Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ազգային Հաւաքական Կեանքին Մէջ Լոյս Ու Յոյս Սերմանող Կամաւոր Աշխատանքը

Դեկտեմբեր 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

Կամաւորներու միջազգային օրը այն առիթն է, երբ լուսարձակի տակ կ՛առնուին այն գործունէութիւնները, որոնք կը կատարուին մարդ անհատին կողմէ առանց որեւէ նիւթական ակնկալիքի, ընդհանրապէս յանուն մարդկային կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ բարելաւման եւ բարեկարգման: Այդ կամաւոր աշխատանք կատարող մարդոց նպատակը պարզապէս հոգեկան գոհացում ստանալը չէ` բան մը իրագործելու քայլին դիմաց, որովհետեւ այդ մարդիկ կը շարժին մարդկայնական վեհ սկզբունքներով, մարդկութեան մէջ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն ձեռք մեկնելու անխառն ձգտումներով: Ի՞նչ պէտք է ըսել այն մարդոց մասին, որոնք քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն մէջ իրենց կեանքը վտանգի կ՛ենթարկեն քաղաքացիներու կեանքեր փրկելու համար հրդեհներէն կամ Կարմիր խաչի ծիրին մէջ առաջին կարգի բժշկական օգնութիւն կը մատուցեն կարիքաւորներուն: Այս կամաւորներուն առած քայլերը շատ յաճախ անգնահատելի են, որեւէ արժէքով չեն չափուիր, անոր համար ալ կամաւոր աշխատանք կատարողները, մանաւանդ վտանգաւոր բնոյթի աշխատանք կատարողները, մէկական հերոսներ են:

Այո՛, հերոսներ են կամաւորները, որովհետեւ առանց նիւթական վարձատրութիւն ստանալու, շատ յաճախ ալ իրենց քսակէն գումար դնելով, իրենց հանգիստէն զիջելով, չխնայելով շատերու համար անգին նկատուող ժամանակ հասկացողութիւնը, կը նպաստեն հաւաքական կեանքի առողջացման եւ միութենական կամ այլ զանազան նպատակներու իրագործման: Ես անձնապէս իմ կեանքիս ընթացքին հանդիպած եմ կամաւորներու բացառիկ օրինակներու, որոնց կեանքին ընթացքը սերտելով չես կրնար չփշաքաղիլ:

Հանգուցեալ ընկեր մը` Պերճ Պասթաճեան անուն, կանուխէն անդամագրուեցաւ «կամաւոր բանակ» ՀՄԸՄ-ին, եւ ատկէ ի վեր ինք եւ կամաւորութեան հասկացողութիւնը գրեթէ նոյնացան: Կամ ինչպէ՞ս չհիանամ իմ երբեմնի, նախակրթարանի ուսուցչուհիիս օրինակով: Մինչեւ այսօր ալ աշխատանքիս բերումով զինք կը տեսնեմ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նախաձեռնութիւններուն ընթացքին, սուրիահայ տեղահանուածներուն օժանդակութիւն բաժնելու ժամանակ կամ այնպիսի հասարակական բնոյթի աշխատանքներու մէջ, ուր ԼՕԽ-ի անդամներու օժանդակութեան կարիքը կը զգացուի: Կը մտածեմ` թերեւս աշակերտական ժամանակաշրջանէս այս ուսուցչուհիէն շատ բան չէ մնացած յիշողութեանս մէջ` սորված ըլլալու իմաստով, բայց իր կատարած այս կամաւոր աշխատանքը, որուն մինչեւ հիմա ալ ականատես կը դառնամ, վստահ ուսուցանող շատ բան ունի իր մէջ:

Պատահական չէ, որ ուսուցչուհիիս օրինակը կը յիշեմ այստեղ, որովհետեւ նաեւ անոր ընդմէջէն, այս յիշատակելի օրուան առիթով, պէտք է արժանին մատուցուի նաեւ իւրաքանչիւր խաչուհիի, որոնք, որքան տարիներու ընթացքին նկատած եմ, աւելի քան որեւէ ուրիշ կամաւոր աշխատող, կարծես մէկզմէկու հետ կը մրցին նուիրուածութեան եւ զոհողութեան իմաստով: Պէտք է արժանին մատուցել ԼՕԽ-ական իւրաքանչիւր կնոջ, որ չի վարանիր տուն-տեղ ձգած գալու եւ ժամանակ յատկացնելու` յաջողցնելու, օրինակի համար, կիներու իրաւունքներուն վերաբերող դաստիարակչական բնոյթի դասախօսութիւն մը, Նոր տարուան առիթով մանուկները ուրախացնող ձեռնարկ մը, ձեռագործներու եւ ասեղնագործերու տօնավաճառ մը, հայկական աւանդութիւնները ներկայացնող իրադարձութիւն մը կամ պարզապէս վաճառելու ձեռնակի մը տոմսերը կամ միութեան օրացոյցերը:

Եւ պէտք չէ մտածել երբեք, որ այս բոլոր իրապէս աշխատատար կամաւոր գործունէութիւնը կը կատարուի պարզապէս ինքնաբաւարարութեան համար: Վերոյիշեալ գործունէութիւնները եւ տակաւին շատ աւելին կատարելու ընթացքին, անկասկած յարգարժան խաչուհիները իրենց մտքին մէջ դրոշմած կ՛ըլլան, որ այս բոլորը իրենք կը կատարեն քիչ մը աւելի կնոջ դերակատարութիւնը բարձրացնելու համար հայ հասարակութեան մէջ, քիչ մը աւելի նպաստելու կրթական մարզի նիւթական բեռին թեթեւացման, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հետզհետէ աւելի կը սրի ընկերային-տնտեսական տագնապը երկրին մէջ, քիչ մը աւելի հոգատար ըլլալու մեր տարեց մամիկներուն ու պապիկներուն նկատմամբ` ԼՕԽ-ի խոհանոցին ընդմէջէն:

Հոգատար, որովհետեւ իւրաքանչիւր խաչուհիի մէջ մայրը կայ, եւ մայրը չի կրնար հոգատար չըլլալ նաեւ հասարակութեան նկատմամբ…

Կամաւորներու միջազգային օրը էապէս ԼՕԽ-ին օրն է: Թէեւ ԼՕԽ-էն եւ ԼՕԽ-ականներէն զատ ուրիշ շատ միութիւններ ու անհատներ կը քաջալերեն ու կը կիրարկեն կամաւոր աշխատանքը, բայց հասարակութեան ընկալումին մէջ խաչուհին  միւսներէն կ՛առանձնացուի իր սրտոտութեամբ ու նուիրուածութեամբ: Եւ անշուշտ այս զոյգ յատկանիշներուն համար այսօրուան առիթով շնորհաւորելի են բոլոր կամաւոր աշխատողները, որովհետեւ նուիրուած կամաւոր աշխատանքով անոնք ազգային հաւաքական կեանքին մէջ միայն լոյս եւ յոյս կը սերմանեն: Մարդկայնական լոյսն ու յոյսը:

 

Նախորդը

Կամաւորը` Առողջ Մարդ

Յաջորդը

Ապրի՛ Կամաւորը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?