Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհը Փոխելու Համար Չինաստանը Ուժերու Եռանկիւն Կը Կառուցէ

September 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

22 օգոստոս 2025-ին մահացաւ «Ազդակ»-ի երկարամեայ աշխատակից, բեղուն գրիչի տէր Յարութ Չէքիճեանը, որուն յօդուածներէն եւ յատկապէս թարգմանական աշխատութիւններէն որոշ թիւ մը աշխուժ կշռոյթով առաքուած էին խմբագրութեանս, սակայն օրին կարելի չէր եղած անոնց տեղ տալ` նոյն հեղինակին այլ աւելի առաջնահերթ գրութիւններու հրատարակութեան նախընտրութեան բերումով:

Սակայն նկատի ունենալով Յարութ Չէքիճեանի գրութիւններուն մեծամասնութեան կարեւորութիւնը, թէկուզ աշխարհաքաղաքական որոշ փոփոխութիւններ արձանագրուած ըլլան, թուականները պահպանելով հետեւողական կերպով պիտի հրապարակենք խմբագրութեանս մօտ գտնուող աշխատութիւնները:

«Ա.»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Փէքինի, ԱՍԷԱՆ–ի (Հարաւարեւելեան Ասիոյ Երկիրներու Ընկերակցութիւն) Եւ
Պարսից Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի Միջեւ Վերջերս Կայացած
Վեհաժողովը Ցոյց Կու Տայ Ասիոյ Հաւանական Ապագան:

«Ռաշա Թուտէյ»-ի 3 յունիս 2025-ի, «Վալտայ» ակումբի մասնագէտ եւ Պուտափեշտի Չինաստան-կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու հիմնարկի, China-CEE Institute, ոչ մնայուն գիտաշխատող Լատիսլաւ Զեմանեքի յօդուածին խորագիրն ու ենթախորագիրն է վերոնշեալը (1), որ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ:

1. Քուալա Լամփուրի վեհաժողովին մասնակիցներէն 2. ԱՍԷԱՆ-ի 10 անդամ երկիրները:  3. Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ 6 երկիրները

«Մայիսի վերջին շաբաթը տեղի ունեցաւ  նշանակալի քաղաքական զարգացում մը, որ կրնայ վերաձեւաւորել Ասիոյ աշխարհաքաղաքական խորապատկերը: Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լումփուրը հիւրընկալեց Չինաստանի, Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներու ընկերակցութեան (ԱՍԷԱՆ) եւ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի (ՊԾՀԽ) մասնակցութեամբ առաջին վեհաժողովը: Մինչ նախորդ տարիներուն այս երեք կողմերուն միջեւ խորացող գործակցութեան նշաններ կային, սակայն եռակողմանի համագործակցութեան պաշտօնական միջոցներու ստեղծումը նո՛ր զարգացում է:

«Այս հանդիպումը աշխարհաքաղաքական դատարկութեան մէջ տեղի չունեցաւ: Տարածաշրջանը աւելի՛ ու աւելի կ՛ենթարկուի Չինաստանի, ԱՄՆ-ի եւ այլ համաշխարհային ուժերու միջեւ սաստկացող մրցակցութեան: Ապրիլին Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին հարաւարեւելեան Ասիա շրջագայեցաւ` այցելելով Քամպոտիա, Մալեզիա եւ Վիեթնամ` Փեքինի ազդեցութիւնը ամրապնդելու համար: Գրեթէ միաժամանակ ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողմէ դեսպան մը շրջագայեցաւ Քամպոտիա եւ Վիեթնամ ու հանդիպեցաւ ԱՍԷԱՆ-ի բոլոր անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ` Թրամփի բարձրացուցած մաքսատուրքերուն պատճառով վնասուած յարաբերութիւնները վերականգնելու եւ «ազատ ու բաց Հնդկա-Խաղաղական ովկիանոսեան տարածաշրջանի» նկատմամբ յանձնառութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

«Միեւնոյն ժամանակ, ԱՄՆ-ի նախագահը այցելեց Պարսից ծոցի երեք պետութիւն` կնքելով նոր համաձայնագրեր եւ հրապարակաւ դատապարտելով տարածաշրջանային գործերը ուղղելու եւ միջամտելու ամերիկեան երկարատեւ քաղաքականութիւնը*: Մայիսի վերջին ասպարէզ մտաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը` այցելելով Ինտոնեզիա, Սինկափուր եւ Վիեթնամ` հարաւարեւելեան Ասիոյ գործընկերներուն յիշեցնելու, որ ԵՄ-ը տակաւին գոյութիւն ունի եւ կը մնայ Փեքինի ու Ուաշինկթընի կարելի այլընտրանք: *Այս մեծ սուտը Թրամփը ի՛նք փաստեց` ամիս մը ետք Իրանը ռմբակոծելով:

«Պատահական չէ, որ Չինաստան-ԱՍԷԱՆ-ՊԾՀԽ վեհաժողովը գումարուած է Մալեզիոյ մէջ: Իբրեւ ԱՍԷԱՆ-ի այժմու նախագահող երկիր` Մալեզիան կարեւոր դեր կը խաղայ, իսկ անոր վարչապետը` Անուար Իպրահիմ, տարածաշրջանային լրացումի եւ նորարարական գործընկերութեան աշխուժ կողմնակից է: Եռակողմ վեհաժողովէն առաջ ԱՍԷԱՆ-ի անդամները հաւաքուեցան Քուալա Լամփուրի մէջ` իրենց ապագայ ուղղութիւնը ծրագրելու համար: Այս առիթով տասը անդամ պետութիւնները որոշեցին ԱՍԷԱՆ-ի  յառաջիկայ 20-ամեայ տեսլականը` ԱՍԷԱՆ 2045-ը, որ պիտի ձեւաւորէ հարաւարեւելեան Ասիան` իբրեւ համաշխարհային աճի շարժիչ ուժ դառնալու ձգտում, համագործակցելով այլ դերակատարներու հետ:

«Անոնց մէջ Չինաստանը եւ ՊԾՀԽ-ի անդամներ` Պահրէյնը, Քուէյթը, Օմանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ ԱՄԷ-ն, ուշագրաւ են: Միասնաբար անոնք կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան քառորդը, եւ գրեթէ համաշխարհային ՀՆԱ-ի` համախառն ներքին արդիւնքին ալ քառորդը: Անոնց տնտեսական կապերը արդէն իսկ լաւ հաստատուած են: Չինաստանը թէ՛ ԱՍԷԱՆ-ի եւ թէ՛ ալ ՊԾՀԽ-ի առաջատար առեւտրային գործընկերն է: ԱՍԷԱՆ-ը կը գերազանցէ ԵՄ-ը` իբրեւ Չինաստանի գլխաւոր տնտեսական գործընկեր, իսկ Փեքինը իր նաւթի մէկ երրորդէն աւելին կը ներածէ ՊԾՀԿ պետութիւններէն:

«Քուալա Լամփուրի վեհաժողովը միաւորեց աշխարհի երկրորդ եւ հինգերորդ մեծագոյն տնտեսութիւնները` Չինաստանը եւ ԱՍԷԱՆ-ը` ուժանիւթի եւ հում նիւթի հիմնական մատակարարներու հետ: Առաջնորդները չէին պահեր իրենց լաւատեսութիւնը: Վարչապետ Անուար Իպրահիմ ներկայացուց քոնֆուշական եւ իսլամական քաղաքակրթութիւններու միջեւ մշակութային երկխօսութեան տեսլականը` համահունչ ըլլալով Չինաստանի «Համաշխարհային քաղաքակրթութեան նախաձեռնութեան»: Չինաստանի վարչապետ Լի Ցիյան «մեծ եռանկիւնը» կը պատկերացնէ իբրեւ համաշխարհային անվտանգութեան եւ բարգաւաճման յենարան` յղում կատարելով պարզութեան, համագործակցութեան եւ լրացումի «նոյն ասիական արժէքներուն»` ի տարբերութիւն արեւմտեանին:

«Յատկանշական է, որ Փեքինի պաշտօնական խօսոյթը շեշտը աւելի՛ կը դնէ այս «ասիական արժէքներուն» վրայ: Այս տրամաբանութիւնը հիմք կը հանդիսանայ հարեւան պետութիւններու վրայ վերանորոգ ուշադրութեան կեդրոնացման համար: Ապրիլին Սի Ծինփինը «մերձաւոր արտասահմանի» հետ յարաբերութիւններուն նուիրուած հազուադէպ բարձր մակարդակի ժողով հրաւիրեց` զայն բնութագրելով իբրեւ Չինաստանի զարգացման, անվտանգութեան եւ դիւանագիտական առաջնահերթութիւններուն համար կարեւոր: Տարածաշրջանային այլ դերակատարներու շարքին այս վերադասաւորումը կրնայ մտահոգութիւն պատճառել ժամանակակից չինական խաղաղութեան «Pax Sinica» վերածնունդին վերաբերեալ: Սակայն Փեքինը կը հերքէ այս մեկնաբանութիւնները` փոխարէնը նշելով պատմական այլ օրինակներ, ինչպիսին է Մետաքսի ճամբան, որ շեշտը կը դնէր միացութեան, լրացումի եւ հաւասարութեան վրայ:

Չինաստան-ԱՍԷԱՆ-ՊԾՀԽ վեհաժողովը բացառութիւն չէր: Փեքինը առաջարկեց գործող Չինաստան-ԱՍԷԱՆ ազատ առեւտուրի գօտին ընդլայնել` ներառելով նաեւ ՊԾՀԽ-ն, առաջարկ, որ ողջունեցին հարաւարեւելեան Ասիոյ առաջնորդները: Այս կրնայ արագացնել Չինաստանի առեւտուրի ազատականացումը եւ մեծցնել Տարածաշրջանային համապարփակ տնտեսական գործընկերութեան` աշխարհի ամենամեծ ազատ առեւտուրի գօտիի առաւելութիւնները, որ կը ներառէ ԱՍԷԱՆ-ի բոլոր երկիրները:

«Վեհաժողովին օրակարգը մեծապէս կեդրոնացած էր տնտեսական հարցերու վրայ` ցոլացնելով ԱՍԷԱՆ-ի ռազմավարական կողմնորոշումը եւ Պարսից ծոցի պետութիւններուն շահերը: Վերջին տասնամեակին Չինաստանը բազմաթիւ ծրագիրներ սկսած է ԱՍԷԱՆ-ի անդամներուն հետ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ: Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին հետ գործակցութիւնը նաեւ կ՛ընդլայնուի աւանդականէն, ինչպիսիք են` հում նիւթը, դէպի առաջատար մարզեր, ներառեալ` արհեստական բանականութիւն, թուային տնտեսութիւն եւ 5G արհեստագիտութիւն*: Այս տնտեսական շեշտադրումը ռազմավարական է, որ առիթ կու տայ շահագրգիռ կողմերուն` շրջանցել վիճելի քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերը:

«Վիճելի հարցերը բազմաթիւ են: Մինչ Չինաստանը կը պահպանէ ամուր կապեր ԱՍԷԱՆ-ի եւ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամներուն հետ, երկկողմանի վէճերը կը շարունակուին: ԱՍԷԱՆ-ի պարագային, տարածքային վէճերը եւ ինքնիշխանութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները, մասնաւորապէս` հարաւային Չինական ծովուն մէջ, կը բարդացնեն վստահութեան կառուցումը:           «Չինաստանի վէճերը Պրունէյի, Մալեզիոյ, Ֆիլիփիններու եւ Վիեթնամի հետ երկարատեւ են եւ տարածաշրջանային յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն կը ստեղծեն: Չինական հաստատակամութեան ընկալումները նաեւ մտահոգութիւններ կը պատճառեն տնտեսապէս կախեալ ըլլալու, հնարաւոր «պարտքի թակարդներու» եւ Փեքինի քաղաքական լծակներուն վերաբերեալ: Այս գործօնները վերջին տարիներուն Ֆիլիփիններու նախագահ Ֆերտինանտ Մարքոս Կրտսերի նման առաջնորդներուն մղած են մօտենալ ԱՄՆ-ի:

«Չինաստան-ԱՄՆ մրցակցութիւնը կը շարունակէ մնալ որոշիչ շարժիչը: Թէ՛ ԱՍԷԱՆ-ի, թէ՛ ալ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի երկիրները պատմականօրէն ամուր կապեր ունին ԱՄՆ-ի հետ: ԱՄՆ-ը կը մնայ ԱՍԷԱՆ-ի ամենամեծ արտածումի շուկան եւ մեծագոյն օտար ներդրողը: Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի երկիրները, որոնք հինէն դաշնակից են Ուաշինկթընի հետ, այժմ կը բախին ամերիկեան եւ չինական շահերու միջեւ զգուշ հաւասարակշռութիւն պահպանելու մարտահրաւէրին հետ, մասնաւորապէս` զգայուն արհեստագիտութեան անվտանգութեան գործակցութեան հարցին մէջ*:

«Ուաշինկթընը դէմ է Սէուտական Արաբիոյ կողմէ չինական 5G եւ արհեստական բանականութեան արհեստագիտութեան որդեգրումին*, եւ նմանատիպ մտահոգութիւնները պատճառած են ԱՄՆ-ի եւ ԱՄԷ-ի միջեւ ռազմական համաձայնագրերու կասեցման: Բացի այդ` եուանով նաւթի առեւտուրի վերաբերեալ քննարկումները մարտահրաւէր են նաւթատոլարային համակարգին եւ Արեւմուտքին ուշադրութիւնը կը գրաւեն:* Դէմ է, քանի որ տնտեսականէն անդին` իր լրտեսական հսկողութենէն դուրս կը մնան ոչ ամերիկեան համացանցային ու հեռաձայնային սարքերն ու դրութիւնները:

«Այս աշխարհաքաղաքական բարդութիւնները կրնան խաթարել եռակողմ համագործակցութիւնը` բացայայտելով ճեղքեր եւ կառուցուածքային խոցելի կէտեր: Մինչ առեւտուրը, ուժանիւթը, ենթակառոյցները եւ առաջադէմ արհեստագիտութիւնը բնական մերձեցումի տարածքներ կ՛ընծայեն: Աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը եւ մշակութային տարանջատումը լուրջ խոչընդոտներ կը ներկայացնեն: Աւելի՛ն. գործող կողմերուն միջեւ շեշտուած անհամաչափութիւն կայ: ԱՍէԱՆ-ի փոքր տնտեսութիւնները կրնան համակարգային եւ տնտեսական կարողութիւններ չունենալ այս եռակողմ խմբակին լիարժէք մասնակցելու համար:

«Սակայն Չինաստան-ԱՍէԱՆ-ՊԾՀԽ հարթակը կը ներկայացնէ նորարարական կերպար մը` ի յայտ եկող բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ: Ան կ՛արտացոլացնէ Հարաւ-Հարաւ համագործակցութեան արագացող թափը, որ կը միացնէ բազմաբեւեռութիւնը բազմակողմանիութեան եւ տնտեսական համաշխարհայնացման հետ:

«Թրամփին սակերու փոթորիկը արթնութեան կոչ ծառայեց ԱՍԷԱՆ-ի եւ Պարսից ծոցի բազմաթիւ Ամերիկայի գործընկերներուն համար` ընդգծելով անոնց բազմազանութիւնը եւ գործնական այլընտրանքներ ընդունելու հրամայականը: Պարտադիր չէ, որ Փեքինի հետ աւելի սերտ կապերը վկայեն մէկ գերիշխանութենէն միւսին անցնիլ: Փոխարէնը` ԱՍԷԱՆ-ը եւ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը կը ձգտին հնարաւորինս գործակցիլ թէ՛ Չինաստանի, թէ՛ ալ ԱՄՆ-ի հետ: Սակայն վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ օգուտներու դիմաց Ուաշինկթընի կողմէ պետութիւններու վրայ ճնշում բանեցնելու ռազմավարութիւնը` Չինաստանի հետ կապերը կրճատելու համար, իր կշիռը կորսնցուցած է:

«Այժմ հիմնական հարցերն են` արդեօք ԱՍէԱՆ-ը կրնա՞յ արդիւնաւէտօրէն հաւասարակշռել մեծ պետութիւններու մրցակցութիւնը` դառնալով ինքնավար բեւեռ բազմաբեւեռ աշխարհին մէջ, արդեօք տարածաշրջանային դերակատարները կրնա՞ն պահպանել այս փխրուն հաւասարակշռութիւնը եւ խուսափիլ ռազմական դաշինքներու ձեւաւորումէն` Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս տարածաշրջանին մէջ ու անկէ դուրս, եւ արդեօք եռակողմ շրջանակը ինքնին կրնա՞յ դիմանալ աշխարհաքաղաքական լարուածութեան աճի պայմաններուն մէջ: Նշեալները կը մնան բաց հարցեր, եւ պատասխանները կը յայտնուին մի՛այն ժամանակի ընթացքին»: Վերջ:

Պէտք է նշել, որ այս յօդուածէն ետք, 13 յունիսին սկսաւ Իսրայէլ-Իրան վերջին պատերազմը, որ շատ բան փոխեց եւ պիտի փոխէ տակաւին:

Չինաստանը ուժերու եռանկիւնը կառուցած է արդէն` ստեղծելով նաեւ ԱՄՆ-ի հովանիէն եւ հասանելիութենէն դուրս այլընտրանքներ, ինչպիսիք են` 1. Պէյտուն (BeiDou)` արբանեակային տեղորոշիչը, փոխարինելով Ճի Փի Էս-ը: 2. Չինական համացանցը, որ զերծ կը մնայ օտար ազդեցութենէ, քարոզչութենէ եւ միջամտութենէ: 3. Եուանով գործառնութիւնը, որ կը փոխարինէ ԱՄՆ-ի տոլարը: 4. Միջսահմանային դրամատնային վճարումի համակարգը, որ կը փոխարինէ Սուիֆթը եւ այլն: Աւելի՛ն. տես յօդուածս` «Իսրայէլի յարձակումը Իրանի դէմ, հաւաքական Արեւմուտքին պատերազմն է Ռուսիոյ, Եւրասիոյ եւ ՊՐԻՔՍ-ին դէմ» (2):

Չինաստանը յարատեւ ու արդար, տքնաջան աշխատանքով դարձաւ տնտեսական հզօր պետութիւն մը, որ առանց պատերազմներու եւ ռազմական ու իշխանափոխութեան սպառնալիքի` իր շուրջ կը հաւաքէ Արեւմուտքէն յուսախաբ ու զզուած երկիրներ, դառնալով բազմաբեւեռ նոր աշխարհակարգի բեւեռներէն մէկը:

29 յունիս 2025

haroutchekijian.wordpress.com

 

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին կողմէ:

  1. https://www.rt.com/news/618501-china-asean-gcc-summit/

2. https://www.aztagdaily.com/archives/652394

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (29 Սեպտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Ազգը Եւ Սփիւռքը Փակուղիէն Հանել, Որպէսզի Նուաճուին Իրաւունք Եւ Ինքնութիւն

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.