Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայութեան Յաւերժութեան Խորհրդանիշը Դարձեա՛լ Ոտնակոխ

Սեպտեմբեր 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ա՜խ, այս Մասիսը…
Բոլոր հայերին այստե՜ղ է բերում,
Երբ ինքն… այստե՜ղ չէ…
Միաբանութեան քարո՜զ է կարդում
Աշխարհում ցրուած հայերին անտուն
Ա՛խ, այս Մասիսը»

Գէորգ Էմին (1919-1998)

Ահաւասիկ չուշացաւ:

Թուրք «պատգամաբեր» Քըլըչի Երեւան այցելութենէն ետք ինչե՜ր կը սպասուէին «ազգընտիր» վարչապետէն եւ անոր լծակիցներէն: Պատասխանը չուշացաւ եւ անգամ մը եւս ազգային խորհրդանիշ մը` մեր ազգի յաւերժութեա՛ն մէկ խորհրդանիշը, եղաւ ոտնակոխ:

Ըստ Փաշինեանի, պէտք չէ զայրացնել Էրտողանը: Մօտիկ անցեալին կը բաւականանար Ալիեւը չզայրացնելով…

Լուրը տարածուեցաւ շաբաթասկիզբին: Այսպէս, ՔՊ-ական կառավարութեան որոշումով 1 նոյեմբերէն սկսեալ Հայաստան մուտքի եւ ելքի սահմանահատման կնիքին վրայ այլեւս պիտի չըլլան Մասիսներուն պատկերը` այն մտահոգութեամբ, որ այդպիսի կնիքներ «յարձակողական պատգամներ» են, որոնք կրնան զայրոյթ պատճառել դրացի երկիրներուն եւ, այսպիսով արգելք հանդիսանալ «բարի դրացնութեան» եւ անշուշտ թութակներու նման կրկնող «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին: Զայրացողը, բնականաբար, ո՛չ Իրանն է, ո՛չ ալ Վրաստանը:

Արհամարհելով ամէն դժգոհութիւն` արդէն իսկ որոշուած են նոր կնիքները, որոնք ՔՊ-ականներու հաստատումով, «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան հետ կապ ունին: Աւելո՜րդ մանրամասնութիւն մըն ալ. որոշումը տրուած է… գաղտնի, ինչպէս կ՛ըլլան մեր հայրենիքին լինելութեան հետ կապ ունեցող մեծ ու փոքր որոշումներ` սկսելով Արցախի յանձնումէն:

«Մութ հաշիւներու» պատճառով (արդեօք մութ բան մնացա՞ծ է ՔՊ-ական Հայաստանի մէջ, բացի իշխանաւորներու ձեռակերտ` մթագնած միտքերէն), կը շարունակուի «նահանջը առանց… երկրի»: Թող ներէ՜ Շահան Շահնուրը, որուն հետեւողութեամբ` «երգ»-ը փոխարինեցինք «երկիր»-ով, սակայն կը ձայնակցինք անոր աւաղելով` «Մեղա՛յ, մեղա՛յ Արարատին»:

Չպահուըտինք մեր մատներուն ետին եւ ՔՊ-ականներու սուտ քարոզչութեան «անտառ»-ին մէջ. ընդունինք, որ հայրենիքը քար առ քար փլուզումի կը տանին:

ՔՊ-ականներ շարունակ կը խօսին ապառնիով` ապագայ Հայաստանին մասին: Քանզի ապագայով շա՜տ մտահոգուած են. փա՞ստ կ՛ուզէք. այս օրերուն, երբ դպրոցական վերամուտ է, ահաւասիկ կոչ` աշակերտներուն, որոնց գիրքերն անգամ սկսած են աղաւաղուիլ ՔՊ-ամէտ կրթական նախարարութեան եւ մի՛շտ ու մի՛շտ անոր լծակներուն կողմէ: Լուրեր կը տարածուին, որ դպրոցներու պատերէն հեռացուցած են մշակոյթի ու ազգի պաշտպանութեան պատգամախօսներու նկարները… Անդին` Ազրպէյճանի դպրոցներուն մէջ հայատեացութեան «դաստիարակութիւնը» նոր մղոններ կը կտրէ, խաղաղութեան ուղղութեամբ գործնական քայլեր չեն երեւիր:

Եթէ կը փորձեն այս ձեւով լեզու գտնել թշնամիին հետ, ուրեմն ԱՐԱՐԱՏ բառի գործածութիւնն ալ կրնայ արգիլուիլ` սկսելով յատուկ անուններէն, մինչեւ ոգելից ըմպելիի գործարան, մարզական ակումբ եւ այլն: … Հապա՞ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որուն անունը իր թուրք հոգատարները շատո՜նց աղաւաղած են:

Կոչէ աւելի` «աւետարան» մըն է փոխանցուելիքը: Այսպէ՛ս`

Սիրելի՛ աշակերտներ, իր փառապանծ գեղեցկութեամբ, Նոյ նահապետին ջրհեղեղէն փրկուած նաւուն կայանը` Արարատը, հայ ազգին համար նուիրական իմաստ ունի եւ սուրբ կը համարուի: Անիկա խորհրդանիշն է հայութեան յաւերժութեան:

Իր վեհաշուք հմայքով, դժուարամատչելի բարձունքներով եւ բնական ներգործումներով` երկրաշարժեր, սառցասահանքներ, վիմագլորումներ եւ սարսափազդու դղրդիւններ` Արարատ խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է եւ արժանացած` պաշտամունքի ու առասպելաբանութեան:

Խաբեպատիր եւ ստայօդ որոշումներու հիմամբ, անցագրերու վրայ դրուելիք կնիքներէն Արարատի պատկերին հրաժեշտը ոչ մէկ բան պիտի փոխէ իրականութենէն: Տեղին է կրկնել եւ շարունակ ընդգծել, որ երկու Մասիսներն ալ լերկ են, առատ աղբիւրներ չունին, հետեւաբար շատ աղքատ են բուսականութեամբ: Ժայռոտ է գագաթը եւ ունի մօտ ութ մղոն տարածութիւն: Մէկէն մինչեւ երկու մղոն բարձրութեամբ լանջերուն փռուած են արօտավայրեր եւ թփուտներ, աւելի վար, տեղ գրաւած են եղէգնուտներ եւ ճահիճներ: Լեռնալանջերը քարակարկառներով ծածկուած են, ծանօթ`քարէ ծովեր անունով: Այս բաները չեն նսեմացներ Մասիսներուն դերն ու արժէքը:

Չմոռնա՜ք. Տրդատ Գ. թագաւորը եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը Սուրբ Էջմիածնի հիմերը դրին, Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի վկայարանները կառուցեցին հայութեան յաւերժութեան խորհդանիշ Մասիսին շուքին: Անոնցմէ շա՜տ առաջ, Արտաշէս թագաւորին ընբոստ զաւակը` Արտաւազդ, «բանտարկուեցաւ» Մասիսի անդունդներուն խորը, ա՛ն ալ, Փոքր Մհերին պէս, դարձած է հայութեան ազատագրութեան մէկ խորհրդանիշը:

Մօտիկ անցեալին, 1829 սեպտեմբերին Արարատի գագաթը բարձրացաւ գերմանացի փրոֆեսէօր Ֆրիտրիխ Փարոթ` իբրեւ ուղեկից ունենալով «Վէրք Հայաստանի»-ն (ի՜նչ զուգադիպութիւն` համեմատած մեր հայրենիքի ներկայ օրերու վիճակին) գրած Խաչատուր Աբովեանը, շրջանէն երկու գիւղացիներ եւ ռուս երկու զինուորներ:

Ազդեցիկ պիտի ըլլայ ըմբոշխնել ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպեր Կետիկեանի «Le Voyage en Arménie» («Journey to Armenia») ժապաւէնին վերջին քանի մը վայրկեանները (https://www.youtube.com/watch?v=-Tlqmb4MAjc&t=563s) եւ մեծ պաստառի վրայ ցոյց տալ 19 Բաղրամեանի վարձակալներուն:

Մեկնաբանութիւնը կը մնայ դիտողին եւ անշուշտ` յատկապէս այդ անխիղճ, անխնայ եւ դաւաճան վարձակալներուն:

Հայութեան` հայրենի եւ սփիւռքի հայուն համար մէկ բան յստակ է. եթէ սկսանք Արարատի դերակատարութեան մասին Էմինի տողերով, աւարտենք Իսհակեանի պերճախօս պատասխանով.

«Արարատի ծեր գմբեթից դար է եկել,

Վայրկեանի պէս, ու անցել»:

……………………………………………….

«Հերթը մի պահ քոնն է հիմա,
Դու էլ նայիր սէգ կատարին, ու անցի՛ր»:

Նախորդը

Վահէ Օշական` «Իմ Սիրելի Սփիւռքս»

Յաջորդը

«Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Վերագրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

RelatedPosts

Վահէ Օշական` «Իմ Սիրելի Սփիւռքս»
Անդրադարձ

Վահէ Օշական` «Իմ Սիրելի Սփիւռքս»

Սեպտեմբեր 29, 2025
Փաստագրական Հրապարակում` Իգնատիոս Մալոյեանի Մասին
Անդրադարձ

Փաստագրական Հրապարակում` Իգնատիոս Մալոյեանի Մասին

Սեպտեմբեր 29, 2025
«Վարանդա» Երգչախումբի Արեւներուն Անկոտրուն Կամքը
Անդրադարձ

«Վարանդա» Երգչախումբի Արեւներուն Անկոտրուն Կամքը

Սեպտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?