Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրի՛ Կամաւորը

Դեկտեմբեր 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ 

Կամաւոր ըլլալը ամէն մարդու գործը չէ. մանաւա՛նդ` այս օրերուն:

Կամաւոր ըլլալ` կը նշանակէ աշխարհի ազնուագոյն նկարագիրը կրել:

Կամովին գործելու յատկանիշը բնածին է, այսինքն բոլորը կը կրեն զայն, սակայն տարիներու ընթացքին այդ յատկանիշը միայն որոշ անհատներու մէջ կը զարգանայ ու ի վերջոյ կ՛ամրապնդուի մարդ արարածին մէջ` անոր ունեցած փորձառութիւններուն համաձայն:

Կամովին գործող մարդիկ այլոց նկատմամբ հոգատար կ՛ըլլան: Գուրգուրոտ ըլլալու կողքին, արդարամիտ, պարզ, անկեղծ ու կրակոտ մարդիկ աւելի հակամէտ են կամաւոր ըլլալու:

Կամաւոր ըլլալու համար անհատ մը պէտք է նաեւ զոհողութեան իմաստը լաւ ըմբռնած ըլլայ, որովհետեւ անիկա կրնայ հասնիլ մինչեւ անձնազոհութիւն:

Կամաւորը կը յարգէ բոլորը եւ ոչ ոք վիրաւորէ իր խօսքերով կամ վարուելակերպով: Իսկ կամաւորին համար չկայ աւելի վատ զգացում, քան` այն, որ զինք կը շահագործեն:

Հայ ժողովուրդին կեանքը միշտ ալ լեցուն եղած է կամաւորներու յատուկ պատմութիւններով, կամաւորներու յուշերով, մէկ խօսքով` կամաւորներով:

Հայութեան կեանքի պայմաններուն բերումով հինէն ի վեր կարիք զգացուած է կամաւորներու, ըլլան անոնք ինքնապաշտպանութիւններու, թշնամիին դէմ դնելու, ազատամարտի թէ այլ ռազմակոչերու պարագային, ինչպէս` 2016-ի Արցախի քառօրեայ պատերազմին:

Հայոց պատմութեան խորերէն յուշող կամաւորական գունդերուն կողքին, կամաւորներ կան հայութեան կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, ըլլան անոնք ազգային, կուսակցական, մարզական, սկաուտական, ընկերային եւ յատկապէս բարեսիրական հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն մէջ:

Այս առիթով մտածումներս կ՛ուղղուին ամբողջ կեանքիս ընթացքին տարբեր առիթներով վկայած մեր թաղեցի ԼՕԽ-ական տիկիններուն ուղղութեամբ, ապա կրնամ հաստատել, որ անոնք իրենց պարտաճանաչութեամբ, աշխատասիրութեամբ, քաջութեամբ, գուրգուրոտ նկարագիրով բոլորին հոգալու, բոլորը գոհ եւ ուրախ պահելու, ինչպէս նաեւ սրտանց մէկուն կողքին կանգնելու եւ անոր օժանդակելու ամուր կամքով տպաւորած են զիս:

Աւելի՛ն. մտածելով կուսակցական ընկերներուս մասին` կը տեսնեմ, թէ որքան նուիրում ու ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութեամբ ու համոզումով կը գործեն անոնք` իսկական կամաւորի արժանապատուութեամբ:

Իսկ երբ աւելի խորը թափանցեմ ու փորձեմ գտնել իմ մէջս կամաւորի յատկանիշը քաջալերողը, կը տեսնեմ գլխագիր կամաւոր մը, որ ընկերային ծառայողի իր առաքելութեամբ, ուսուցիչի իր ասպարէզով, սկաուտական պարկեշտութեամբ ու վեհանձնութեամբ եւ ամէնէն կարեւորը` ազնիւ մօտեցումով ու անշահախնդիր նուիրուածութեամբ հունաւորած է կեանքս եւ` ինքնավստահութիւն ներշնչած:

ԼՕԽ-ի նախաձեռնութեամբ Կամաւորի օրուան նշումը դարձած է տարեկան աւանդութիւն, որ դաստիարակիչ է:

Մեր կեանքին մէջ կամաւորները ուսանելի օրինակներ են, թանկագին յուշեր եւ ոգեշնչող էակներ:

Անոնց զոհողութիւնները հսկայ են, իսկ վարձատրութիւնը` անգին, որովհետեւ կամաւոր աշխատանքի մը համար անոնց ստացած հոգեկան բաւարարութիւնը անսահման է ու կարելի չէ հաշուել կամ կոտորակել:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որ ամէն տարի Կամաւորի օրուան առիթով մեզ կը մղէ, որ նուազագոյնը տարին անգամ մը մտածենք ազնուագոյն նկարագիրին մասին: Շնորհակալութիւն` այս աւանդութեան, որուն ընթացքին կը վերարժեւորենք մարդկային այս վսեմ յատկանիշը եւ կը գնահատենք աշխարհը աւելի լաւ ու ապահով տեղ մը  դարձնելու, երկրին սահմաններուն հսկելու, հողերը ազատագրելու, ընկերութեան աւելի բարօր ու հանգիստ կեանք մը պարգեւելու, գաղթականը պատսպարելու, որբերուն հոգալու, վիրաւորը խնամելու, փրկարար աշխատանք կատարելու եւ հազարումէկ զոհողութիւններ կատարելու բոլոր կամաւորներուն ճիգն ու ջանքը:

Ապրի՛ կամաւորը:

 

 

Նախորդը

Մեր Ազգային Հաւաքական Կեանքին Մէջ Լոյս Ու Յոյս Սերմանող Կամաւոր Աշխատանքը

Յաջորդը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Յատուկ Նիստեր Կը Տրամադրէ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն Եւ Հայեցի Դաստիարակութիւն Նիւթերուն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?