Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Յեղափոխական Կուսակցութեան Առաքելութիւնը` Իր Հիմնադրութենէն 127 Տարի Ետք

Դեկտեմբեր 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Երբ 127 տարի առաջ Թիֆլիսի մէջ հիմնադրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, սկզբնական շրջանին անոր թիւ մէկ հարցը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայութեան ռայա վիճակի վերացումն էր եւ «Էրգրի» մէջ բարեկարգումներու գործադրութեան միջոցով ինքնավարութեան որոշակի աստիճան ձեռք ձգելը: Եւ բնականաբար համիտեան բռնակալական միապետութեան պայմաններուն մէջ այս նուազագոյն նպատակն անգամ կարելի չէր խաղաղ միջոցներով իրագործել, ուրեմն Դաշնակցութիւնը եղաւ հայկական յեղափոխական շարժման դրօշակիրը, շարժում մը, որ իր ամէնէն բարացուցական դրսեւորումը գտաւ ֆետայական կռիւին ընդմէջէն:

Ուրեմն հայ ազգային-ազատագրական շարժման պատմութեան եւ այն ժամանակներու կուսակցական գրականութեան ընդմէջէն մենք կը հանդիպինք յեղափոխական շատ բարձր մակարդակի հռետորաբանութեան մը, որ կոչուած էր հայ ազգը միացնելու մէկ ընդհանուր նպատակի շուրջ եւ թափ տալու անոր ազգային ինքնագիտակցութեան ու ազգային զարթնումին, եւ բնականաբար, այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, հայ մշակութային եւ մտաւոր զարթօնքին յաջորդեց ազգային-քաղաքական զարթօնքը, որ Հայկական յեղափոխութեան ամէնէն կարեւոր ձեռքբերումն էր, եւ որ ուղին բացաւ 1918-ի հայկական անկախ պետականութեան վերականգնումին: Իբրեւ յեղափոխական գործունէութեան զուգահեռ ուղղութիւն` «Կովկասեան նախագիծ»-ի որդեգրումէն ետք Դաշնակցութիւնը մխրճուեցաւ նաեւ Կովկասի մէջ ծաւալած ընկերային-աշխատաւորական պայքարներուն մէջ` դառնալով հայ աշխատաւոր դասակարգի ու կովկասահայութեան շահերու պաշտպան կուսակցութիւնը` ընդդէմ ցարական բռնատիրութեան նկրտումներուն: Ժամանակի ընթացքին էր, որ գաղափարական միաձուլումը կատարուեցաւ տաճկահայ ու կովկասահայ դատերուն, Դաշնակցութիւնը այս երկու դատերը սկսաւ տեսնել իբրեւ մէկ ընդհանուր դատի տարբեր բաժինները: Հետեւաբար Դաշնակցութեան գաղափարական հանգանակին մաս կազմեց այն սկզբունքը, որ ազգային-ազատագրական, յեղափոխական պայքարը եւ ընկերային իրաւունքներուն ձեռքբերման համար պայքարը զուգահեռ կ՛ընթանան` յանուն ազգի եւ մարդ անհատի լիարժէք եւ բազմակողմ զարգացման:

127 տարի ետք ինչպէ՞ս պէտք է արտայայտուի յեղափոխական կուսակցութեան մը  էութիւնը, ահաւասիկ այստեղ է մեծագոյն հարցականը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ յեղափոխականութիւնը իր իմաստը կորսնցուցած է մեծ չափով, իսկ հայ իրականութեան մէջ հետզհետէ աւելի ինքզինք զգալի կը դարձնէ պահպանողականութիւնը եւ յարմարուողականութիւնը: Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ ալ մարդիկ կ՛ելլեն եւ անամօթաբար կը սկսին յայտարարել, թէ` նայեցէք, գաղափարախօսութիւններուն եւ սկզբունքներուն ժամանակը անցած է, պէտք է գործնապաշտ ըլլալ, այլեւս գաղափարախօսութիւնները մեռած են: Բայց առանց գաղափարախօսութեան` ի՞նչ յեղափոխականութիւն: Անհեթեթութիւն է պարզապէս մտածելը, որ առանց միտքի, առանց գաղափարական գիտակցականութեան կարելի է բան մը փոխել ընդհանրապէս մարդկային կեանքին եւ յատկապէս հայ կեանքին մէջ: Այս իրականութեան չգիտակցողները պէտք է լաւապէս սերտեն պատմութիւնը:

127 տարի ետք յեղափոխական կուսակցութեան էութիւնը, յեղափոխական դիմագիծը կ՛արտայայտուին երկու ուղղութիւններով: Մէկը կարճաժամկէտ ուղղութիւնն է, միւսը` երկարաժամկէտ, երկար շունչ պահանջող: Առաջին ուղղութեան հիմնական առանցքն է հայ հայրենիքի եւ հայ ազգի ազատագրման գործը` բառին բազմաբովանդակ իմաստով: Հայրենիքի ազատագրումը ամէն կարգի օտար բռնագրաւումէ եւ օտար տիրապետութենէ, ազատագրումը` այսինչ կամ այնինչ աւազակապետի, այսինչ կամ այնինչ պետութեան պարտադրած սահմանափակումներէն, սուրով գծուած կեղծ սահմաններէն: Բոլոր հայերուն նայուածքները սեւեռել դէպի այդ ազատագրուած հայրենիքը: Ազգի ազատագրումը` ամէն տեսակի տկարութեան բարդոյթէ, ցեղասպանուած ըլլալու բարդոյթէն, ազատագրումը ամէն տեսակի յարմարուողական եւ պահպանողական մօտեցումներէ, ազատագրումը ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին հակաժողովրդական ու հակաժողովրդավարական, առաւել եւս հակաընկերային դրսեւորումներէն: Պայքարիլ` հաստատելու համար ընկերային արդարութեան վեհ սկզբունքները: Այնպիսի պահու, երբ ամէն օր, ամէն վայրկեան կը դրսեւորուին այդ սկզբունքները խախտելու փշաքաղիչ երեւոյթներ: Իսկ երկարաժամկէտ ուղղութիւնը այս կրկնակի ազատագրումէն ետք է եւ կը կայանայ հայ ազգի` քաղաքակրթական առաքելութիւն մը ունենալուն մէջ: Հայութիւնը, տագնապներով եւ յետադիմական ու բռնապետական վարչակարգերով լեցուն շրջանի մը մէջ, պէտք է դառնայ փարոս մը, որ շրջանի ժողովուրդներուն կ՛արտածէ մարդկայնականութեան եւ լուսաւորութեան սկզբունքները:

Ահաւասիկ, մեր կարծիքով, յեղափոխական կուսակցութեան յեղափոխական առաքելութիւնը` իր հիմնադրութենէն 127 տարի ետք:

 

Նախորդը

127-ամեայ Երիտասարդը…

Յաջորդը

Մե՛նք Ենք Մեր Պատմութեան Տէրը (ՀՅԴ 127-ամեակ)

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?