Կ’ըսենք ՍՓԻՒՌՔ. ինքնագոհական անուանում մը, որ կը փոխարինէ նուաստացուցիչ համարուող «գաղթական»-ը եւ «գաղթականութիւն»-ը` ստեղծելով այն տպաւորութինը, որ ան միութիւն եւ նկարագիր ունեցող ընկերամշակութային, աշխարհագրական, ազգագրական եւ քաղաքական իւրայատուկ կացութիւն մըն է:
Հաճելի չէ ըսել գաղթականութիւն ենք, ներկայանալ որպէս գաղթական, մանաւանդ երբ յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն կը համարենք համարկուած ըլլալ տարբեր եւ նոր հաւաքականութեան մը մէջ:
Հասարակաց ի՞նչ ունին «Հայկական սփիւռք» անուանումին տակ տեսականօրէն դասուող մարդիկ, որոնք աշխարհագրական ցրուած խմբաւորումներ են, որոնց քանակը տեւաբար կ’աճի եւ կը փոխուի ներքին տեղափոխութիւններով եւ հայրենալքումով: Անոնք այլեւս նոյն լեզուով եւ լեզուներով չեն յարաբերիր, նոյն հայերէնը չեն խօսիր, տարբեր քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու ջուրերու վրայ ծփան, կը ներկայանան թուղթէ այլազան ինքնութիւններով: Այդ մարդիկ եւ խումբեր ինչպէ՞ս իրենք զիրենք կը սահմանեն եւ կը ճանչնան, շրջապատը զիրենք ինչպէ՞ս եւ որպէս ի՞նչ կը ճանչնայ ու կ’ընդունի: Ո՛չ մէկ իրատեսական գնահատում ունինք, հաշուեկշիռը պերճանք է:
Հայը, մանաւանդ` զայն առաջնորդելու կոչուածներ եւ խումբեր, մտածա՞ծ է գէթ մօտաւոր մարդահամար մը ընել, կամ` այդպէս բան մը, գիտնալու համար, թէ ի՞նչ թիւ կը ներկայացնէ միգամածային, բազմանուն եւ բազմահասցէներու ՍՓԻՒՌՔ-ը, այդ հասցէներու եւ անուններու ո՞ր տոկոսը ինքզինք ՀԱՅ գլխուն տակ կը դասէ, կամ այդ անունները կը դասուի՞ն այդ գլխուն տակ, անոնք իրենք զիրենք հայ ազգին նկատմամբ ո՞ւր կը դասեն, ո՞ր ստորոգելիները եւ արժեչափերը նկատի կ’առնուին ճշդումի համար: Ենթակայական գնահատումներով սահմանուող անորոշութիւն է սփիւռքը, կը խօսինք եւ կը գրենք այնպէս, որ կարծէք ան ազգ է, նոյնն է` ինչ որ էր յիսուն, կամ քսան տարի առաջ, ան մաս կը կազմէ՞ ներկայի հայկական պետութիւն-ազգին:
Լաւատես կամ յոռետես գնահատումներով, ՍՓԻՒՌՔ կոչուած մարդկային քանակի մասին կը յայտնուին պարագայական կարծիքներ: Այդ քանակին մէջ նկատի առնուած մարդիկ հասարակաց ի՞նչ ունին` որպէս գիտակցութիւն, նմանութիւն, նոյնութիւն եւ յանձնառութիւն: Պէտք չէ մտածել եւ համոզում գոյացնել մասնակիով եւ այդ ալ դիտելով մատներու արանքէն:
Աւելի ճիշդ է խօսիլ յար տարբերակուող, բազմապատկուող եւ տարտղնուող համայնքներու մասին, որոնք կը ներկայանան կրօնական, «հայրենակցական-հայրենասիրական» եւ քաղաքական գունաւորումներով` ամէն օր քիչ մը աւելի պատշաճելով եւ համարկուելով շրջապատին, գունաթափուելով եւ այլանալով: Այդ համայնքներու սկզբնաւորութիւնները ժամանակի գիծին վրայ տարբեր եւ բազմապատիկ են: Անցեալին անոնք տարօնցիներ, վանեցիներ, մշեցիներ, այնթապցիներ, ուրֆացիներ, պոլսահայեր եւ այլ անուններով կիլիկեցիներ էին, հիմա, ներսփիւռքեան տարտղնումի պատճառով, անոնց վրայ գումարուած են` սուրիահայեր, լիբանանահայեր, իրաքահայեր, սաղիմահայեր, հայաստանահայեր, Պաքուի եւ Արցախի հայեր եւ ուրիշներ` իրենց հին ու նոր բարքերով, մշակոյթներով եւ պատմութեամբ մարդիկ ու համայնքներ: Այսօր նախկին համարուած համայնքներուն վրայ գումարուած են նորանուն համայնքներ, ինչպէս` իրլանտահայկականը, շուէտահայկականը, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի բազմաթիւ տարբեր քաղաքներու անուններով, մինչեւ` Չինաստան, Չիլի, Աւստրալիա, Նոր Զելանտա: Բախտաւոր պարագային, «սփիւռք»-ը բազմագոյն եւ բազմապատկուող համայնքներ են, անոնց ցանկը չկայ, չկայ նաեւ թիւը զանոնք գոյացնող «հայ» մարդոց: Առանց հիմնաւորումի` մօտաւոր թիւեր կը տրուին:
Կը խօսինք այնպէս, որ կարծէք սփիւռքը նորաձեւ ազգ է: Այդ ըլլալու համար ան կը պահէ՞, պահա՞ծ է, ունի՞ մէկութեան, նոյնութեան եւ միացման յատկանիշներ եւ արժէքներ, ինքնութիւններ կը պահուին ջերմանոցի բոյսի պէս: Կը խօսինք սփիւռքի կարողականութեան մասին, կը մնանք գերգնահատման անորոշութեան մէջ, կը բաւարարուինք եզակի անուններով եւ հռչակներով, որոնք ազգի գոյացման տեսանկիւնէ սնափառութիւն ուռճացնող պղպջակներ են:
Տեսութիւններ մշակելէ եւ ղեկավարել փորձելէ առաջ պէտք է խօսիլ թիւերով, որպէսզի գիտնանք թէ ո՞ր քանակի եւ որո՞նց մասին կը խօսինք, ի՞նչ թիւ ենք, ի՞նչ կը ներկայացնենք, գիտնանք նաեւ թէ ո՞վ զո՛վ կը ներկայացնէ եւ ինչպէ՞ս: Այս բազմակի անորոշութեամբ ո՞ւր կրնանք երթալ, ո՞ւր կրնանք տանիլ, ինչ որ վարժուած ենք կոչել սփիւռք, եւ ի՞նչ կրնանք ընել ղեկավարելու եւ ղեկավարուելու համար, եւ ո՞ր օրակարգով:
«Հայկական համրանք»-ի մասին կարենալ խօսելու համար նախ հարկ է ճշդել անունները եւ սահմանները այն վայրերուն, ուր «հայեր» կան, կամ կ’ենթադրենք, որ կան, մոլորակի հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք, վայրեր, ուր հայեր չէին եղած, հայու մշակոյթ, լեզու եւ պատմութիւն չէին եղած, հիմա կան «համայնք»-ներ, աւելի ճիշդ` գումարուող «հայեր», որոնք կ’ընդունուին որպէս այլ «ծագումով այս կամ այն երկրի նոր բնակիչներ, «քաղաքացի»-ներ: Պատմութեան ընթացքին գործածուած «հպատակ» եզրը փոխարինուած է «ազգագրական խումբեր» (ethnic groups) եզրով:
Ի՞նչ գիտենք ներկայ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան մասին, ո՛չ միայն Պոլսոյ, այլ նաեւ` Զմիւռնիոյ, Ատանայի, Վանի, Մուշի, Սասունի, Կիլիկիոյ բազմանուն այլ վայրերու մէջ եղած մնացորդացի մասին, անոնք սփիւռք գլխուն տակ չեն, բայց հայկական համրանք են: Սովորութիւն է խօսիլ «թաքնուած հայեր»-ու մասին: Ո՞ւր են անոնք, ի՞նչ է անոնց թիւը: «Ծովասարի Քէշիշեան» տոհմի աւագը աւելի քան կէս դար առաջ հայ նկարիչին հարց տուած էր, թէ` «Հայերը դեռ թագաւոր չունի՞ն, որպէսզի մեր մասին մտածէ»… Քննադատութի՞ւն, թէ՞ ակնկալութիւն: Ո՞ւր եւ որո՞ւ կողմէ կրնայ լսուիլ այդ «Մնացորդացի համայնք»-ի աւագին հարցումը եւ պատասխան գտնել:
Թագաւոր չունինք, բայց կայ Հայաստանի Հանրապետութիւն, մօտաւոր անցեալին սովետական, հիմա` անկախ, հոն եւ սփիւռքի մէջ կան կուսակցութիւններ եւ անթիւ անհամար «ազգի գործով» զբաղող միութիւններ, նախագահներ եւ վարչութիւններ:
Ինչպէ՞ս պիտի գիտնանք, թէ «ո՞ւր են հայերը, ի՞նչ թիւ ենք»: Ո՞վ, ո՞ր իրաւասութեամբ եւ հանգամանքով անոնց իրաւունքի մասին կրնայ խօսիլ, երբ «Հայ ժողովուրդ» անուանումին չենք ընկերացներ այդ հաւաքականութեան թիւը: Այս կամ համայնքի մասին կու տանք ենթադրական թիւեր: Ո՞վ կրնայ նոյնիսկ մօտաւոր ճշգրտութեամբ թիւեր տալ` ամերիկահայութեան, ֆրանսահայութեան, սուրիահայութեան, իրանահայութեան, լիբանանահայութեան, կամ Ծոցի երկիրներու նոր բազմապատիկ համայնքներու մասին: Ճշդումը կարեւոր է, որպէսզի մենք մեզ ճանչնանք եւ գնահատենք, գիտնանք, թէ ի՛նչ կը ներկայացնենք եւ ի՛նչ կրնանք ներկայացնել, ի՛նչ կրնանք ընել` դուրս գալով նեղ կամ լայն «թաղային»-ի մէջ մխրճուած մնալու դատապարտուած թափահարումներէ, զորս ջոջականութեան իմաստ տալու կամ զայն շպարելու համար կը գործածենք միութիւն, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն բառերը, կը ճամարտակենք եւ կը ճակատինք իրարու դէմ` սեղանին գլուխը գտնուելու համար: Չենք ուզեր հասկնալ, որ բացօթեայ արգելանոցներու «գերիներ» կամ «քաղբանտարկեալ»-ներ ենք:
Սփիւռքի բազմապատիկ եւ բազմապատկուող համայնքները հասարակաց ի՞նչ ունին, քանի մը տասնամեակ ետք հասարակաց ի՞նչ պիտի ունենան: Ո՞վ ուսումնասիրուած եւ հիմնաւորուած նախատեսութիւն կրնայ ընել, որպէսզի թերեւս կարելի ըլլայ հարազատ շարունակութիւն ըլլալու լինելիութեան նպատակ տալ սփիւռք կոչուած այսօր անշրջագիծ հաւաքականութիւններուն: Իրապէս Ի՞նչ գիտենք անոնց մասին, ո՞ւր են անոնք, ի՞նչ թիւ ունին, հայութեան մէ՞ջ են, ազգային հեռանկար ունի՞ն, անոնք իրենց կացութիւնը անդառնալի՞ եւ վերջնակա՞ն կը համարեն, թէ՞ ոչ:
Ընկերաբանական գիտական եւ լայնածիր ուսումնասիրութեամբ մը պէտք է ճանչնալ սփիւռքը, ճանչնալ անորոշ միլիոններով այդ «հայեր»-ը, որպէսզի կարելի ըլլայ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԻԼ: Չեմ յիշեր, թէ ո՞վ ըսած էր, թէ Ի. դարու մեծագոյն գիւտը հիւլէական ռումբը չէր, այլ` ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ, «organisation»-ը:
Միութիւն եւ հզօրութիւն ըլլալու համար ինչո՞ւ չսկսիլ կազմակերպուելով` գիտնալու համար, թէ ի՞նչ ենք, ո՞ւր ենք, ի՞նչ ուժ ունինք եւ ինչպէ՞ս պիտի օգտագործենք այդ ուժը, որպէսզի ազգ մնանք, ազգ պահենք, հայրենիք վերականգնենք:
Մասնակի, ենթակայական եւ պարագայական կարծիքներով թաղային ղեկավարութիւն կը խաղցուի: Վերականգնելու եւ չանհետանալու համար գիտական բարձրամարդակ ծանօթութեամբ եւ անոր լոյսին տակ առաջնորդուելով` վերջ կու տանք սիրողական խարխափումներուն եւ թերեւս դուրս կու գանք պատմութեան փակուղիէն: Ինչո՞ւ չյառաջացնել մասնագիտական, ոչ սիրողական (ոչ amateur) եւ անկախ գործող մարմին մը, որ ուսումնասիրէ սփիւռքի թիւի, կարողութեան ճշդումը, նաեւ` անոր ենթակայական եւ գիտակից վերաբերումը իր արմատներուն եւ ապագային նկատմամբ, որպէսզի ան ունենայ ԱԶԳԻ ԸՄԲՌՆՈՒՄ ԵՒ ՏԵՍԻԼՔ, իր կացութիւնը վերջնական գաղթականութիւն չհամարէ, չբաւարարուի հարազատի շարունակութիւն չեղող նոր ինքնութիւններով:
Այս աշխատանքը կատարելու ատակ մտաւորական ուժերը ունինք: Առանց դասական կողմերու իրաւասութիւններուն տուրք տալու` անոնց պէտք է յանձնել աշխատանքը եւ տրամադրել միջոցներ` առանց վերմակը այս կամ այն կողմ քաշելու:
Իրապէս լուսաբանուելով` կրնանք գիտնալ, թէ ի՞նչ ենք, ո՞ւր ենք, ի՞նչ կրնանք ընել, ո՞ւր հասնելու համար, եւ նուազ կը պառակտուինք, նուազ կը խարխափենք եւ թերեւս երազը իրականութիւն կը դարձնենք:
Առանց իրաւ ինքնաճանաչման եւ անով ուղի ճշդելու` կը զուարճանանք նիզակախաղով , որ մեր ազգային մարզաձեւն է:
Հուսկ. ո՞ւր հասած ենք, այս ընթացքով ո՞ւր կը հասնինք:
21 սեպտեմբեր 2025, Փարիզ