հոս-հոն, տարեց եւ երիտասարդ մարդիկ, յաճախ դեղնած դէմքով, սիկարեթ մը իրենց մատներուն ծայրը, մայթերուն եզրին կամ իրենց տուներու շեմին նստած` իրարու հետ կը զրուցէին: Շատեր իրենց ծիծաղը խառնելով թռչուններու երգին` բարձրաձայն կը խնդային:

Անցայ նեղ թաղերէ ու վերջապէս հասայ մայր փողոց: Եւ որպէսզի վերադարձի ճամբաս գտնէի, միշտ մտքիս մէջ կը պահէի յատկանշական «բաներ». «սա փլատակ տունէն ձախ դարձած եմ», «փոյթով վաճառւում է» գրութիւնէն աջ», «այս մաշած նաւակ»-էն դէպի վեր եւ այլն: Պէտք է, ըսել, որ գիւղին տեսարանը հրապուրիչ ալ էր: Ու չեմ գիտեր` որքա՛ն ատեն քալած էի ու նոյնիսկ չէի անդրադարձած, որ երեկոն արդէն եկած ու հասած էր արագ՛ մեղմ գոյներ հագած: Անոր համար էր, որ երբ ականջիս սկսած էին հասնիլ նախիրներու եւ հօտերու «ձայները», նոյնիսկ տեսանելի էին թաղերուն մէջ անտարբեր շուներու խաղերն ու մարդոց ոտքերուն տակ պտտող հաւերը, ինքզինքս շուտով «հաւաքեցի»:

Ի՜նչ զուգադիպութիւն. յանկարծ դիմացս յայտնուեցաւ հորթուկ մը: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ սեւով սրճագոյն խառն մորթով, քիչ մը աղտոտ ու փոշոտ, գիրուկ կազմով եւ շարունակ պոչը խաղցնող այս անասունը իր «խումբէն» սխալմամբ բաժնուած ըլլալու էր ու` հոս հասած,  եւ հիմա ալ կը փորձէր յառաջանալ դէպի տուն մը, որուն անգոյն դռնակը կռնակի վրայ բաց էր:

«Հաւանաբար իր տունը կը ճանչնար», ըսի մտովի, ինքզինքս արդարացնելով ու սկսայ իրեն հետեւիլ:

– Բայց… վայրկեան մը.- բագագանչեցի` ես զիս սրբագրելով.- այս անասունը, եթէ նոյնիսկ իր տունը ճանչնար, իր մուտքը ա՛յս դռնէն պէտք չէր որ ըլլար… չէ՞…- Ուստի անկեղծօրէն ըսելով, մէջս զինք բռնելու եւ նոյնիսկ վռնտելու ցանկութիւն մը կարծրացաւ: Ու ինքնաբերաբար ճչացի, սարսափած, նոյնքան ալ վախով:

– Հէ՜յ, հէ՜յ, ի՞նչ կ՛ընես…, ծօ՛, ծօ՛, ծօ՛, դուն ո՞ւր կ՛երթա՜ս… կեցի՛ր… հէ՜յ… քըշ… քըշ…

Նայեցայ շուրջս, անմիջական օգնութիւն խնդրողի մը աղաչանքով: Ո՛չ ոք: Ի՞նչ պիտի ընէի: Շուարած էի: Հորթուկը, որ արդէն տուն մտնելու պատրաստ էր, երբ ձայնս լսեց, կանգ առաւ: Գլուխը ինծի դարձուց, ապա զայն ծանրօրէն աջ ու ձախ շարժեց պոչին հետ միատեղ: Կարծես «բաներ» մը ըսել կ՛ուզէր: Չհասկցայ: Է՛հ, ինչպէ՞ս կ՛ուզէիք, որ ես հասկնայի իր լեզուն, երբ յաճախ շուրջիններուս «լեզուն» նոյնիսկ շատ դժուար կը հասկնայի: Այս ուրիշ հարց էր:

Եւ երբ տեսայ, որ տակաւին դէպի դուռ կը փորձէր յառաջանալ, դարձեալ պոռացի նոյն ոճով եւ բառերով: Անպիտան հորթուկը կրկին ինծի դարձաւ: Զգացի, որ քրտնած էի, վախէ՞ս, թէ՞ ոչ, ջղայնութենէ՞ս… չեմ գիտեր: Իսկ ինք` իրեն պէտք էր հարցնել: Հաստատապէս ապշած էր: Իր այրուող ու ճանճերու հետ «խաղցող» աչքերը կրկին մխրճած էր աչքերուս մէջ: Կարծես կռիւ փնտռող «մաֆիօզ»-ներու նման ինծի հասկցնել կ՛ուզէր, թէ` «Այդ հէ՛յը պապադ է,  ծօ՛, դուն ո՞վ ես, որ այսպէս վրաս կը պոռաս, հէլէ՛, կեցիր պոյըդ տեսնեմ, քեզի ի՛նչ, ազատ եմ, հոս իմ երկիրս է, իսկ դուն ո՞վ ես, որ…»:

– Հէ՜յ, չե՞ս լսեր, ո՞ւր կ՛երթաս… կեցի՛ր…- կրկին պոռացի արագօրէն եւ աւելի բարձր: Ձայնս աւելի խորն էր եւ շեշտս ալ` վճռական: Մտահոգ վախ մը ունէի: Կը հաւատայի, որ եթէ ներս մտնէր, կրնար մեծ վնասներ հասցնել: Կրնար նաեւ ինքզինք ալ վնասել: Փորձեցի փայտ մը գտնել կամ ալ գետնէն քար մը վերցնել, ու ձեւով մը իր այդ տան մուտքը արգիլել: Կարծես գիւղացի մը կամ հովիւ մը ըլլայի, որովհետեւ սկսած էի անոնց նման տրամաբանել, միեւնոյն հոգեբանութեամբ եւ արդարացումով:

Հորթուկը դարձեալ կեցաւ: Կանգ առաւ: Կրկին դարձուց իր հաստ գլուխը` անընդհատ շարժելով իր պոչը: Ինծի կը թուէր, թէ իրապէս «իշու» մը նման եւ նոյնիսկ աւելի յամառ ալ էր: Հաւանաբար հասկցած ըլլալու էր մտայնութիւնս, ուստի նախ մէկ քայլ ետեւ եկաւ: Ուրախացայ` «բան մը գլուխ հանողի» յաւակնութեամբ: Երանի կինս մօտս ըլլար եւ տեսնէր, թէ ես ինչպէ՜ս…

Անմիջապէս անդրադարձայ, որ անասունը պարզապէս կեցած` զիս կը դիտէր: Հաստատապէս «վրաս կը խնդար»: Արդեօ՞ք անասուններն ալ «կրնան խնդալ»: Այս մէկն ալ ուրիշ հարց էր, ու հիմա անոր քննարկման ո՛չ տեղն էր եւ ո՛չ ալ ատենը: Այսպէս երկար բարակ ինծի նայելով`  կրկին ու կրկին «վերէն վար» զիս չափած ըլլալու էր: Անոր համար էր, որ արժէք չունէին բոլոր «հէյ»-երս: Ես դարձեալ պոռչտուքով ձայնս կրկին բարձրացուցի.

– Հէ՜յ, խո՞ւլ ես, ի՞նչ ես, չե՞ս լսեր, ծօ՛, քեզի կեցի՛ր կ՛ըսեմ… կը զարնեմ, հա…,- ըսի աւելի արագ` բարձր պոռալով: Իրապէս որ ես ինծի անգիր իրաւունք տուած էի տէր կանգնիլ այդ տան: Հորթուկը, որ աջ ոտքը դէպի առաջ նետած էր, չեմ գիտեր` ի՞նչ բանի կը սպասէր: Փորձեց քայլ մը եւս դէպի դուռ յառաջանալ: Նշմարեցի, որ ծանր ու հաստ գլուխը դէպի ինծի դարձուցած էր: Աստուա՛ծ իմ, ի՞նչ ընեմ: Իր այս չոր ու ցամաք եւ մանաւանդ անտարբեր նայուածքները ինծի ենթադրել կու տային, թէ այս անասունը կարծես ինծի ըսել կ՛ուզէր, թէ` «Խե՜ղճ  սփիւռքիստանցի հայ, դուն ո՞վ ես որ… եւ ի՞նչ իրաւունքով ինծի կը հրամայես… իմ հողիս վրայ… գնա՛… քու Ամերիկադ… անխելք կու կու…»:

Թերեւս ալ իրաւունք ունէր: Ես ո՞վ էի իրեն համար: Ո՛չ հովիւն էի, ո՛չ ալ տէրը: Շատ իրաւունք ունէր: Թէեւ միտքս նոր «թռիչքներ» կ՛ապրէր, սակայն միւս կողմէ ալ մէջս տեսակ մը վախ մը կար: Յանկարծ միտքս տրամաբանեց.  այս հոթուկը ուրկէ՜ ուր լսած պիտի ըլլար «կեցի՛ր» կամ «չե՞ս լսեր» կամ «խո՞ւլ ես» բառերը եւ բացագանչութիւնները:

– Հոս Հայաստան էր, եւ ամէն մարդ ռուսերէնի կողքին, արեւելահայերէն ալ կը խօսէր…- ես զիս  այս ձեւով համոզեցի վերջապէս: Կարծես յանկարծ, այս մտածումէս ետք, փապուղիէն լոյսի նշան մը դէմքիս նոր գոյն բերած ըլլար: Ուստի ինքզինքս հաւաքեցի ու այս անգամ աւելի քաղաքավար ըսի.

– Հէ՜յ, ճանա… ղուրպանդ լինեմ… արի՛ իմ մօտ, էդպէս չի կարելի… արի՛, արի՛ մօտս…

Եւ ո՜վ հրաշք: Ահա օրինակը: Հորթուկս դարձեալ ինծի նայեցաւ, աջ ոտքը գետին դրաւ, կարծես կրկին զիս «չափեց» ու ամբողջ մարմնով ետ դառնալով դէպի փողոց վազեց` իր ճանճոտ աչքերով խառնուելու թաղի ծայրէն նոր փողոց հասնող իր «ընկերներուն»:

Արդէն հովիւի բարկացոտ ձայնը յստակօրէն կը հասնէր ականջիս: Զինք կը փնտռէր:

Իմ կարծիքով, վերջապէս տնակը «փրկուած էր, իսկ ես ալ` «յաղթանակած»…

«Սեւան եմ, ու հայրենիքս ալ է, հոս նոյնիսկ հորթուկները հայերէն կը հասկնան», ըսի ես ինծի, դէմքիս վրայ հետզհետէ լայնցող ժպիտ մը գծելով ու զիս դէպի տուն վերադարձիս ճամբան սկսայ յառաջանալ, մտքիս` նոր եւ «գունաւոր» թափառումներով միատեղ:

– Երեւակայեցէ՛ք… հայրենիքիս մէջ հորթուկն անգամ հայերէն կը հասկնայ… իսկ անդին…

Ու իսկապէս երջանկութեան հաւատացած էի:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
Նշմար.  Թրամփի «Ալպանիա» Հանելուկը Լուծեցի՜…
Անդրադարձ

Նշմար. Թրամփի «Ալպանիա» Հանելուկը Լուծեցի՜…

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?