Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարիքը

December 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Ձմրան ցուրտ օրերէն մէկն էր: Որոտում, կարկուտախառն անձրեւ եւ փոթորիկ: Ո՞վ կը համարձակէր տունէն դուրս ելլել:

Ամէն ոք իր կրակարանին դիմաց նստած` մէկ կողմէ ականջ կու տար երկինքի պոռթկումին,  միւս կողմէ`  ունելիով կրակը կը խառնէր` մէկ-մէկ ալ բոցկլտացող կայծերու գոյնին զմայլելով: Գիւղին մէջ անհանգիստ էր միայն Ռեբեքան: Ամուսինը այդ գիշեր նաւակով պիտի հասնէր ծովափ, եւ ինք դիմաւորելու պիտի երթար զայն, երբ նշմարէր լուսարձակի լոյսին երեք նշանները: Այս փոթորիկին ո՛չ լոյս կարելի էր  նշմարել, ո՛չ ալ ուղղութիւն կարելի էր ճշդել,- անհանգիստ կը մտածէր Ռեբեքան: Այնուամենայնիւ, ան վերարկուն կ՛առնէ, գլուխը կ՛անցընէ թաղիքէ հաստկեկ գլխարկը, մէկ ձեռքին` հովանոցը, իսկ միւս ձեռքին լուսարձակը, ճամբայ կ՛ելլէ դէպի ծովափ: Ժայռի մը տակ կծկուած, երկար կը սպասէ` աչքերը յառած ծովի ուղղութեամբ, բայց ոչ ոք կը յայտնուի: Ամէն անգամ, որ բացասական միտքեր իրարու ետեւ հարուածեն ուղեղը, Ռեբեքան պահ մը կը դողդղայ, բայց կը յաջողի լաւատեսութեան նշոյլ մը տարածել անոնց վրայ: Միակ մտահոգութիւնը անձրեւն էր, որ կը խանգարէր իր սպասումը, այլապէս ինք կրնար երկար մնալ: Այնքան կը սաստկանայ անձրեւը, որ ստիպուած` Ռեբեքա կը վերադառնայ:  Ան կիսով մը թրջուած կը հասնի տուն: Լաւ մը չորցուելէն ետք կ՛որոշէ դիմել իրենց դրացիին` Աբգարին եւ պարզել կացութիւնը: Աբգար, լսելէ ետք Ռեբեքան, գիւղի մարդոցմէ քանի մը հոգի կամաւոր իրեն հետ առնելով, այդ փոթորիկին մէջ յանձն կ՛առնեն ծովեզերքի ճամբան բռնել ու հասնիլ մինչեւ հոն, ուրկէ նաւակով ճամբայ պիտի ելլէր Ռեբեքային ամուսինը` Պօղոսը: Կամաւոր մարդիկը բաւական տեղ կտրելէ ետք կը նշմարեն լոյս մը: Կը մօտենան այդ ուղղութեամբ ու կը տեսնեն Պօղոսը` արիւնլուայ ծովափին  երկարած, իսկ նաւակը կիսով մը կոտրած: Զօրաւոր փոթորիկը նաւակը ծովեզերքի ժայռերուն զարկած էր: Մարդիկը կը շալկեն Պօղոսը.  եւ որովհետեւ մօտեցած էին ծովեզերեայ մօտիկ գիւղին, կը մտածեն երթալ գիւղի ուղղութեամբ ու դիմել տեղւոյն բժիշկին:

Գիւղ կը հասնին բոլորովին թրջած: Քանի մը դուռ զարնելէ ետք կը գտնեն բժիշկ մը ու վար կ’առնեն Պօղոսը իրենց ուսէն: Բժիշկը կը քննէ Պօղոսը եւ  խորհուրդ կու տայ տեղափոխել քաղաքի հիւանդանոցը: Չորս գիւղացիները կ՛որոշեն վարձել կառք մը ու կը հասնին հիւանդանոց:

Հիւանդանոցին մէջ Պօղոսի ճակտին ու երեսին բացուած վէրքերը կը կարեն ու կը դեղեն: Առտու երեք գիւղացիները կը բռնեն գիւղին ճամբան, իսկ Աբգար կը մնայ Պօղոսին քով: Երկու օր ետք Աբգար ու Պօղոս կառքով կը բռնեն իրենց գիւղի ճամբան: Ռեբեքա ուրախ էր եւ չէր գիտեր ինչպէս շնորհակալութիւն պիտի յայտնէր իր ամուսինին կեանքը փրկած գիւղացի դրացիներուն: Միշտ կը կրկնէր` պարտական եմ, պարտկան եմ իմ դրացիներուն: Ռեբեկայի պարտէզին կից կը գտնուէր գիւղին ոստիկանատունը: Օր մը պարտէզէն վերադարձին ականջ կը դնէ երկու ոստիկաններու խօսակցութեան: Անոնք իրարու կ՛ըսէին, թէ նոր հրաման եկած էր խուզարկելու գիւղացիներուն տուները` փնտռելու համար ածուխ: Այն օրերուն գիւղացիք ածուխ կը շինէին ու կը ծախէին:

Իսկ ածուխ շինելը բոլորվին արգիլուած էր գիւղին մէջ:

Ռեբեքա կը լսէ եւ անմիջապէս կը վազէ Աբգարին ու միւս թաղեցիներուն: Աբգար ու թաղեցիները իր ամուսինին կեանքը փրկած էին, ու հիմա ժամանակն էր, որ բարիքը այլ բարիքով մը փոխադարձէր:Ան լուր կու տայ բոլորին, որպէսզի ածուխը հեռացնեն իրենց տուներէն: Ինքնագոհ կը վերադառնայ տուն եւ ի՜նչ տեսնէ, որ զինուորները նախ հասած են իրենց տուն եւ գտած են բաւական ածուխ, որուն պատիժն էր բանտարկութիւն կամ տուգանք: Ռեբեքա լացակումած կը դիմէ զինուորներուն, որ խնայեն ամուսինը ու չբանտարկեն: Անմիջապէս իր ունեցած վերջին ղրուշը կու տայ, որպէսզի այդքանով զինուորները բաւարարուին ու հեռանան իրենց տունէն: Ռեբեքան տխուր էր արտաքնապէս, որով իր խնայած ամբողջ գումարը կը կորսնցնէր, սակայն ներքնապէս գոհ էր, որ յաջողեցաւ թաղեցիներուն բարիքին բարիքով փոխադարձել:

 

 

Նախորդը

«Կամաւորներու Կարիքը Ունիմ»

Յաջորդը

Կամաւորը` Առողջ Մարդ

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.