Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կամաւորներու Կարիքը Ունիմ»

Դեկտեմբեր 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Կամաւորներու կարիքը ունիմ», զբօսանքի ելլելու պահուն յայտարարեց մեր ուսուցչուհին:

7 կամ 8 տարեկան էի: Հօրմէս լսած էի, որ Հայաստան անկախացած էր` շնորհիւ հայ կամաւորներու: Լսած էի այդ հերոսներուն մասին: Քանի մը հատին անուններն ալ գիտէի, մանաւանդ` Անդրանիկը: Եղբայրս անոր անունը կը կրէր: Լսած էի նաեւ Դրօ եւ Քեռի անունները: Դրոն անձամբ տեսած էի Ճեմարանի բակը, սակայն վստահ չէի, թէ Քեռին որո՛ւ մօրեղբայրն էր,երբ ամէնքը քեռի կը կանչէին զինք:

Առաջին ձեռք բարձրացնողը ես եղայ: Մանկական խելքովս, կը կարծէի Հայաստանը պիտի ազատագրենք, եւ ես յարմար անձ մըն եմ: Երէց եղբայրս որսի հրացան մը եւ ատրճանակ մը ունէր, եւ անկէ կրնայի փոխ առնել` գործածելու Հայաստանը ազատագրելու:

Յուսախաբ եղայ, երբ տեղեկացայ, թէ ի՛նչ էր մեր ընելիք կամաւոր գործը: «Վասպուրական» սրահին մէջ ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենար, եւ մենք` կամաւորներս, փոխադրուած աթոռները քով քովի պիտի շարէինք:

Կատարեցի ինծի վստահուած կամաւոր աշխատանքը: Եղբօրս ո՛չ հրացանին, ո՛չ ալ ատրճանակին կարիքը ունեցայ: Այդ օր մեր ուսուցչուհին մեզի սորվեցուց «կամաւոր» բառին իսկական իմաստը: Օգնել` առանց փոխադարձ վարձատրութիւն ակնկալելու: Օգնել` վեհ նպատակի մը համար:

Տասնամեակներ ետք Հայաստան վերանկախացաւ` առանց իմ օժանդակութեանս:

*
*    *

Վերը նշուած դէպքին թուականէն հաւանաբար տարի մը ետքն էր: Խումբ մը հայ կիներ եւ օրիորդներ, այցելեցին մեր թաղը: Եկած էին «Պնակ մը կերակուր»-ի հանգանակութեան: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի կամաւոր աշխատողներ էին: Կէսօրուան մօտ էր: Անմիջապէս վազեցի ներս` հարցնելու մօրս, թէ ճաշը պատրա՞ստ է: Կը կարծէի` իւրաքանչիւր ընտանիքէ պնակ մը կերակուր հաւաքելով` պիտի տանէին ակումբ եւ բաժնէին չքաւոր ընտանիքներու: Զարմացայ, երբ մայրս պնակ մը կերակուրի փոխարէն` քանի մը թղթոսկի նուիրեց այդ իգականներուն: Այդ անձնուէր հայուհիները առանց զէնքի կամաւորներ էին: Իրենց հանգանակած գումարով չքաւոր հայ ընտանիքներուն օրուան ճաշը կ՛ապահովէին:

Տարիները անցան: Վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Օգնութեան խաչի իգականներու մարդասիրական օգնութիւններու կողքին, կար նաեւ կարիքը` զինեալ կամաւորներու: Դարձայ կամաւոր: Այս անգամ` զինեալ կամաւոր: Հայկական թաղերը պաշտպանելը բոլորիս պարտականութիւնն էր: Հայ երիտասարդներ ու պատանիներ, զէն ի ձեռին` ցուրտ ու խոնաւ գիշերներ լուսցնելով, հայկական թաղերը պաշտպանեցինք:

Բարեբախտաբար ներկայիս հայկական թաղերը պաշտպանելու կարիքը չունինք: Զինեալ կամաւորներ չկան Լիբանանի մէջ, սակայն Հայ օգնութեան խաչուհիները մնայուն կամաւորներ են: Պատերազմ թէ խաղաղութիւն` ոչ մէկ տարբերութիւն: Անոնց նուիրական գործը վերջ չունի, ինչպէս նաեւ վերջ չունի այդ նուիրեալներուն  աննկուն կամքը, աշխատելու կորովը:

Շաբաթ մը առաջ էր: «Հայաստան» հիմնադրամի Լիբանանի մարմինին կազմակերպած ռատիոթոնի յաջողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակներով հայ կամաւորներ: Բազմահարիւր հայորդիներ, իրենց կամաւոր նիւթական օժանդակութեամբ, թիկունք կանգնեցան Ղարաբաղին:

Կամաւորներուն գործ չի պակսիր: Ի մասնաւորի` հայ կամաւորներուն: Ազգային, մարդասիրական աշխատանքները անվերջանալի են:

Արցախի վերջնական ազատագրումին նուիրուած հայ ազատամարտիկները մեր մնայուն զինեալ կամաւորներն են: Ներկայ օրերուն` նոր Անդրանիկներ, նոր Դրոներ, նոր Քեռիներ, որոնց մէջ կը գտնուին ոչ միայն քեռիներ (մօրեղբայրներ), նաեւ` երիտասարդ հայրեր, հօրեղբայրներ եւ ամուսիններ, որոնք` հեռու իրենց ընտանեկան տաքուկ բոյնէն իրենց կեանքը կը զոհեն յանուն վերջնական յաղթանակի:

Կամաւոր բառը կը թարգմանուի որպէս յօժար կամքով իր մասնակցութիւնը բերող անձ, սակայն հայերուս մէջ, կամաւոր բառը ինքն իր մէջ կը պարունակէ նաեւ վեհ ու նուիրական գաղափարներ:

Փա՛ռք ու պատիւ մեր կամաւորներուն:

Լոս Անճելըս, 2017

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ը Միջազգային Կամաւորի Օրուան Առիթով Երախտագիտական Խօսքը Կ՛ուղղէ Իր Անդամներուն

Յաջորդը

Բարիքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?