Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

127-ամեայ Երիտասարդը…

December 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՊԵՏԻԿ

Այսօր` դեկտեմբեր 8-ին տեղի կ՛ունենայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութիւնը: Պատեհ առիթ մը Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան` վերյիշելու պատմական հաստատ իրադարձութիւններ եւ անդրադառնալու, որ այս 127 տարիներուն ընթացքին աշխարհի քաղաքական եւ ռազմական փոթորիկներու ընդմէջէն ծնունդ առած տասնեակ կուսակցութիւններ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ անհետացած են միջազգային բեմերէն ու այսօր նոյնիսկ չեն յիշուիր:

Իսկ մենք մեր աշխարհատարած գաղութներով պիտի յիշենք այն անխոցելի իրականութիւնը, որ վեց դարերու գերեվարումէ եւ Մեծ եղեռնի արհաւիրքէն ետք ՀՅ դաշնակցութիւնը յայտարարեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը: Հուրով ու սուրով պայքարը մեծ յաջողութեամբ հասաւ իր նպատակին. ունեցանք պետութիւն, դրօշ եւ բանակ հայկական: Իսկ 900 օրեր ապրած այս պետականութեան փլուզումէն ետք Պէյրութը հիւրընկալեց Աղբալեանի, Դրոյի, Վրացեանի ու Շանթի նման մտաւորականներ, որոնք հայրենիքի ջերմ շունչը փոխանցեցին մեր նոր սերունդներուն, որոնք խոր գիտակցութեամբ, իրենց երդումը տուին` շարունակելու ազգանուէր այն գործը, որ սկսած էր 1890-ին: Ու այսօր անվիճելի իրականութիւն է, որ Հայաստանի Բ. հանրապետութիւնը հիմնաքար ունի 1918-ի Ա. հանրապետութիւնը: Իսկ այն մոգական կապը, որ գոյութիւն ունի հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ, կը պարտինք մեր անմար հաւատքին` մեզի ներարկուած մեր ակումբներու պատանեկան եւ երիտասարդական կազմերուն ճամբով:

Կենդանի օրինակը չուշացաւ, երբ բարեկամս շրջելէ ետք Եւրոպայի, Ամերիկայի ու Քանատայի մեր գաղութները, զարմանքով նկատած էր, որ մեր բոլոր ակումբները, նման` մեղուի փեթակներու,  միշտ եռուզեռի մէջ են… «Բարեկա՛մ, ինչո՞ւ կը զարմանաս, երբ դուն ճիշդ որակումով մեր ակումբները կոչեցիր մեղուի փեթակներ: Ժրաջան մեղուն գիտակից մեղրագործութեան իր կոչումին` միշտ եղած է աշխուժ ու պատրաճանաչ` մեղրագործութեան իր աշխատանքը առաջ տանելու…»: Ահա այսպէս են մեր պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք կարծես բնազդօրէն չեն կրնար հեռու մնալ մեր ակումբներէն, ուր մեր գաղափարաբանութիւնն ու ազգատենչութիւնը բոյն կը դնեն իրենց հոգիներուն մէջ ու զիրենք կը կապեն ազգին ու հայրենիքին:

Այս է մեր փեթակներուն մեղրը: Եւ ճիշդ այս ոգիով է, որ 127-ամեայ ՀՅԴ-ն կը մնայ մի՛շտ երիտասարդ ու կայտառ, մի՛շտ կազմ ու պատրաստ` իր առաքելութան ճամբուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Աշխարհի Ամենատարեց Ղեկավարները

Յաջորդը

Հայ Յեղափոխական Կուսակցութեան Առաքելութիւնը` Իր Հիմնադրութենէն 127 Տարի Ետք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.