ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Կամաւոր աշխատանքի սահմանումը ընկերային գիտութիւններու մարզին մէջ հիմնուած է երկարատեւ հետազօտութիւններէ բխած եւ հաստատուած արդիւնքներու վրայ: Հոգեբանութեան գիտութիւնը, ի մասնաւորի, խորաթափանց վերլուծումներու ենթարկած է կամաւոր աշխատանքի երեւոյթը եւ կամաւոր ձեւով ծառայողներու անհատականութիւնները` յանգելու համար ժամանակակից նոր հասկացողութեան մը, ըստ որուն, կամաւոր աշխատանքը դրական ազդեցութիւններ կ՛ունենայ մարդ անհատին ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վրայ եւ շատ յաճախ կը նպաստէ այս զոյգ առողջութիւններու անխախտ պահպանման:
Ճիշդ է եւ անժխտելի, որ կամաւոր աշխատանքը, առաջին հերթին եւ արդարօրէն, օգտակար կը դառնայ բարեսիրական հաստատութիւններու, մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ տարբեր կարիքներ ունեցող մարդոց` զանազան ձեւերով: Բայց այդ աշխատանքը ինքնին նոյնքա՛ն օգտակար է կամաւոր գործը յառաջ տանողին եւ անոր զգացական աշխարհին խաղաղութեան` տուեալ անհատին մէջ ստեղծելով ինքնարժեւորումի դրական պատկեր մը եւ անոր առթելով ինքնահամարումի բարձր զգացում. խօսքը, այս պարագային, կանոնաւոր ձեւով կամաւոր աշխատանք ծաւալող անհատներու մասին է, որոնց անանձնական վերաբերումն ու այլասիրութեան վրայ հիմնուած վարուելակերպը զիրենք զերծ կը պահէ գերճնշուածութենէ եւ կը բարելաւէ անոնց արդիւնաւէտ գործունէութեան մակարդակը:
Ըստ ուսումնասիրութիւններու, կամաւորներու մէջ տխրութենէ եւ անձկութենէ տառապելու հաւանականութիւնը կը նուազի, եւ անոնք հեռու կը մնան ֆիզիքական հիւանդութիւններէ, կ՛ապրին աւելի երկար եւ կեանքի տարբեր փորձառութիւններ կը դիմագրաւեն դրական եւ անվհատ ձեւով: Անշուշտ այս բոլորը կարելի է երաշխաւորել միայն այն ատեն, երբ տուեալ անհատները անկեղծօրէն այլասէր են եւ նուիրուած, բայց մանաւանդ` երբ ուրիշին օգնելու պատրաստակամութիւնը իրական է իրենց մէջ, եւ չ՛առաջնորդուիր ցուցամոլական կամ բռնազբօսիկ սովորամոլական մղումներով: Այլ խօսքով, կամաւոր աշխատողները իրենց գործը կը կատարեն սիրով, անհատական ճիգերու եւ կարողականութիւններու ամբողջական լարումով եւ ոչ` իրենց աւելորդ ժամանակը միայն տրամադրելով եւ կամ արդէն իսկ բարեկեցիկ իրենց առօրեային մէջ փոքր տեղ մըն ալ կամաւոր աշխատանքի յատկացնելով:
Ըստ էութեան, կամաւոր աշխատանքը գիտակից ճիգի եւ զոհողութեան վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ ինքնակարգապահ մօտեցումով` քիչէն շատ ստեղծելու, չգոյութենէն առատութեան ձգտելու, չունեցածէն բաժին հանելու եւ կարեկից մօտեցումով այլ մարդոց հանգիստին եւ բարօրութեան նպաստելու:
Կամաւոր աշխատանքը մարդոց մէջ յատուկ արժեհամակարգ կը ստեղծէ. արժեհամակարգ, որ խարսխուած է անհատական եւ համամարդկային ազնիւ սկզբունքներու վրայ, համայնքին եւ միջավայրին օգտակար դառնալու անկեղծ ներմղումին վրայ, ուրիշին կարիքները հասկնալու եւ զանոնք գոհացնելու անխոնջ ճիգին վրայ եւ, ի վերջոյ, անհատական հաւաքական կեանքի առողջ հունաւորումին մէջ ներդրում ունենալու պատրասխանատու որոշումին վրայ:
Հետեւաբար մարմնով, մտքով եւ հոգիով առողջ կը դառնայ ա՛յն անհատը, որ կը հաւատայ կամաւոր աշխատանքին եւ կը լծուի անոր. աշխատանք, որուն առաջնահերթ նպատակը ուրիշներու ամբողջական առողջութիւնն է, անոնց կեանքի որակին բարելաւումը եւ հանգստաւէտ պայմաններու ապահովումը: Աշխատանք, որ անպայմա՛ն կը ստեղծէ բարերար ազդեցութիւն եւ կը պսակուի յաջողութեամբ: