ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Թերեւս շատերուն համար ասիկա խորթ թուի` հարց տալով, թէ ինչո՛ւ կամ ինչպէ՛ս ազգ մը իր ապագայի մայրերը կը սպաննէ: Ինչպէ՞ս ազգ մը, որ տառապած է ցեղասպանութենէ, եւ ամէն օր իր զաւակները կը նահատակուին հայրենիքին սահմանները պաշտպանելու համար, կամայ թէ ակամայ, կը սպաննէ կարողական մայրերը:
Լուրերուն մէջ կը կարդանք Հայաստանի մէջ սեռով պայմանաւորուած վիժումներուն մասին, բայց շատ ականջ չենք կախեր այս հարցին: Զայն կը սեպենք պարզ լուր մը, որ կ՛անցնի եւ կը մոռցուի: Բայց մենք չենք մոռնար եւ պիտի արծարծենք այս հարցը, մինչեւ որ ազգովին այս տգիտութենէն ձերբազատինք: Այո՛, տգիտութիւն կ՛ըսեմ, որովհետեւ որեւէ ակադեմական կամ գիտական պատասխան մը չկայ եղածին: Պարզապէս ընտանիքներ վիժում կը կատարեն, որպէսզի աղջիկ զաւակ չունենան, կը նախընտրեն տղայ զաւակ` առիւծ մը: 2016-ին, երբ Հայաստան էի, այս հարցը քննարկեցինք վեհաժողովի մը ընթացքին: Կը յիշեմ, որ մեր ընկերներէն շատերը ընդմիջեցին եւ զայրացան, թէ ինչո՛ւ այս հարցը կը քննարկեմ օտարներուն եւ մանաւանդ թուրք լրագրողներու հետ: Սակայն` ինչո՞ւ ոչ, արդեօք պէտք է ամչնա՞նք, որ այս հարցը կը քննարկենք օտարներուն հետ, թէ՞ որովհետեւ այս հարցը արդէն իսկ ամօթի խարան մըն է մեր ազգի ճակատին:
Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ սեռով պայմանաւորուած վիժումը պէտք է նկատուի ազգային անվտանգութեան հարց:
Քիչ մը ինքնաքննարկում պէտք է: 2000 թուականէն սկսեալ Հայաստան, ինչպէս` այլ արեւելեան եւ կովկասեան երկիրներ մուտք գործեց արեւմտեան ֆեմինիզմը եւ բախում ունեցաւ ազգային ֆեմինիզմին հետ: Ազգային ֆեմինիզմը իր պահպանողական գաղափարներով, որոնց ընդմէջէն կը հաստատուի մայրութեան դերը ընկերութեան մէջ, որոշ չափով ազդուած էր համայնավարական գաղափարներէ: Այսինքն սեռերուն միջեւ հաւասարութիւն կը պահանջէր գոնէ եկամուտի մէջ, սակայն մայրութեան վրայ շեշտը կը դրուէր: Իսկ ազատական ֆեմինիզմը, որ ծնունդ առաւ արեւմտեան երկիրներուն մէջ, կը պահանջէր ո՛չ միայն սեռային հաւասարութիւն, այլեւ` կիներուն ընկերային, քաղաքական եւ սեռային ազատագրումը հայրիշխանական ընկերութենէն, եւ այս երկու գաղափարները մինչեւ օրս բախումի մէջ են Հայաստանի մէջ: Պարզ օրինակ մը. որեւէ համագումարի ընթացքին, երբ դասախօսը գործածէ «գենդեր» (gender) բառը, տակնուվրայութիւն մը կը ստեղծուի սրահին մէջ, եւ մինչեւ օրս Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքական կամ «ակադեմական» շրջանակներուն եւ նոյնիսկ կրօնականներուն կողմէ այս բառը կը կապուի միասեռականներուն հետ կամ նկատի կ՛առնուի իբրեւ հակառուսական քարոզչութիւն:
Նոյեմբեր 2017-ին«Ֆայնենշըլ Թամզ»-ի թղթակից Սառա Կոտսըն իր` «Ո՞ւր են Հայաստանի պարման աղջիկները» խորագրեալ յօդուածով ահազանգ կը հնչեցնէ` վերահրապարակելով ՄԱԿ-ի կողմէ հրատարակուած ուսումնասիրութիւն մը, որով կը զգուշացնէ, որ եթէ այս երեւոյթը շարունակուի մինչեւ 2040, ապա Հայաստան կորսնցուցած կ՛ըլլայ մօտ 100.000 կարողական մայրեր: Եթէ ազգային դիտանկիւնէ նայինք այս հարցին` այսօր եւ շրջանային ներկայ քաղաքական իրավիճակին մէջ, եթէ այս 100.000-էն մաս մը մայրեր ըլլային եւ անոնցմէ որոշ մաս մը տղայ զաւակ ունենային, ապա մենք նաեւ կը կորսնցնենք կարողական հայ սահմանապահներ: Ուրեմն, ինչպէ՞ս կարելի է այսպիսի արարքի մը առջեւ լուռ մնալ, երբ նոյնիսկ ազգայնական տարրը ինք կորսնցնողի կարգավիճակի մէջ է: Պարզաբանելու համար, եթէ նայինք վիժումի պատճառներուն, ապա կրնանք զայն ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ:
– Ընտանիքներ (քաղաքներուն մէջ) կը նախընտրեն տղայ զաւակ ունենալ, որովհետեւ հաւանական է, որ այդ տղան Ռուսիա ճամբորդէ եւ իրենց եկամուտ ապահովէ: Աղջիկ զաւակը չի կրնար ատիկա կատարել եւ բեռ է ընտանիքին վրայ (իրենց տրամաբանութեամբ):
– Ընտանիքներ (գիւղերուն մէջ) կը նախընտրեն, որ անդրանիկ զաւակը միշտ տղայ ըլլայ, որովհետեւ ընտանիքին պատիւն է, թէ ոչ հայրը կը խայտառակուի գիւղին մէջ (իրենց տրամաբանութեամբ):
– Ընտանիքներ (սահմանային շրջաններուն մէջ) կը նախընտրեն տղայ զաւակ ունենալ պարզապէս այն տրամաբանութեամբ, որ «ընտանիքին առիւծը» պիտի պաշտպանէ սահմանը, իսկ աղջիկը անկարող է:
Այս ցաւալի երեւոյթին վերաբերեալ կարճ ակնարկովս չեմ ուզեր քննադատութիւններ ուղղել աջ ու ձախ, բայց պէտք է այլեւս սփիւռքի մէջ մէկը մատը վէրքին վրայ դնէ: Ազատական ֆեմինիզմը ամէն անգամ պատասխաններ կամ լուծումներ չունի մանաւանդ Հայաստանի պէս երկրի մը մէջ, ուր մշակութային եւ ազգային պահպանողական հոսանքը զօրաւոր է: Հետեւաբար պէտք է աշխատիլ այս սահմաններուն մէջ, այսինքն` համակարգին մէջ եւ ոչ թէ անկէ դուրս եւ բախում ունենալ անոր հետ` պարզապէս գոհացնելու համար ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու նուիրատուները, այս պարագային` եւրոպական երկիրներ կամ Միացեալ Նահանգները: Օրինակներ քաղենք եգիպտական, իրաքեան եւ թունուզեան ազգային ֆեմինիզմներէն, որոնք 1950-ականներուն կրցան հսկայ յաղթանակներ նուաճել սեռային հաւասարութեան առումով, միեւնոյն ատեն` պայքարիլ հայրիշխանութեան, ինչպէս նաեւ կայսերապաշտական կամ գաղութատիրական երկիրներու դէմ: Այսինքն արաբական ազգային ֆեմինիզմը իր պայքարը մղեց համակարգին ընդմէջէն` հաւատարիմ մնալով մշակութային եւ ազգային սահմաններուն, որոնք հետեւանք են դարերու ընթացքին ամրապնդուած ոչ յառաջդիմական գաղափարներու:
Այսօր պայքարինք այս սահմաններուն մէջ, որպէսզի հասնինք այն ընկերային մակարդակին, որուն մէջ այլեւս այսպիսի սահմաններ գոյութիւն չեն ունենար ո՛չ միայն մեր մտածելակերպին, այլ նաեւ ընկերութեան մէջ: