Վերջերս Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ քննարկումներու նիւթ դարձած էր «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման եւ ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան մասին օրէնք»-ի նախագիծը(1), որուն որդեգրման համար տարիներէ ի վեր պայքարած են կիներու իրաւունքներու պաշտպան հասարակական կազմակերպութիւններ: Օրէնքին դէմ եղողները ընդհանրապէս կը գործածեն այն փաստարկը, որ անիկա հայկական աւանդական ընտանեկան արժէքները կը քանդէ, մինչ օրէնքը պաշտպանողները կը հաւատան, որ կարիքը կայ նման օրէնքի մը` կանխարգիլելու համար բռնութիւնը եւ պաշտպանելու համար զոհերը:
3 նոյեմբեր 2017-ին «Օփըն Տեմոքրասի» առցանց մամուլի կայքին մէջ լոյս տեսած էր հարցազրոյց մը` «Հայաստանի մէջ տաք քննարկումներ ընտանեկան բռնութեան մասին»(2) վերնագիրով: Հարցազրոյցը վարած էր Արմինէ Իշխանեանը, Անգլիոյ «Էլ.Էս.Ի.» համալսարանի դասախօս: Ան կ՛ուսումնասիրէ քաղաքացիական հասարակութիւններ, ժողովրդավարացում, սեռերու առնչուող հարցեր եւ զարգացում` Խորհրդային Միութեան եւ արեւելեան Եւրոպայի յետհամայնավարական պետութիւններուն մէջ:
Այստեղ թարգմանաբար կը ներկայացնենք 3 նոյեմբերի հարցազրոյցը: Նշենք, որ հարցազրոյցէն ետք, 16 նոյեմբերին, Հայաստանի կառավարութեան որոշումով նախագիծը ենթարկուեցաւ փոփոխութիւններու եւ շեղեցաւ իր սկզբնական բնոյթէն: Անոր փոխուած վերնագիրը եղաւ` «Ընտանիքին մէջ բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքին մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքին մէջ համերաշխութեան վերականգնման մասին» օրէնք: Այսպիսով, անիկա կորսնցուց իր սկզբնական իմաստը եւ դարձաւ հակասական ու չհամապատասխանող միջազգային իրաւական սկզբունքներուն: Այս նիւթին շուրջ կարելի է աւելի իմանալ հետեւեալ յղումով(3): Ստորեւ տրուած հարցազրոյցը կ՛արծարծէ նախագիծին կարեւորութիւնը եւ ընդհանուր կացութիւնը, նախքան` նոյեմբեր 16-ի փոփոխութիւնները:
***
Հարցազրոյցը նախագիծի ընդունման արշաւի գլխաւոր մասնակիցներէն Մարօ Մաթոսեանին հետ է: Մաթոսեան Հայաստանի մէջ «Կիներու աջակցութեան կեդրոն»(4) հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնն է: Ան երկու տասնեակ տարիներէ աւելի աշխատած է Հայաստանի ոչ առեւտրային ոլորտին մէջ, եւ գործիչ ու ֆեմինիստ է, կը զբաղի Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան պաշտպանութեան այլազան խնդիրներով: Ան կը գործակցի տարբեր խմբաւորումներու հետ եւ կ՛աշխատի անոնց դատերուն համար` բնապահպանութիւն, հանրային տարածքներու եւ պատմական կոթողներու պաշտպանութիւն, կիներու եւ այլ լուսանցքայնացած խումբերու իրաւունքներ:
ԱՐՄԻՆԷ ԻՇԽԱՆԵԱՆ.- Կրնա՞ք ամփոփ ձեւով խօսիլ Հայաստանի մէջ Ընտանեկան բռնութեան օրէնքի նախագիծին մասին, եւ թէ` ինչո՞ւ այդքան տաք քննարկումներ եղած են անոր շուրջ:
ՄԱՐՕ ՄԱԹՈՍԵԱՆ.- Որպէսզի հասկնանք, թէ այսօր ի՛նչ կը կատարուի, պէտք է նախ բացատրեմ, թէ մինչեւ հիմա ինչ կատարուած է: Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան օրէնքի որդեգրման համար պայքարիլը եղած է կիներու իրաւունքներու պաշտպան հասարակական կազմակերպութիւններուն աշխատանքը: 2006-ին տարբեր կազմակերպութիւններ եւ միջազգային մասնագէտներ սեւագրած էին օրէնքը, որ սակայն օրին չէր որդեգրուած: 2010-ին 21 տարեկան Զարուհի Պետրոսեանի սպանութիւնը`(5) իր ամուսնոյն կողմէ, մեծապէս գրաւեց հանրութեան ուշադրութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Այս պատճառով կազմեցինք «Ընդդէմ կիներու նկատմամբ բռնութեան դաշինքը»-ը(6) եւ այդ օրէն աւելի յառաջ տարինք մեր արշաւը` անոր մէջ ներառելով ընտանեկան բռնութեան հանդէպ հանրութիւնը իրազեկելը: Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան նիւթը յաճախ թապու կը համարուի եւ անյարմար` հանրայնօրէն քննարկման նիւթ դարձնելու: Մինչեւ Զարուհիին սպանութիւնը ընտանեկան բռնութեան ոչ մէկ պարագայ այդ աստիճանի ծանուցում եւ ուշադրութիւն ստացած էր: Հիմա Հայաստանի մէջ հոկտեմբեր 1-ը` Զարուհիի սպանութեան օրը, կը նշենք իբրեւ Ընտանեկան բռնութեան յիշատակի օր:
2012-2013-ին «Կիներու աջակցութեան կեդրոն» կազմակերպութիւնը ընտանեկան բռնութեան երկու շատ բարձր աստիճանի պարագաներով զբաղած էր, որոնք աւելիով ճեղքած են լռութիւնը եւ թապուն` այս նիւթին շուրջ: Անկէ ետք է, որ մամուլը սկսած է շատ աւելի պարագաներ եւ օրինակներ տեղեկագրել ընտանեկան բռնութեան վերաբերեալ` ունենալով միջին հաշուով ամիսը 20-30 լուր Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան վերաբերող: 2013-ին արդարադատութեան նախարարութիւնը կարգ մը յանձնարարութիւններ կատարած է նախապէս ներկայացուած օրինագիծին մասին` նշելով, որ անիկա չի յարգեր սահմանադրութեան եւ քրէական օրէնսգիրքի կարգ մը կէտեր: Հետեւաբար բարեփոխեցինք նախագիծը եւ կրկին յանձնեցինք, որմէ ետք մինչեւ վերջերս ոչ մէկ լուր կար այդ մասին: Վերջապէս, 2017-ին օրէնքի նախագիծը ներկայացուած էր արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ. մեծ մասամբ 2013-ի մեր ներկայացուցածն է` բացի կարգ մը շատ կարեւոր տարրերէ
Ա. Ի.- Ուրեմն` ինչո՞ւ հիմա՛:
Մ. Մ.- Նախ եւ առաջ Հայաստանը ստորագրած եւ վաւերացուցած է զանազան միջազգային համաձայնագիրներ, ինչպէս, քանի մը տարի առաջ, Կիներու դէմ ամէն տեսակի խտրականութիւն ջնջելու համաձայնագիրը (Convention on the Elimination of all forms of Discrimination Against Women – CEDAW): Ըստ այս համաձայնագիրին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւորուած է որդեգրելու ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնք մը: Աւելի՛ն. Հայաստանը շուտով պիտի ստորագրէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որ դրած է նախապայմաններ, ըստ որոնց, Հայաստան պէտք է յարգէ իր վաւերացուցած համաձայնագիրները: Հետեւաբար Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՛աճապարէ որդեգրելու ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնք մը, եւ կ՛ուզէ ըլլալ թափանցիկ ու քաղաքացիական հասարակութիւնը նկատի առնող: Սակայն քաղաքացիական հասարակութիւնը նաեւ կ՛ընդգրկէ կազմակերպութիւններ, որոնք ո՛չ միայն պահպանողական են, այլ կը հովանաւորուին Ռուսիոյ կողմէ, ինչ որ յստակօրէն ապացուցուած է: Անոնք կարծես յատուկ նպատակ ունին` խափանելու Հայաստանի մերձեցումը Եւրոպային:
Այս շատ ձայնաւոր եւ թունաւոր ռուսամէտ կազմակերպութիւնները նախապէս մեծ ազդեցութիւն ունեցած են սեռային հաւասարութեան (gender equality) օրէնքի նախագիծի շուրջ զրոյցներուն վրայ: Անոնք յաջողած էին «գենդեր» (gender) բառը դուրս հանել օրէնքէն` բառին սահմանումը աղաւաղելով եւ զայն բացատրելուվ իբրեւ միասեռականութեան եւ մանկապղծութեան գաղափարներ պարփակող: Այս ապատեղեկատուական եւ ժողովուրդին մէջ վախ յառաջացնող արշաւներու ետին կայ յատկապէս «Համահայկական ծնողական կոմիտէ» հասարակական կազմակերպութիւնը(7), որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «ընտանիքի եւ ընտանեկան արժէքներու պաշտպան»: Այս կազմակերպութեան քարոզչութեան մէկ մասը ռուսերէնով կը տարածուի եւ երբեմն նոյնիսկ կը պարունակէ նիւթեր, որոնք նոյն ձեւով կը գտնուին նաեւ Մոլտովայի կամ Ուքրանիոյ մէջ տարածուած քարոզարշաւի նիւթերուն մէջ:
Անոնք ազդեցութիւն ունեցած են, որովհետեւ Հայաստանի մէջ շատերու համար ընտանիքը սուրբ է, եւ այդ ձեւի վախերը դիւրին կը տարածուին ընկերութեան մը մէջ, ուր ընտանեկան բռնութեան, սեռային վայրագութեան, բռնաբարութեան, եւ ազգապղծութեան (incest) նիւթերը բնաւ հանրայնօրէն չեն արծարծուած: Ասիկա անհաւատալիօրէն դժուար կը դարձնէ ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարիլը եւ թապու նիւթերը արծարծելը: Նաեւ` հայաստանեան ընկերութիւնը հայրիշխանական է եւ ունի բազմաթիւ արմատացած սեռային (gender) կարծրատիպեր: Իշխանութիւնը խորապէս կնատեաց է, ինչ որ աւելի ուժ կու տայ անկառավարելի վախին: Այսինքն կիներու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնները, որոնք սահմանափակ աղբիւրներ ունին, միակները եղած են, որոնք կը խօսին ընտանեկան բռնութեան մասին:
Ա. Ի.- Որո՞նք դէմ են օրէնքի նախագիծի ընդունման եւ ինչո՞ւ:
Մ. Մ.- Հայաստանի կառավարութիւնը, կառավարական գործիչները եւ կղերականները հրապարակային ձեւով բնաւ չեն դատապարտած ընտանեկան բռնութեան ծիրին մէջ պատահած հարցերը: Այս պատճառով հասարակութեան մէկ մասը տեղեակ չէ կամ սխալ տեղեկութիւններ ունի օրէնքի նախագիծին մասին: Անոնք չեն կրնար հասկնալ օրէնքի բովանդակութիւնը եւ կը հաւատան անոր շուրջ եղած սխալ մեկնաբանութիւններուն: Օրինակի համար` կը հաւատան, որ այս օրէնքին միջոցով կառավարութիւնը իրաւունք պիտի ունենայ զաւակները հեռացնելու ընտանիքներէն եւ զանոնք ղրկելու որբանոցներ: Անոնք կը վախնան, որ որբանոցներուն մէջ իրենց զաւակները կը դառնան միասեռականներ կամ կ՛ըլլան զոհը մարմնի գործարաններու վաճառքի:
Շատեր կը հաւատան այսպիսի անհեթեթութիւններու: Նոյն պատճառով է, որ նոյնիսկ Ազգային ժողովին մէջ օրէնսդիրներ չեն հասկնար նախագիծին կարգ մը երեւոյթները եւ կրնան բոլորովին մոլորեցնող տեղեկութիւններ տարածել: Նախագիծը փաստաթուղթ մըն է, որ գլխաւորաբար կը հասկցուի միայն տուեալ դաշտին մէջ գործող մասնագէտներու եւ օրէնսդիրներու կողմէ: Կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան պարտականութիւնն է պատշաճ ձեւով բացատրել անոր բովանդակութիւնը` գործածելով բառեր, որոնք ոչ մասնագէտ մը դիւրութեամբ կը հասկնայ: Սակայն ասիկա չի կրնար իրականանալ մէկ կողմէ քաղաքացիական հասարակութեան մէջ պահպանողական, ռուսամէտ տարրերուն պատճառով, միւս կողմէ` կառավարութեան հանդէպ ամբողջական անվստահութեան պատճառով: Դժբախտաբար լրագրողներ եւ հոգեբաններու, ընկերային ծառայողներու նման կոչում ունեցող անհատներ նոյնպէս անտեղեակ են:
Ա. Ի.- Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ նախագիծը որդեգրուի եւ վերածուի օրէնքի:
Մ. Մ.- Նախ` օրէնքը կ՛ապահովէ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլումը եւ միաժամանակ կը պաշտպանէ բռնութեան զոհ անհատները: Երկրորդ` օրէնքի հաստատումը իրաւունք կու տայ կիներու իրաւունքներու պաշտպան հասարակական կազմակերպութիւններուն ճնշում բանեցնելու կառավարութեան վրայ` հսկելու համար անոր բովանդակութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ` պատասխանատու ըլլալու: Կառավարութիւնը պարտաւոր է զեկուցում տալու CEDAW-ի եւ Universal Periodic Review-ին (UPR), որ վերաքննութեան կ՛ենթարկէ ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր 193 պետութիւններու մարդկային իրաւունքներու արձանագրութիւնները: Կիներու իրաւունքներու պաշտպան հասարակական կազմակերպութիւնները կը ներկայացնեն յաւելեալ տեղեկագրութիւններ` կառավարութեան ներկայացուցածը համալրող կամ ապատեղեկատուութիւնները սրբագրող, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնեն յանձնարարականներ: Այս ձեւով օրէնքի բովանդակութիւնը գործնական ընթացք կ՛առնէ: Վերջապէս, այս օրէնքը կը նպաստէ ընկերային արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու յառաջդիմութեան, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական կարգը աւելի համերաշխ կը դարձնէ եւրոպական չափանիշներուն հետ: Քայլ մը, որուն դէմ Ռուսիան բուռն կերպով կը պայքարի: Ինչպէս գիտենք, օրինակի համար, Ռուսիան որդեգրեց օրէնք մը, որ կ՛ապաքրէականացնէ չափաւոր ընտանեկան բռնութիւնը, բան մը, որ շատ ենթակայական ձեւով կարելի է մեկնաբանել:
Ա. Ի.- Որո՞նք են ձեր դաշնակիցները Հայաստանի մէջ:
Մ. Մ.- Իրականութեան մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան հասարակական կազմակերպութիւնները Հայաստանի մէջ չբարձրաձայնեցին իրենց կարծիքը այս օրէնքի որդեգրման մասին: Անոնք կրնային աւելի աշխուժ ըլլալ: Ես գիտեմ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, ուսումնասիրական կեդրոններ, մասնագէտներ, որոնք այս օրէնքին կողքին են, բայց չեն յայտարարեր բարձրաձայն: Երբ կը խօսինք մարդոց հետ եւ մանաւանդ` կիներու հետ, անոնք կ՛արտայայտեն իրենց զօրակցութիւնը այս օրէնքին: Իմ գրասենեակս եւ բոլոր կիներու իրաւունքներու պաշտպան հասարակական կազմակերպութիւններուն գրասենեակները նոյնպէս «ռմբակոծուած են» լրատուամիջոցներուն կողմէ, որպէսզի հարցազրոյցներ կատարենք այս նիւթին մասին: Հիմա արդէն, շնորհիւ տարիներու լաւ աշխատանքին եւ զոհերուն ուժ տալով, ունեցանք բազմաթիւ վերապրողներ, որոնք իրենց վկայութիւնները տուին, եւ մէկը` նոյնիսկ Ազգային ժողովի նիստի մը ընթացքին:
Սակայն ապշեցուցիչ է, թէ ինչպէ՛ս կարգ մը մարդիկ կը խօսին ընկերային արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու օգտին, փտածութեան դէմ, բայց երբ նիւթը հասնի կիներու իրաւունքներուն, հոն լռութիւն կը տիրէ: Կարծես երկակի չափանիշ մը կայ:
Ա. Ի.- Իսկ Հայաստանէն դուրս գտնուող դաշնակիցներուն մասին ի՞նչ ունիք ըսելիք, օրինակի համար` սփիւռքահայերու դերին մասին:
Մ. Մ.- Նոյն վիճակն է նաեւ սփիւռքի պարագային: Հակառակ անոր որ կացութիւնը բարելաւուած է վերջին 2-3 տարիներուն, սակայն յստակ է, որ մարդիկ Թուրքիայէն բարձրաձայնած են ընկերային արդարութեան խնդիրներուն մասին, բայց երբ կարգը գայ Հայաստանի՛ մէջ ընկերային արդարութեան, դուրսէն այդքան ալ շատ ձայներ չկան: Պատճառներէն մէկը այն է, որ սփիւռքահայերը անտեղեակ են Հայաստանի ներքին քաղաքականութենէն եւ օրէնքներէն, բայց նաեւ երկակի չափանիշ մը կայ:
Դրական գետնի վրայ, որովհետեւ ես սփիւռքէն եմ եւ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ շրջապտոյտներ կատարած եմ այս նիւթը սփիւռքահայերու ուշադրութեան յանձնելու նպատակով, մենք հիմա ունինք նեցուկ կանգնողներու լայն հիմք մը: Նամակ մը կը շրջագայի, որ ստորագրութիւններ կը հաւաքէ այս օրէնքին նեցուկ կանգնող անձերէ, եւ նոյն նպատակով վարչապետին ուղղուած խնդրագիր մը սկսաւ change.org-ի վրայ(8):
Ես ուրախ եմ յայտարարելու, որ հայեր` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Լիբանանէն եւ Թուրքիայէն, ստորագրած են այս խնդրագիրը: Այս առաջին անգամն է թերեւս, որ սփիւռքէն անհատ հայեր նախաձեռնող եւ ներգործօն դիրք կը բռնեն Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան մը վերաբերեալ: Մարդիկ իրապէս կը զգան, որ այս հարցին տարողութիւնը ըմբռնելու համար շատ մտածելու կարիք չկայ նոյնիսկ, եւ անկեղծօրէն կը խրտչին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բռնութեան տարողութենէն (4-էն 1 կին զոհ է բռնութեան): Նաեւ, ասիկա չի պահանջեր քաղաքական դիրքորոշում: Ուրիշ բառերով` ասիկա ուրիշ խնդիրներու նման քաղաքական խնդիր չի նկատուիր:
Ուրեմն, հիմա կը տեսնենք, որ նոյնիսկ հաստատութիւններ, որոնք կը խուսափէին ընտանեկան բռնութեան մասին խօսելէ, արդէն իսկ կը փոխեն իրենց ընթացքը:
Օրինակ, մինչ անցեալին Հայ առաքելական եկեղեցին կը քաջալերէր կիներուն ենթածառայութիւնը` զանոնք խրախուսելով, որ մնան իրենց ընտանիքին հետ եւ վերջ չտան իրենց յարաբերութեան, հիմա սկսած է ունենալ աւելի քաջալերական կեցուածք այս օրէնքի որդեգրման գծով` ըսելով, որ սէր պէտք է տիրէ ընտանիքներուն մէջ եւ ոչ` բռնութիւն: Նաեւ, կարգ մը քաղաքական կուսակցութիւններ, օրինակ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ տարիներ առաջ այս օրէնքին դէմ էր, հիմա նեցուկ կանգնած է: Թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ ՀՅԴ-ն շատ համերաշխ են Հանրապետական կուսակցութեան հետ, որ իշխող կուսակցութիւնն է Հայաստանի մէջ, եւ այս ցոյց կու տայ, թէ իշխող վերնախաւին կարծիքն ալ այս նիւթին հանդէպ կը փոխուի:
Ա. Ի.- «Սատանայի փաստաբան»-ին դերը խաղալով` կարգ մը մարդիկ պիտի ըսեն, որ նախագիծը որդեգրելը պիտի չփոխէ մարդոց կեցուածքներն ու վարուելակերպը: Դուք նկատա՞ծ էք վարուելակերպի որեւէ փոփոխութիւն Հայաստանի երիտասարդ սերունդին մէջ:
Մ. Մ.- Վստահաբար մէկ օրուան մէջ բան չի փոխուիր: Սակայն որեւէ ընկերութեան մէջ օրէնսդրութեան գոյութիւնը զօրաւոր պատգամ մըն է ըսելու, որ բռնութիւնը չի կրնար ընդունուիլ կամ հանդուրժուիլ: Ասիկա նաեւ կ՛օգնէ վարուելակերպ փոխելու: Միջազգային փորձեր ցոյց կու տան, որ մինչ օրէնքներ ու քաղաքականութիւն փոխելն ու միջոցներու մատչելի ըլլալը` կիներուն, կը պահանջեն երկարատեւ եւ անընդհատ քարոզչութիւն եւ գործադրութեան համար ճնշում, վարուելակերպ փոխելը աւելի դիւրին իրականանալի կը դառնայ, երբ օրէնք կայ գետնի վրայ:
Արժեհամակարգի այս փոփոխութիւնը, քանդումը սեռային (gender) վտանգաւոր կարծրատիպերու, որոնք թէ՛ կիներուն, թէ՛ տղամարդոց մէջ թաղուած են մշակութային եւ ընկերային կանոններու մէջ, շատ աւելի դժուար եւ երկար ընթացք մըն է: Բայց պէտք է ասիկա կատարենք, եթէ կ՛ուզենք ունենալ առողջ ընկերութիւն մը, հեղինակութիւն տալ կիներուն, մեր երիտասարդները դաստիարակել դրական արժէքներով եւ ունենալ առողջ ընտանիքներ: Եթէ կիները չհաւատան, որ իրենք իրաւունք ունին ապրելու կեանք մը` հեռու բռնութենէ եւ պախարակումէ, անոնք պիտի չտեղեկագրեն բռնութիւնները: Եթէ ոստիկանները մտածեն, որ բռնութեան ենթարկուած կին մը ձեւով մը «ինքն իր գլխուն բերաւ» պատահածը, ապա անոնք պիտի ձախողին ոճիրը տեղեկագրելու, կամ կնոջ ուղղելու տագնապի կեդրոններ կամ պատսպարաններ:
Ուրեմն մենք պէտք է զբաղինք մարդոց գիտակցութեամբ եւ մշակութային կանոններով: Ապա թէ ոչ, այո՛, օրէնքը մինակը բաւարար չ՛ըլլար:
Վերաբերմունք փոխելը շատ երկար ու դժուար աշխատանք մըն է: Յատուկ վարժանքներ պէտք են ասոր համար, եւ պետութեան մակարդակին արհեստավարժ ձեւով հանրային կապեր պէտք է հաստատուին: Որքան խօսինք այս նիւթին մասին, այնքան աւելի մարդիկ պիտի անդրադառնան, որ այս վարուելակերպը ընդունելի չէ, եւ կիները պիտի գիտնան, որ իրենց համար ելք մը կայ: Հետեւաբար բռնութեամբ յատկանշուող յարաբերութեան մը վերջ տալու հանդէպ կոյր դատապարտանքը (stigma) կը նուազի:
Այո՛, տակաւին ունինք մեծ աշխատանք: Կրթական- ուսումնական գետնի վրայ, դպրոցական դասագիրքերը եւ ուսուցիչները անգիտակցաբար կը փոխանցեն սեռային (gender) կարծրատիպեր: Նոյնը կ՛ընեն պատկերասփիւռի ծրագիրներ եւ հեռուստաշարեր, կամ քաղաքագէտներ: Ամբողջ ընկերութիւնը պէտք է փոխէ իր կեցուածքները: Ինծի ամէնէն շատ կը տխրեցնեն անոնք, որոնք յառաջադէմ կ’անուանուին, բայց նաեւ կնատեաց են:
Ա. Ի.- 10 տարիներ առաջ, երբ ես հետազօտութիւններ(9) կը կատարէի Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան մասին, մտահոգութիւններէս մէկը այն էր, որ բռնութենէն վերապրողները շատ քիչ հոգատարութիւն կը ստանային, միայն ժամանակաւոր պատսպարան կը ստանային: Արդեօք այս մտահոգութիւնը փարատելու եւ բռնութեամբ յատկանշուող յարաբերութիւններ ձգողներուն նեցուկ կենալու գծով որեւէ բան կը կատարուի՞:
Մ. Մ.- Այո՛, ճիշդ էք: Հաստատութենական մակարդակի վրայ նեցուկ չի տրուիր: Նոյնիսկ զոհին ինքնութեան գաղտնիութիւնը եւ անոր ապահովութիւնը պաշտպանուած չեն: Մենք կը յուսանք, որ այս օրէնքին ընկերակցող գործիքակազմերը պիտի կարենան լուծել այդ մէկը: Օրինակ` կարգ մը վերապրողներ պէտք է վարձեն սենեակ մը` հեռու զիրենք բռնութեան ենթարկողէն: Շատեր ցած աշխատավարձով գործեր կը գտնեն եւ դժուարութեամբ կ՛ապահովեն իրենց ապրուստը: Լաւ ընկերային ծառայող մը շատ օգտակար կրնայ դառնալ: Օրինակի համար, 80 առ հարիւրը մեր վերապրողներէն կը յաջողի ապրիլ կեանք մը` հեռու բռնութենէ, եւ չի վերադառնար զիրենք բռնութեան ենթարկողին: Բայց օրինական գետնի վրայ նեցուկի կարիքը կայ, ցած աշխատավարձերուն լուծում պէտք է եւ տան վարձքերէն մաս մը պէտք է զեղչուի, ինչպէս նաեւ բժշկական ապահովագրութիւններ պէտք է տրամադրուին, տրուած ըլլալով, որ զոհերէն շատեր առողջական լուրջ խնդիրներ ունին իրենց ապրած զգացական խոցին (trauma) պատճառով եւ այլն:
Եթէ մեր ընկերային ծառայողները կրնան լուծումներ գտնել Երեւանի մէջ վերապրողներուն համար, ապա կացութիւնը աւելի ծանր է մարզերուն մէջ, ուր գործի հեռանկարներ չկան: Տակաւին շատ ընելիք կայ աւելիով նեցուկ կանգնելու համար այն կիներուն, որոնք բռնութեամբ յատկանշուած յարաբերութիւններէ դուրս կու գան:
Ա. Ի.- Ուրիշ աւելցնելիք ունի՞ք:
Մ. Մ.- Ներկայ օրէնքը բաւական պարզացուած է եւ համապատասխան չէ Պոլսոյ համաձայնագիրին(10):
Մենք կը յուսանք, որ ապագային կրնանք ներկայացնել բարեփոխումներ` այս մտահոգութիւններուն գծով: Նաեւ` շատ կարեւոր է, որ կիներու իրաւունքներու պաշտպան հասարակական կազմակերպութիւնները մնան զգօն` ո՛չ միայն հսկելու օրէնքին գործադրութեան, այլ նաեւ մտահոգ ենք, որ ծառայութիւն մատուցողները, որոնք պէտք եղած ձեւով մարզուած չեն, կրնան աւելի վնաս պատճառել, երբ կապուին զոհերուն հետ:
Նախագիծը որդեգրելը առաջին քայլն է: Կարեւոր քայլ մըն է: Բայց մենք ունինք շատ աւելի աշխատանք եւ երկար ճամբայ` ուղղելու համար մտահոգութիւնները եւ հարցերը, որ նշեցի. անոնք են` ընկերութեան վերաբերմունքի փոփոխութիւն, սեռային կարծրատիպեր եւ վերջապէս նոյնքան կարեւոր` օրինական գետնի վրայ վերապրողներուն համար յաւելեալ նեցուկ գտնել:
Հարցազրոյցը թարգմանեցին`
ԱՐԵՒԻԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
ԱԼԻՍԻԱ ԻՇԽԱՆԵԱՆ
ՌԱԶՄԻԿ ՏՕՆԻԿԵԱՆ
1) https://www.e-draft.am/projects/427/about
2) https://www.opendemocracy.net/armine-ishkanian-maro-matosian/heated-debates-around-domestic-violence-in-armenia
3) https://goo.gl/CfiaSu
4) http://www.womensupportcenter.org/am/
5) https://armenianweekly.com/2010/10/10/domestic-abuse/
6) http://coalitionagainstviolence.org/hy
7) http://hanun.am/
8) https://goo.gl/ybHGQE
9) https://academic.oup.com/sp/article-abstract/14/4/488/1624061
10) https://www.coe.int/en/web/istanbul-convention/home?desktop=true