Թւում է, թէ մեր օրերում լուրջ հրատարակութիւնների կարիք չի զգացւում, քանի որ հազիւ ենք կարողանում կողմնորոշուել տեղեկատուութեան ընթացիկ յարահոսի մէջ: Բայց երբ վերջում փորձում ենք ամփոփել նման եղանակով ստացուող հապճեպ կարծիքները, ակնյայտ է դառնում, որ հէնց լուրջ հրատարակութիւնների պակասն է մեզ զրկում արտաքին ու ներքին տեսաշարի մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու հնարաւորութիւնից:
Իրականում մենք վերապրում ենք նման ձեռնածութիւններից ծնուող քաոսը, որում ներկան արժեզրկւում է, իսկ ապագան մնում է անորոշութան մէջ: Նման պայմաններում կարեւոր է անցեալի այն էջերի ուսումնասիրութիւնը, որոնք գոնէ կարմիր գծեր են քաշում դէպի ապագան միտուած մեր հաւանական քայլերի ճանապարհին: Այս առումով, վտանգաշատ մեր օրերում խիստ արդիական նշանակութիւն ունի նախաեղեռնեան շրջանի հայ քաղաքական մտքի ուսումնասիրութիւնը: Պատմութիւնը հասկանալու ու հնարաւոր ողբերգութիւններից խուսափելու համար հարկաւոր է թարմացնել սերունդների երկխօսութեան հարթակները` շփուելով նրանց մտքերի ու ապրումների հետ:
Հետագայում «Ազատամարտ»-ի սերունդ անունը ստացած նախաեղեռնեան սերնդի ամենավառ ներկայացուցիչներից մէկը մինչեւ վերջին պահը` ապրիլ 11(24)-ը, պատնէշի վրայ մնացած Ռուբէն Զարդարեանն էր: Ուստի պատահական չենք համարում, որ նրա անտիպ նամակների ժողովածուն կազմել ու հրատարակել է դաշնակցական մտաւորականի դիրքերն ամուր պահողը` պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը: Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակներն ամփոփող ժողովածուի համար մանրամասն առաջաբան է գրել բարեխիղճ ու բծախնդիր հետազօտող Կարօ Յովհաննէսեանը:
«Վէմ մատենաշար»-ի 10-րդ հատորը դարձած այս ժողովածուի տպագրութեան յոբելենական առիթով մեր պարտքն ենք համարում յիշեցնել, որ ներկայ պայմաններում անգամ սահմանափակ տպաքանակով լոյս տեսնող հատորներն են տարիներով մնում պահեստների փոշոտ դարակներին: Վերջերս իջնելով մեր պահեստարանը` ուրախութեամբ արձանագրեցինք, որ «Վէմ մատենաշար»-ի հիմնականում` 500-ից 1000 տպաքանակով հրատարակած հատորների մեծագոյն մասն արդէն անհետացել է այնտեղից: Գիտական հրատարակութիւն հանդիսացող նման մատենաշարի արձանագրած լուրջ յաջողութեան մէջ ամենամեծ վաստակն ունի Երուանդ Փամպուքեանը: Ուղղակի` խօսքեր չենք գտնում նրա ցուցաբերած յամառ աշխատասիրութիւնը գնահատելու համար:
Հատորի բովանդակութեանը հետ նախնական ծանօթութեան համար ներկայացնում ենք Երուանդ Փամպուքեանի «ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ»-ը: Յոյս ունենք, որ յառաջիկայում նաեւ ելեկտրոնային հարթակներում առիթներ կը ստեղծուեն «Վէմ մատենաշար»-ի նշանակութեան ու հետագայ ծրագրերի աւելի լայն քննարկման ու մանաւանդ Երուանդ Փամպուքեանի վաստակի գնահատման համար:
«ՎԷՄ» ՀԱՆԴԷՍԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
—————-
Երկու Խօսք Հատորի Կազմութեան Մասին
Ներկայ հատորով ներկայացուած Ռ. Զարդարեանի 63 նամակներով չի սպառիր անշուշտ անոր ամբողջական նամակագրութիւնը:
Այս հատորին մէջ նկատի առնուած են միայն 1897-էն 1903 թուականներուն Խարբերդի շրջանէն գրուածները:
Վերոյիշեալ թուականներու գրութիւններէն ի յայտ կու գայ այդ տարիներուն Ռ. Զարդարեանի կեանքին վերաբերող բոլորովին անծանօթ մէկ իրողութիւն, այն, որ ի յայտ բերած ենք ՀՅԴ դիւանատան արխիւներէն: Հարցը կը վերաբերի անուանի գրողին նախ հնչակեան կուսակցութեան պատկանելիութեան, մինչեւ իսկ Խարբերդի շրջանի հնչակեան Կեդր. կոմիտէի անդամակցութեան, ապա անոր յարիլը ՀՅ Դաշնակցութեան` իբրեւ ղեկավար Խարբերդի կոմիտէին կամ Կեդր. կոմիտէին: Աւելի մանրամասն ծանօթացման համար կը բաւականանանք ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել 2 դեկտ. 1897-ին հեղինակին գրած ընդարձակ նամակը` ուղղուած Ժընեւ, ՀՅԴ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան (տես էջ 40-41):
Զարդարեանի կենսագրութեան մասին խօսք կ՛ըլլայ անշուշտ առանձնապէս: Յիշատակենք հոս յատկապէս իր բանտարկութիւնը Խարբերդի մէջ. այդ մասին կատարուած նշումները ընդհանուր բնոյթի են եւ ոչ միատեսակ:
Այդպէս է նաեւ իր զաւկին` արձակագիր Հրաչ Զարդարեանի տեղեկատուութիւնը այդ մասին (տես Հրաչ Զարդարեանի Պօղոս Սնապեանին ուղղած 19/9/1981 թուակիր նամակը` «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին», էջ 58, Պէյրութ, 2023):
Զարդարեանի բանտարկութեան մասին յատուկ յիշատակութիւն կայ «Դրօշակ»-ի մէջ լոյս տեսած Խարբերդի ընդարձակ տեղեկագրին մէջ («Դրօշակ», նոյեմբեր 1904 թ. էջ 167-168 եւ ապրիլ 1905 թ. էջ 70-71): Տեղեկագիրը կը յիշատակէ յատկապէս Խարբերդի շրջանին մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնները` թիւով 35, ինչպէս նաեւ` բանտարկեալներուն անունները:
Արդարեւ, այս եղելութիւնները պատահած են 1903 թ. մայիսին եւ շարունակուած` մինչեւ յուլիս 7, երբ այս վերջին ամսուն 20-ին կ՛աւարտէր «նախնական քննութիւն» ըսուածը:
Տեղեկագրին մէջ կը կարդանք. «Հետեւեալներն ալ առաւել կամ նուազ նեղութեան օրեր ունեցան, շաբաթներով խիստ հսկողութեան ենթարկուած եւ գիշերներով քնատ թողուած ըլլալով»:
Այս երկրորդ խումբին մէջ կը յիշուի Ռուբէն Զարդարեան: «Ռուբէն Զարդարեան, Մեզրէէն, ուսուցիչ եւ գրագէտ, գաւառական ժողովոյ Ա. ատենադպիր եւ բազմանդամ ընտանիքի հայր»:
«Խարբերդի առեւտրական շէնքը, ուր լեցուած մնացին ասոնք մէկ երկու ամիս` սպասելով նախնական քննութեանց աւարտման, դարձել էր ժանտատեսիլ սպանդանոց մը, ուրկէ գիշերները տանջանքի ենթարկուած զոհերուն աղաղակները կը լսուէին` խառն հարուածներուն բիրտ ձայնին ու դահիճներու յիշոցին»:
Խարբերդէն բանտարկեալները կը փոխադրուին մօտակայ Մեզրէի բանտ` «թեւ թեւի կապուած, շրջապատուած սուինաւոր հրացանակիր զինուորներով»:
Տեղեկագրին մէջ կը կարդանք, որ դատավարութիւնը տեւած է մօտաւորապէս վեց ամիս: Նախնական քննութեանց թուղթերուն տակ իբր վկայ նշանակուած փոլիսները, ժանտարմները եւ կառավարական պաշտօնեաները միշտ իրար հակասած են: Դատական գործընթացի ժամանակ փաստուած է հետապնդումի ընթացքին բանտարկեալներուն վերագրուած յանցագործութիւններուն մասին յիշատակուած տուեալները բոլորովին յերիւրածոյ են:
Այսպէս, օրինակի համար, Ռ. Զարդարեանի ամբաստանագրին մէջ ըսուած է. «Զարդարեանի տունէն ձերբակալուած թուղթերը թէեւ չեն թարգմանուած, բայց հասկցուած են, թէ վնասակար են եւ շատ վարպետի գրիչով մը գրի առնուած, անոր ամէն մէկ նախադասութիւնը վնասակար է»: Պաշտպան փաստաբան Նադրի պէյ «կը հարցնէր, թէ հայերէն չի գիտցող հարցաքննիչ մը, առանց հայերէն գրուած մը թիւրքերէնի թարգմանած ըլլալու, ինչպէ՞ս կը գիտնայ անոնց վնասակար հանգամանքը, մանաւանդ վարպետի գրիչով գրի առնուած ըլլալը եւ ամէն մէկ նախադասութեան վնասակար հանգամանքը: Իրողութիւնն այն է սակայն, որ Զարդարեանի նոյն այդ թղթերը Մէարիֆին կողմէն պաշտօնապէս թարգմանուելով, դատարանին պահանջին համաձայն, հասկցուեցաւ, թէ զուտ գրական եւ իմաստասիրական կտորներ էին, շատերը Կ. Պոլսոյ եւ Իզմիրի հանդէսներուն մէջ հրատարակուած` արդէն գրաքննութենէ անցնելէն ետքը»:
«Եւ դեռ ի՜նչ անարդարութիւններ, ի՜նչ անարդարութիւններ»:
Տեղեկագիրը կը յիշէ ամբաստանեալներու հասցէին վերագրուած նմանօրինակ բազմաթիւ շինծու մեղադրանքներ:
Այսպէս, հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ դատական ամբաստանութիւններու անհիմն ըլլալը:
Կ՛իմանանք, որ դատական հետաքննութիւնը կատարուած է լիբանանցի պաշտպան իրաւաբան Նադրի պէյի կողմէ, եւ Ռ. Զարդարեան, ինչպէս նաեւ միւս հայ ձերբակալեալները 6-9 ամիս բանտարկուած մնացին, ապա անոցմէ մեծ մասը ազատ արձակուեցաւ:
* * *
Հազիւ բանտէն կ՛ելլէ Զարդարեան, կ՛անցնի Իզմիրի շրջան` Մանիսա քաղաքը, որ պատմական Մակնեզիան է եւ ատեն մը կը զբաղի ուսուցչութեամբ եւ տնօրէնութեամբ, ապա ընտանեօք կ՛անցնի Պալքաններ` Ֆիլիպպէ, այժմ Փլովտիւ: Պուլկարիոյ հայութեան մեծ մասը կազմուած էր պանդուխտ հայերէ, որոնք կ՛աշխատէին սրճարաններու եւ շոգեկառքի կայարաններու մէջ: Համեստ կեանք կը վարէին, բայց բոլորն ալ վառուած էին Հայաստանի ազատագրութեան տենչով: Այդ պանդուխտ հայութիւնը Պուլկարիոյ գլխաւոր քաղաքներուն մէջ կը ղեկավարուէր բաւական մեծաթիւ հայ մտաւորականութեամբ եւ ազգային կառոյցներով:
Զարդարեան կը դասաւանդէր նոյնպէս Ֆիլիպպէ քաղաքին մէջ բաւական կանուխ Ռոստոմի կնոջ` Էլիզայի հիմնած հայկական վարժարանին մէջ:
Վարժարանը ունէր նաեւ իր երգչախումբը: Ասոնց բոլորին գործունէութեամբ կը ստեղծուէր գրական-մշակութային կեանք գաղութէն ներս` ղեկավարութեամբ ՀՅԴ Պալքանի Կեդր. կոմիտէին: Մօտաւորապէս նմանօրինակ կառոյցներով օժտուած էր նաեւ միւս քաղաքներուն հայկական կեանքը, ինչպէս` Վառնա, Սոֆիա, Ռուսչուկ (այժմ Ռուսէ):
Ռ. Զարդարեան Ֆիլիպպէի մէջ հիմնեց «Ռազմիկ» եռօրեայ թերթը, որ նոյնպէս կը նպաստէր համայնքի մշակութային կեանքի ծաղկումին:
«Ռազմիկ» թերթը շարունակուեցաւ Ֆիլիպպէի մէջ մինչեւ 1908 թուական` Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը:
* * *
Ռ. Զարդարեանի ծանօթութիւնը ազգային հերոս Անդրանիկի հետ տեղի կ՛ունենայ հոս` Ֆիլիպպէի մէջ: Այդ տարիներուն Անդրանիկ կը գտնուէր Պուլկարիա եւ մասնակից էր կուսակցական աշխատանքներուն: Զարդարեանի եւ Անդրանիկի գործակցութեան մասին կարելի է երկար խօսիլ: Բացի կուսակցութեան ընդհանուր գործէն Պուլկարիոյ մէջ, յատուկ առանձին երես մը ունի այն, որ Զարդարեան Անդրանիկի շարք մը գործունէութեանց մասնակից դարձած է, յատկապէս գրի առնելով անոր նկարագրած դրուագները եւ ասոնց մէջ ամէնէն նշանակալիցը` Անդրանիկի «Մարտական հրահանգներ»-ու վերջնական խմբագրութիւնը: Սկիզբը Նիկոլ Աղբալեան աշխատած է անոր վրայ, բայց վերջնական ձեւաւորումը կատարած է Զարդարեան:
Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրած Անդրանիկի «Մարտական հրահանգներ»-ու առաջին հատուածները սկսած են լոյս տեսնել «Դրօշակ»-ի 1906 տարուան յունիսի, օգոստոսի եւ սեպտեմբերի համարներով, ապա ամբողջութիւնը առանձին հատորով հրատարակուած է Ժընեւ, նոյն տարին:
* * *
Յայտնենք, որ Օսմ. սահմանադրութենէն ետք «Ռազմիկ» թերթի տպագրական սարքերը փոխադրուեցան Կոստանդնուպոլիս, ուր նոյնպէս Զարդարեանի խմբագրապետութեամբ հիմքը պիտի դրուէր ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ին: Այս վերջինը, ինչպէս ծանօթ է, պիտի յարատեւէր մինչեւ 1915-ի Մեծ եղեռնը:
Յայտնի է, որ Ռ. Զարդարեան եղերական վախճան մը պիտի ունենար` բաժնեկից դառնալով Ցեղասպանութեան միւս նահատակներուն ճակատագրին:
* * *
Ռ. Զարդարեանի գրական, մանկավարժական, հրապարակագրական վաստակին մասին տեսնել Կարօ Յովհաննէսեանի «Ռուբէն Զարդարեան ուսուցիչ-մանկավարժը եւ հրապարակագիրը» գրութիւնը (յաջորդական թիւերու մէջ կը հրապարակենք հետագային – «Ա.».):
Ե. ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ