Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Թրամփի «Ալպանիա» Հանելուկը Լուծեցի՜…

Սեպտեմբեր 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ուաշինկթընեան 8 օգոստոսի «պատմակա՜ն» յայտարարութենէն ետք, Սպիտակ տան պետը սովորութեան վերածեց Հայաստան բառին տեղ գործածել Ալպանիա (մեզի ի՞նչ, որ Ազրպէյճանի անունն ալ այլանդակօրէն կ՛արտասանէ):

Թրամփի տգիտութիւնը նորութիւն չէ, ունի երկա՜ր պատմութիւն, եւ մեր հայրենիքին Ալպանիա պիտակաւորումը արդարօրէն ընդվզում կ՛առաջացնէ հայութեան մէջ:

Սիրելի՛ ընթերցող, եկո՛ւր, պահ մը մտածենք տարբեր մօտեցումով եւ այդքան ալ տգէտ, անբան չսեպենք Թրամփը: Եթէ վերադառնանք պատմութեան, որմէ կը փորձէ խուսափելո՛վ խուսափիլ Փաշինեան էֆենտին եւ վերախմբագրել զայն, դիւրութեամբ պիտի լուծենք այս «հանելուկը»: Այսօր, իբրեւ Ազրպէյճան ճանչցուած շինծու երկիրը, մէկ օղակը` համաթուրանական ծրագիրին, անցեալին ճանչցուած էր այլ անուններով: Հայաստանի արեւելեան շրջանին մէջ տարածուող երկրամաս մը կը կոչուէր ԱՂՈՒԱՆՔ, միջազգային բառարանին մէջ ծանօթ` «Կովկասեան Ալպանիա» անունով (այսինքն` Աղուանք. լիւն եւ ղատ տառերը լծորդ են). «Կովկասեան»-ը կը գործածուի զայն զատորոշելու համար Յունաստանի հիւսիս-արեւմուտքը, Ադրիական ծովուն վրայ բացուող Ալպանիայէն: Հայաստան, իր տարբեր թագաւորութիւններու շրջանին, տաք-պաղ յարաբերութիւններ ունեցած է աղուաններուն հետ, պատմութիւնը կը վկայէ, որ մեր պաշտելի Մեսրոպ Մաշտոցը հնարած է նա՛եւ անոնց այբուբենը, իբրեւ քրիստոնէական եկեղեցիի` մեր եկեղեցին ալ անոնց հետ ունեցած է կապեր:

Պատմութենէն ցատկենք-հասնինք ներկայ օրերը: Ուշագրաւ է այն, որ «ալպանացիներ=աղուաններ կամ ուտիներ» եզրոյթը վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար Արցախի մաս առ մաս բռնագրաւումին առընթեր, հրապարակ նետուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ, Արցախի մեր եկեղեցիներն ու վանքերը, անոնց յարակից կոթողները սկսան հրամցուիլ իբրեւ «ուտիական-ալպանական», հոգ չէ թէ անոնցմէ մաս մը քանդուեցաւ, ուրիշներ մզկիթի վերածուեցան` պարզապէս հայութեան հետքը ջնջելու եւ Արցախի իսկական դիմագիծը այլափոխելու նպատակով: Իսկ Երեւանի իշխանաւորներուն աղաղակող կուրութիւնն ու ազերիահաճոյութիւնը շարունակուող պատմութիւն է արդէն:

Եթէ աչքի առջեւ ունենանք այս իրականութիւնները, մա՛րդ ենք, իրաւունք չունի՞նք կասկածելու, որ «սուլթան Ալիեւ»-ը Թրամփի ականջին փսփսացած է, որ այլեւս Հայաստան անունը չարտասանէ, այլ մեր հայրենիքը կոչէ Ալպանիա… Թրամփասէրներ արդեօք պիտի հրճուի՞ն, որ զայն ճշմարտախօս հանեցի:

… Եւ Քանի Մը Անկապ Կէտեր

Հետեւեալ քանի մը կէտերը ուղղակի կապ չունին Հայաստանը Ալպանիա կոչելու թրամփեան «հնարամտութեան» հետ, սակայն կրնանք որոշ զուգորդութիւններ եւ մտածելու բաներ գտնել հոն:

– Թրամփ շաբաթասկիզբին Անգլիա «թառեցաւ» (եւ հոն էր, որ նորագոյն «Ալպանիա»-ն հնչեց): Միջազգային լրատու աղբիւրէ մը կ՛իմանանք, որ անգլիական պատկերասփիւռի կայան մը որոշած է անոր կեցութեան տեւողութեան իր ընթացիկ հաղորդումները առկախել եւ անընդհատ հրապարակել Թրամփի սուտերուն ցանկը: Յայտնի չէ, թէ արդեօք «Թրամփի ուղի» սուտն ալ արձանագրուա՞ծ է հոն: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կրկին ու կրկին սուտ կը հանեն «նարնջագոյն մարդ»-ը` Սիւնիքէն անցնելիք ճամբան հռչակելով «Զանգեզուրի միջանցք», կը յոխորտան, որ անիկա թուրանական աշխարհը իրարու պիտի կապէ: Եթէ ՔՊ-ապետին հարցնէք, պէտք չէ ականջ տալ նման անուանումներու, սակայն ինչպէ՞ս անտես թողուլ թուրք-ազերիական նման հաստատումներ, երբ անոնց նախընթաց գրեթէ բոլոր յայտարարութիւնները մէկ առ մէկ իրականութիւն դարձած են, ու շղթան կը շարունակուի… ՔՊ-ականներու լիաբուռն գործակցութեամբ, աւե՛լ եւ աւելի արմատացնելով այն տեսութիւնը, որ ասոնք թրքատիպ ուղեղներով պատուաստուած են:

– Թրամփ Անգլիոյ մէջ դիմաւորուեցաւ բողոքի բուռն ցոյցերով: Մեր դիտանկիւնէն, հաւանաբար այդքան ալ շահեկան չէ, որ բողոքի ալիքին մէջ բաժին ունէր տխրահռչակ Ճեֆրի Էփսթինի մը եւ Թրամփի սերտ բարեկամութիւնը (անոնց մէկ ուս-ուսի լուսանկարը արտացոլուեցաւ քանի մը տեղ). ի դէպ, այս առիթով հրապարակ եկաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Բրիտանիոյ դեսպանին պաշտօնազրկումը` իր իսկ կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ ան բարեկամական կապեր ունեցած է իբրեւ անբարոյ ճանչցուած Էփսթինի հետ (մարդը մեռաւ-գնաց, բայց Թրամփի ու այլոց հետ անոր կապերը կը մնան քաղաքական շահարկումի նիւթ, կը ծառայեն… էական հարցերէ ուշադրութիւն շեղելու): Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց ուրիշ պատկեր մը. ցուցարարներու շարքին կային երիտասարդներ, որոնք բարձրացուցած էին… պաղեստինեան դրօշներ (յիշեցնենք, որ բրիտանական կառավարութիւնը շատ խիստ վերաբերմունք ունի ի նպաստ պաղեստինցիներուն ցոյցի ելլողներու նկատմամբ): Այս պատկերը ուշագրաւ է այն առումով, որ Եւրոպայի մէջ շատեր կը պատրաստուին պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու ՄԱԿ-ի այս ամսուան նստաշրջանին, իսկ Բրիտանիոյ վարչապետին հետ Թրամփի աչքառու տարակարծութիւնը պաղեստինեան տագնապին շուրջ էր:

– Ֆրանսայի մէջ եւս բողոքի հսկայածաւալ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան կառավարութեան տնտեսական համբակ քաղաքականութեան դէմ: Ըստ կարգ մը գնահատականներու, ցուցարարներուն թիւը կը հասնի միլիոնի, «բողոքին «պոչը» հարուած կը հասցնէ նոյնինքն Մաքրոնի: Ծանօթ է, որ Մաքրոնի նշանակած վարչապետը` Պայրու, մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ ստիպուեցաւ հրաժարական տալու` ժողովրդային բողոքի նոյն ալիքին դիմաց, Ֆրանսա հիմա նոր կառավարութիւն մը կը փնտռէ ճախճախուտին մէջ: Ցուցարարները կը պահանջեն, որ մեծահարուստները արդար տուրքերու ենթարկուին, եւ հանրօգուտ ծրագիրներ ֆինանսաւորուին: Մեր ուշադրութիւնը գրաւող կէտը, տագնապին էութեան կողքին, այն էր, որ հոն ալ ցուցարարներու շարքին կային պաղեստինեան դրօշ բարձրացուցած երիտասարդներ… Կարճ խօսքով, մարդիկը ո՛չ միայն չեն հրաժարիր իրենց իրաւունքներէն, այլ շահած են կարեկից-զօրակից համակիրներ, երբ Իսրայէլ ամէն օր նոր ոճիրներով` սպանդով, սովահարութեամբ, քանդումներով ու բռնագաղթերով կը լեռնացնէ ցեղասպանական իր վաստակը:

– ՔՊ-ական Հայաստանի մէջ ալիքները ունին տարբեր գոյներ. իշխանապետը եւ գործակիցներ ո՛չ միայն մեր իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար նահանջէ նահանջ կը վազեն, թողլքած են Պաքուի մէջ սարքովի դատավարութեան ենթարկուողները, կոյր կը ձեւանան ազերիներու հայաջինջ արարքներուն, Հայաստանն ալ կուլ տալու հաշիւներուն դիմաց, այլ նաեւ ժողովուրդը կը փորձեն վարակել իրենց ազգուրացութեամբ` պատմութիւն խեղաթիւրելու ճամբաներով: Եթէ բրիտանական յիշեալ կայանը պահ մը աչքը դարձնէ դէպի Հայաստան, կրնայ ՔՊ-ականներու դաւաճանական արարքներուն եւ ստապատիր քարոզներուն համար ալ ցանկ մը գտնել` հարց տալով, թէ ո՞վ որո՛ւ օրինակ կը դառնայ: Երեւանի մէջ ալ ՔՊ-ականները մերթ ընթ մերթ լուսանցքային գզվռտոցներ կը սարքեն, որպէսզի հանրութեան ուշադրութիւնը շեղեն էական տագնապներէն, որոնք կը տարածուին` պաշտպանականէն մինչեւ երկրագործութիւն, առեւտուր, արտահանում, մշակոյթ, լեզու եւ պատմութիւն-աշխարհագրութիւն: Հոն ալ ստեղծուած է այլանդակ վիճակ: Ընդդիմադիրները, ինչպէս` Թրամփը դատափետողները, մատնուած են անկարողութեան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի մէջ ալ բիրտ ուժն ու բռնատիրական վարմունքը մրցումի ելած են Թրամփի` «ժողովրդավար, եւ խօսքի ազատութեան պաշտպան» Միացեալ Նահանգներուն հետ: Թրամփ ո՛չ միայն գործնապէս իւրացուցած է իշխանութեան երեք թեւերը ու անվերապահօրէն կը քաջալերէ Իսրայէլի (եւ այլոց) ոճիրները, այլեւ սրընթաց յառաջ կը վազէ խօսքի` ազատ արտայայտութեան բռնադատման «քաղաքականութեան» ճամբուն վրայ, մինչեւ իսկ կը հարուածէ… կատակաբաններ, որոնք ամէն օր կը ցուցահանեն իր եւ գործակիցներուն ահաւոր սխալները: Արդեօք թատրոնին ծառայողները (նաեւ` պատմագէտներ ու քաղաքական ընդդիմախօսներ) իրողական բռնադատութեան ենթարկելու փաշինեանական նորագոյն արարքները նման բաներէ՞ ներշնչում կ՛առնեն…

– Շարունակե՞նք նման կէտերու ցանկագրումը: Ի վերջոյ պիտի հասնինք մի՛շտ կրկնուող հարցումին. ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ, ՄԻՆՉԵՒ Ո՞ՒՐ:

18 սեպտեմբեր 2025

 

 

 

Նախորդը

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Յաջորդը

«Ազդակ»-Ի 80-րդ Առցանց Լսարան. «Հայերը Եւ Ամերիկայի Ու Գերմանիոյ Ցեղային Քաղաքականութիւնը» Նիւթը Ներկայացուց Վարդան Մատթէոսեան

RelatedPosts

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
Ազգը Եւ Սփիւռքը Փակուղիէն Հանել, Որպէսզի Նուաճուին Իրաւունք Եւ Ինքնութիւն
Անդրադարձ

Ազգը Եւ Սփիւռքը Փակուղիէն Հանել, Որպէսզի Նուաճուին Իրաւունք Եւ Ինքնութիւն

Սեպտեմբեր 30, 2025
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Աշխարհը Փոխելու Համար Չինաստանը Ուժերու Եռանկիւն Կը Կառուցէ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?