ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Չկայ աւելի վնասակար յիմարաբանութիւն, քան` «իրապաշտական» կոչուած կիսամտածումը: Իրապաշտը նա է, ո՛վ չգիտէ անցեալը տառապելով ապրել, ո՛վ գտնւում է ներկայի կոպիտ փաստերի ազդեցութեան տակ, ո՛վ չգիտէ կռահել եւ տեսանել ապագան: Ով ժամանակի մի մասով է ապրում` նա յաւիտենականութեան տիպ չէ, նա ամբողջական էակ չէ, նա մարդաբեկոր է, հոգեւոր թզուկ:
ՀԱՅԿ ԱՍԱՏՐԵԱՆ
(Գրող, մտաւորական եւ իմաստասէր)
Առաջին հայեացքով` զարմացնող խորագիր մը կրնայ թուիլ, այն առումով, որ եթէ երբեք խօսքը կը վերաբերի մեզի` դաշնակցականներուս եւ 127-ամեայ մեր ողջ պատմութեան, ապա նոյն բնական հետեւութեամբ կրնանք հարցադրել, թէ այլապէս որո՞ւ կը պատկանի նշեալ անգնահատելի ոգեկան հարստութիւնը, որ շաղախուած է նահատակ ընկերներու անբասիր արեամբ ու անոնց ծով զոհաբերութեամբ:
Իրօք, ոգեկան հարստութիւն մը, որ կ՛ընդգրկէ հայ ժողովուրդի ժամանակակից կեանքի գրեթէ բոլոր փուլերը` ազգային տառապանքներով եւ յաղթանակներով յատկանշեալ, հաւաքական ըմբռնումներու, իղձերու, ձգտումներու, երազներու եւ հեռակայ տեսլականի շքեղ ներկայութեամբ:
Պարզ ասած, դաշնակցական պատմակշիռ հարստութեան մասին է խօսքը, որ ունի եզակի հոգեմտային աշխարհ, հոգեկերտուածք, նուիրաբերումի շտեմարան եւ այս բոլորի ետին կանգնած` առաքինի ընկերոջ կերպարի առանձնայատկութիւն:
Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցը նոյնինքն պատմութիւն եւ հեղինակութիւն կերտած մեր տղաներն են, որոնք տարբեր ժամանակներու եւ պատեհ առիթներու մերթ կոչուեցան ֆետայիներ, մերթ` հայդուկապետեր, մերթ` վրիժառուներ, բայց առանձնապէս` հայրենիքի ու ժողովուրդի արժանապատուութեան տիրութիւն ընող վեհ դաշնակցականներ:
Աւելի՛ն. ամէն անգամ որ փորձ կատարուած է ՀՅ Դաշնակցութեան հսկայ աւանդն ու փորձառութիւնը, ազգին ծառայելու պատրաստակամութիւնն ու բազում բնագաւառի վերաբերող գործունէութիւնը, այսպէս ասած, անջատել իր սեփական ժողովուրդի պատմութեան հարթակէն, անմիջական շրջապատէն, մօտիկ թէ հեռակայ անցեալէն, արդէն պարզ դարձած է բոլոր անոնց` անհատներու եւ կառոյցներու, որոնք ճեղքեր յառաջացնելու միտումներ սերմանած են, պատմութիւնը աղաւաղելու նկրտումներ կատարած են ու կը շարունակեն նոյն ընթացքը, անոնք` պատեհապաշտները, դէմ – յանդիման գտնուած են դաշնակցական ընկերներու ապառաժեայ կամքին ու թունդ կեցուածքին, միշտ եւ յարատեւօրէն, պարզապէս որովհետեւ եղած են իրերայաջորդ փաղանգներ, որոնք կրցած են զատորոշել ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմութիւնն ու անբասիր նկարագիրը, այլապէս հեղինակութիւնն ու առաքելութիւնը, անկոտրում կամքն ու հմայքը, տուեալ ժամանակի մէջ պատահած սխալներէ, թերութիւններէ, անտեղի խորթութիւններէ, պատասխանատուներու խաղքութենէ, ղեկավար դասի անհեռատես գործունէութենէ եւ եսասիրութենէ, բայց մանաւանդ` անարդիւնաւէտ գործելակերպերէ:
Արդարեւ, դաշնակցական գիրն ու գրականութիւնը, իր բովանդակ էութեամբ եւ աշխարհահայեացքային արժանիքներով իր մէջ կը պարփակէ այն կարմիր թելը, որ սկիզբ առած է իր ծնունդէն ի վեր (1890թ.), ու կը շարունակէ իր գոյութիւնը ցարդ, որ կ՛ընդգրկէ միանշանակ մէկ թելադրութիւն ու տեսլական` կերտել ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան եւ պաշտպանել հայ ժողովուրդը իր բոլոր շերտերով եւ ամէնուրեք:
Նշեալ ընդգծումը չ՛առնչուիր այն իրականութեան, որ հաւաքական կեանքի աշխատանքները, գործելաոճերը չեն ունեցած (անցեալին), չունին (ներկայիս) եւ պիտի չունենան (ապագային) սայթաքումներ, բացթողումներ, նոյնիսկ` ճակատագրական սխալներ, որոնք շատ սուղ կրնան արժել նախ կազմակերպութեան, ապա` հայութեան:
Այլ խօսքով, յիմարութեան եւ տգիտութեան գագաթնակէտը կը հանդիսանայ այն մօտեցումը, երբ միութենական, կազմակերպական թէ կուսակցական մեր կեանքին մէջ ըլլան անդամ(ներ), որոնք պէս-պէս հաշիւներու պատճառով կ՛անտեսեն բարեկարգող ամէն առաջարկ, քննական միտք ու հարազատ կեցուածք, աւելի՛ն. անգիտանան երիտասարդ ուժի խանդն ու եռանդը, ուսանողական մտքի կայտառ արտայայտութիւնները, համեստ, հաւատաւոր եւ անշահախնդիր շարքայիններու պոռթկումներն ու ակնկալութիւնները, եւ շարունակեն կառչած մնալ իրենց տխուր ու ապաշնորհ վարքագիծին` ամէն ինչ վարդագոյն տեսնելու հակամիտութեամբ:
Դիպուկ է այստեղ մէջբերել դաշնակցական եզակի հրապարակագիրի, գործիչի ու մտաւորականի` Շաւարշ Միսաքեանի սա վեհաշուք տողերը, որոնք շատ անգամ անտեսուած ու մոռացութեան տրուած են: Ան ուժ տալով իր հզօր եւ անյեղլի կամքին կ՛ըսէ. «Դաշնակցութիւնը կը մնայ անխոցելի, ցորչափ կը գործէ ինքնաքննութեան բնազդը: Մեր կուսակցութեան հիմնական արժանիքներէն է ինքնավստահութիւնը,- տոկուն կեցուածք, սուր նայուածք եւ վճռականութիւն` խօսքի թէ գործի մէջ»:
Իսկ գալով, այսպէս ասած, հերետիկոս մտածում ունեցողներու (ոչ դաշնակցական լրագրողի, խմբագիրի, պատմաբանի), որոնք ամէն քայլափոխի լոյսին կը բերեն դաշնակցական գրականութենէ առնուած միտքեր, տողեր, խօսքեր, կեցուածքի եւ կողմնորոշման արտայայտութիւններ, շատ անգամ էջեր ու էջեր, որոնք կը վերաբերին այս կամ այն ֆետայական դէպքին, արշաւին, ցուցական արարքին, հայրենի հողը սրբապիղծերէ մաքրազտելու սրբազան աքթին, վրիժառուներու անկրկնելի հարուածին, օրհաս օրերու թէ քաղաքական դժուար պայմաններու մէջ տրուած որոշումի(ներու), կազմակերպական ներքին կեանքին վերաբերող որոշումի, ներկայ թէ անցեալի պետական գործունէութեան ծաւալին ու որակին եւ այլն, յարգելով հանդերձ իրենց կողմէ մեզի տրուած ուշադրութեան, պարտք կը զգանք ընդգծել, որ մենք ալ մեր կարգին` իբրեւ դաշնակցական ընկերներ, գործիչներ, հրապարակագիրներ, խմբագիրներ, յօդուածագիրներ, նաեւ պատմաբաններ ու տեսաբաններ, քաջ ծանօթ ենք նշեալ բոլոր հարցերուն եւ մօտեցումներուն: Անոնք մեր հոգեմտաւոր գանձարանին մաս կը կազմեն, ունին անգնահատելի արժէք եւ իմաստ, որովհետեւ առանց գաղափարական աշխարհահայեացքի ու մտածական տարածքի, ամենաուժեղ կազմակերպութիւններ անգամ դատապարտուած են ուծացման եւ ստոյգ մահուան:
Մէկդի թողնելով մօտիկ անցեալի գաղափարական հակառակորդներու կողմէ սանձազերծուած բարբանջանքներու թէ անտեղի խօսքերու տարափը, հաւատացողն ենք, որ այն, ինչ որ կը վերաբերի մեր անցեալի ու ներկայի պատմութեան, գործունէութեան եւ աւանդին, թէկուզ բացթողումներով եւ սխալներով յիշատակելի, անոնք, փաստօրէն մեր հաւաքական գիտակցութեան եւ արժանապատուութեան կը պատկանին, հետեւաբար, մե՛նք ենք մեր պատմութեան տէրը:
Այդուամենայնիւ, անհրաժեշտ է լոյսին բերել մետալին միւս կողմին վրայ սպիտակով արձանագրուած ճշմարտութիւնը, որ, եթէ երբեք կազմակերպութիւն մը, որ ունի ազգային դիմագիծ եւ առաքելութիւն, կը յարգէ ինքզինք, կը հաւատայ ժողովրդավար ու ընկերվար սկզբունքներու, թափանցիկ է իր աշխատանքային պարունակով, պարտաւոր է, տէր կանգնիլ նաեւ իր բարոյական, գաղափարական ու հոգեմտաւոր արժանիքներուն, մէկ խօսքով` որդեգրելու հաշուետուութեան ամէն գործընթաց, իբրեւ քննադատութեան եւ գնահատանքի արժեչափ:
Այլ խօսքով, տիրութիւն ընել սեփական պատմութեան, կ՛ենթադրէ անմնացորդ նուիրում եւ գերազանց յանձնառութիւն: Այո՛, դաշնակցականի յանձնառութիւն, որ հիմքն է իւրաքանչիւր առաքինի ընկերոջ կազմաւորումին եւ երդումին:
Արդ,
Երդուեալ դաշնակցականի դաստիարակութիւնը չ՛արտօներ երբեք գտնուիլ անորոշութիւններու գիրկը եւ ենթակայ դառնալ խարխափողի վիճակներու:
Երդուեալ դաշնակցականը իրաւունք չունի զերծ մնալ հաւատամքի եւ գաղափարական աշտարակումի ալիքներէն:
Երդուեալ դաշնակցականը պարտաւոր է իր եզակի ներկայութիւնը ամրագրել եւ ամէն քայլափոխի ապացուցել, իբրեւ կողմնորոշող անհատականութիւն:
Երդուեալ դաշնակցականը պարտաւոր է կառչած մնալ ակունքներուն, սնանիլ անով, ներշնչուիլ հոնկէ ցայտող ցոլքերէ եւ ի հարկին կեանքով պաշտպանէ զանոնք:
Աւելի՛ն. ոեւէ դաշնակցականի համար հրամայական պահանջ է հաւատարիմ մնալ երդումին, խոստումին եւ ուխտին: Որովհետեւ անոնք են մեր ողջ պատմութեան հզօր եւ անկաշառ կողմնացոյցը, որով կ՛առաջնորդուինք հաւաքաբար:
Ի՜նչ խօսք, դաշնակցականի յանդգնութեան, արիութեան, խիզախութեան, արարատապաշտութեան եւ ժողովրդանուիրումի արժանիքներուն մասին, երբ արդէն ասոնցմով մենք կը զատորոշուինք մեր շրջապատէն:
Այդուհանդերձ, կ՛ապրինք նոր ժամանակներ, ականատես ենք կեանքի նորովի ըմբռնումներու եւ ապրելակերպերու: Ապազգայնացող եւ նիւթականացած մեր միջավայրի ուղղակի զոհերն ենք, իսկ ամէնէն ահաւորն ու քանդիչը այն է, որ մենք մեզ կ՛արտօնենք ըլլալ ժառանգորդը կուսակցութեան մը, առանց տիրութիւն ընելու անոր բարոյական ու գաղափարական ամրոցին: Մենք մեզի հանդերձած ենք «իրապաշտութեան» պատմուճանը, պարզապէս պատրանքներով լեցուելու եւ առօրեան ապրելու, առանց դոյզն չքմեղանքի:
Պատմութեան դառն վկայութիւնը ցուցանիշ պէտք է ըլլալ բոլորիս, թէ ամէնէն զօրեղ եւ ամրակուռ ամրոցներն անգամ փուլ կրնան գալ, եկած են, եթէ երբեք անոնք պաշտպանուած չըլլան ներքին ամրութեամբ, մարդկային ու կազմակերպական հզօր արժանիքներու առատութեամբ:
Յայտնապէս երբ պատեհ առիթներու ամպիոններէ կը ճառենք զանազան նիւթերու մասին, կը տօնենք ու կը յիշենք ազգային արժէքներ ու մարդկային սխրանքներու գոհարներ, կը փորձենք հաշուետուութեան զգացողութիւնը մեզի ուղեցոյց ունենալ, եւ սակայն մենք մեզ զերծ կը պահենք մեր անցեալի փառքը ապրելու կարողականութենէ, ապա, ուրեմն ինքնագոհութեան եւ ինքնագովութեան բացայայտ թակարդներու զոհերը եղած կ՛ըլլանք:
Այս առումով եւ հեռու անմիջական ազդեցութիւններու թոհուբոհէն, կրկին կը շեշտենք այն վճիտ ճշմարտութիւնը, որ բոլոր ժամանակներէ աւելի, ներկայիս մենք պէտք է կառչած մնանք մեր անբասիր նկարագիրին, հմայքին, որպէսզի նուազ ենթակայ ըլլանք պիղատոսեան սայթաքումներու:
Թերթատենք ու թերթատեցէք ո՜վ հերետիկոս հակառակորդներ, թէ դաշնակցական գիր-գրականութիւնը դեռ 100-ամեակ մը առաջ արդէն արձանագրած է այնպիսի սուր ինքնաքննադատական խօսքեր, ինքզինք բիւրեղացնելու հրամայական պահանջներ, տողեր, միտքեր ու էջեր, որոնք միայն պատիւ կը բերեն նոյնինքն ՀՅ Դաշնակցութեան:
Ի դէպ, եթէ երբեք կ՛ապրինք մեր մեծագոյն թերութիւնը, կազմակերպական կեանքի ու աշխատանքի, ի միջի այլոց, այդ ալ դաշնակցական նորահաս սերունդի պատմաբան ու հրապարակագիր փաղանգներ պատրաստելու մէջ է, որոնք պիտի գան ու հերթաբար փոխարինեն երէց սերունդի նուիրեալները:
Ահա մարտահրաւէր մը եւս` մեր բոլորի ուշադրութեան, աջակցութեան եւ թիկունքին արժանի:
6 դեկետմբեր, 2017