Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 35. 127-ամեակ ՀՅ Դաշնակցութեան Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք

Դեկտեմբեր 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Հաշուետուութեան, ուխտի ու յանձնառութեան վերանորոգման, գաղափարական լիցքաւորման ու նուիրական աւանդներու հաւատարմութեան վերահաստատման եզակի առիթ  հանդիսացող Դաշնակցութեան օրը մի՛շտ ալ ունի այժմէական հնչեղութիւն ու թելադրականութիւն: Հայ կեանքը մնայուն շարժման մէջ պահող ու իբրեւ այդպիսին իր խօսքն ու գործը հունաւորող կուսակցութիւնը ըսած է ու կը շարունակէ ըսել, թէ այս օրը հայ ժողովուրդի օ՛րն է: Այո՛, ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին համար գործող, պայքարող եւ իր ընտրեալները նուիրաբերող կուսակցութիւնը անշեղօրէն ընթացած է այս պատմական ուղիէն եւ իր գոյութիւնը կենսաւորած իր ժողովուրդի տենչերու, իղձերու եւ նպատակներու կենսաւորման նուիրական ա՛յս ճանապարհին վրայ:

Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը այս տարի 127-ամեակը կը նշէ Անթիլիասի հայահոծ շրջանին մէջ` տալով յաւելեալ փաստ մը, որ ինք հո՛ն է, ուր կը բաբախէ հայութեան սիրտը: Յետ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին կազմաւորուած այս շրջանը այսօր իր մերձակայքով կը ներկայացնէ պատկառելի թիւ մը գաղութի համրանքին մէջ: Ուստի օրինաչափ է տուեալ հայահոծ շրջանին մէջ Դաշնակցութեան օրուան նշումը: Աւելի՛ն, նշումի վայրը իր մէջ կը պարփակէ խորիմաստ պատգամ` տրուած ըլլալով, որ գաղութի կազմակերպման հոլովոյթին ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան լիբանանեան եւ ինչու չէ նաեւ համահայկական աշխատանքներու ճառագայթումին մէջ Ճեմարանի իրերայաջորդ ղեկավարութիւններ, ուսուցիչներ եւ շրջանաւարտներ բերած են իրենց վճռական ու անսակարկելի մասնակցութիւնը` հայութեան դիմաց բանալով մտածումի ու պայքարի նոր հորիզոններ: Հետեւաբար կրթական այս համալիրին մէջ Դաշնակցութեան օրուան նշումը կու գայ դառնալու համեստ երախտիք մը նաեւ իրերայաջորդ այդ սերունդներու կատարած գործին, զոհաբերութեան ու կտակին:

Այսօ՛ր, մենք բոլորս միասնաբար ժամադրուած ենք հաղորդակից դառնալու մեր գաղութի ու ընդհանրապէս հայութեան ու Հայաստանին դիմաց կանգնող նոր մարտահրաւէրներուն, գօտեպնդուելու դաշնակցական գաղափարական կենարար գործով ու միասնական ոգիով եւ անգամ մը եւս հաւաքաբար յստակացնելու մեր գործունէութեան յառաջիկայ փուլի երթն ու ընթացքը:

Այսօ՛ր, մենք ժամադրուած ենք միասնաբա՛ր դարձեալ ըսելու բոլորին, որ մենք անկեղծ զինուոր ենք մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ու հաւաքական տենչերու իրականացման համար տարուող աշխատանքին ու պայքարին:

Շնորհաւոր ժողովուրդի օրը…

 

 

 

Նախորդը

Մի՛ Սպաննէք Մեր Կարողական Մայրերը

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարան. Ընթրիք` Ի Պատիւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Մասնակիցներուն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?